ԹՐԻՓԱՆԻԻ
ԳՈՐԾԱՐԱՆԻՆ
ՄԷՋ
Հուրէն
ու
սուրէն
հազիւ
կեանքերնիս
ազատած,
ջարդի
մնացորդներս
մերկ
ու
բոպիկ,
հրդեհներու
մուխէն
երեսնիս
սեւցած
եւ
անճանաչելի
դարձած՝
մտանք՝
Թրիփանիներու
գործատունէն
ներս
եւ
իրարու
վրայ
լեցուեցանք
շէնքին
մէկ
մասին
ու
բակին
մէջ.
եւ
սակայն
այս
տեղը
շատ
երջանիկ
զգացինք
զմեզ
խորհելով
թէ
ստոյգ
մահէ
ազատած
էինք,
օտարահպատակ
շէնքի
մը
մէջ
կը
գտնուէինք
եւ
մանաւանդ
Անգլիական
Հիւպատոսը,
կը
հսկէր
մեր
վրայ։
Այս
պարագաներն
ամենամեծ
մխիթարութիւն
էին
մեզ
համար։
Բակից
մէջ
հայրն՝
իր
որդին՝
կինն
իր
ամուսինը,
մանուկն
իր
մայրը,
ծերուկն
իր
զաւակը
եւ
կոյրն
ու
կաղը
իր
պաշտպանը
կորսնցուցած՝
կուլան,
զիրար
կը
փնտռեն,
հարիւրաւոր
անուններ
կուտան,
ծանօթներ
զիրար
կ՚ողջագուրեն,
անծանօթներ
կը
հրմշտկեն,
ամէն
ոք
տեղ
մը,
նստելու
չափ
տեղ
մը
կ՚որոնէ
բայց
ո՞ւր
է
տեղ,
ո՞ւր
է
հանգիստ։
Ամէն
մարդ
իր
գտնուած
տեղը
չոր
հողին
ու
պաղ
քարին
վրայ
կը
նստի
եւ
շատ
քիչեր
տախտակէ
չարտախի
մը
վրայ
կ՚երկննան
քչիկ
մը
քնանալու
յոյսով,
մոռնալու
համար
երկու
օրուան
զարհուրելի
տառապանքները։
Եւ
սակայն
մանուկները
հաց
կուզեն
«հա՜ց,
հա՜ց»
կը
գոչեն,
որով
շատեր
գործարանին
դուռը
գացած
գործարանին
ծակերէն
պատառ
մը
հաց
կը
խնդրեն
դուրսի
խուժան-ֆէլլահներէն։
Այն
անգութ
ֆէլլահներէն
ոմանք՝
որոնք
քրիստոնեաներու
փշրանքներովը
մարդ
եղած
եւ
իսլամներէ
աւելի
քրիստոնեաներու
մօտաւորութիւն
ցոյց
տուած
այն
անխիղճները՝
գլուխնին
մէյմէկ
ճերմակ
փաթթոց
կապած
եւ
կատարեալ
մոլեռանդներ
դարձած,
չէին
հաճէր
նոյն
իսկ
մտի
ընելու
անօթի
ծարաւ
մեռնող
քրիստոնեաներու
աղաղակները
եւ
անամօթաբար
կը
յանդգնէին
ծաղրել
քրիստոնեաները
եւ
օրուան
առիթէն
օգտուուլեու
համար
սկսան
տասնապատիկ
աւելի
գինով
հաց
եւ
այլ
ուտելիքներ
ծախել
օրերով։
Եւ
այսպէս
առաջին
գիշերը
անօթի
ծարաւ
չոր
գետնին
վրայ
պառկեցանք։
Անդին
մեր
դիմացը
Ատանան
կ՚այրէր
ոսկեզօծելով
անգութ
երկինքի
հորիզոնը
եւ
մենք
ասդին
մեր
հողէ
անկողիններուն
մէջ
բրդապատ
մահճակալէ
մը
աւելի
հանգիստ
քունով
կը
գոցենք
մեր
աչքերը։
Երկրորդ
օրը,
առտուն
արթննալով
ապշութեամբ
տեսանք
հրդեհներու
բոցերը,
որոնք
կը
շարունակէին
լափել
ամբողջ
քաղաքը։
Երեք
օրուան
անօթութենէ
կմախացած,
ամէն
մարդ
հաց
եւ
միայն
հաց
կը
ձնտռէր։
Ժողովուրդէն
մի
քանի
աչքբացներ
անմիջապէս
մէյ
մէկ
աման
գտած՝
թէյ
կ՚եփեն
ծախելու
համար
եւ
ժողովուրդը
ասոնց
գլուխը
հաւաքուած
իրարու
ձեռքէ
կը
խլեն
թէյի
գաւաթներն
ու
գաւաթանման
ամանները։
Եւ
սակայն
հաց
չիկայ,
մանաւանդ
պզտիկ
տղոց
անօթութեան
ճիչերը
կը
բզքտէին
մեր
արդէն
վիրաւոր
սիրտերը։
Յանկարծ
մտերիմ
բարեկամ
մը
մօտենալով
գրպանս
բան
մը
կը
դնէ
ականջս
ի
վար
փսփսալով
թէ
մարդու
չի
ցուցնեմ։
Ձեռքս
գրպանս
կը
տանիմ
եւ
ի՞նչ
տեսնեմ
կտոր
մը
հաց։
Գուրգուրանքով
համբուրելով
հացի
կտորը,
պատառ
մը
կ՚առնեմ
եւ
մնացած
մասը
կը
տանիմ
հօրեղբօրս
(Տօք.
Ստեփան
էֆ[էնտի]
Թէրզեանի)
զաւակներուն
քով,
որոնք
ի
տես
հացի
կտորին
կը
փարին
թեւերս
ու
կը
սկսին
իրարու
ձեռքէ
խլել։
Անոնք
որ
ա՜յնքան
փափկակեր
էին
եւ
այն
ատեն
ո՜հ
այն
անիծեալ
օրերուն
մէջ
կարօտը
քաշեցին
կտոր
մը
չոր
հացին։
Աղետեալները
հաց
կը
խնդրեն
եւ
հացի
կտորներ
կը
յափշտակեն։
Կէս
օրուան
մօտ
բարեգործ
արաբ
մը
խղճալով
մեր
վրայ
մէկ
քանի
հաց
ղրկած
էր՝
բաժնելու
համար
կարօտներուն։
Բայց
մեզմէ
ո՞վ
կարօտ
չէր
արդեօք…։
Հացը
տեսնող
բազմութիւնը
խուժեց
վրան
եւ
հաց
բերողը
ստիպուեցաւ
ելլել
բարձր
քարի
մը
վրայ,
ուրկէ
սկսաւ
նետել
բազմութեան
մէջ
հացի
կտորներ.
անթիւ
բազմութիւնը,
առանց
բացառութեան,
զիրար
կը
հրմշտկէր
խլելու
համար
մէյ
մէկ
պատառ
հաց
եւ
այս
հրմշտկումին
մէջ
էր
որ
վիրաւորուեցաւ
Ատանայի
ամենէն
հարուստ
հայերէն
հանրածանօթ
անձնաւորութիւն
մը
երբ
կ՚ուզէր
կտոր
մը
հաց
խլել։
Ո՜ւֆ,
գլխու
պտոյտ
կ՚ունենամ
ամէն
անգամ
որ
կը
յիշեմ
այն
սոսկալի
վայրկեանները։
Կէս
օրին
գործարանին
դուռը
բացուեցաւ
կիսովին
որուն
առջեւ
կեցած
էին
սուինաւոր
զինուորներ։
Ասոնք
կարգիլէին
ելեւմուտքը
պաշտպանելով
մեր
կեանքերը՝
խուժանին
դէմ,
որ
նորէն
գործարանին
շուրջը
դեգերելով
ջարդի
նոր
հրամանի
մ՚ալ
կը
սպասէին։
Անդին
Գերմանական
գործարանին
մէջ
գտնուողները
մեզմէ
եւ
մենք՝
անոնցմէ
լուր
չունինք,
որովհետեւ
մեր
յարաբերութիւնները
խզուած
էին
կատարելապէս
եւ
միայն
փողահարութիւններով
նշաններ
կը
փոխանակուէր
մեր
եւ
անոնց
պաշտպան
զինուորներուն
միջեւ։
Իրիկուան
դէմ
շահամոլ
ֆէլլահներ
իրենց
աղտոտ
տուներուն
մէջ
լղրճուկ
ձեռքերով
սեւ
հացի
Լավաշներ
պատրաստած
բերին
ծախելու
համար
մեզի,
եւ
մենք
սովատանջ
անօթիներս,
վայրկենապէս
յափշտակեցինք
անոնց
սեւ
հացերը,
սովորականէն
տասնապատիկ
աւելի
գիներով,
վախնալով
հանդերձ
թէ
մի
գուցէ
մասնաւորապէս
պատրաստուած
թունաւոր
հացեր
ըլլային
մեզ
ծախուածները.
եւ
սակայ
անօթութիւնը
ամէն
կասկածի
կը
յաղթէր
եւ
որով
թունաւոր
ըլլալը
գիտնալով
հանդերձ
ստիպուած
էինք
ուտելու։
Այս
օրն
ալ
անցուցինք
մահու
եւ
կրնաց
մէջ
օրօրուելով։
Իրիկուան
եղաւ
եւ
ի՞նչ
տեսնենք,
սոսկալի
հրացանաձգութիւն
մը
սկսաւ
քաղաքին
ամէն
կողմերէն
եւ
մեր
շուրջերէն,
ձայներն՝
կը
սաստկանային
եւ
վայրկեանէ
վայրկեան
կը
մօտենային
մեզի։
Այլեւս
ճար
չիկար,
լմնցած
էինք։
Ամենքնիս
մէկ
ծունկի
եկած
սկսանք
աղեկտուր
«Տէր
ողորմե՜ա»
մը
կանչել։
Անդին
մեր
դիմացը
քաղաքը
կ՚այրէր
ու
կ՚այրէր
սոսկալի
ճարճատիւններով
եւ
հրազէններու
ձայները
մեր
աղաղակներուն
միացած
քար
սիրտերն
իսկ
կը
բզքտէր։
Կարծես
Սոդոմ-Գոմորի
կործանումին
վերջին
իրական
արարուածն
էր
որ
կը
ներկայացուէր։
Լաց
ու
կոծ,
գոռում
եւ
գոչում
իրար
խառնուեցան
եւ
գործարանին
օտարահպատակ
դռնապանը
կոկորդը
պատռելու
աստիճան
պոռալով
լռութիւն
կը
յանձնարարէր։
Բայց
ինչպէս
լռել,
միթէ
կարելի՞
էր։
Այս
միջոցին
գործարանին
մեծ
դուռը
բացուեցաւ
եւ
ահա
ջոկատ
մը
զինուորներ
փողահարութիւններով
ներս
մտան
կանոնաւոր
քայլերով
եւ
շարուեցան
մեր
դիմացը։
Հիմա
ամէն
մարդ
ետ
կը
փախչէր,
իրարու
ետեւ
կը
պահուէր,
կարծելով
թէ
գնդակահար
պիտի
ընէին
ամենքնիս
մէկտեղ։
Մեր
յուզումն
ու
սարսափը
ծայր
աստիճանին
հասած
էին։
Ալ
կատարելապէս
համոզուած
էինք
թէ
մէկ
երկու
վայրկենի
կեանքերնիս
մնաց։
Յանկարծ
երիտասարդ
նորեկ
սպայ
մը
զինուորներուն
մէջտեղը
բարձր
տեղ
մը
ելլելով՝
բարձրաձայն
գոչեց՝.
«Հայրենակիցնե՛ր,
Ձեզի
աւետիս
տալու
եկանք,
երեսուն
եւ
երեք
տարիներէ
ի
վեր
մեր
արիւնը
ծծող,
մեր
Սուրբ
Հայրենիքին
կործանման
աշխատող
արիւնարբու,
մեծ
ոճրագործ
Սուլթան
Համիտը՝
այսօր
գահնկէց
եղած
է,
ասկէ
ետքը
մի՛
վախնաք,
մենք
ազատական
զինուորներս
զՁեզ
պաշտպանելու
եկած
ենք,
այլեւս
ազատեցանք,
աղօթեցէք
մեր
նոր
վեհապետին՝
Սուլթան
Մէհմէտ
Րէշատի
կենացը
համար»։
Եւ
զինուորական
փողերն
միաձայն
երեք
անգամ
նշան
տալով
ներկայ
ժողովուրդը
գոչեց
երեք
անգամ
անկեղծ
սրտով
եւ
արտասուալից
աչքերով
«փատիշահըմ
չօգ
եաշա»։
Այս
միջոցին
տեսնելու
էր
ժողովուրդին
զգացած
ուրախութիւնը,
պահ
մը
մոռնալով
մեր
ամէն
կորուստները
ու
վայրկեան
մը
առաջ
թափուած
արցունքները
սկսանք
զիրար
ողջագուրել,
իրարու
շնորհաւորել
նոր
սուլթանը,
որուն
անունը
կ՚արձագանգէր
ամեն
կողմերէ։
Եւ
դեռ
չէինք
հաւատար
այս
բոլոր
դէպքերուն,
որոնք
սոսկալի
երազի
մը
տպաւորութիւնը
կը
թողէին
մեր
վրայ։
Իրաւունքով
կը
մտածէինք
թէ
արդեօք
դեռ
ուրիշ
վտանգներ
կան
կատարուելիք։
Օ՜ֆ
անիծեալ
ժամեր,
յիշողութիւնն
իսկ
կը
ցնցէ
մարդուս
էութիւնը։
Վերջէն
ուզեցինք
հասկնալ
թէ
ինչո՞ւ
հրացանաձգութիւն
կ՚ըլլար։
Համիտի
գահընկէցութեանը
եւ
նոր
Սուլթանին
գահակալութեան
աւետիս-հեռագիրը
հասածին
պէս,
ըստ
սովորութեան
կառավարութեան
դրան
առջեւ
մի
քանի
անգամ
հրազէն
կը
պարպուի
եւ
խնդրէն
ատեղեակ
խուժանը՝
կարծելով
թէ
նորէն
ջարդի
հրաման
եկած
է,
իրենց
զէնքերնուն
կը
փարին
եւ
դուրս
կը
նետուին
մաս
մը
անհաւատ-կեավըրներ
եւս
մէջտեղէն
վերցնելու
սուրբ
գործին
(.
՞.
՞…)
մասնակից
ըլլալու
համար։
Բարեբախտաբար
մեր
պաշտպանութեանը
փութացող
զինուորները՝
շուտով
դադրեցուցին
այդ
հրացանաձգութիւնը
եւ
հանգիստ
քուն
մը
քաշեցինք
մեր
կեանքէն
ապահով
սրտով։
Իսկ
անդին
քաղաքը
դեռ
կ՚այրէր
ու
կ՚այրէր
անվերջօրէն։
Հետեւեալ
օրը
խաղաղութեան
շնորհ
մը
եկած
էր
մեր
վրայ,
ճիւաղ
Համիտին
անկումովը,
խուժանապետները՝
գլուխնին
կախ՝
սկսան
մեր
շուրջը
պքտալ
ու
իբրեւ
թէ
հոգածութեան
նշաններ
ցոյց
տալ։
Պահ
մը
ծանօթ
մէկը
մեր
դռնէն
ներս
սպրդելով
սկսաւ
բանախօսութեան
պէս
բաներ
մը
խօսիլ
իբրեւ
թէ
զմեզ
մխիթարելու
փափաքով։
Ասոր
յաջորդեցին
ուրիշներ։
Մինչդեռ
մենք
ամէն
բանէ
զրկուած
մեր
անօթութեան
մէջ
կը
տուայտէինք։
Կէս
օրուան
մօտ
Ատանա
ժամանեցին
Մերսինին
առջեւ
խարսխած
Անգլիական
զրահաւորի
բժիշկն
ու
մի
քանի
հիւանդապահներ
եւայլն։
Եւ
առաջին
անգամ
ասոնք
սկսան
մեր
սնունդին
մասին
միջոցներ
խորհիլ։
Մէրսինին
մեր
Ազգայինները՝
լսելով
մեր
ենթարկուած
վիճակը
անմիջապէս
մի
քանի
փուռ
հաց
պատրաստել
տուած
եւ
ղրկած
էին
մեզ։
Սակայն
ո՞
մէկին
պիտի
բաւէր։
Տասնեակ
մը
փուռեր՝
օրերով
գործելու
պէտք
կար
կշտացնելու
համար
սովատանջ
ժողովուրդը։
Անգլիական
սպաները՝
իսկոյն
հարիւրաւոր
պարկերով
ալիւր,
իւղ
եւ
այլ
սննդական
պիտոյքներ
հայթայթելով
սկսան
նպաստի
գործին։
Այն
մի
քանի
սպաներուն
ցոյց
տուած
մարդասիրական
անկեղծ
եռանդը
իրաւամբ
շատ
գովելի
եւ
անմոռանալի
էր
եւ
այս
պարագան
ամենամեծ
եւ
անմոռանալի
մխիթարութիւն
մը
եղաւ
աղէտեալներուս
համար։
Պոլսական
հեռագիրներն
սկսան
տեղալ
եւ
նպաստները
կանոնաւորուեցան
օրէ
օր,
տրուելով
ամենուն
ալ
համահաւասար։
Երրորդ
օրուան
իրիկունն
էր,
ամբողջ
ժողովուրդը
բակին
մէջ
խռնուեցաւ
եւ
քրիստոնեայ
կրօնականները
ժողովուրդին
առջեւը
կեցած
սկսան
ժամերգութեան
մը։
Դժբախտ
ժողովուրդը՝
հակառակ
ենթարկուած
այնչափ
տառապանքին
դարձեալ
լալահառաչ
կը
դիմէ
անծանօթին
գութին…։
Վայրկեանը
տխուր
եւ
սրտաճմլիկ
էր.
եկեղեցական
երգերը
կ՚օրրօէին
մեր
մանկացած
սիրտերը
եւ
աւելի
արցունքներու
կայլակներ
կը
հոսէին
մեր
դէմքերէն
վար։
Հետեւեալ
օրը
բակին
դուռը
ամբողջապէս
բացուեցաւ
եւ
մենք
սկսանք
քիչ
մը
դուրս
ելլել
մեր
թաքստոցէն
ազատ
շունչ
մը
առնելու
յոյսով։
Սակայն
այդ
ազատ
շունչն
ալ
շատ
տեսնուեցաւ
եւ
իսկոյն
ձերբակալութիւններն
ու
բանտարկութիւններն
սկսան։
Պատրիարքարանի
պատուիրակութիւնը
[1]
Մէրսին
ժամանեց
նպաստի
գործը
կանոնաւորուեցաւ
եւ
որով
աղէտեալներուն
տրուած
սնունդին
որակն
ու
քանակն
ալ
տարբերուեցաւ։
Չորհացն
ու
անլի
եւ
անիւղ
բրինձապուրը
մեզ
համար
այնպիսի
անուշ
համ
մ՚ունէր
որ
իրարու
ձեռքէ
կը
խլէինք
եւ
ճաշի
ատենէն
շատ
առաջ
կ՚երթայինք
անհամբեր
սպասելու
մեր
տաք
ապուրի
բաշխումին։
Տխուր
օրեր
եւ
սարսռազդեցիկ
ժամեր,
որոնց
մոռացումը
անկարելի
է
եւ
անշուշտ
մեր
թոռներն
ու
թոռնորդիներն
անգամ
պիտի
յիշեն
եւ
յիշուին
մեր
քաշած
այն
սոսկալի
տառապանքները։
Կիլիկիոյ
խրոխտ
ու
պերճաշուք
քաղաքը
Ատանան՝
որ
երբէք
չէր
հաճած
ողորմութիւն
խնդրելու
եւ
նպաստ
մուրալու,
ահռելի
աղէտէն
ետքը
ստիպուեցաւ
ձեռք
բանալ
հանրութեան
եւ
նպաստ
խնդրել,
ողորմութիւն
հայցել։
Աղէտին
ամիս
մ՚առաջ
Հայաստանի
կարօտեալներուն
համար
հազարաւոր
ոսկիներ
հանգանակող
Ատանան
ամիս
մը
ետքը
Հայաստանի
դժբաղդութեանը
ենթարկուեցաւ,
եւ
արդէն
հայուն
ճակատագիրն
եղած
է
կարծես
ջարդուիլ,
թալանուիլ
ու
հրկիզուիլ
եւ
որով
միշտ
օգնութիւն,
գթութիւն
հայցել
մարդկութենէն։
[1]
Պատրիարքարանի
պատուիրակութիւնը
կը
կազմէին
Տ.
Մկրտիչ
Արք.
Վեհապետեան,
Տ.
Գէորգ
Ծ.
Վ.
Ասլանեան,
եւ
Սարգիս
Սուին
Էֆէնտիյէ։