Երեսփոխանական
ժողովի
նախագահութեան
եւ
Հայոց
Պատրիարքութեան
«Ատանայի
ցաւալի
դէպքերուն
առթիւ
մեր
ենթարկուած
ահաւոր
կորուստին
եւ
թշուառութեան
միջոցին
Երեսփ[ոխանական]
Ժողովոյ
կողմէ
եղած
ցաւակցութիւնն
ու
օգնութիւնը
մեզ
գոհունակութիւն
պատճառած
է։
Հետեւաբար
ձմրան
եղանակին
մօտենալուն
պատճառաւ,
թշուառութեան
եւ
աղէտին
ծաւալումէն
առաջ,
աւերակ
դարձած
եկեղեցիներուն,
դպրոցներուն,
բնակարաններուն
եւ
խանութներուն
վերաշինութեանը
ձեռնարկուիլը
կը
խնդրենք,
եւ
այս
դժբաղտութեան
երեսէն
անօթի
եւ
մերկ
մնացած
ժողովուրդին
սնուցման
եւ
պատսպարման
համար
երկու
ամիսէ
ի
վեր
շարունակուող
դրամական
նպաստին
ժամանակ
մը
եւս
շարունակուիլը
անհրաժեշտ
կը
նկատենք։
Հակառակ
պարագային
շատ
մը
մարդոց
անօթութենէ
մեռնելու
հաւանականութիւնը
յայտնելով՝
ձեր
գթութեանը
եւ
հոգածութեանը
կ՚ապաստանինք»։
23
Յուլիս
1909
Նորին
Կայսերական
Վեհափառութեան,
Մեծ
Եպարքոսութեան,
Երեսփ[ոխանական]
Ժողովի
Նախագահութեան,
Հայոց
Պատրիարքութեան,
Յունաց
Պատրիարքութեան,
Հայ
Հռովմէականաց
Պատրիարքութեան,
Հայ
Բողոքականաց
Ազգապետութեան,
Ասորիներու
Պատրիարքութեան,
Ասորի
Կաթոլիկ
Պատր.
փոխանորդութեան,
Քաղդէացւոց
պատ.
փոխանորդութեան։
«Մեր
հարստահարեալ
եւ
աղէտեալ
ժողովուրդները՝
իրենց
կեանքի
եւ
հանգիստի
բոլոր
միջոցներէն
զրկուած
են,
ամէն
ինչերնին
թալանուած
է,
մեր
եկեղեցիները,
դպրոցները,
բնակարանները
եւ
խանութները
հրկիզուած,
եւ
մեր
ժողովուրդներէն
շատերը
ջարդուած
են։
Ուտելու
համար
հաց,
բնակելու
համար
տուն,
աղօթելու
համար
եկեղեցի,
կրթելու
համար
դպրոց,
աշխատելու
համար
դրամագլուխ,
ապահովութեան
համար
արդարութիւն
կը
խնդրենք։
Ձմեռուան
եղանակը
որչափ
մօտենայ,
այնչափ
պէտքերը
կը
շատնան։
Կը
ցաւինք
որ՝
մեր
ժողովուրդներուն
հարստութիւնները
աւարառուներու
տուներուն,
խանութներուն
եւ
գրպաններուն
մէջ
գտնուելով
մէկտեղ,
օսմանեան
մեծազօր
ազգը
այս
պէտքերուն
հոգը
երկար
ատեն
կրելու
կը
ստիպուի,
եւ
պիտի
ստիպուի։
Այս
մասին
պէտք
եղած
անմիջական
շնորհներուն
առանց
ժամանակ
կորսնցնելու՝
գործադրութիւնը
կը
խնդրենք»։
3
Օգոստոս
1909
֍
Կ.
Պոլիս
գտնուող
բոլոր
Քրիստոնեայ
ազգերու
Պատրիարքարաններուն,
Պատր[իարքական]
Փոխանորդներուն
եւ
Հայ.
Բողոքականաց
ազգապետութեան։
«Ատանայի
Պատերազմական
Ատեանը՝
արդարութեան
եւ
գործունէութեան
մասին
կասկածոտ
ընթացք
մը
կ՚ունենայ,
ճշմարտութիւնը
եւ
արդարութիւնը
գործադրելէ
կը
վախնայ,
ահռելի
եղեռնը
գոցելու
եւ
եթէ
կարելի
ըլլայ
թեթեւցնելու
եւ
կամ
փոխելու
կողմը
կը
բռնէ։
Արեւի
պէս
յայտնի
եղող
ճշմարտութիւններուն
աչք
կը
գոցէ,
եւ
կամ
զանոնք
կը
փոխէ։
Նախորդ
կուսակալ
Ճէվատ
պէյի
մասին
«անկարող
է»
եւ
Ֆէրիք
Մուսթաֆա
Րէմզի
փաշայի
մասին
«ցնդած
է»
ըսելով
յիշեալները
արդարացնելու,
կ՚աշխատի։
Մինչդեռ
կուսակալը
անկարող
չըլլալը՝
պարտականութիւնը
ի
բարին
չի
գործադրելով
եւ
կամ
եղածը
գործադրել
չուզելովը
աղէտին
պատճառ
ըլլալը՝
մենք
կը
հաստատենք։
Ֆէրիք
Մուսթաֆա
Րէմզի
փաշա
ցնդած
չէ,
միայն
թէ՝
այս
տեսակ
դէպքերու
մասնագէտն
է,
ասոր
վկան
եւ
հաստատուն
փաստն
է
Մարաշի
ջարդին
կազմակերպութիւնն
ու
գործադրութիւնը
ինք
անձամբ
կատարելը։
Արդեօք
քաղաքականութիւնը
մէկուն
անկարող
եւ
միւսին
ցնդած
ընե՞լ
կը
պահանջէ։
Կը
վախնանք
թէ
այս
տեսակ
մտածումներու
հետեւանքով
Պատերազմական
Ատեանը
յիշեալներուն
մասին
անպարտութեան
եւ
կամ
անկարեւոր
աստիճան
թեթեւ
մէկ
յանդիմանութիւնով
մը
կը
բաւականանայ։
Մեր
լսածին
համեմատ՝
անոնց
մասին
մտածուած
յանդիմանութիւնն
է
ասկէ
ետքը
պետական
պաշտօններու
մէջ
չի
գործածել,
մինչդեռ
յիշեալները
ո՛չ
միայն
Ատանայի
դէպքին
կազմակերպիչներն
են,
այլ
եւ
շրջականերն
եւս
իրենց
կողմէ
տրուած
հեռագիրներով
այս
խռովութիւնը
տարածելու
պատճառ
եղան։
Միայն
Մէրսինի
Միւթէսարըֆը
եւ
Սիլիֆքէի
զին[ուորական]
տեղակալը
այս
հրամանին
չի
հնազանդեցան։
Նոյն
իսկ
Սիլիֆքէ
միւթէսարըֆը
ջարդի
համար
Ատանայի
կուսակալէն
առած
երեք
հեռագիրները
յիշեալ
զին[ուորական]
տեղակալին
ցոյց
տուած
ատենը,
տեղակալը
պատասխանած
է—
«Այս
հրամանը
վատ
Համիտէն
է,
ինձ
պատերազմական
նախարարութենէն
հեռագիր
մը
ցոյց
տուր,
այն
ատեն
պէտք
եղածը
կ՚ընեմ»։
Յիշեալ
տեղակալը
Սիլիֆքէի
քրիստոնեաները՝
շատ
անկեղծ
հայրենասիրութեամբ
մը
պահած,
պահպանած
է
եւ
ո՛
եւ
է
դէպքի
տեղի
չէ
տուած։
Մեր
այս
յայտնութիւններէն
կը
հետեւցուի
թէ
կուսակալ
Ճէվատ
պէյ՝
Ֆէրիք
Մուսթաֆա
Րէմզի
փաշայի
հետ
համաձայնութեամբ
խռովութեան
պատճառ
եղած
են։
Մանաւանդ
անկարող
անուանուող
կուսակալը
եւ
ցնդած
է
ըսուող
Մուսթաֆա
Րէմզին
«զա՜րկէք»
հրամայելով
գործի
սկսած
եւ
«կեցէ՛ք»
հրամայելով
վերջացուցած
են,
ասիկայ
ոչ
անկարողութեան
եւ
ո՛չ
ալ
ցնդածութեան
նշան
է,
բոլորովին
կանխամտածութեամբ
գործադրուած
ահռելի
ոճիր
մ՚ըլլալը
ամենուն
յայտնի
է։
Պատերազմական
Ատեանը՝
կարգ
մը
անգութ
ճիւաղներու
մասին
հոգածութիւն
ցոյց
կուտայ
եւ
մեղմութեամբ
կը
վարուի,
մինչդեռ
հարստահարեալներու,
խեղճերու,
այրի
կիներու
եւ
որբերու
հանդէպ
բարկութեամբ
եւ
խստութեամբ
կը
վարուի։
Ասանկ
քաղաքական
խնդիրներու
միջոցին
կառավարութիւնը
փոխանակ
միայն
աղէտեալներուն
օգնելու
եւ
վշտերու
ցաւակից
ըլլալու,
հակառակը
կը
տեսնուի,
մինչդեռ
այս
ընթացքը
անգութներուն
քաջալերութիւն
եւ
աղէտեալներուն
տխրութիւն
կը
պատճառէ։
Պատերազմական
Ատեանի
կողմէ
կարգուած
քննիչ
յանձնաժողովը՝
կատարած
հարցաքննութեանցը
միջոցին,
հայ
վկաներու
հանդէպ
անվայել
լեզու
կը
գործածէ,
կը
սպառնայ
եւ
կը
նախատէ,
ըսելով
որ՝
«հանցանքը
Ձեր
քովը
չէ,
կառավարութեան
քովն
է
որ
Ձեզի
այսչափ
երես
տուաւ,
դուք
կ՚ուզէք
ոք
իսլամ
հօճաները՝
ձեզի
համար
կախենք,
այն
ատենը
ձեր
քէյֆը
տեղը
կուգայ»։
Եթէ
հոս
այսպէս
ըլլայ,
այլեւս
շրջակաները
գտնուող
քննիչ
յանձնաժողովներու
ընթացքը
դուք
կրնաք
դատել։
Պատերազմական
Ատեանը
տեղացի
իսլամներուն
հետ
թէքլիֆսիզութեամբ
կը
տեսնուի,
մինչդեւ
զմեզ
տեսնել
բնա՛ւ
չի
փափաքիր։
Իր
առաջին
անգամ
տուած
մահուան
վճիռը,
կարգ
մը
բռնապետներէ
կազմուած
քննիչ
յանձնաժողովի
կատարած
քննութեան
վրայ
եւ
կարգ
մը
հին
լրտեսներէ
եւ
սպառնալիքներու
տակ
գտնուող
քրիստոնեաներէ
առնուած
սուտ
վկայութիւններու
վրայ
հիմնած
է։
Ասոր
համար
է
որ
ճշմարտութիւնը
երեւան
չի
հաներ,
հետեւաբար
անմեղ
տեղը
քրիստոնեաներ՝
սուտ
վկաներու
վկայութեամբ՝
մահուան
եւ
թիապարտութեան
կը
դատապարտուին,
եւ
ոմանք
առանց
պատճառի
Փայասի
զնտաններուն
մէջ
բերդարգուելով
պիտի
ոչնչանան,
եւ
ոմանք
ալ
Ատանայի
բանտին
մէջ
մնալու
պիտի
դատապարտուին,
ասոր
համար
մեր
ժողովուրդները
շատ
կը
տառապին։
Հայերուն
անմեղութիւնը
այսօր
արեւի
պէս
կը
փայլի,
եւ
այս
պարագան
կեդրոնական
կառավարութեան
կողմէ
հաստատուած
ըլլալով
մէկտեղ
հայ
երեւելիներէն
ոմանք
պատասխանատուութեան
ամբաստանութիւնով
դեռ
բանտին
մէջ
կը
մնան,
եւ
դատավարութեան
համար
կը
սպասցուին։
Քիպարըն
օղլու
Մուհամմէտ
ու
Իսմայիլ
եւ
փեսան
Ազմի,
Ապտիւլ
Քէրիմ
եւ
քոյրը
Սինէմէ
հանըմ
կոչուած
ոճրագործները
Ապտ-օղլուի
եւ
Միսիսի
գաւառակներուն,
Խայըրլը
գիւղին,
եւ
Ատանայի
չիֆթլիքները
գտնուող
բոլոր
այրերը
առանց
բացառութեան,
ջարդած
եւ
ջարդել
տուած
են։
Հետեւաբար
փոխանակ
ասոնք
մահուան
դատապարտեալու,
կը
լսենք
թէ
ասոնց
ամէնքն
ալ
առժամանակեայ
թիապարտութեամբ
միայն
պիտի
պատժուին։
Եթէ
այս
պարագան
հաստատուի,
Ատանայի
եւ
շրջակաները
գտնուող
քրիստոնեաներուն
այլես
բնակութիւնը
անկարելի
ըլլալով՝
գաղթելնին
անհրաժեշտ
է։
40—50
քրիստոնեաները
մէկտեղ
սպաննող
իսլամներ
շատ
թեթեւ
վճիռներով
կը
դատապարտուին,
նոյնպէս
ոճիրնին
բազմաթիւ
վկաներով
հաստատուող
ոճրագործներ
ազատ
կ՚արձակուին,
նոյնպէս
շրջակաները
գտնուող
բոլոր
քրիստոնեաները
ջարդած
ոճրագործները
մաս
առ
մաս
կ՚արձակուին։
Թալանուած
ինչքերը
ամբողջապէս
իսլամներուն
քով
գտնուիլը
որոշապէս
յայտնի
ըլլալով
մէկտեղ՝
կառավարութեան
պաշտօնատան
բակին
մէջ
մէկ
երկու
չուլի
եւ
լաթի
կտորներ
եւ
այրած
պղինձի
կտորներ
տրուելով՝
աչքերնիս
գոցել
կ՚ուզեն։
Աղէտէն
առաջ
մէկ
փարայի
համար
հոգի
տուող
կարգ
մը
իսլամներ՝
հիմա
մեծ
վաճառատուններ
բացած,
կատարեալ
հանգստութեամբ
կ՚ապրին,
մինչդեռ
առաջ
հարուստ
եւ
դրամատէր
եղող
քրիստոնեաները
այսօր
չոր
հողի
վրայ
նստած,
նպաստով
կ՚ապրին։
Պատերազմական
Ատեանը
փոխանակ
բուն
պատասխանատուները
եւ
դրդրողները
մէջտեղ
հանելու
համար
պէտք
եղած
միջոցներու
դիմելու,
դէպքի
միջոցին
իր
կեանքը
ազատելու
նպատակով,
ծակերու
մէջ
պահուած
քրիստոնեաներէն
վկաներ
կ՚ուզէ։
Պօշնագ
Սալիհ,
Կէրկէրլի
Ալի,
Փամուգճու
Միսթիլլի,
Գասապ
տէլի
Մէհմէտի
տղան
Հիւսէին,
Տապպաղ
զատէ
հաճի
Ալի,
Իսմաիլ
Սէֆա,
Տըպլան
զատէ
Մուհամմէտ
եւ
երեւելիներն
ու
կրօնական
պետերը
չեն
բանտարկուիր,
եւ
ասոնց
մասին
ո՛
եւ
է
քննութիւն
անգամ
տեղի
չունենար։
Թէ
հոս
եւ
թէ
շրջակաները
բանտարկուած
կարգ
մը
անմեղ
քրիստոնեաներու
ազատ
արձակման
մասին
պէտք
եղած
ջանքերը
չի
խնայելնիդ
խնդրելով,
ձեռք
բերուելիք
հրամաններուն
անհամբերութեամբ
կը
սպասենք։
Պատ[երազմական]
Ատեանը
կը
վախնայ
թէ
բուն
ճշմարտութիւնը
երեւան
կ՚ելլէ,
եւ
ասոր
համար
մանրազննին
քննութիւն
կատարելէ
կը
քաշուի,
մինչդեռ
հայրենիքին
բուն
շահը
երբէք
այսպէս
չի
պահանջեր։
Օսմանեան
պատիւը
այս
տեսակ
ընթացքներու
բոլորովին
հակառակ
է։
Հայրենիքին
փրկութեանը
անունով
կը
պահանջենք
որ՝
արդարութիւնը
կատարելապէս
գործադրուի»։
5
Օգոստոս1909
Մեծ
Եպարքոսութեան,
Հայոց
Պատրիարքութեան
եւ
Հայ-Հռովմէկանաց
Պատրիարքութեան
«Ատանայի
ցաւալի
դէպքերուն
մէջ
քրիստոնեաներու
անմեղութիւնը
վերջնականապէս
հաստատուած
եւ
այս
մասին
եղած
պաշտօնական
յայտարարութիւնը՝
պաշտօնաթերթին
մէջ
ալ
հրատարակուած
ըլլալով
մէկտեղ,
դեռ
իբրեւ
պատասխանատու՝
քրիստոնեաներուն
բանտերու
մէջ
մնալը
զմեզ
ամենքս
կը
տխրեցնէ։
Յիշեալ
յայտարարութեան
բովանդակութիւնը
դեռ
չի
գործադրուեցաւ
քրիստոնեաներու
մասին,
ասոր
համար
բոլոր
քրիստոնեաները
կը
ցաւին։
Ուստի
հայ
բանտարկեալներուն
անպարտ
արձակուելու
մասին՝
պէտք
եղած
հրամանները
օր
առաջ
արուիլը
Սահմանադրութեան
անունով
կը
խնդրենք
եւ
կը
պաղատինք»։
20
Օգոստոս1909
֍
Նորին
Կայսերական
Վեհափառութեան,
Մեծ
Եպարքոսութեան,
Ծերակոյտի
Նախագահութեան,
Ներքին
Գործոց
Նախարարութեան,
Հայոց
Պատրիարքութեան
եւ
Հայ
Հռովմէականաց
Պատրիարքութեան
«Ատանայի
ցաւալի
դէպքերուն
մասին
Պատ[երազմական]
Ատեանի
եւ
քննիչ
յանձնաժողովին
կողմէ
տրուած
տեղեկագիրներուն
իրարու
հակառակ
ըլլալը
եւ
քաղաքակրթութեան
աշխարհին
միտքը
պղտորող
ու
զբաղեցնող
այս
ահաւոր
խնդրին
պատասխանատուներուն
ծածկուած
մնալը,
եւ
այս
մասին
կառավարութեան
կողմէ
հրատարակուած
պաշտօնական
յայտարարութեան
չի
գործադրուիլը
Ձեր
ուշադրութեան
կը
յանձնենք։
Մեր
սահմանադրական
կառավարութեան
ներկային
ու
ապագային
հետ
առնչութիւն
ունեցող
խիստ
կարեւոր
խնդրի
մը՝
ասանկ
Պատ[երազմական]
Ատեանի
մը
քմահաճոյքին
յանձնուիլը
եւ
անմեղ
քրիստոնեաներու
երկար
ատեն
բերդարգելութեան
դատապարտուիլը
եւ
նոյն
իսկ
մեր
լսածին
համեմատ
մինչեւ
իսկ
մահուան
վճիռ
տրուիլը,
արդարութեան
եւ
իրաւունքի
հակառակ
են։
Ուստի
այսչափ
վնասներէ
ետքը՝
ասանկ
դատապարտութեան
մը
ենթարկուելնիս
Օսմանցիութեան
պատիւին
եւ
խղճի
ու
արդարութեան
հակառակ
կը
գտնենք։
Ատանայի
աղէտին
պատասխանատուները
փնտռելու
եւ
դատերնին
հրապարակաւ
վարելու
պայմանաւ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
խառն
դատարանի
մը
կազմուիլը
եւ
այս
դէպքին
բոլոր
մանրամասնութիւնները
քննուիլը
արդարութեան
եւ
իրաւունքի
երեւան
հանուիլը
եւ
տրուած
անարդար
վճիռներու
գործադրութիւնը
մինչեւ
քննութեանց
արդիւնքին
յետաձգուիլը
պաղատանօք
կը
խնդրենք,
եւ
պէտք
եղած
հրամաններուն
տրուիլը՝
անհամբերութեամբ
կ՚սպասենք»։
24
Օգոստոս
1909