ԻՆՉՊԷՍ
ՅԱՆՁՆԵՑԻՆՔ
ՄԵՐ
ԶԷՆՔԵՐԸ
Զինադադարի
եկրորդ
օրը
յանկարծ
լուր
ելաւ
թէ
կառավարութիւնը
զէնքերը
կը
պահանջէ.
ժողովուրդը
չուզեց
յանձնել
զանոնք,
բայց
Անգլիական
հիւպատոսը
գալով,
«իմ
կառավարութեանս
անունով
կը
վստահեցնեմ
ձեզ
որ
այլեւս
բան
մը
չպիտի
ըլլայ,
զէնքերնիդ
յանձնեցէք»
յայատարարեց,
ասոր՝
ինչպէս
նաեւ
Կ.
Պոլսոյ
Պատրիարքարանէն
հասած
վստահութեան
հեռագիր
մը՝
եւ
մանաւանդ
առաջնորդական
փոխանորդութեան
կոչուած
քահանայի
մը
ստիպումներուն
վրայ
զէնքերը
յանձնուեցան
ամբողջութեամբ,
առանց
հատ
մ՚իսկ
վար
դրուելու։
Որովհետեւ
Անգլիական
հիւպատոսը
կը
վստահեցնէր,
Կ.
Պոլսոյ
Պատրիարքական
տեղապահը՝
առանց
անցուդարձին
տեղեակ
ըլլալու
ստիպողական
հեռագիրով
անմիջական
հնազանդութիւն
կը
յանձնարարէր
եւ
տեղական
կառավարութիւնը
երկրորդ
ահաւոր
ջարդի
մը
սպառնալիքովը
մեր
զէնքերը
յանձնել
ամբողջովին։
Եթէ՝
մինչեւ
որ
Օսմ[անեան]
Շարժուն
բանակի
զօրքերուն
ժամանումին
զէնքերը
չի
յանձնուին,
անտարակոյս
երկրորդ
ջարդը
տեղի
չէր
ունենար,
վասն
զի
հակառակ
մեր
ռազմանիւթերուն
սնանկութեանը
թշնամին
խիստ
մեծ
կասկածներ
ու
վախեր
ունէր
մեր
ուժին
մասին։
Ահա
այս
անխոհեմ
ընթացքով
տեղի
ունեցաւ
երկրորդ
ջարդը
որ
նախորդէն
հարիւրապատիկ
աւելի
վնասներ
պատճառեց,
կործանելով
Ատանան։