ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՍՄ[ԱՆԵԱՆ] ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔՆՆԻՉ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ

«Ատանայի ցաւալի դէպքին պատճառը ու ծագման եղանակը հասկնալու, եւ ընդհանուր վիճակն ու դէպքին անգամ մ՚ալ չի կրկնուելու մասին հարկ եղած քննութիւները կատարելու համար՝ Ատանա գացինք, եւ անձամբ պտտեցանք նահանգին Տէօրթ-Եօլ, Օսմանիէ, Պաղչէ, Համիտիէ, Թարսուս գաւառակները ու Հասան-Պէյլի ու Խառնը գիւղերը։ Իսկ Խասսա, Իսլահիէ եւ Հաճըն գաւառակներն ալ թղթակցութեամբ առինք հարկ եղած տեղեկութիւնները։ Այդ տեղերուն եւ Ատանայի մէջ մեր կատարած քննութիւններուն վրայ, մեր խորհրդածութիւնները կը ներկայացնենք. Ատանայի նախորդ կուսակալ Ճէվատ պէյ, Ատանա հասնելէն գրեթէ մէկ ամիս յետոյ, Արուեստից վարժարանին տնօրէն  Կէրկէրլի Ալի էֆ[էնտի] եւ «Իթիտալ» լրագրի խմբագիր Իհսան Ֆիքրի պէյ իրարու հակառակ մէյ մէկ կուսակցութիւն կազմած են, Իհսան Ֆիքրի պէյի կուսակցութիւնը՝ նախորդ կուսակալ Ճէվատ պէյի դէմ էր, իսկ Կէրկէրլի Ալի էֆ[էնտի]ի կուսակցութիւնը, որուն մէջ կը գտնուէր նաեւ համբաւաւոր Կէօքտէրէլեան, կուսակալին կողմը կը բռնէր։ «Իթիտալ» լրագրի վերջին մէկ քանի ամսուան հաւաքածոն իսկապէս ցոյց կուտայ երկու կուսակցութեանց հակառակութիւնը։ Կուսակցական այդ յարաճուն հակառակութեան պատճառաւ, կուսակալին նկատմամբ շատ ծանրակշիռ հրատարակութիւններ կ՚ըլլան, նոյնիսկ երկու կուսակցութեանց կողմէն միթինկներ կազմակերպուած են։ Ճէվատ պէյի ջանքերուն շնորհիւ արգիլուած են այդ միթինկները, որոնք կրնային այն ատեն բաղխում առաջ բերել երկու կուսակցութեանց միջեւ։ Սակայն շատ չ՚անցած Ճէվատ պէյի հակառակ կուսակցութիւնը իր վերջին ոյժը գործածելով ամէն միջոց ձեռք առած եւ նոյնիսկ կուսակալը նախատելէ չէ քաշուած, որպէսզի այն ստիպուի հրաժարիլ։ Միեւնոյն ժամանակ զրոյցներ շրջած են նահանգին մէկ կողմը թէ՝ հայերը պիտի ջարդեն իսլամները, եւ ուրիշ կողմն ալ իսլամները հայերը պիտի ջարդեն։ Նոյնիսկ գործը դատական իշխանութեան յանձնուած ըլլալով հանդերձ, կառավարութիւնը այդ մասին փութաջանութիւն եւ գործունէութիւն ցոյց չէ տուած, բնականաբար զրոյցներն ու տարաձայնութիւններն աւելցած են։ Զիրար փոխադարձաբար  սարսափեցնելու եւ վախցնելու հակում մը ցոյց տուող այս նողկալի տարաձայնութեանց աղբիւրները քննելու եւ պատճառ եղողները պատժելու համար շատ թոյլ գտնուած է կառավարութիւնը. այդ պատճառաւ հայ երիտասարդներուն մէջ գտնուիլը անկարելի չեղող ապակեդրոնացման կուսակիցներն ու  շահու համար աղէտալի բռնապետութեան կողմնակից կարգ մը իսլամ պարզամիտներ իրենց համարձակութիւնը աւելցուցած են։

Ատանայի մէջ կառավարութեան ազդեցութիւնը ջնջելով մասնաւոր նպատակներու ծառայողները՝ ուզած են օգտուիլ հանրային կարծիքին անվստահութենէն, ատկէ առաջ եկած է վարչական անկարգութիւն մը, որ կրնար տեղի տալ ամէն տեսակ գէշութեանց, եւ ահա՛ թէ ինչպէս, Մարտ 27-ի ուրբաթ օրը կնոջ մը խնդրին պատճառաւ հայ մը երկու իսլամ վիրաւորելով կը սպաննէ։ Կառավարութիւնը փոյթ չի տանիր սպաննիչը գտնելու։ Սպաննուածներուն ազգականները խմբովին դիմում ընելով կառավարութեան՝ սպառնացած են սա խօսքերով. «եթէ մարդասպանը դուք չի գտնէք մեզի ձգեցէք որ գտնենք ու պէտք եղածը ընենք»։ Կառավարութիւնը իր համբերութեամբ եւ լռութեամբ իր անկարողութիւնը ցոյց կուտայ։ Իսլամները կը հրաւիրեն եւ նոյն իսկ կը նախատեն կառավարութիւնը՝ որպէսզի իր պարտքը կատարէ, այդ միջոցով անոնք կը յուսային կուսակալին հակառակ կուսակցութիւնը գրգռել եւ Ճէվատ պէյը հարկադրել որ հրաժարի։ Կուսակալին դատողութեանը, թուլութեանը եւ ոչնչութեանը պատճառաւ յուզումը կ՚աւելնայ եւ տգէտները կը զինուին։ Իսլամ եւ ոչ իսլամ ժողովուրդը զինուած ըլլալով կը սկսին իրարու ծուռ նայիլ։ Քաղաքը երեք օր այս վիճակին մէջ տարուբերելէն յետոյ, Մարտ 30-ի երկուշաբթի օրը՝ Գարաքէօսէ օղլու Մահմուտ, քանի մը ընկերներով, զէնքի բազմաթիւ հարուածներ կ՚արձակեն թաղերուն մէջ, երբ ոստիկանները կը հասնին զէնքի արձակումները արգիլելու համար, պատասխան կը ստանան թէ հայ մը սպաննած է երկու իսլամ եւ չէ ձերբակալուած։ Ասոր վրայ զէնք արձակողները խոյս կուտան իրենց տուները եւ նորէն կը սկսին զէնք պարպել։

Մարտ 31-ի երեքշաբթի իրիկունը, ժամը 2-ին, ժողովուրդը կառավարական պաշտօնատան շուրջը կը հաւաքուի եւ ցոյցեր կ՚ընէ, պատրուակելով թէ այգիներուն կողմը հայերուն կողմէ սպաննուած են չորս իսլամ, երկուքը այր, երկուքը կին։ Քննութեամբ հասկցուելով որ անհիմն է այս խօսքը, ոստիկանութեան տեսուչին կողմէ կը ձերբակալուի այդ խօսքը առաջին անգամ ընողը. ժողովուրդը ոստիկանութեան տեսուչին ձեռքէն բռնի կը խլէ ձերբակալուածը։ Քիչ յետոյ կառավարական պաշտօնատան դրան առջեւ զինուորներու գտնուած տեղւոյն մօտ՝ Լութֆիկ անուն հայ մը կը սպաննեն իբր լրտես։ Ոստիկանապետը մարդ մ՚ալ կը ձերբակալէ, սպաննութեան լուրը զրուցած ըլլալուն։ Բայց այդ մարդն ալ ոստիկանապետին ձեռքէն բռնի կը խլուի։

Ապրիլ 1-ի Դշ. առտուն կանուխ, Գարաքէօսէ օղլու Մահմուտ նորէն կը ձերբակալուի, բայց ժողովուրդեան կողմէ դարձեալ ետ կ՚առնուի բռնի։ Այս միջոցին ոչ քաղաքային իշխանութեան եւ ոչ ալ զինուորական իշխանութեան կողմէ գոյութեան եւ ազդեցութեան նշան չի ցուցուիր, այնպէս որ այդ առտու, խօսքը ստորին դասակարգին ինկած (սէօզ այաղա տիւշմիւշ) ըլլալով, ամեն ոք զէնքով ու սոփայով կը պտտէր։ Մինչ կուսակալը ու զինուորական հրամանատարը, հարկ եղած պաշտօնեաներու եւ երեւելիներու ընկերակցութեամբ շուկաները կը պտտէին, քրիստոնեաներու խանութները բանալ տալու եւ գործաւոր դասակարգէն եղող իսլամները ցրուելու համար, անդին լուր կ՚ելլէ թէ հայերը յարձակած են Թոսպաղը թաղը։ Իրենց ընտանիքը եւ բնակարանները ազատելու համար՝ այդ կողմերը դիմող իսլամ ժողովրդեան կը միանան շատ մը գործաւորներ։ Երբ Հայերը կը տեսնեն այդ ամբոխը, կարծելով որ ատոնք յարձակում պիտի գործեն իրենց տուներուն վրայ, կը սկսին զէնք արձակել պատուհաններէն։ Զէնքի ձայնը լսուելուն պէս, ժողովուրդին յուզումը կ՚աւելնայ ու աղէտը ծայր կուտայ։ Դէպքին սաստկութեան պատճառ կ՚ըլլայ այդ միջոցին Ատանայի մէջ գտնուած գործաւորներու բազմութիւնը, որոնց թիւը 20. 000-ի կը հասնէր։ Մէկ հայրենիքի զաւակ եղող Իսլամներն ու Հայերը, որոնք դարերէ ի վեր եղբօր պէս իրարու հետ ապրած են, դժբախտաբար այդ Օսմանցիները կը սկսին իրար կոտրել։ Նոյն իսկ կը սպաննեն Թաղապետական Ժողովի անդամ Յարութիւն էֆ[էնտի] Շատրիկեանը, թաղապ[ետական] պաշտօնատան մէջ, եւ կրակի կուտան Հայոց բոլոր տուներն ու խանութները։ Վանէն, Տիարպէքիրէն, Խարբերդէն եկած հազարաւոր գործաւորներ կը սկսին աւարառութիւն ընել։ Այդ վիճակը գիշերները մեղմանալու պայմանաւ, երեք օր կը շարունակէ։ Վերջապէս անդորրութիւնը կը հաստատուի։ Քրիստոնեաներու զէնքերը կը հաւաքեն, յարձակող ժողովուրդը կը ցրուեն։ Այդ կացութիւնը տասը օր շարունակելէ յետոյ դժբախտաբար, ինչպէս կ՚երեւայ առանձինն  մատուցուած ամփոփոյքէն, ապրիլ 13-ի օրը դէպքը նորէն կը սկսի, սոսկ քաղաքային եւ զինուորական իշխանութեանց անհոգութեան պատճառաւ, եւ այս անգամ աւելի ընդարձակ սահմանի մէջ ու աւելի աղէտալի կերպով։ Դէպքին առաջին օրը, նախորդ կուսակալ Ճէվատ պէյ սա իմաստով հեռագիրներ կ՚ուղղէ շրջակաները «Ատանայի մէջ խռովութիւն ծագեցաւ. հաւանական է որ հոտ ալ տարածուի խռովութիւնը. պահեստի զօրքերը հաւաքեցէք»։ Խռովութիւն բառը այնպէս կարծեցնել տուած է թէ Հայերը ընդհանուր ապստամբութիւն հանած են, միւս կողմէ երթեւեկողներն ալ սխալ լուրեր տուած ըլլալով՝ շրջականերուն մէջ Հայոց բոլոր տուները այրուած  ու գոյքերը թալլուած ու Հայերն ալ սպաննուած են։

Ճէպէլը Պէրէքէթի մէջ ծագած ցաւալի դէպքին պատճառ եղած է միւթէսարըֆ Ասաֆ պէյ, իր յիմարաբար քաշած հեռագիրներով ու առաջ բերած իրարանցումներով։ Այդ միջոցին, կարգ մը չարագործներ ալ, սպաննութեանց եւ թալանի մէջ իրենց անձնական շատ մը  շահերուն հետամուտ, պարզամիտ ժողովուրդը գրգռուած են, ըսելով. «Կառավարութեան կողմէ ջարդի հրաման տրուած է, բայց պաշտօնեաները մեզի ցոյց չեն տար այդ հրամանը»։ Նոյնպէս ցաւալի դէպքին սաստկութեան պատճառ եղած են հետեւեալները. Էրզինի բանտին եւ Փայասի բերդին բանտարկեալները ազատ ձգուած են, եւ այդպէս եղած յարձակումները զինւորական միջոցներով ետ մղուած չեն, պատճառ տրուելով որ ժողովուրդը զինուի. նոյն իսկ միւթէսարըֆը երկչոտ գտնուած է ժողովուրդեան զէնք ու ռազմամթերք բաժնուած է, եւ ամէն կողմ զինուորական պաշտօնեաները չեզոք մնացած են։

Դէպքի միջոցին՝ ամբողջ Ատանայի նահանգին մէջ ջարդուածներուն թիւը 5683 հոգի է, որուն 1487 իսլամ ոստիկան-զինուորներն ու զօրքերն ալ մէջը հաշուելով, եւ 4196-ը ոչ-իսլամ, ինչպէս կ՚երեւի մարդահամարի տեսչութեան արձանագրութիւններէն։ Սակայն կը կարծուի որ չարձանագրուած եւ ո՛ւր տեղացի ըլլալնին անյայտ  կարգ մը օտարականներ ալ սպաննուած են. անկարելի ըլլալով անոնց ճշգրիտ թիւը գտնել, կ՚ենթադրուի որ 15. 000-ի չափ ըլլայ ջարդուածներուն թիւը, իսլամ եւ ոչ-իսլամ։ Առանձին յիշատակութեան արժանի է որ 30. 000-ի չափ կին, տղայ, չափահաս, երեխայ, անտուն եւ ապրուստի ամէն միջոցներէ զուրկ կարօտեալներ կան։ Այրած տուներուն, խանութներուն, աղօթատեղիներուն, դպրոցներուն եւ այլն թիւն 4823 է, որոնց 386 կտորը իսլամներուն եւ մնացեալը քրիստոնեաներուն կը վերաբերի։ Դէպքին սկիզբէն մինչեւ յունիս 16 նպաստաբաշխ յանձնախումբերու կողմէ ծախսուած ու բաշխուած է 1. 376. 177 ղ[ու]ր[ու]շ. իսկ փոխադարձ երաշխաւորութեամբ 32. 000 ոսկի տրուած է Երկրագործական Բանքաներէն, ինչպէս կ՚երեւայ հաշուեցուցակէն։

Ատանայի ու շրջականերու կարօտեալներուն մէկ մասը՝ կառավարութեան կողմէ՝ միւս մասը՝ միջազգային հանգանակիչ յանձնաժողովին եւ առանձինն օտարներու կողմէ ղրկուած գումարներով կը սնանին։ Բայց կատարուած քննութիւններէն հետեւցուցինք թէ կարօտեալներու նկատմամբ ազգին եւ կառավարութեան ընելիքը պիտի ըլլայ՝ նախ անտուն մնացածներուն գլուխնին խօթելու չափ տնակ մը հայթայթել. երկրորդ՝ որբ եւ անոք մնացած տղաքը սնուցանել եւ խնամել, երրորդ՝ այրազուրկ մնացած կիներու եւ տղոց ապագան ապահովել. չորրորդ՝ արհեստաւորներու գործիքներ տալ՝ որպէսզի գէթ օրապահիկ մը հանեն. «Էսնաֆ»ին պզտիկ դրամագլուխ մը տալ՝ դարձեալ հացի դրամ մը շահեցնելու չափ եւ երկրագործներուն ալ մաս մը դրամ փոխ տալ՝ որպէսզի բերքերը կարենան քաղել եւ երկրագործական ուրիշ գործեր կատարել, եւ այլ այս կարգի օգնութիւններ եւ դիւրութիւններ ընծայել. նաեւ հանրային աղօթատեղիներն ու դպրոցները ուղղակի կերպով կառավարութեան կողմէ շինել տալ։



Օսմ[անեան] Կառավարութեան կողմէ ղրկուած քննիչ յանձնաժողովին անդամ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԷՖ[ԷՆՏԻ] ՄՈՍՏԻՉԵԱՆ. որ անթիւ ծառայութիւններ մատոյց իր բազմաթիւ բողոքներովն ու տեղեկագիրներովը եւ մեծ մխիթարութիւն պարգեւեց դժբաղդ աղէտեալներուս իր հայրական գորովովն ու գուրգուրանքովը։

Եղած ենթադրութեան համեմատ, Ատանայի եւ շրջականերու վէրքին պարզ դարմանումին համար, բացի նախապէս յատկացուած 30. 000 ոսկիէն, տակաւին առնուազն 100. 000 պէտք կայ, ինչպէս նաեւ պետութեան սահմանելիք եղանակով, Օսմանեան կամ Երկրագործական պանքաներէ մէկուն միջոցաւ՝ կարօտ մնացած վաճառականներու պէտք է 50 հազար ոսկիի վարկ մը յատկացնել։ Այս մասին առանձինն արդէն հեռագրով ալ ծանուցուած է։ Այսու հետեւ կարգ մը չարակամներու անիծապարտ նպատակներուն եւ խռովարարութիւններուն տեղի չտալու եւ ատոնք անկարելի դարձնելու համար, նախ եւ պէտք է կառավարութիւնը ձեռնհաս անձերու յանձնել, եւ դետութեան յարմար դատելիք եղանակով հայրենիքի իսլամ եւ ոչ-իսլամ զաւակները մէկտեղ նախնական կրթութիւն պէտք է որ ստանան, որպէսզի անոնք իրենց մանկութենէն վարժուին լաւ յարաբերութիւններ ունենալ իրարու հետ։ Դարձեալ, երբ քրիստոնեաներ ժամ առաջ սկսին իրենց զինուորական պարտականութիւնը կատարել գործօն կերպով, ատիկա մեծապէս պիտի նպաստէ որ ժողովրդեան այլ եւ այլ տարրերուն միջեւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող Օսմանեան եղբայրութիւնը ամրապնդուի։ Որպէսզի բովանդակ Օսմանցիներուն խոր վիշտ պատճառող եւ մեր Օսմանեան հայրենիքին կուրծքին վրայ վերքեր բացող այս կարգի ցաւալի վիճակներ չկրկնուին, յետագայ միջոցները կ՚առաջարկենք,

1. Ինչպէս որ քիչ մը վերը բացատրուեցաւ, նախ եւ առաջ պէտք է կառավարական գործերը կարող եւ փորձառու ձեռքերու յանձնել։

2. Գոնէ առայժմ Ատանայի կեդրոնին եւ շրջականերուն մէջ երրեակ նահանգներու մէջ (Սելանիկ, Մանասթըր եւ Գօսովա) եղածին պէս մեծ արագութեամբ դատական հիմնական կազմակերպութիւն մը ընել եւ ընտրութիւններուն մեծ ուշադրութիւն ընծայել։

3. Ոստիկան-զինուորներու եւ ոստիկաններու թիւը եւ ամսաթոշակները աւելցնել, կարող եւ պատուաւոր անձերը այդ պաշտոններուն կոչել եւ իրենց քաղաքէն դուրս անոնց յատուկ վարժարաններ բանալ, պաշտօնավարելու օրէնք մը հաստատել, ինչպէս եղած է երրեակ նահանգներու մէջ։

4. Նահանգին քաղաքային եւ զինուորական իշխանութեանց կողմէ որոշուելիք տեղերու մէջ մնայուն ըլլալու պայմանաւ մէկ մէկ մաս կանոնաւոր զօրք պահել։

5. Կարգ մը քաղաքներու, գիւղաքաղաքներու, գիւղերու եւ յարմար վայրերու մէջ ոստիկան-զինուորութիւն եւ պահականոցներ կազմել։

6. 700 տուներէ բաղկացեալ Տէօրթ-Եօլ գիւղը, (որուն 15 տունը Իսլամ են եւ մնացեալը՝ Հայ) ծովեզերքին մօտ ըլլալով, եւ ժողովուրդն ու հողը յառաջդիմելու եւ բարգաւաճելու ընդունակ ըլլալուն, այդտեղ գաւառակի կեդրոն ընտրել, եւ ժամ մը հեռու գտնուող ծովեզերքինվրայ ալ գիւղախումբ մը կազմել։ Աւելի ճիշդ՝ նահանգին ամէն կողմը, լիվաներու, գաւառակներու եւ գիւղախումբերու կեդրոնները որոշելով, փոփոխել եւ տեղ տեղ ի նորոյ կազմակերպել, եւ ասիկա ընելու համար պէտք է նկատի առնուի քաղաքային եւ զինուորական գործառնութիւնները, եւ դարձեալ քաղաքային եւ զինուորական մասնաւոր մասնագէտ յանձնաժողով մը պէտք է որ պտտի բոլոր նահանգին մէջ։ Այսպէս, Ատանայի նահանգին ամէնէն բանուկ եւ կարեւոր նաւահանգիստը՝ Մէրսինը, իր դիրքին եւ իր կարեւորութեան պատճառաւ, Ատանայէն անջատել եւ անկախ կառավարչութեան մը ձեւով կառավարել, ինչ որ ապագային մէջ այդ քաղաքին կարեւոր քաղաքի մը դիրքը առնելուն պիտի նպաստէ։

Մեր այս առաջարկներէն ետքը, սա՛ ալ աւելցնենք թէ այսօր Ատանայի նահանգին մէջ դէպքին մասնակից ըլլալով պատժուող մարդասպան անձերը՝ հրազէնէ մը արձակուած գնդակի մը կրնան նմանցուիլ։ Փոխանակ ասանկ տգէտ եւ ամէն կարգի հոսանքի աննկատօրէն ենթակայ եղող անձերը պատժելու, երբ դրդիչներէն ու պատասխանատուներէն 3-4—ը երեւան հանելով յօրինակ այլոց պատժուին, կը կարծենք թէ արդարութեան աւելի համաձայն կ՚ըլլայ անդորրութիւնը կ՚ամրապնդուի եւ այս կարգի դէպքերու կրկնութեան առաջքը կ՚առնուի»։

27 Յունիս 325

 

(ստորագրութիւններ)

Ատանայի քննիչ յանձնաժողովեն՝ Պետական Խորհրդոյ նախագահ ՖԱԻԳ, Սելանիկի դատական քննիչ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄՈՍՏԻՉԵԱՆ (կ՚աւելցնէ թէ տեղեկագրին մէջ յիշուած կարգ մը վիճակները ռէաքսիօնի գործ են), Մէրսինի կառավարիչ ԷՍԱՏ։