ԱՏԱՆԱՅԻ
ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ
ԱՏԵԱՆԻՆ
ԶՐՊԱՐՏԵԼԻ
[1]
ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ
1325
մարտ
31-ի
երեքշաբթի
օրը՝
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
տեղի
ունեցած
յետադիմական
շարժումէն
անմիջապէս
վերջը
Ապրիլ
1՝
Չորեքշաբթի
օրը
Ատանայի
մէջ
իսլամներու
եւ
հայերու
միջեւ
ծանրակշիռ
սպանութիւններ
(ջարդեր)
տեղի
ունեցած
են,
որպէս
թէ
այս
երկու
տարրերը
իրարու
արեան
ծարաւած
ըլլային։
Համարուեցաւ
թէ՝
վերոյիշեալ
երկու
ցաւալի
դէպքերը
իրարու
կապուած,
եւ
երկուքին
ալ
շարժիչը
միեւնոյն
արիւնոտ
ձեռքն
եղած
է,
եւ
հայերէն
թերթերուն՝
խնդրին
իսկութիւնն
ու
ճշմարտութիւնը
առանց
փնտռելու
ըրած
հրատարակութիւններէն,
ինչպէս
նաեւ
ուրիշ
թերթերէն
միշտ
լուր
քաղելու
հակամէտ
եղող
թուրքերէն
թերթերուն
գրածներէն,
այդ
մասին
եղած
կասկածները
ճշմարտութեան
գոյն
մը
ստացան։
Ուստի
երբ
Ատանա
հասանք.
դէպքը՝
իբր
յետադիմական
արարք
մը՝
քննելու
սկսանք.
բայց
չի
կրցանք
այդպիսի
սկզբնակէտ
մը
գտնել.
որով
մէկ
կողմէ
խնդրին
իսկութեան
թափանցելու
ջանքերու
մէջ
գտնուելով,
միւս
կողմէ
ալ
ժողովուրդին
միտքը
հանդարտեցնելու
եւ
դէպքին
ընթացքին
ուշադիր
ակնարկով
հետեւող
Օտարներու
կառավարութեան
վարմունքին
եւ
տրամադրութեան
ճշմարտասէր
եւ
արդարասէր
ըլլալը
ցոյց
տալու
համար
արագ
կարգադրութիւն
եւ
գործադրութիւն
կատարել
յարմար
տեսնուեցաւ։
Մեր
քաղած
տեղեկութիւններուն
եւ
խնդրարկուներուն
յայտնութիւններուն
յենլով,
նախ՝
ոճրագործական
արարքներու
հեղինակներուն
ձերբակալութիւնը
եւ
դատավարութիւնը
կարեւոր
դատուելով,
ոճրագործութեամբ
ամբաստանեալներուն
մասին
պէտք
եղած
դատավարութիւնը
կատարուեցաւ
եւ
օրէնքին
տրամադրած
պատիժները
տրուեցաւ
եւ
դեռ
տրուելու
վրայ
է։
Բայց
որովհետեւ
ի
ստորեւ
յայտնուած
պատճառներով,
այսպիսի
գործելակերպ
մը
երկրին
համար
օգտակար
արդիւնքներ
տալու
կարող
չի
նկատուիր,
Պատերազմական
Ատեանը
իր
առաջուան
հետեւած
ծրագիրին
համեմատ
կատարեալ
արագութեամբ
եւ
գործունէութեամբ
դատավարութեամց
շարունակելով
մէկտեղ,
իրողութիւնը
խորաքննին
ուշադրութեամբ
եւ
մանրամասնութեամբ
դեռ
զննելու
շարունակած
միջոցին,
այս
տեղեկագիրը
պատրաստելով
պարագային
եւ
ժամանակին
յարմար
սեպուած
լաւագոյն
միջոցները
ցոյց
տալու
կը
փութայ։
Ատանա
հասնելէ,
այսինքն
երկու
ամսուան
չափ
ժամանակամիջոցէ
մը
ի
վեր
դէպքին
ինքնութեան
եւ
էութեան
մասին
եղած
քննութիւններու
եւ
կատարուող
դատավարութեանց
ընթացքին
մէջ
գոյացուցուած
համոզումները
կը
պարզեն
թէ
Ատանայի
ցաւալի
դէպքին
սկզբնապատճառը
եւ
ծագումը
քննելու
եւ
իսկութիւնը
որոշելու
համար
բռնապետական
շրջանին
յետադարձ
ակնարկ
մը
նետել
պէտք
է։
Բռնապետական
շրջանին
մէջ
Եըլտըզը
իրեն
թիկունք
բռնած
Ատանայի
նախորդ
կուսակալ
Պահրի
էֆէնտիի
վարչութեան
կեղծ
ու
պատիր
եւ
անկարգ
ընթացքէն
բռնակալութեան
լուծին
տակ
ճնշուած
եւ
կառավարական
պաշտօնեաներուն
ու
երեւելիներուն
ազդեցութեան
ու
ճնշումին
տակ
նեղուած,
նահանգին
ժողովուրդէն՝
իսլամները,
տիրող
տարրի
հանգամանք
ունենալուն
եւ
մեծամասնութեամբ
տգէտ
ըլլալնուն
պատճառաւ
յիշեալ
յոռի
վարչութեան
բռնութեան
դէմ
ո՛
եւ
է
շարժում
չեն
կատարած.
բայց
միայն
հայերը,
որ
1311
թուականին
ստացած
սաստիկ
եւ
դառն
հարուածէն
ազդուելով
փոխանակ
զգաստանալու
զայն
իրենց
սիրտին
բաղձանքը
իրագործելու
համար
օրինակելի
դաս
մը
նկատեցին
եւ
միշտ
խռովարարներու
դրդումներէն
խաբուելով
իրենց
փափաքին
հասնելու
համար
ամէն
զոհողութիւն
յանձն
առին,
Վանի
եւ
Պիթլիսի
պէս
օտարներուն
շահերը
բաղդատաբար
քիչ
եղող
վայրերուն
մէջ
յարուցուելիք
խռովութիւնները,
զիրենք
Օսմանեան
կառավարութեան
տակէն
ազատելու
չափ
սաստիկ
միջամտութիւն
չի
հրաւիրելիքը
կռահելով,
ծովեզերքին
մօտ,
որով
օտարականներուն
շահերը
բաղդատաբար
աւելի
շատ
եղող
տեղ
մը
խռովութիւն
յարուցանել
յարմար
սեպեցին,
ուստի
մօտերս
շինութիւնը
որոշուած
Պաղտատի
երկաթուղիին
անցքին
վրայ
եւ
երկաթուղիով
ծովեզերքին
կապուած
ըլլալէն
զատ
Եգիպտոսի
չափ
արգաւանդ
ու
բերրի,
եւ
հայ
բնակչութիւնը
շատ
եղող,
եւ
իրենց
համար
նկատողութեան
արժանի
այսպիսի
հանգամանքով
օժտեալ
Ատանան,
իրենց
յարուցանելիք
խռովութեանց
եւ
անկարգութեանց
բեմ
որոշեցին։
Անկէ
վերջը
հայ
տարրը
այս
կուսակալութեան
մէջ
բազմացնելու
նպատակով
մօտաւոր
եւ
հեռաւոր
նահանգներէն
շատ
մը
հայեր
եկած
եւ
զետեղուած
ըլլալը
քննութիւններէն
հասկցուած
է,
այնպէս
որ
մէկ
ընտանիք
բնակող
հայ
տուներուն
մէջ
չորս
հինգ
ընտանիքներ
միացած
են,
բայց
ամենն
ալ
մարդահամարի
տոմարին
մէջ
չեն
արձանագրուած։
Պաշտօնական
արձանագրութիւններէն
երեւան
եկած
է
որ
1319
Մարտ
1-էն
մինչեւ
ներկայ
տարւոյն
Մարտ
ամիսը
միայն
Ատանայի
բնակչութեան
թիւը
հարիւրին
քառասունը
ութը
աւելցած
է։
Ատանայի
Հայոց
Առաջնորդ
եւ
այժմ
փախստական
Մուշեղ
Եպիսկոպոսին
Եգիպտոսի
մէջ
հրատարակած
եւ
մէկ
օրինակն
ալ
պատերազմական
ատեանիս
ղրկած
ընդարձակ
պաշտպանողական
գրին
մէջ
եւս
հայերուն
բոլոր
յանցանքները
ծածկել
ուզուած
պարագային,
բնակչութեան
աւելցած
ըլլալու
խնդիրը
առանց
սքօղելու
խոստովանուած
է։
Ինչպէս
որ
յայտնեցինք
հայերը
բազմացնելու
աշխատուած
ժամանակ
նաեւ
տեղացի
հայերը
տակաւ
առ
տակաւ
զինելու
խնդիրը
նկատի
առնուած
է
եւ
ասոր
համար
մօտաւորութեան
պատճառով
Կիպրոսը
զէնքի
մթերանոց
ընելով,
այն
տեղէն
կուսակալութեան
բաց
եւ
երկար
ծովեզերքին
զէնք
եւ
ռազմամթերք
փոխադրած
եւ
անոնցմով
հայերը
զինած
են։
Այս
բանը
երկրին
օգտին
աչք
գոցող
բռնապետական
վարչութիւնը
տեսնելով
ստիպուած
է
կուսակալութեան
զանազան
նաւահանգիստներուն
մէջ
այլ
եւ
այլ
յանձնախումբեր
կազմել
եւ
ծովեզերքին
պէտք
եղած
կէտերուն
վրայ
բազմաթիւ
պահականոցներ
կառուցանելով
զօրքեր
եւ
ոստիկան
զինուորներ
բնակեցնել։
Հայերը
թէպէտեւ
կ՚ըսեն
թէ
ազատութեան
շրջանին
պարգեւած
ազատութեան
բերումով
զինուած
են
եւ
իրենց
չափ
կամ
իրենցմէ
աւելի
չափով
իսլամներն
ալ
զէնք
գնած
են
եւ
այսպէս
տէրութեան
աչքին
առջեւ
զինուելնուն
պատճառով
իրենց
յանցապարտ
չկրնար
ըլլալնին
կը
յայտնեն,
բայց
ինչպէս
որ
վերը
յայտնեցինք,
բռնապետութեան
վերջին
տասը
տարիներուն
միջոցին
թէ
կուսակալութեան
ծովեզերքէն
ծովով
եկած
եւ
թէ
անցեալ
անիծեալ
շրջանին
Րէշիտ
էֆէնտիի
եւ
Խալիլ
փաշայի
կուսակալութեան
ժամանակները
զինախուսութեան
կեդրոն
եղող
Պէյրութէն
ցամաքի
ճամբով
բերուած
զանազան
պատերազմական
զէնքերուն
հիմա
ամբողջապէս
չի
գտնուիլը
եւ
ազատութեան
հռչակումէն
վերջն
ալ
ատոնց՝
հայերուն
կողմէ
կառավարութեան
յաձնուած
չ՚ըլլալը
երբ
ուշադրութեան
առնուի,
հայերուն
իսլամներուն
չափ
չի
զինուած
ըլլալնուն
մասին
ըրած
առարկութիւններուն
ո՛ր
աստիճան
հաւատքի
արժանի
ըլլալը
գիտնալու
համար
շատ
մտածելու
հարկ
չի
մնար։
Հայերը
այսպէս
պատրաստութիւններով
զբաղած
ատեն
1324
տարուան
ազատութեան
լոյսը
կը
ծագի,
որ
—
հետեւանքին
սպասելով
—
հայերուն
խռովարարական
բաղձանքներուն
առջեւ
ընդհատման
կէտ
մը
կը
դնէ
եւ
մանաւանդ
իրենց
առաջին
պաշտպան
եւ
փրկիչ
սեպած
Անգլիական
տէրութեան
ալ
նոր-Օսմանեան
կառավարութեան
հակիլը
եւ
կողմնակցութիւնը
տեսնելով
իրենց
փափաքներուն
հիմը
կը
քանդուի։
Սահմանադրական
շրջանին՝
առհասարակ
բոլոր
Օսմանեան
հպատակներուն
պարգեւած
ազատութիւնը
եւ
հաւասարութիւնը
կուսակալութեան
ժողովուրդին
լայն
շունչ
մը
առնել
տալով,
արդէն
ուրիշ
տարրերուն
հանդէպ
քէն
ու
ատելութիւն
չի
տածող
իսլամ
ժողովուրդը
կատարեալ
անկեղծութեամբ
իրենց
ոչ-իսլամ
հայրենակիցներուն
հետ
կ՚ողջագուրուին
եւ
իրենք
ալ
փոխադարձաբար
նոյն
վարմունքը
կը
տեսնեն։
Սակայն
մինչեւ
ազատութեան
շրջանը
իբրեւ
դատապարտեալ
ազգ
մը
ապրող
հայերուն՝
իրենց
ստացած
ազատութեան
եւ
հաւասարութեան
իրաւունքէն
աւելի
համարձակութիւն
մը
ցոյց
տալը
շատ
հաճելի
չ՚երեւար
իսլամներուն,
որոնց
աւելի
եւս
կասկածը
եւ
գէշ
կարծիքը
կը
հրաւիրէ
նախապէս
հանրութեան
աչքին
ատելի
եղող
Հնչակ,
Դրօշակ
կամ
Դաշնակցութիւն
կոչուած
գոմիթէներուն
կուսակալութեան
ամէն
կողմը
գլիւպներ
բանալով
շատ
մը
հայերուն
նոյն
վայրը
հաւաքուիլը։
Իսլամ
ժողովուրդին
հինուց
ի
վեր
հայերուն
հանդէպ
շատ
անկեղծ
հայրենակցութիւն
ցոյց
տուած
եւ
անոնց
հետ
մինչեւ
վերջին
ատեններս
լաւ
վարուած
ըլլալը
անկողմնակալ
կերպով
ապացուցանելու
համար
կը
բաւէ
յիշել
թէ
311
թուականին
շրջակայ
կուսակալութիւններուն
մէջ
տեղի
ունեցող
ջարդերէն
Ատանան
զերծ
մնացած
է,
եւ
մէկ
բակի
մէջ
գտնուող
տուները
եւ
նոյն
իսկ
երբեմն
ալ
միեւնոյն
երդիքին
տակ
այս
երկու
տարրերը
միասին
ապրած
են։
Ինչպէս
որ
ազատութեան
հռչակումէն
անմիջապէս
վերջը
ամէն
տեղ
պատահեցաւ,
նոյնպէս
հոս
ալ
անցեալ
ատելի
շրջանին
բռնապետ
պաշտօնեաներուն
դէմ
շարժում
մը
տեղի
ունենալով,
գլուխը
կուսակալ
Պահրի
էֆէնտին
ըլլալու
պայմանով
գէշ
կարծիք
կազմել
տրուած
է.
բայց
դժբախտաբար
նահանգին
կարեւոր
գործերը
կարող
ձեռքերու
չէ
յանձնուած։
Եւ
երբ
հայերը
իրենց
հին
բաղձանքները
ի
գլուխ
հանելու
համար
նախկին
թափով
աշխատելու
պէտքին
վրայ
շուարած
եւ
իսլամներն
ալ
ատկէ
վերջը
ի՞նչ
ընթացք
բռնելիքնուն
մասին
վարանոտ
վիճակի
մը
մէջ
կը
գտնուէին,
կուսակալ
Ճէվատ
պէյը
կը
հասնի,
որ
փոխանակ
երկու
տարրերուն
հայրենիքին
անդորրութեան
եւ
երջանկութեան
առաջնորդող
փրկութեան
ճամբան
ցոյց
տալու,
գործին
անտեղեակ
եւ
կուսակալութիւն
մը
կառավարելու
անկարող
ըլլալուն
պատճառաւ,
կառավարութեան
ազդեցութեան
տկարանալուն
առիթ
կուտայ,
եւ
ցաւալի
դէպքը
մասնաւորապէս
այս
պատճառով
ծագում
կ՚առնէ։
Բռնապետութեան
ձեռնասուններէն
եղող
եւ
կուսակալութեան
պաշտօնը
իր
ստորադաս
պաշտօնեաներէն
առած
տեղեկութիւնը
գերադասին
յայտնելէ
եւ
գերադասէն
եկած
հրամանը
ստորադաս
պաշտօնեաներուն
հաղորդելէ
եւ
ծանուցանելէ
բաղկանալը
կարծող
յիշեալ
կուսակալը,
պաշտօնը
իր
ըմբռնած
կերպով
ի
կիր
առնելով
հայրենիքին
փրկութեան
եւ
յառաջդիմութեան
ճամբան
ըլլալու
կոչուած
Սահմանադրութիւնը՝
միայն
յոռի
վարչութեան
եւ
անկարողութեան
պատճառով,
Ատանայի
կուսակալութեան
համար
բոլորովին
հակառաը
ըլլալով
աղէտի
եւ
չարիքի
պատճառ
մը
կ՚ըլլայ։
Ինչպէս
որ
շատ
տեղեր
պատահեցաւ,
նոյնպէս
հոս
ալ
ազատութիւնը
թիւր
մեկնող
եւ
Սահմանադրութեան
հռչակումէն
վերջ,
իրենց
փափաքին
համաձայն
կուսակալին
եւ
ուրիշ
պաշտօնեաներուն
պաշտօնանկութեամբ
նահանգէն
հեռանալը
տեսնող
Իսլամ
եւ
Քրիստոնեայ
ժողովուրդները
կառավարութեան
վրայ
ազդեցութիւն
բանեցնելու
եւ
անոր
գործերուն
միջամտութիւն
ընելու
իրաւունք
մը
ունենալ
կարծելով
օրէ
օր
շփացած
եւ
հետեւանքին
ինչ
ըլլալիքը
առանց
գիտնալու
դէպի
կորստեան
անդունդը
յառաջացած
են։
Եւրոպա
գտնուող
Հայ
խռովարարական
(յեղափոխական)
կուսակցութիւնները՝
Ազատական
կուսակցութեան
(ահրար
ֆըրգասը)
ծրագրին
մէջ
գտնուող
ապակեդրոնացումը
իրենց
փափաքին
համաձայն
մեկնել
ջանալով
եւ
միեւնոյն
ժամանակ
Սահմանադրութեան
հռչակումով
Օսմանեան
ազգին
ոչ-իսլամ
հայրենակիցներուն
ապահովել
ուզած
ազատութեան
եւ
հաւասարութեան
իրաւունքներուն
վստահութիւն
ցոյց
չի
տալով
ազատութեան
առաջին
թափին
ժողովուրդին
մտքին
վրայ
ազդած
անկեղծութեան
քաղցրութիւնը
հազիւ
վերջացած
իրենց
բաղձակէտը
եղող
հայկական
անկախութեան
համար
դրդումներ
կատարել
սկսած
են.
եւ
շինծու
հայկական
զինանշաններու
եւ
երեւակայական
թագաւորներու
ու
հերոսներու
(ֆէտայի)
պատկերներ
հրապարակ
հանելով
հայերուն
զգացումները
հրահրած
ըլլալնին
արդիւնքներով
երեւան
ելած
է։
Նախ
դատավարութեանց
ընթացքէն
հասկցուած
է
որ
ամենուն
գլուխը
Ատանայի
առաջնորդ
փախստական
Մուշեղն
ըլլալով,
կուսակցութեան
մէջ
գտնուող
ուրիշ
խռովարարներ՝
միակ
փափաքնին
եղող
հայկական
երեւակայական
անկախութեան
արժանանալու
մասին
շատ
մը
քարոզներ
եւ
ճառեր
խօսելով
հայերը
դրդած
եւ
քաջալերած
են։
Հայերուն
այսպիսի
ջանքերու
ետեւէն
ինկած
միջոցին
իսլամ
ժողովուրդին
մէջ
ալ
ստորեւ
յայտնուած
պատճառներով
բաժանում
մը
առաջ
եկած
եւ
կառավարութեան
անկարողութիւնը
ցոյց
տուող
ու
ցաւալի
դէպքին
գետին
պատրաստող
մի
քանի
միջադէպեր
տեղի
ունեցած
են։
Բռնապետութեան
շրջանին
Տիարպէքիր
աքսորուած,
բայց
հոն
ալ
հանդարտ
չի
կենալուն
պատճառով
իբր
երկրորդ
աքսորավայր
Փայաս
ղրկուած
Իհսան
Ֆիքրի
էֆէնտի՝
որ
վերջը
Ատանա
փոխադրուելով
ամուսնացած
եւ
հոն
տեղաւորուած
է,
բաւական
ատենէ
ի
վեր
կառավարական
պաշտօն
մը
ձեռք
անցնելու
ետեւէ
ըլլալով
յարմար
ժամանակը
եւ
կերպը
գտնելով
Արուեստից
վարժարանին
տնօրէն
անուանուած
է,
եւ
ժամանակ
մը
այս
պաշտօնին
մէջ
մնալէ
վերջը
հրաժարեցուցուելով
տեղը
Ատանայի
երեւելիներէն
Կէրկէրլի
զատէ
Ալի
էֆէնտին
անցած
է,
որուն
վրայ
Իհսան
Ֆիքրի
էֆէնտի
կուսակալութեան
եւ
ժողովուրդին
հանդէպ
ատելութիւն
սնուցանելու
սկսած
է։
Ազատութեան
հռչակումէն
ետք
յիշեալ
Իհսան
Ֆիքրի
էֆէնտին
Պոլիս
գացած
եւ
ատեն
մը
հոն
մնալէ
վերջը
ոստիկանական
նախարարութեան
կողմէ
անուանուած
Ատանայի
ոստիկանապետը
(բօլիս
միւտիրի)
հետը
առնելով,
եւ
զրուցուածին
համեմատ
շոգենաւին
վարձքն
ալ
ինքը
վճարելով
Ատանա
բերած
է,
բայց
կուսակալ
Ճէվատ
պէյ
էշրաֆին
եւ
երեւելիներուն
ազդեցութեամբ
զայն
չընդունելով
վերադարձուցած,
եւ
անոր
տեղ
էշրաֆէն
Գատրի
պէյ
անունով
մէկը
ոստիկանապետութեան
պաշտօնին
կոչած
է։
Իհսան
Ֆիքրի
էֆէնտի
այս
պարագայէն
եւ
իրեն
ալ
երես
չի
տրուելէն
ա՛լ
աւելի
դառնացած
եւ
բարկացած,
կառավարութեան
ընթացքը
քննադատած
եւ
անոր
գործելակերպին
միջամտութիւն
ընելու
սկսած
է։
Արդէն
դիրքը
խախուտ
եղող
կուսակալը
սարսելու
եւ
այս
կերպով
թէ
վրեժ
լուծելու
եւ
թէ
ազդեցութիւն
շահելու
համար
Արուեստից
վարժարանի
տնօրէն
Ալի
էֆէնտիի
զեղծումի
խնդիրը
մէջտեղ
կը
հանէ
եւ
իր
այս
միտքը
իր
տնօրէնութեան
ժամանակ
ճանչցած
հաշուակալ
Խայրի
եւ
ուսուցիչներէն
Վասըֆ
էֆէնտիներու
միջոցաւ
գործադրել
կ՚որոշէ,
որով
իր
դրդումներուն
վրայ
Խայրի
էֆէնտին
յիշեալ
Ալի
էֆէնտիի
զեղծումին
մասին
կառավարութեան
խնդրագիր
մը
տալով
հաշիւներուն
քննուիլը
եւ
դատի
քաշուիլը
կը
խնդրէ
եւ
ընկերը
Վասըֆ
էֆէնտին
ալ
վկայ
կը
ցուցնէ։
Կուսակալ
Ճէվատ
պէյ,
որ
միշտ
իր
օրը
առանց
դէպքի
անցնելու
ցաւալի
անխոհեմութեամբ
մը
վերջին
գալիքին
համար
միջոցներ
ձեռք
առնել
աւելորդ
կը
սեպէր,
իր
բնութեան
բերումով
այս
խնդրին
ալ
կարեւորութիւն
չի
տար,
որուն
վրայ
Իհսան
Ֆիքրիէն
խրատուող
Խայրի
եւ
Վասըֆ
էֆէնտիները
յիշեալ
զեղծումի
խնդիրը
հիմ
բռնելով
կառավարութեան
եւ
կուսակալին
անկարողութեանը
մասին
փողոցները՝
ստորագրութիւն
կրող
եւ
անստորագիր
կարգ
մը
թուղթեր
փակցուցած
եւ
այս
կերպով
ժողովուրդը
կառավարութեան
դէմ
անհնազանդութեան
մղած
են։
Օսմանցիներու
խօսքի
եւ
մամուլի
ազատութեան
իրաւունքը
վայելելով
Իհսան
Ֆիքրի
էֆէնտիի
արտօնութեամբ
հրատարակուած
«Իթիտալ»
թերթին
մէջ
փոխանակ
հրատարակելու,
փողոցները
կառավարութեան
անկարողութեան
եւ
արդարութեան
չի
գործադրելու
մասին
գրութիւններ
պարունակող
թուղթեր
փակցուցած
ըլլալնին,
յիշեալները
յանցապարտ
կացուցանող
եւ
պատասխանատուութեան
ենթարկող
արարք
մը
ըլլալը
յիշել
իսկ
հարկ
չի
կայ։
Կէրկէրլի
Ալի
էֆէնտիի
խնդիրը
իր
ազդեցութեան
պատճառով
արդարութեան
սահմանին
մէջ
չի
լուծուելով
անպարտ
արձակուելուն
վրայ,
յիշեալ
Խայրի
եւ
Վասըֆ
էֆէնտիներու
կողմէ՝
Կէրկէրլի
Ալի
էֆէնտիի,
որով
անուղղակի
կերպով
կառավարութեան
գործելակերպին
դէմ
ընդհանուր
միթինկ
մը
գումարել
կ՚որոշուի
եւ
կառավարութեան
ալ
լուր
կը
տրուի։
Իսկ
Ալի
էֆէնտիին
կողմնակիցները՝
այդ
միթինկին
մասնակցողները
թիթեղ
ծեծելով
եւ
քար
նետելով
խայտառակելու
կամ
անարգելու
համար
նախկին
պէքճի
պաշը
Մէհմէտի
եւ
հարակահաւաքչութենէ
հրաժարեցուցուած
Ճէլիլ
չավուշի
առաջնորդութեամբ
հակամիթինկ
մ՚ընելու
կը
ձեռնարկեն,
որուն
վրայ
Ճէվատ
պէյ
ալ
այս
անգամ
գէշ
հետեւանքներ
առաջ
գալիքը
հասկնալով
թէպէտ
այս
վերջին
միթինկը
ուզած
է
արգիլել
բայց
չէ
յաջողած։
Սակայն
Խայրի
եւ
Վասըֆ
էֆէնտիներու
կուսակիցները
միւս
կողմին
անարգանքներէն
վախնալով
միթինկ
գումարած
չեն,
որով
նոյն
ժամանակ
իսկ
ժողովուրդին
մէջ
պատահիլը
ամենահաւանական
եղող
կարեւոր
դէպքի
մը
առջեւը
առնուած
է։
Բացատրուած
խնդրին
մէջ
հպատակներուն
հանդէպ
իր
ազդեցութիւնը
կորսնցուցած
կառավարութիւնը
ուրիշ
կողմէ
մըն
ալ
իր
անկարողութիւնը
ցոյց
տուած
է,
ահաւասիկ։
Առհասարակ
անպատեհ
կերպով
ատեն
ատեն
զէնք
սկսած
է
արձակուիլ,
զոր
արգիլելու
մասին
կառավարութիւնը
թուլութիւն
եւ
կողմնակալութիւն
ցոյց
տուած
է,
որմէ
քաջալերուելով
վերի
յիշուածին
համեմատ
արձակ
համարձակ
զինուող
Իսլամ
եւ
Քրիստոնեայ
ժողովուրդներու
կողմէ
իրենց
գնած
զէնքերը
փորձելու
պատրուակով
այգիներու
մէջ,
քաղաքին
շրջակաները
եւ
մինչեւ
իսկ
վերջերս
քաղաքին
մէջ
կառավարութեան
մօտերը
զէնք
արձակուիլը
եւ
Կէօկտէրէլեան
Կարապետի
պէս
կարգ
մը
հայերու
տուներուն
մէջ
յատուկ
նշանառութեան
տախտակներ
շինելով
պարզապէս
նշանառութեան
վարժութիւններ
եւ
փորձեր
կատարուիլը
ժողովուրդը
վերջին
ծայր
շահագրգռած
է,
եւ
կուսակալին
եղած
դիմումի
մը
վրայ
հրացանաձգութեան
փորձերը
արգիլելու
համար
կուսակալը
ոստիկանութեան
հրաման
տալով
քանի
մը
հայեր
ձերբակալուած
են,
սակայն
փախստական
Մուշեղի
եւ
ուրիշ
ազդեցիկ
հայերու
կողմէ
եղած
դիմումին
վրայ
արձակուած
են։
Ասոր
հակառակը
մի
քանի
իսլամներուն
զէնք
արձակած
միջոցին
ձերբակալուելով
բանտարկուիլը,
կառավարութեան
հայերը
պաշտպանելուն
եւ
իսլամներու
մասին
խստութեամբ
վարուելուն
վերագրելով
իսլամ
Ժողովուրդը՝
կառավարութենէն
պաղած
եւ
միեւնոյն
ատեն
ոչ-իսլամ
տարրերուն
հանդէպ
ալ
առաջուան
բարեկամական
զգացումները
չի
տածելու
սկսած
է։
Ատանայի
մէջ
գտնուող
իսլամ
եւ
քրիստոնեայ
զինավաճառները
ցաւալի
դէպքէն
առաջ
անցնող
գուրպան
պայրամին
ատեն
իսլամներուն
Քրիստոնեաները
եւ
քրիստոնեաներուն
ալ
իսլամները
ջարդելու
մասին,
երկու
տարրերուն
մէջ
սուտ
զրոյցներ
հանելով
երկու
կողմն
ալ
պարզապէս
զէնք
գնելու
ստիպելնին՝
ժողովուրդին
մեծամասնութեան
արագութեամբ
զինուելուն
պատճառ
եղած
է,
եւ
գաղտնի
ներմուծուող
զէնքերը
առանց
հաշուելու
պաշտօնական
արձանագրութիւններով
ապացուցուած
է
որ
սահմանադրութեան
հռչակումէն
վերջը
Մէրսինի
եւ
Իսկէնտէրունի
մաքսատուններէն
այս
կողմերը
ներմուծուող
զէնքերուն
թիւը
տասն
երկու
հազար
ութ
հարիւր
չորսի
հասած
է։
Հաճընի
թշուառներէն
խումբ
մը
Ինչպէս
որ
յիշեցինք
հայերէն
զէնք
նետողները
պաշտպանութեան
արժանանալով
ազատ
արձակուելնուն
փոխարէն
իսլամներէն
ձերբակալուածներուն
բանտարկուիլը՝
իսլամ
ժողովուրդը
բարկացնելով
կառավարութեան
հրամաններուն
եւ
պաշտօնեաներուն
հանդէպ
ըմբոստութեան
մղած
է.
որով
արդէն
վերջին
աստիճան
տկարութեան
եւ
վախկոտութեան
ենթարկուած
կառավարական
ազդեցութիւնը
բոլորովին
զէրօյի
աստիճանին
հասած
է։
Այս
միջոցին
հայ
մը
իսլամ
մը
կը
սպաննէ
ու
կը
փախչի
եւ
կառավարութեան
կողմէ
չի
բըռնուիր,
եւ
երբ
կառավարութիւնը
նոյն
անձը
հայերէն
կը
պահանջէ,
հայերը
անտրամաբան
կերպով
կը
պատասխանեն
թէ՝
մինչեւ
որ
նախապէս
հայ
մը
սպաննող
իսլամը
չի
ձերբակալուի
իրենք
ալ
իսլամ
սպաննող
հայը
չեն
կրնար
յանձնել,
այս
պարագան
կառավարութեան
գրեթէ
չգոյութեան
մէկ
ժամանակին
երկու
տարրերու
մէջ
անհամաձայնութիւն
եւ
ատելութիւն
ծնուցանող
ամենէն
կարեւոր
պատճառը
եղած
է։
Մարտ
30
երկուշաբթի
օրը
իրիկուան
դէմ
Գարաքէօսէ
օղլու
Ղանիի
որդին
Մահմուտ
անունով
մէկը
Թէփէ
պաշը
թաղը
զէնք
կը
պարպէ,
զոր
շրջուն
ոստիկանները
ձերբակալել
կ՚ուզէն,
բայց
հինգ
հարիւրի
չափ
հաւաքուած
իսլամներ
կառավարութեան
դէմ
դնել
մտադրած
ըլլալով,
ասոնցմէ
ոմանք
դարձեալ
սոյն
զէնք
արձակողը
ոստիկանութեան
հետապնդութենէն
կը
փախցընեն։
Գարա
քէօսէ
օղլու
Մուսթաֆա
եւ
Տաղ-մահէլլէսին
նպարավաճառութիւն
ընող
Պահրի
կը
յայտնեն
թէ՝
Հայերէն
զէնք
պարպողները
չի
բռնելով
միայն
իսլամները
ձերբակալուելուն
չեն
կրնար
հաւանիլ.
եւ
նոյն
վայրը
գտնուող
իսլամներուն
կը
պատուիրեն
թէ
տուներնին
դառնան
եւ
զէնք
պարպեն,
որուն
վրայ
նոյն
տեղերը
բաւական
երկար
հրացանաձգութիւն
կատարուած
է։
Հետեւեալ
երեքշաբթի
օրը
երկաթուղիի
կայարանին
մէջ
զէնք
պարպելով
ըմբոստութիւն
եւ
օրէնքին
անհնազանդութիւն
ցոյց
տուող
երեք
իսլամներ
ձերբակալուելով
բանտարկուելու
համար
կառավարատուն
կը
ղրկուին,
բայց
ճամբան
իսլամ
ժողովուրդը
ոստիկաններուն
եւ
ժանտարմներուն
ձեռքէն
կ՚առնեն
եւ
գիշերը
ժամը
երկուքին
դարձեալ
խուռն
բազմութիւն
մը
կառավարութեան
շուրջը
ժողվելով
խռովարարական
եւ
սուտ
ու
սխալ
կարծիքներու
վրայ
հիմնուած
յայտնութիւններ
կ՚ընեն,
որուն
վրայ
ոստիկանապետը
ասոնք
ցրուել
եւ
փախցուցուած
բանտարկեալներուն
եւս
որոնց
ըլլալը
քննել
կ՚ուզէ
բայց
ժողովուրդը
զայն
ալ
կը
նախատէ.
եւ
խնդրէն
լուր
ունենալուն
համար
ձեռք
անցնել
ուզուած
մէկ
տղան
ալ
կը
փախցնեն,
այս
պարագան
եւս
թէպէտ
մօտալուտ
կարեւոր
դէպքի
մը
նախանշանն
եղած
է.
բայց
դժբախտաբար
կուսակալութեան
եւ
ոչ
մէկ
պաշտօնեան
այս
ճշմարտութիւնը
չէ
կրցած
ըմբռնել։
Թէփէ
Պաղի
շրջակաները
զէնք
արձակող
Մահմուտ՝
ապրիլ
մէկ
չորեքշաբթի
օրը
զինեալ
վիճակի
մը
մէջ
պահապանի
մը
միջոցաւ
ձերբակալուելով
ոստիկանապետին
տունը
կը
տարուի,
սակայն
գիշերը
կառավարութեան
առջեւ
հաւաքուող
բազմութիւնը
ոստիկանապետին
տունին
առջեւ
ժողվելուն
վրայ
յիշեալ
Մահմուտը
արձակած
է։
Քէսապի
աւերակներէն
մաս
մը
Կառավարութեան
զօրութիւնը
առ
ոչինչ
համարող
եւ
հայերէն
հակառակութիւն
ու
գարշանք
զգացող
Իսլամ
ժողովուրդին
մեծամասնութիւնը
զինուած
եւ
խումբ
խումբ
փողոցները
պտտած
միջոցին
հայ
մը
իմամզատէ
Նուրի
էֆէնտի
անունով
իսլամ
մը
կը
սպաննէ,
որուն
վրայ
ապրիլ
մէկ
չորեքշաբթի
օրը
երեք
ու
կէսին
ատենները
Ատանայի
կուսակալութեան
կործանման
պատճառ
եղող
ցաւալի
դէպքը
կը
ծագի։
Հայերը՝
մօտերս
Ատանայի
ու
Մէրսինի
մէջ
խռովութիւն
մը
առաջ
բերելու
նպատակով
պատրաստուած,
եւ
ապստամբական
զգացումները
հին
հայ
իշխանութեան
Թիմուրլէնկի
կողմէ
Սիվազի
մէջ
տրուած
երեւակայական
աղետալի
վերջաւորութիւնը
ներկայացնող
թատերգութեան
կատարելէն
եւ
իսլամներուն
վերջին
շարժումներէն
արթնցած,
այդպիսի
սոսկալի
ջարդ
մը
տեղի
ունենալիքը
չի
գիտնալով,
դէպքը
ծայր
տալուն
պէս
առանց
շուարելու
Ատանայի
Հայաբնակ
թաղերուն
մէջ
իրենց
ձեռքը
անցած
իսլամները
կը
սպաննեն.
քննութիւններէն
երեւան
եկած
ճշմարտութիւն
է
նաեւ
հայերուն
աւելի
առաջ
երթալով
կարգ
մը
շրջուն
խումբեր
կազմելը
եւ
քանի
մը
գլխաւորներուն
չավուշ
եւ
սպայ
կարգուելով
զինուորական
կազմակերպութեամբ
վարուելնին,
եւ
միշտ
դէպի
իսլամ
թաղերը
առաջանալով
իրենց
ազդեցութեան
շրջանակը
տարածելնին։
Դէպքին
ծագելովը
հայերուն
այս
կերպ
յաջողութիւն
ձեռք
բերելուն
վրայ
կուսակալութեան
եւ
Ատանայի
րէտիֆ
զօրագունդին
հրամանատարութեան
կողմէ
շրջակայից
րէտիֆ
վաշտերուն
զէնքի
տակ
առնուելով
Ատանա
ղրկուելուն
համար
հրամաններ
կ՚ուղղուին,
որուն
վրայ
թէպէտ
ամէն
կողմէ
յարձակող
րէտիֆները
եւ
իսլամ
ժողովուրդը
յաջողութիւն
ձեռք
բերելով
հայերուն
ըմբոստ
շարժումին
առաջքը
կ՚առնէն,
բայց
դժբախտաբար
վերոյիշեալ
րէտիֆներուն
գալը՝
գործին
աւելի
եղեռնական
ընթացքի
մը
փոխուելուն
առիթ
եղած
է։
Կեդրոնի
մէջ
բորբոքած
ջարդի
բոցին
ընդարձակ
համեմատութիւններ
առնելուն
եւ
շրջակայ
քաղաքները
տարածուելուն
մինակ
եւ
բացարձակ
պատճառն
ալ
այդ
հրամանները
եղած
են։
Անցեալ
շրջանին
ներկայ
ժամանակներուս
յիշատակ
թողած
անտեղիութիւններուն
գլխաւորներէն
ըլլալով
րէտիֆի
տարիք
ունեցողները
զէնքի
տակ
կոչելը
կարգ
մը
պաշը
պօզուքներուն
զէնք
եւ
ռազմանիւթ
բաշխուելուն
նման
բան
մը
եղած,
եւ
արդէն
երկրագործական
երկիր
մը
ըլլալուն
պատճառով
մօտակայ
եւ
հեռաւոր
կուսակալութիւններէն
եկած
իսլամ
եւ
հայ
շատ
մը
օտարական
գործաւորներ
գտնուող
Ատանայի
կուսակայութեան
մէջ
այս
կերպով
զէնք
բաշխուիլը,
այս
օտարական
գործաւորներուն
եւս
աշխոյժը
գրգռած
է,
որոնք
մի
քանի
զէնքի
մթերանոցներու
(տէբօ)
վրայ
յարձակելով
գտնուող
զէնքերը
եւ
ռազմանիւթերը
կողոպտած
եւ
կառավարութեան
հակառակ
ժողովուրդին
զինուելուն,
որով
անուղղակի
կերպով
դէպքին
սաստկանալուն
պատճառ
եղած
են։
Իսլամ
ժողովուրդը
այսպէս
զինուելէ
վերջը
311
տարուան
դէպքի
ատենուան,
ոչ
թէ
միայն
ուրիշ
նահանգներու
մէջ
այլ
նոյն
իսկ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
հայու
արիւն
թափելը
իսլամներու
վրայ
պարտքի
մը
պէս
ոճրագործական
կերպով
շարժած
միջոցնին
հեղինակներուն
եւ
դրդիչներուն
փնտռուած
չ՚ըլլալը
յիշելով
եւ
այս
անգամ
ալ
դարձեալ
նոյնպէս
ըլլալիքը
կռահելով,
հայերուն
շփացածութեան
եւ
անոնց
հետ
ունեցած
հակառակութեան
եւ
ատելութեան
պատճառով
շատ
խժդուժ
եւ
նոյն
իսկ
պատերազմական
ատեանը
լացնելու
աստիճան
վայրագօրէն
արիւնահեղութեան
համարձակած
են,
այնպէս
որ
կիներէն
եւ
կաթնկեր
մանուկներէն
շատերը
սպաննած
են
ընտանիքի
մը
մէկ
անդամը
չի
ձգելու
կերպով
ոչնչացնելու
պէս
մարդկային
զգացումներուն
երբէք
չհամապատասխանող
եղեռնագործութեանց
մէջ
գտնուած
են։
Սոսկ
Ատանայի
մէջ
յիշածնուս
պէս
չորեքշաբթի
օրը
սկսող
ջարդերը
երկու
հայրենակից
տարրերուն
մէջ
իրարու
արեան
ծարաւածի
նման
մինչեւ
իրիկուն
այս
կերպով
շարունակած.
եւ
հետեւեալ
հինգշաբթի
օրը
ջարդին
հետ
մէկտեղ
թալան
եւ
ասոր
հետեւանքը
ըլլալով
հրդեհ
առաջ
եկած
է.
եւ
արժէքի
տեսակէտով
Ատանայի
գրէթէ
երեք
հինգերորդը,
իսկ
քանակութեան
տեսակէտով
մէկ
ութերորդը
ոչնչացած
եւ
աւերակ
դարձած
է։
Ընդարձակ
եւ
կատարեալ
քննութիւն
կատարելով
անգամ
ծագման
պատճառը
ստուգութեան
չի
հաւատացնելու
չափ
անտրամաբան
զրոյցներու
աստիճանին
վրայ
մնացող
եւ
Ապրիլի
12ի
Կիրակի
օրը
կրկնուող
ջարդը,
թալանը
եւ
հրդեհը
Ատանայի
կործանումը
լրացուցած
եւ
ամբողջացուցած
է։
Դէպքին
ծագման
եւ
տեւողութեան
միջոցին
կառավարութեան
եւ
անդորրութիւնը
պահպանելու
սահմանուած
պաշտօնեաներուն
վարուելակերպերուն
վրայ,
կատարուած
քննութիւններէն
երեւան
եկած
ինչ
ինչ
ճշմարտութիւններ
յիշելը
աւելորդ
չենք
սեպեր,
որովհետեւ
զանոնք
պարզելը
օգուտէն
զերծ
չ՚ըլլալէ
զատ,
կուսակալութեան
անդորրութեան
պահպանումը
ինչպիսի
անկարող
ձեռքերու
յանձնուած
ըլլալը
ցոյց
տալու
հանգամանքը
կը
պարգեւէ։
Նահանգին
կուսակալը
Ճէվատ
պէյ
եւ
զինուորական
հրամանատար
փաշան
Չորեքշաբթի
գիշերը
թէեւ
կարգ
մը
տեղեր
պտտած
են,
բայց
դէպքը
ծագելուն
պէս
կառավարութեան
մէջ
փակուած
եւ
անկէ
հրամաններ
արձակած
եւ
ժողովուրդը
խրատելու
համար
կանչուած
քաղաքապետութեան
անդամ
Շատրիկեան
էֆէնտիին
քաղաքապետութեան
պաշտօնատան
առջեւ
էլչի
Մահմուտ
անունով
մէկուն
կողմէ
իր
աչքին
առջեւ
սպաննուած
ատեն
կուսակալը
նոյն
ժամանակ
այնտեղ
գտնուող
երկու
Ամերիկացի
Միսիոներներուն
ետեւը
պահուըտած
եւ
գոնէ
միջամտութեամբ
արգիլելու
ջանացած
չըլլալը
վկաներու
վկայութենէն
հասկցուած
է։
Իսկ
ժանտարմայի
հրամանատարին
պահակ
զինուորի
մը
պէս
դէպքին
օրը
զինւորական
հրամանատար
փաշային
ետեւէն
շրջած
եւ
ոստիկանապետին
(փօլիս
միւտիւրի)
եւս
դէպքէն
վախնալով
տունը
փակուած
ըլլալը
իրենց
խոստովանութեամբ
հաստատուած
զարմանալի
ճշմարտութիւններ
են։
Ամենէն
փոքր
յանցանք
մը
գործուած
ըլլալուն
լուրը
առնելուն
պէս
անմիջապէս
դէպքին
վայրը
փութալով
տեղեկագիր
մը
խմբագրելու
պարտաւոր
եղող
ոստիկանութեան
եւ
ժանտարմայի
(ոստիկան-զինուորներուն)
վարչութիւնները
այս
մեծ
ջարդին
համար
դժբախտաբար
երկու
տող
բան
մը
չեն
գրած,
միայն
Ճէվատ
պէյ՝
Ատանայէն
մեկնելէն
մէկ
երկու
օր
առաջ
հարցաքննիչ
դատաւորին
հրաման
տալով
տեղեկագիր
մը
գրել
տուած
է,
իսկ
դէպքէն
վերջը
ոստիկանական
եւ
դատական
պաշտօնեաներուն
տեսած
գործը
եղած
է
միմիայն
կարգ
մը
յանցաւոր
եւ
անմեղ
հայերը
«խռովարար»ի
(Էրպապը
ֆէսատ)
ծիծաղելի
ամբաստանութեամբ
բանտարկել
եւ
զանոնք
հարցաքննել։
Ցաւալի
դէպքին
ծագման
պատճառ
եղողները
կատարեալ
արդարամտութեամբ
եւ
անկողմնակալութեամբ
ցոյց
տալու
համար
պէտք
կ՚ըլլայ
յիշել
առաջին
անգամ
ներքին
գործոց
նախարարութիւնը՝
որ
Ճէվատ
պէյի
պէս
անփորձ
եւ
գործելու
մէջ
ազդեցութեան
ենթարկուող,
եւ
ամսական
երեք
հարիւր
ղրուշով
բօլիս
եւ
ութսուն
ղրուշով
ժանտարմա
մը
գործածելով
քաղաքին
ապահովութեան
պահպանուելուն
անկարելի
ըլլալը
գիտնալով
հանդերձ,
երեւմտական
տագնապը
շատցնելու
վախով,
ներքին
անդորրութեան
պէս
ամենէն
կարեւոր
պարտականութիւն
մը՝
դուրսը
ամենէն
փոքր
գործ
մը
չի
կրնալով
գտնել
ծառայի
մը
ամսականէն
վար
թոշակով
մը
յանձն
առնող
եւ
տեղացիներուն
ամնենէն
ստորին
դասակարգին
վերաբերող
մարդերուն
յանձնուելուն
աչք
գոցող
մէկը
կուսակալութեան
յարմար
դատած
է.
երկրորդ
գործունէութեան
եւ
ընթացքին
վրայ
վերէն
ի
վար
խօսուած
կուսակալ
Ճէվատ
պէյը,
ապա
Առաջնորդ
Մուշեղ
եպիսկոպոսը,
հայկական
անկախութիւնը
ձեռք
բերելու
աշխատող
եւ
անունները
ըստ
բաւականի
յայտնի
եղող
կարգ
մը
հայ
խռովարարներ,
Իթիտալ
լրագրին
տէր
Իհսան
Ֆիքրի
եւ
ընկերները
ու
հակառակորդը
եղող
Կէրկէրլի
զատէ
Ալին
եւ
իր
կուսակիցները,
Ապտիւլ-Գատիր
էֆէնտին,
ոստիկան
զօրաց
հրամանատարը,
եւ
նախկին
ոստիկանապետ
Գատրի
պէյը
եւ
Ատանայի
րէտիֆ
զօրաբաժնին
հրամանատար
Րէմզի
փաշան
եւ
կուսակալութեան
կեդրոնը
գտնուող
ուրիշ
ոստիկանական
եւ
դատական
պաշտօնեաները։
Հայերը
յանցաւոր
ըլլալով
հանդերձ
զիրենք
յանցանքէ
զերծ
կացուցանելու
համար
իսլամներուն
ամենէն
փոքր
եւ
անկարեւոր
շարժումները
ուզածնուն
պէս
կը
մեծցնեն
ու
կը
բացատրեն,
եւ
իրենցմէ
բղխած
ծանր
յանցանքները
իրենց
գործին
եկած
կերպով
կը
փոխեն
եւ
կը
շատցնեն,
եւ
իրենց
ազգակիցներէն
մսավաճառ
Խաչօյի
եւ
իր
ընկերներուն
վայրագութեամբ
սպաննութիւն
գործած
ըլլալը
արեւու
պէս
պայծառ
ըլլալով
հանդերձ,
այսպիսիներուն
մասին
արուած
օրինական
վճիռներուն
եւ
դարձեալ
իրենց
ազգակիցներուն
վկայութեամբը
իբր
մարդասպան
եւ
խռովարար
ամբաստանուած
բանտարկեալներուն
դատավարութեան
շարունակման
դէմ
առարկելով
միշտ
յանցանքը
իսլամներուն
վրայ
կը
նետեն,
եւ
անոնց
պատժուիլը
կ՚ուզեն.
իր
ազգականներէն
մին
սպաննուած
բայց
անգոյ
ըլլալուն
պատճառով
իրաւունքը
պաշտպանելու
համար
պատերազմական
ատեանին
դիմում
կատարել
չի
կրցող
եւ
կամ
մարդասպանները
չի
գիտցող
հայերուն՝
միմիայն
իսլամները
օրէնքի
ձեռքը
յանձնելու
նպատակով
գլխաւորը
կրօնական
պետը
ըլլալու
պայմանով
վկաներ
հայթայթելով
եւ
խնդրագիրներ
գրելով
դիմումներ
կը
դիւրացնեն,
եւ
միշտ
գործը
յետադիմութեան
վերագրելով
իսլամներուն
քաղաքականապէս
պատժուելը
եւ
այս
կերպով
հանրութեան
առջեւ
իսլամ
տարրը
հարստահարող
եւ
զիրենք
հարստահարեալ
ցոյց
տալ
կ՚ուզեն.
մինչդեռ
իսլամները
իրենց
փափաքին
հակառակ
ըլլալով
դիպուածով
եւ
տգիտութեամբ
իրենց
գործած
բազմաթիւ
ոճրագործութիւններուն
դեռ
նոր
զգացած
սոսկումէն
սրտովին
սարսափած
եւ
նողկացած
ըլլալով
հանդերձ,
հայերուն
պաշտպանած
անմեղութեան
դատը
մերժելով
կը
յայտնեն
թէ՝
միակ
պատճառը
հայերն
են,
որով
իրենց
պատժուիլը
արդարութեան
անհամաձայն
կը
նկատեն,
այսպէսով
երկու
տարրն
ալ
տգիտութեան
բերումով
իրենց
գացած
մոլոր
ճամբուն
որքան
սխալ
ընթացք
մը
ըլլալը
ա՛լ
հասկնալով
յանցանքը
իրարու
վրայ
բեռցնելու
աշխատելու
ետեւէ
են։
Նաեւ
կը
հասկցուի
որ,
պաշարման
վիճակին
եւ
անոր
յարակից
պէտքն
եղող
պատերազմական
ատեանի
գործադրութիւններէն
կը
խրտչին,
եւ
նոյն
իսկ
մեր
շատ
մը
ստոյգ
տեղեկութիւններուն
համեմատ
իսլամները
եւ
հայերը
անցեալը
մոռնալով,
զիրենք
վերջին
ծայր
նեղող
եւ
ահաբեկցնող
պաշարման
վիճակին
վերցուելուն
համար
մօտերս
բարձրագոյն
պաշտօնատուններուն
դիմումի
ձեռնարկած
են։
Հոս
պատշաճ
է
յիշել
թէ
հայերէն
ոմանց
տուներուն
մէջ
պօմպա,
արգիլեալ
զէնք
եւ
վնասակար
թուղթեր
գտնուած
եւ
մինչեւ
իսկ
մի
քանի
տեղեր
ալ
ջուրի
խողովակներուն
վրայ
տախտակ
անցնելով
եւ
շրջանակելով
շինուած
եւ
կառքերու
վրայ
դրուած
թնդանօթներ
ձեռք
անցուած
են,
եւ
այսպէս
ակնյայտն
եւ
անուրանալի
երբեմն
փաստեր՝
կարգ
մը
Հայ
չարագործներու
խակ
գաղափարներէն
դրդուելով
առաջուանէ
ի
վեր
պատրաստութեան
մէջ
գտնուելնին
ցոյց
կուտան։
Այս
պարագան՝
հայերուն
ապստամբական
միտք
մը
չունենալով,
լոկ
իսլամներու
մոլեռանդական
շարժումին
զոհ
ու
իրենց
շատ
անմեղ
ըլլալնին
պնդելուն
անհիմն
ըլլալը
կը
բացատրէ։
Իսկ
բուն
դրդապատճառը՝
թալան
եւ
վրիժառութիւն
ըլլալով,
խռովարարներէն
երեւելի
Կէօկտէրէլեան
Կարապետի
հինգ
վեց
ձիաւորներով
կոխել
գալու
յուզումնառիթ
զրոյցին
գիւղերու
եւ
գիւղաքաղաքներու
մէջ
ըրած
ազդեցութիւնն
է։
Մի
քանի
տեղեր
ալ
թէպէտ
իսլամները
կ՚առարկեն
թէ
դէպքին
ծագումը
անձնապաշտպանութեան
համար
եղած
փորձէն
առաջ
եկած
է,
բայց
աս
ալ
ընդունելի
եւ
օրինաւոր
պատճառաբանութիւն
մը
չէ։
Սակայն
եւ
այնպէս
դատավարութեանց
ընթացքէն
հասկցուած
ըլլալով
թէ
իսլամները
պաշտպանող
եւ
խռովութեան
առաջքը
առնելու
աշխատող
հայեր,
եւ
իրենց
ապաստանող
հայ
հայրենակիցները
պաշտպանելու
հաեմար
կեանքը
վտանգի
դրած
իսլամներ
գտնուած
են,
որով
հայերուն
ամբողջը
խռովարար
եւ
հայրենիքի
թշնամի
եւ
իսլամներուն
ամբողջն
ալ
մոլեռանդ
եւ
արիւնարբու
կոչել
արդարադատութեան
համաձայն
չի
կրնար
ըլլալ։
Քիչ
մը
առաջ
ըսուածներէն
եւ
տեսնուածներէն
ինչպէս
որ
պիտի
հասկցուի,
հայերէն
ոմանց
խռովարարական
գաղափար
տածելը՝
եւ
սահմանադրութենէն
ու
ազատութենէն
չափէն
աւելի
շփացածութեամբ
մը
օգտուիլ
ուզելով
եւ
կառավարութեան
վերջին
աստիճան
տկար
ու
անկարող
ըլլալը՝
նաեւ
իսլամ
ժողովուրդին
մասնաւորապէս
տգիտութեան
մղումով
կառավարութեան
եւ
հայերուն
դէմ
ըմբոստութիւն
եւ
գրգռութիւն
ցոյց
տալը,
իսկապէս
այս
աստիճան
մեծ
եւ
ահաւոր
հետեւանքներ
առաջ
բերած
է։
Եւ
անակնկալ
ազդակներուն
միեւնոյն
կէտին
ու
ժամանակին
հանդիպիլը
ազատութեան
բարեպաստիկ
շրջանին
մէջ
Օսմանեան
տարրերուն
միութեան
աշխոյժը
դառնացնող
Ատանայի
եղեռնական
եւ
չարագուշակ
դէպքին
առաջ
գալուն
պատճառ
եղած
է,
աւելի
ճիշդը
տեղն
ու
ատենը
յիշեալ
դէպքը
առաջ
բերած
են։
Սահմանադրական
արդար
կառավարութիւնը՝
ոճրագործական
յանցանքներու
հեղինակները
մէկիկ
մէկիկ
երեւան
հանելով
օրէնքին
արժանի
դատած
պատիժները
տնօրինելու
եւ
գործադրելու,
որով
հպատակներուն
իրաւունքը
պաշտպանելու
եւ
հանրութեան
դաս
մը
տալու
պարտաւոր
ըլլալով,
միայն
այսօր
Ատանայի
պատերազմական
ատեանի
սեղանին
վրայ
գտնուող
հինգ
հարիւրէ
աւելի
ոճրապարտութեան
վերաբերեալ
խնդրագիրներ
եւ
տեղեկագիրները
զատ
զատ
քննելու
ատեն
ամենէն
քիչ
չորս
հինգ
հարիւր
հոգիի
ահաբեկիչ
պատժոյ
ենթարկուելուն
պէտքը
երեւան
եկած
ըլլալը
երբ
նկատի
առնուի,
ոչ
թէ
երեք
այլ
նոյն
իսկ
տասը
պատերազմական
ատեաններով
այս
գործը
երկու
տարուան
մէջ
ի
գլուխ
չկարենալ
հանելիքը
ի
յայտ
կուգայ։
Այս
պատճառով
նաեւ
հայրենիքին
շատ
մը
զաւակները
թիապարտութեան
եւ
կախաղանի
պատիժներուն
ենթարկելու
ստիպողական
հարկին
տակ
պիտի
գտնուի։
Արդարութեան
պարտադրութեան
համեմատ,
մարդասպանութիւն
ու
թալան,
կոտորածի
եւ
հրձիգութեան
պէս
ոճրապարտ,
եւ
սպաննութիւնը
դիւրացնել,
կողոպտուած
ինչքը
դնել
եւ
հրդեհ
յարուցանել
մտադրելով
հանդերձ
չի
կարենալ
գործադրել,
կուսութիւն
պղծել
եւ
շնութիւն
կատարելու
պէս
երկրորդական
եւ
երրորդական
աստիճանի
յանցապարտութեան
արժանի
արարքներուն
հեղինակները
չի
պատժել
ալ
չի
կրնար
ըլլալ։
Բայց
դէպքի
միջոցին,
այլազան
տարրերուն
առանց
բացառութեան
դէպքի
ծագման
եւ
տեւողութեան
մէջ
քիչ
կամ
շատ
պատասխանատուութեան
բաժին
մը
ունենալը
երբ
նկատի
առնուի,
ճիշտ
ու
ճիշտ
արդարութիւնը
գործադրել
եւս
անկարելի
պիտի
ըլլայ,
որովհետեւ
այն
պարագային
ալ
ցաւալի
դէպքին
կատարուած
բոլոր
տեղերը,
գիւղերը
եւ
քաղաքները
պաշարման
շղթայի
մէջ
առնելով
ընդհանուր
բանտ
մը
շինել
պէտք
պիտի
ըլլայ,
եւ
վերը
յիշածներուս
պէս
ահաբեկիչ
պատիժներու
արժանի
ոճրագործութեանց
հեղինակները
երեւան
հանելով
պատժելը
առաջուան
ջարդին
լրացուցիչը
ըլլալու
պէս
ամենէն
քիչ
հինգ
վեց
հարիւր
հոգիներուն
կախուելովը
ուրիշ
ջարդ
մըն
ալ
ի
գործ
պիտի
դրուի,
եւ
երկրագործութեան
ու
հայրենիքին
ծառայելիք
շատ
մը
կենդանի
բազուկները
շղթայակապ
անգործութեան
դատապարտել
պէտք
պիտի
ըլլայ.
որ
վարչական
ոգիին
(կառավարական
գաղտնիքին)
անհամաձայն
է։
Ուստի
այս
մասին
ուրիշ
յարմար
միջոցի
մը
ձեռք
առնուիլը
ստիպողական
կը
համարենք։
Բայց
դարձեալ
նկատելով
որ
պաշարման
դրութեան
եւ
պատերազմական
ատեանի
գործադրութիւնը
մինչեւ
հիմա
կատարուած
տասնեւհինգ
կախաղանի
պատիժէն
եւ
հինգ
տասը
մարդոց
զանազան
ժամանակամիջոցներով
բանտարկուելու
որոշումէն
բաղկացած
թողուլ,
անցեալ
յոռի
վարչական
շրջանին
պէս
ամէն
գործը
բամպակէ
թելով
կապելու
քաղաքականութեան
հետեւելու
գաղափարը
պիտի
տայ,
ուրեմն
այս
կերպին
ալ
անյարմարութեան
պատճառով
կը
փափաքինք
որ՝
Ատանայի
մէջ
բանտարկուած
հայ
խռովարարներէն
գործօն
դեր
ունեցած
ըլլալու
ամբաստանութեան
տակ
եղողներուն
մասին՝
օրէնքին
տրամադրած
պատիժները
տնօրինուի
եւ
գործադրուի
(.
՜.
՜…)
եւ
տեղեկագրիս
մէջ
յայտնուած
դէպքին
դրդիչ
եւ
պատճառ
եղողներուն
պաշարման
օրէնքով
եւ
վարչականապէս
պատժուելովը
բաւականացուի,
ասկէ
զատ
իրենց
նախկին
շարժումներուն
վրայ
զղջացող
երկու
տարրերուն
ալ
անցեալը
մոռցնելով
մէջերնին
առաջուան
բարեկամութիւնը
հաստատելու
ջանացուի։
Ուստի
պատասխանատուներուն
գործը
աւարտելով
Յուլիս
10-ին
հանդիպող
Օսմանեան
ազգային
տօնին
օրը
յիշեալ
տարրերուն
մէջ
համերաշխութիւն
գոյացնելով,
գտնուող
զինուորական
ոյժը
դեռ
ժամանակ
մը
եւս
պահելու
պայմանով,
երկրին
կեանքին
եւ
տնտեսական
վիճակին
վրայ
խիստ
շատ
ազդեցութիւն
ունեցող
պաշարման
վիճակին
վերցուիլը
յարմար
կը
դատենք։
Հաճընի
Քէօթին
գիւղին
մէջ
նահատակուած
Հաճընցի
ՍԱՀԱԿ
ԷՖ[ԷՆՏԻ]
ՍՕՂԱՆԱԼԵԱՆ
Աստուծոյ
շնորհիւ
մինչեւ
հիմա
առանց
ո՛
եւ
է
ազդեցութեան
ենթարկուելու,
բնաւ
եւ
ոչ
մէկ
պարագային
ցեղի
եւ
կրօնքի
խտրութիւն
չընելով,
միայն
մտքերնուն
եւ
խիղճերնուն
ու
համոզումներուն
վրայ
հիմնուելով
իրենց
պարտականութիւնը
կատարած
եւ
կատարելու
վրայ
եղող
պատերազմական
ատեանս
կազմող
մարմինը՝
դէպքին
իսկութեան
եւ
ընթացքին
վրայ
ունեցած
փաստերը
եւ
հայրենիքին
փրկութեան
համար
գործադրութեան
պէտքը
տեսած
միջոցները
յայտնել
պարտք
սեպելով,
դարձեալ
նոյն
արդարութեամբ
եւ
անկողմնակալութեամբ
այս
տեղեկագիրը
խմբագրելով
կը
մատուցանէ,
զոր
գնահատելով
պէտք
եղածը
գործադրել
կառավարական
բարձրագոյն
պաշտօնեաներուն
ուղղադատ
կամքէն
կախում
ունի»։
Կիլիկիոյ
աղէտէն
ետքը
«Կարմիր
Խաչ»ի
բժշկական
խումբին
հետ
Ատանա
եկած
եւ
բազմաթիւ
վիրաւորներ
դարմանած
Տօքթ.
ԼԵՒՈՆ
ԷՖ[ԷՆՏԻ]
ԳԸԼԸՃԵԱՆ
24
Յունիս
325
Ատանայի
պատերազ.
ատեանին
նախագահ
Միրլիվա
ԵՈՒՍՈՒՖ
ՔԷՆԱՆ
Միրալայ
ԱՊՏԻՒԼՐԱՀՄԱՆ
ԶԻՅԱ
ՊԻՆԻ
ՎԷՀՊԻ,
Միրալայ
ԷՕՄԷՐ
ՆԱԻԼԻ
ՊԻՆԻ
ՄԷՀՄԷՏ,
Գաիմմագամ
ՕՍՄԱՆ,
Գօլ
աղասը
ԱՀՄԷՏ
ԼՈՒԹՖԻ,
Գօլ
աղասը
ՄՈՒՍԹԱՖԱ
ՇԻՒՔՐԻ
ՊԻՆԻ
ՄԷՀՄԷՏ,
Եիւզ-պաշը
ԱՀՄԷՏ
ԶԻՅԱ
ՊԻՆԻ
ՕՍՄԱՆ,
Եիւզ-պաշը
ԻՍՄԱԻԼ
ՐԷՖԻ
ՊԻՆԻ
ՄԷՀՄԷՏ
ՐԱՇԻՏ
[2]
[1]
Զրպարտելի
կ՚ըսենք
այս
տեղեկագրին,
որովհետեւ
այս
տեղեկագիրէն
ետքը
Օսմ[անեան]
կառավարութիւնը՝
պաշտօնական
յայտարարութիւնով
մը
հերքեց
Կիլիկիոյ
հայոց
մասին
եղած
ամբաստանութիւնը,
հաստատելով
հայոց
կատարեալ
անմեղութիւնը։
(Ծ.
Յ.
Թ.
ի)
[2]
Յայտնի
նպատակով
գրուած
այս
զրպարտալի
տեղեկագիրէն
ետքը,
քննիչ
յանձնաժողովին
ազդու
դիմումովը
Օսմ[անեան]
կառավարութիւնը
պաշտօնանկ
ըրաւ
Ատանայի
պատերազմական
ատեանի
նախագահն
ու
ամենէն
ազդեցիկ
անդամ
միրալայ
Զիյա
պէյը։
(Ծ.
Յ.
Թ.
-ի)