ԳԱՐՍ—ՓԱԶԱՐ
[1]
ԵՒ
ՃԻՆ
ԹՈՐՈՍ
[2]
Հաճընցի
նշանաւոր
Ճին
Թորոսը՝
որ
Սահմանադրութեան
հռչակումէն
ետքը
ձիաւոր
ոստիկան
եղած
էր
Գարս-Փազարի։
Ստոյգ
ջարդէ
մը
ազատեց
Գարս-Փազարի
հայութիւնը
հետեւեալ
պարագաներուն
տակ։
Սիսի
ինքնապաշտպանութեան
վարիչներէն
Կիլիկիոյ
միաբան
Տ.
ՂԵՒՈՆԴ
Ծ.
ՎԱՐԴ[ԱՊԵՏ]
ԹՈՒՐՍԱՐԳԻՍԵԱՆ,
որ
վախճանեցաւ
աղէտէն
ետքն
ի
Կ.
Պոլիս,
1870ին
ծնած
ի
Հաճըն,
1893ին
Երուսաղէմի
Ժառանգաւորաց
վարժարանէն
շրջանաւարտ
ելած,
եւ
1895ին
վարդապետ
ձեռնադրուած
էր
ի
Սիս։
Գարս-Փազարի
գաիմագամին
փոխանորդնէ
ոստիկան
տասնապետի
մը
ձեռքը
հրաւերագիր
մը
տուած
էր
շրջակայ
գիւղերու
իսլամներուն
կարդացուելու
համար։
Տասնապետն
ալ
երկու
ոստիկան
առած
էր
իրեն
հետ,
որոնց
մէկն
էր
Ճին
Թորոսը։
Ասյ
վերջինը
թուղթին
մէջ
ի՛նչ
ըլլալը
չէի
գիկեր։
Երբ
գիւղերը
կը
հասնին
եւ
թուղթը
հոն
կը
կարդացուի,
կ՚իմանայ
որ
գաիմագամի
փոխանորդն
եւ
Գարս-Փազարի
երեւելիները
կը
ծանուցանեն
շրջակայ
գիւղերու
իսլամներուն
թէ՝
«Ատանայի
մէջ
կեավուրներն
ոտք
ելան,
էկէ՛ք,
էկէք
Գարս-Փազար,
որպէս
զի
կեավուրները
զարնենք
մենք
ալ»։
Նոյն
գիշերն
իրենց
ետեւէն
կը
հասնին
Գարս-Փազարէն
ղրկուած
երկու
ոստիկաններ,
որոնք
տասնապետին
կ՚ըսեն
որ
Ճին
Թորոսը
չընկերանայ
իրենց,
այլ
ետ
դառնայ։
Տասնապետն
անարգանօք
կը
վարուի
Հաճընցիին
հետ.
«կեավուր»
կը
կոչէ
զայն,
մարթինի
հրացանը
ձեռքէն
կ՚առնէ
«կեավուրին
ձեռքը
մարթին
չի
վայլեր»
ըսելով
եւ
ձին
ալ
կ՚ուզէ
առնել։
Ճին
Թորոս
ձին
չի
տար։
Տասնապետը
հետեւորդներուն
կը
հրամայէ
սպաննել
Ճին
Թորոսը,
բայց
տան
տէր
թուրքն
որուն
տունը
օթեւանած
էին,
կիսավառ
փայտ
մը
քաշելով
թոնիրէն,
կը
յարձակի
տասնապետին
վրայ,
ըսելով
թէ
ի՞նչ
իրաւունք
ունի
իր
տան
մէջ
կեավուր
մը
սպաննելու,
թո՛ղ
գիւղէն
դուրս
ելլեն,
ի՛նչ
կ՚ուզեն
ան
ընեն։
Ոստիկանները
կը
մեկնին
գիւղէն
դուրս
Ճին
Թորոսը
սպաննելու
մտադրութեամբ,
մինչ
գիւղէն
դուրս՝
Գարս
Փազարի
վրայ
քալելու
համար
մեծ
Ճին
Թորոսը
եւ
իրեն
վրայ
ուղղուած
գնդակներէն
տեղւոյն
իսլամները
միայն
կը
զարնուին
կ՚իյնան։
Ճամբաները
լաւ
գիտնալով,
Ճին
Թորոս
ցորենի
հորերուն
քովէն
կը
սպրդի,
մինչ
զինք
հալածողներն
այն
հորերուն
մէջ
կ՚իյնան։
Վերջապէս
կարող
կ՚ըլլայ
խուժանէն
առաջ
Գարս-Փազար
հասնիլ,
հոն
ալ
իր
դէմը
ելլողներուն
կ՚ըսէ
թէ
թուղթեր
կը
բերէ
կառավարութեան.
եւ
անվնաս
մտնելով
գիւղաքաղաքը
կը
յորդորէ
տեղւոյն
թերահաւատ
հայ
երեւելիներն
որ
կառավարութեան
դուռն
երթան
եւ
իրենց
կեանքին
շնորհումը
խնդրեն,
ըստ
Շէրիի
ապաստանելով
կամ
մզկիթ
մը
եւ
կամ
կառավարական
պաշտօնատունը։
Հայ
երեւելիներն
պաղատանիք
կը
դիմեն
գաիմագամի
փոխանորդին
որ
զիրենք
կը
վռնտէ,
ամբաստանելով
թէ
կառավարութեան
պաշտօնատունը
կամ
մզկիթները
կոխել
կուզեն։
Եւ
ըսելով
որ
հայ
երեւելիներուն
դիմումին
պատճառ
եղեր
է
Ճին
Թորոսը,
բանտարկել
եւ
գանակոծել
կուտայ
զայն։
Ճին
Թորոս՝
որ
անանկ
ծեծեր
շատ
կերած
է
եւ
բանտէ
փախչելու
ճարպիկութեան
մէջ
մեծ
վարժութիւն
ունի,
ծեծին
ցաւը
մոռնալով
նոյն
հետայն
կը
փախչի
բանտէն,
մարթինն
իսկ
առնելով
զինք
սպասող
պահակին
ձեռքէն
եւ
հայերուն
քով
երթալէ
ետքը
խորհուրդ
կուտայ
հայերուն,
իրենց
տուներն
ու
կահ
կարասին
թողուլ
եւ
ապահով
տեղ
մը
ապաստանիլ,
մինչեւ
որ
փոթորիկն
անցնի։
Հայերը
իր
առաջնորդութեամբ
կը
քաշուին
քարուկիր
դպրոցին
ու
շէնքերուն
մէջ,
փայտեայ
շէնքերը
վար
կ՚առնեն
եւ
ըստ
կարելւոյն
կ՚ամրանան
ընդ
ամենայն
ութ
հարիւր
հայ
ընտանիք,
որոնցմէ
600ը
շրջակայ
գիւղերէն։
Տեղւոյն
հայ
վաճառականները
պէտք
եղած
ուտեստեղէնը
կ՚ամբարեն
շուտով։
Բոլոր
այս
բազմութեան
մէջ
(իբր
4000
հոգի)
կը
գտնուի
ընդամենը
26
մարթինի
հրացան
ուրիշ
երկրորդական
զէնքերով
կամ
որսի
հրացաններով
եւ
չորս
թիթեղեայ
տուփ
լեցուն
վառօթ
զոր
վաճառական
մը
կը
հայթայթէ,
բայց
կ՚որոշուի
մարթինի
գնդակներուն
պարապ
գլակները
կրկին
լեցնել
գտնուած
կապարներով
ու
վառօթով։
Երբ
խուժանը
կը
հասնի
գիւղերէն,
գամիագամի
փոխանորդն
ու
հարիւրապետը
կ՚ըսեն
բազմութեան
որ
հետեւեալ
օրն
Ուրբաթ
գան,
աւելի
լաւ
կը
յաջողին
Ուրբաթ
օրով,
եւ
աւելի
մեծ
բազմութեամբ
գան։
Խուժանը
կը
քաշուի։
Հայերն
այս
բանը
տեսնելով
եւ
վտանգին
մեծութիւնը
կռահելով,
իսկոյն
դուրս
կ՚ելլեն,
իրենց
թաքստոցներէն
եւ
գիւղին
մէջը
տանող
բոլոր
փողոցներուն
բերանը
ամուր
պատեր
կը
հիւսեն,
կը
փակեն
բոլոր
մուտքերը
իսկ
իրենց
գտնուած
շէնքերուն
մէջ
եւ
շուրջ,
ինչ
որ
դիւրավառ
է
կը
քակեն
եւ
մէջտեղէն
կը
վերցնեն,
որպէս
զի
չի
հրկիզուին
եւ
իրենք
կրակի
մէջ
չի
մնան
խեղճ
Ատանացիներուն
պէս։
Ճին
Թորոս
որ
այս
յուսահատ
ժողովուրդին
հրամանատարութիւնը
կը
ստանձնէ,
կը
պատուիրէ
որ
բնաւ
նախայարձակ
չ՚ըլլան
եւ
երբ
իրենց
վրայ
կրակ
տեղացնէ
խուժանը,
ներս
քաշուին,
լաւ
պատրաստուին,
բնաւ
չ՚ելլեն,
եւ
իրենք
պարապ
տեղը
գնդակ
չարձակեն։
Կիներն
ու
տղաքը
ամենէն
աւելի
պաշտպանեալ
տեղուանքը
դնելով,
միայն
զէնք
բռնելու
կարող
այրերով
կը
պատրաստուի
խուժանն
ետ
մղելու։
Հետեւեալ
օրն
Ուրբաթ
առտուան
աղօթքէն
ետքը
«Մուհամմէտէ
Սալավաթ»
աղաղակներով
խուժանը
կը
յարձակի,
կը
թալանէ
հայոց
բոլոր
տուներն
ու
խանութները,
յետոյ
կրակի
կուտայ
եւ
ի
վերջոյ
կը
յարձակի
ժողովուրդին
վրայ։
Հայերը
կը
համբերեն,
չեն
պատասխաներ,
մինչեւ
որ
խուժանը
կը
խռնուի
պատսպարուած
շէնքերուն
շուրջը։
Այն
ատեն
հայք
միասին
կրակ
կ՚ընեն
մի
քանի
անգամ
եւ
խուժանը
թէպէտ
կը
փորձէ
հրդեհի
մատնել
պատսպարուած
ժողովուրդը
բայց
չի
յաջողիր։
Գարս-Փազարի
հերոս
ՃԻՆ
ԹՈՐՈՍ
ՏԱՂՏԱՂԱՆԵԱՆ։
Որովհետեւ
հրձիգութիւն
փորձողները
իրենց
կեանքը
վրայ
կուտան
լաւ
նշանառութեան
շնորհիւ։
Խուժանն
ի
վերջոյ
կը
ցրուի
անէծք
կարդալով
Ճին
Թորոսին,
որ
ի
դէրեւ
հանեց
իրենց
չար
խորհուրդը,
բայց
ի
միասին
տանելով
Գարս-Փազարի
հարուստ
կողոպուտը,
որովհետեւ
շրջակայ
շատ
մը
գիւղերու
շուկան
Գարս-Փազարն
է։
Հայերն
երեք
շաբաթ
դուրս
չեն
ելլեր,
մինչեւ
որ
կառավարութիւնը
հարկ
եղած
ապահովութիւնը
կուտայ,
եւ
զօրքերու
պաշտպանութեան
ներքեւ
իրենց
տեղերը
կ՚առաջնորդէ,
շրջակայքէն
եկած
հայերը։
Դուրսը
մնացած
հայերը,
որոնք
դրացի
թուրքերուն
տուները
ապաստանած
էին,
ողջամբ
թող
կը
տրուին։
Ճին
Թորոս
դատի
կ՚ենթարկուի
իբր
ժողովուրդը
գրգռող
եւ
իրար
անցնող,
բայց
ի
վերջոյ
կ՚արձակուի
իր
պաշտօնէն
հանուելով.
ստոյգ
կոտորածէ
մը,
շնորհիւ
Ճին
Թորոսի
քաջութեանն
ու
արթնամտութեանը։
Գարս-Փազարի
շրջակայ
գիւղերուն
մէջ
գտնուող
շրջուն
վաճառական
եւ
արհեստաւոր
Հաճընցի
հայերն
ջարդուեցան,
որոնց
մէջ
էր
անուանի
քաջ,
հսկայ
եւ
պարթեւահասակ
Հաճընի
Աթան
Չիլինկիրեան
էֆէնտին։
[1]
Գարս-փազար՝
Սիսէն
վեց
ժամ
հեռու
դէպ
ի
Արեւելեան
կողմը
գտնուող
թրքաբնակ
գիւղաքաղաք
մ՚է,
ուր
կը
գտնուի
1000
հոգիի
չափ
Հայ
բնակչութիւն
մը,
որոնք
գաղթած
են
մեծամասնութեամբ
Հաճընէն
որ
Մարաշէն,
եւ
որոնց
մեծ
մասը
վաճառականներ
ըլլալով
միայն
ձմեռուան
եղանակին
կուգան
Գարս
եւ
ամառը
կը
վերադառնան
դարձեալ
իրենց
տեղերը,
որովհետեւ
Գարսի
կլիման
շատ
գէշ
է։
(Ծ.
—
Յ.
Թ.
)
[2]
Ճին
Թորոսը
Հաճընի
կորիւններէն
մէկն
ըլլալով,
քաջառողջ
անվախ
եւ
անզսպելիօրէն
ըմբոստ
Հայորդի
մ՚է։
Շատ
պզտիկ
տարիքէն,
իր
սոսկալի
անառակութեան
եւ
ըմբոստութեան
հետեւանքով
թաղին
մէջ
արժանացած
էր
«ճին»
մարդիրին
որ
կը
նշանակէ
հազուագիւտօրէն
քաջ
եւ
անվախ։
Ճին
Թորոս
տասնեակ
անգամներ
աւազակութիւններ
ըրած,
լեռները
ելած.
վիրաւորած,
վիրաւորուած,
բանտարկուած,
բանտէն
փախած
եւ
դատապարտութիւններ
կրած
է։
Հիմա
որ
տարիքը
բաւական
առած
է,
բաղտատմամբ
նախկին
վիճակին
բաւական
լրջացած
եւ
բեռնաւորուած
է
ընտանեկան
հոգերով։
(Ծ.
—
Յ.
Թ.
)