ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՅ—ԿԷՉԻՏԻ ՋԱՐԴԸ

Ականատես մը կը պատմէ.

«Սայ—Կէչիտ 80—90 տունէ բաղկացեալ թրքաբնակ գիւղ մըն է, Սիսէն Ատանա երկարող ճամբուն վրայ։ Մենք երեսուն անձեր էինք, որ հոն բաւական ատենէ ի վեր  կը զբաղէինք կօշկակարութեամբ, դարբնութեամբ։

Ապրիլ 2 ի հինգշաբթի օրը, մեր ընկերներէն մէկը՝ խանճի Մինաս, իր ձին արածելու համար գիւղէն դուրս ելլել ուզեց, բայց գիւղին երեւելիներէն Հաճի պէյը արգիլեց զինք եւ զմեզ խիստ հսկողութեան տակ առնել տուաւ՝ մինչեւ ժամը Այդ ատեն տեսանք որ Սիսէն կարաւանը կուգայ բազմաթիւ ճամբորդներով, որոնց մէջ կը գտնուէին Հայ Բող[ոքական] քարոզիչներ ու կիներ՝ որոնք Ատանա կ՚երթային գումարուելիք Կիլիկեան Բող[ոքական] Քրիստ[ոնէական] միութեան մասնակցելու համար։ Երբ մենք տեսանք զանոնք, իսկոյն իրենց քով վազեցինք եւ գիւղին մէջ մեզի դէմ եղած խստութիւնը բացատրեցինք, որոնք շատ զարմացան։ Ասոր պատճառը հասկնալու համար Սթելիանոս [1] պատուելին՝ միւտիրին քով գնաց բացատրութիւն ուզելու համար։ Մենք գիւղացիներու արտասովոր եռուզերումէն հետզհետէ վախնալ սկսած էինք։ Կէս ժամ ետքը պատուելին գալով ըսաւ թէ «վախու բան մը չ՚կայ միւտիրը զիս վստահեցուց եւ ըսաւ թէ զձեզ պիտի պաշտպանենք»։ Այս խօսքին վրայ մենք մեր տուները գացինք իսկ ճամբորդները պանդոկ մտան՝ որ մեր տուներուն դիմացն էր, այնպէս որ հեռուէն կրնայինք տեսնել։ Մութը կոխեց, երեւոյթները շատ տխուր գիշեր մը կը գուժէին, մեր ներքին վրդովմունքը երթալով կ՚աւելնար։ Գիշերը ժամը մէկին գիւղացիները մեր կեցած տունը պաշարեցին եւ մեր քով գտնուող միայն մէկ չագմագլը հրացանն իսկ ուզեցին՝ զոր յանձնեցինք, ասոր չի վստահելով՝ իրենց մէջէն երկու թուրք, Ատամ Հասան օղլու Ալի եւ Ալի քէհեա՝ մեր տան մէջ մտնելով՝ ամէն կողմ խուզարկեցին, բոլորովին վստահ ըլլալու համար թէ ուրիշ զէնք չկայ մեր քով։ Այդ գիշեր մեր վրայ հրացան չի պարպեցին։ Սակայն մեր դէմը գտնուող պանդոկը, ուր ապաստանած էին քարոզիչներն ու հետեւորդները, մինչեւ առտու հրացանի բռնուեցաւ, բայց բարեբաղդաբար մահ չի պատահեցաւ։ Արշալոյսին, վտանգէ ազատելու յոյսով ես երկու եղբայրներուս հետ՝ քիչ մ՚անդին Օսման քէհեայի տունը գացինք ուրկէ տեսանք՝ որ մեր տան դուռը կոտրելով ունեցածնիս կը թալանեն. թալանի ղեկավարներն էին գիւղացիներէն Կիզիր Հաճինին օղլու Հաճի, Մէլէմէնճի օղլու Հիւսէին, Քէտէր օղլու Ահմէտ եւայլն…։

Արեւածագին, գիւղին միւտիրը երեւելիներէն Հաճի ՊԷյ, Մուրթազա քէհեա, Օսման քէհեա եւ Սարը Մէհմէտ՝ պանդոկ գալով թէ՛ զմեզ եւ թէ քարոզիչները իրենց հետ կառավարական պաշտօնատունը տարին։ Մեր ունեցածը թալանուած ըլլալով, Հաճընէն եկող քարոզիչներուն եւ միւս ճամբորդներուն ունեցած կահ կարասիները միւտիրը առաւ ու իր քով պահեց իբր աւանդ։ Զմեզ ամենքնիս կառավարական պաշտօնատունը լեցնելէ ետքը, միւտիրը հրամայեց որ, տեղացի հայերը դուրս ելլեն։ Իր հրամանը կատարուեցաւ եւ զմեզ այլ եւ այլ տուներու մէջ տեղաւորել տուաւ։ Ես երկու եղբայրներուս հետ Օսման քէհեային տունը գացինք, միւսներն ալ տեղաւորուեցան Հաճի ՊԷյի, Կէօյֆախիի, Հաճի Գարա Մէհմէտի եւ Կէօյ-Հասանի տուները, իսկ Հաճընէն եկողները միւտիրին քով մնացին։

Ուրբաթ էր, կէս օրուան նամազէն ետքը Տէրէնտէլի Օմուրճան եւ Սարը Մէհէմմէկը սկսան բարձր ձայնով պոռալ «ո՜վ Թուրքեր, դեռ ի՞նչ կ՚սպասէք, ջարդեցէ՛ք Հայերը»։ Այս սոսկալի խօսքերուն յաջորդեց ահռելի հրացանաձգութիւնը։ Վայրկեանը շատ տխուր էր, յոյսի ամէն դռներ գոցուած էին մեզի համար, ինքնապաշտպանութեան համար աղօթքէն զատ ուրիշ միջոց չունէինք։ Ջարդարարները նախ Միւտիրին տանը վրայ յարձակեցան եւ ամենէն առաջ Պատուելի Սթելիանոսը դուրս հանեցին։ Ես հեռուէն կը լսէի անոր աղիողորմ հառաչանքները. այդ ի՜նչ ժամ էր Աստուա՜ծ իմ. ինք կը պաղատէր, իսկ թուրք խուժանը կը նախատէր զայն եւ կը հեգնէր։ Այս միջոցին Միւտիրը պատշգամին վրայ նստած կը ժպտէր սադայելական ժպիտով։ Հրացանները գոռացին, Պատուելիին ձայնը դադրեցաւ։ Կիներուն աղաղակը ու լալահառաչ աղերսը մինչեւ երկինք կը բարձրանար, որ սակայ խուլ էր, աւա՜ղ։ Հետզհետէ հրացանի ձայները կը սաստկանային եւ լացողներուն ձայնը կը նուազէր. քիչ անցած, ամէն աղաղակ դադարեցաւ. հասկցայ որ բոլորն ալ մեռած էին. եւ Միւտիրը. Հաճի Պէյը, Սարը Մէհէմմէտը, Մուրթազա քէհեան հանդիսատեսը կ՚ըլլային այդ ահարկու տեսարանին, որուն առջեւ քարերն անգամ չէին դիմանար։



Սայ-Կէչիտի ջարդին մէջ նահատակուած Հաճընցիներէն ոմանք. Տէր եւ Տիկին Միքայէլ Այըճեան, Պատ. Մելիտոն Մալեան, Պատ. Կոստանդին Գ. Սիյահեան եւ Պատ. Արտաշէս Պօյաճեան։

Մենք սարսափի մէջ, մեր ինչ ընելիքը չէինք գիտեր։ Ես եղբայրներուս հետ Օսման քէհեային ամբարը մտայ. մեզի միացաւ վերջէն նաեւ խանճի Մինասը։ Այն ատեն ներս մտաւ Օսման քէհեայի եղբօր կինը Այշէ, որ լալով ըսաւ մեզի թէ «գիւղացիները բոլոր հայերը ջարդեցին, հիմա հոս պիտի գան կը խնդրեմ որ ձեր գլխուն ճարը նայիք»։ Յիշեալ կինը ամէն ջանք ըրաւ զմեզ չի յանձնելու համար խուժանին, սակայն անօրինակ վայրագութեամբ մը մեր կեցած ախոռին դուռը կոտրելով ներս մտան եւ զմեզ դուրս հանեցին ու Տէրտէնտէլի Մուսթաֆա, Մէլէմէնճի օղլու Հիւսէին, պօրազան Ահմէտ եւ ուրիշ երկու մօլլաներ մեր վրայ յարձակելով իրենց ձեռքը գտնուող ատրճանակներով երկու եղբայրներս եւ խանճի Մինասը սպաննեցին։ Ես այդ վայրագ տեսարանէն չափազանց յուզուելով՝ ենթարկուած էի գրեթէ նուազեալ վիճակի մը։ Արիւնարբու ոճրագործները իմ վրայ ալ յարձակեցան բիրերով ու գաւազաններով եւ գլխէս ու դէմքէս վիրաւորեցին եւ վերջապէս այն աստիճան ծեծեցին զիս որ՝ նուաղեցայ եւ բոլորովին անշունչ ինկայ. սա միայն կը յիշեմ տարտամօրէն թէ՝ երբ զիս ալ գնդակով զարնել կ՚ուզէին՝ մէկը ըսաւ. «գնդակիդ մեղք է, սատկեցաւ կեավուրը. էօլիւյէ սիլահ սըգըլմազ»։ Իյնալէս ետքը վրաս խուզարկելով տասը ոսկի դրամս առեր էին։ Կը յիշեմ թէ վրաս գտնուած վեց հատ լուցկիները առնելով՝ մեզ քովէ քով բերին այրելու համար, բարեբախդաբար վեց լուցկին ալ մարեցան։ Երկու ձի բերելով մեր երկուքը միոյն եւ միւս երկուքն ալ միւս ձիուն կապեցին պարանով մեր ոտքերէն, հինգ վայրկեանի չափ քարերու վրայ քաշկռտելով փոսին մէջ նետեցին։ Ես չափազանց տառապեցայ եւ կզգայի թէ մեռնելու աստիճանին հասած եմ։ Զմեզ փոսին մէջ ձգելով իրենք հեռացան։ Հազիւ կէս ժամ անցած էր, տեսայ որ պզտիկ եղբայրս շարժեցաւ եւ մինչեւ իսկ նստաւ. յանկարծ թուրք կին մը սոսկալիօրէն սկսաւ պոռալ թէ՝ «Կեավուրները ողջացան», այս պոռչտուքին վրայ խուժանը վերստին մեր վրայ յարձակելով՝ եղբայրս յօշոտեցին, իմ դէմքիս վրայ ծանր քար մը ձգեցին, քիթս կոտրեցաւ եւ երկու յօնքերս սոսկալիօրէն  վիրաւորուեցան. ասոր վկան դէմքս է։



Սայ-Կէչիտի մէջ նահատակուած Պատ. ԼԵՒՈՆ ՍՈՂՈՎՄԷԵԱՆ. Հաճընի Հայ Բող[ոքական] Բ եկեղեցւոյ քարոզիչն էր։

Մութը կոխեց, երկիւղս կամաց կամաց փարատեցաւ, կեանքի յոյսը դեռ ներսս մարած չէր։ Ուստի կեցած տեղէս ելայ, մեռելներուն ձայն տուի, պատասխան տուող չի կար։ Եղբայրներէս մէկուն հագուստը հանելով վէրքերս փաթթեցի եւ ուզեցի թողուլ այդ դժողքը։ Մեզմէ քիչ մը անդին գերեզմաննոց մը կար, հոն կանգ առի. աղօթք մը արտասանեցի, կարծես թէ մեռելութենէ յարութիւն առած էի։ Սկսայ կամաց կամաց յառաջանալ. զարմանալի էր սակայն որ ծունկերս կը կթոտէին, ապրելու բնազդիս քով ոյժս տկար էր, իյնալով ելլելով, քաշկռտուելով յաջողեցայ ճամբայ գտնել մեծ դժուարութեամբ եւ երեք օրէն Սիս հասայ (Սայ կէչիտէն Սիս վեց ժամ է)։ Վիրաւոր, նուազած եւ խօսելու անկարող վիճակի մը մէջ էի։ Սիսի կամուրջէն մինչեւ որ վանք հասայ կեանքիս կէսը չի մնաց։ Վանքին մէջ եղող ծանօթներէս ոչ մին կրցաւ զիս ճանչալ, որովհետեւ արիւնով ներկուած էի, գլխուս վրայ 18 վէրք ստացած էի իսկ դէմքիս վրայ տասը։ Վիճակս անտանելի էր, սակայն Աստուած փրկեց զիս. Վանքի միաբանութիւնը մեծ խնամքով դարմանել տուաւ զիս, որոնց հանդէպ երախտապարտ եմ»։



[1]            Պատուելի Սթելիանոս Յոյն Բողոքական մ՚էր, Հայկ[ական] վարժարաններէ շրջանաւարտ։ . Յ. Թ. )