ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«Կիլիկիոյ Աղէտը» պատմութեանս հրատարակութեանս առթիւ Կիլիկիոյ Վեհաշնորհ Ս. Կաթողիկոսն եւ Կ. Պոլսոյ Նախկին պատրիարքները՝ Բարձրաշնորհ Տ. Եղիշէ Արքեպիսկ. Դուրեան եւ Տ. Մաղաքիա Արքեպիսկ. Օրմանեանն հաճած են շնորհել հետեւեալ յուզիչ եւ հմտալից գնահատագիրները

 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ

Ի ԿԻԼԻԿԻԱ

 

5 Դեկտ. 1912, Սիս

Համար 3796/389

Սիրելի Որդեակ Պ. Յակոբ Թէրզեան, ՚ի Կ. Պոլիս

 

«Ատանայի ջարդն ու պատասխանատուները», «Կիլիկեան Արհաւիրքը», «Ամիս մը ի Կիլիկիա» եւ «Աւերակներուն մէջ» հոգեցունց, սառեցնող եւ սասանեցնող, սրտի եւ հոգւոյ մինչեւ անծանօթ եւ անյատակ ալքերը փոթորկայոյզ խռովող գործերէն ետքը՝ հասան մեզ հետզհետէ Ձեր «Կիլիկիոյ Աղէտը»ի հատորները։

Ամենքն ալ զիրար ամբողջացնող, աչքէ եւ լսելիքէ վրիպած դաժան յայտնութիւններու ողողումներով, դահճին, կացնին կամ եաթաղանին տակ ահաբեկ իրարու գրկախառնուած երկուորեակներու նման շաղապատեալ մէկ լրութիւն կը կազմեն, Կիլիկիոյ սեւ ու կարմիր ճակատագրին լրութիւնը։

Յառա՞ջ կերթանք, թէ յետ, կեանքի խլրտումնե՞ր ցոյց կը տանք, թէ քարացած, արձանացած անխլիրտ կը մնանք. պատասխանը եթէ դրական ըլլայ՝ կը հակասէ Կիլիկիային, եթէ ժշտական ըլլայ՝ գերեզմաններու մէջ թափուած ու թաղուած պէտք է ըլլայինք, սակայն «ջարդերն ու արհաւիրքները», «ամսական այցերն» ու «աւերակները» հուսկ ամենայնի «աղէտները» կը տանին զմեզ Ալփասլաններու, Եզիտներու, եւ Լէնկթիմուրներու արիւնոտ դարերուն. ողբի, կոծի եւ մարդկային սպանդներու մատենագրութիւնն է, Լաստիվերտցիներն են, որ կը վերկենցաղին իրենց դարաւոր քնարանէն։

Որքան երախտապարտ ենք մեր լացող նախնիքներուն, որ հաւատարմաբար աւանդած են իրենց տեսածներն ու կրածները, եւ մենք զանոնք կարդալով ու բաղդատելով մեր ներկայ կեանքին հետ, գոնէ կը մխիթարուինք այնու որ տառապակրող հայրերու վշտի զաւակներն ենք. նոր չէ, ինչ որ կը կրենք, այլ ժառանգ մնացած է դարերէ ՚ի վեր։

Ապագայ սերունդներն ալ, երջանիկ ըլլան, կամ անբաղդ, երախտապարտ պիտի մնան ներկայ ողբերգակ երկասիրողներէն, կարդալով մեր նահատակութեան վկայաբանութիւնները եւ բաղդատելով իրենց անդորր կամ ալէկոծ կեանքին. եթէ երջանիկ են քան զմեզ, անշուշտ արտասուաց կաթիլներ պիտի ցողեն մեր շիրիմներուն վրայ, եւ եթէ ապերջանիկ են մեզի պէս եւ մեզի չափ, հառաչանքներ պիտի «րկեն անցեալ դարերուն՝ իբրեւ ողջոյն եւ իբրեւ յայտարարութիւն, թէ կը կրենք անտրտունջ ինչ որ դուք երկնեցիք եւ աւանդ թողուցիք մեզ։

«Աղէտները» կարդացո«ին մղջ նոյն յոյզը, նոյն խռովքը, նոյն զայրուցքն ու մոլեգնութիւնը կը զարթուցանէ, ինչ որ իր համշիրակները, եւ նոյն անէծքները կը քաղէ կարկամած բերաններէ եւ երիթացեալ շրթներէ, ասկէ զատ իր ականատեսի նկարագրով եւ պաշտօնական վկայականներով լուրջ ու արժանահաւատ պատմագրի մը ծանրախոհ տպաւորութիւնը կը դրոշմէ ամենուն վրայ։

Կիլիկիայի հարազատ զաւկի մը քրտնաջան, պրպտող, աւերակներու եւ մոխիրներու տակէն լոյս աշխարհ հանող կենդանի պատկերն է Մեծ եղեռնին, որ մշտնջենական նախատինքը պիտի մնայ քսաներորդ դարու բազմագով քաղաքակրթութեան եւ անգոյ մարդասիրութեան։

Մաղթելով որ գթութեան Աստուածը «ջարդերու», «արհաւիրքներու», «աւերակներու» եւ «աղէտներ» ու անարեւ օրերը իսպառ անհետացնէ նահատակ ազգերու կեանքէն՝

 

Մնամք աղօթարար

Հրժ. ՍԱՀԱԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

*** 

Ազնիւ սիրե՛լի

 

Սրտի մեծ վիրաճմլումով կարդացի «Կիլիկիոյ Աղէտ»դ։ Գիրքիդ ճերմակ էջերէն ո՛չ թէ կարմիր գիծ մ՚ըն է որ կ՚երկարի, այլ անոր արիւնոտ թերթերուն մէջէն խռովքով մը կը դիտուի սեւ ժապաւէնի մը լայն սողոսկումը։

Դժբա՜խտ ժողովուրդ, որ երջանիկ կարծուած թուականի մը մէջ իսկ՝ անկէաց տարիներու ընթացքին բռնաբար վրճարած զոհերու հարկը կը հատուցանէ յանկարծ՝ զարհուրելի տոկոսով մը։

Մեր արցունքոտ աչքերը սոսկումով պիտի յառին Մակաբեան վերակոչումներով նկարուած մեռելադարձ այն պատկերին՝ զոր ցոյց կուտաս մեզի։ Սաստկապէս եւ իրականօրէն դժնդակ փորձն առած սակայն այդ օրերու սարսափին՝ որ վագրերու վոհմակներով մարմնացած կը գօչէր ու կը յօշէր, եւ օրհասի այդ վայրկեաններուն՝ ուր մաքառելէ ա՛լ կը դադրէր անօգնական տկարութիւնը, ի՜նչ անհուն կսկիծի դիակնացած հասակներու եւ ամբարիշտ ողջակիզումի հանդիսատես կ՚ընես ընթերցողներդ, որոնց գանկին մէջ՝ արդէն գիտցուածը կարծես խեղաթափօրէն պահ մը մոռցուած ՝ լլկօրէն կը նորոգուի գլխահար տպաւորումով մը։

Ականատեսի չարաբաստութեամբդ է որ կ՚երաշխաւորուի մեծ մասամբ գիրքիդ արժէքը։ Տասն եւ հինգ դարեր առաջ հայ ազգին դիւցազնաբար կրած հարուածները արտօսրալից ողբերով ճառագրող ճարտար հեղինակն ալ կը վկայէր, «ա՛յլ է զոր լսէ մարդ եւ ա՛յլ է զոր տեսանէ հաստատուն իւրովք աչօք»։ Եւ իր գիրքը մեր ցեղին նահատակութեան գերազանց գիրքը եղաւ։ Այն օրէն ի վեր նմանավիշտ որքա՜ն սերունդներ եւ նոյնգունակ լացող որքա՜ն դարեր անցան Հայոց Աշխարհէն եւ ահա՛ քսաներորդ դարն ալ՝ իր առաջին քառորդին մէջ, սա անիծապարտ աղէտքին շնորհիւ ուրիշներու եւ մանաւանդ քեզի՛ ցաւագին առիթն ընծայեց մեր դողդոջ ձեռքերուն մէջ դնելու ջարդուածներու գիրքը. Տղմուտի ափերէն մինչեւ Սիհունի բերանը ներկող մարտիրոսական հեղումի կայլակներովը գրուած։

Այս եւ ասոր նմաննե՞րն էին ա՛յնքան խելօք եւ խաղաղիկ ապրող եւ քաղաքակրթութեան բարիքները վայելելու տենչով Օսմանեան հայրենիքին այնքան անձնուիրութեամբ ծառայող ժողովուրդի մը գիրքերը։

Բախտաւոր չէ՞ր արդեօք Լաւթրիմանացի ազգին այն պետը՝ որ պարծանքով մը կը յայտարարէր թէ՝ իրենց գիրքն էր Հոմերոսը, վասն զի ան կը սորվեցնէր՝ թէ ինչպէ՛ս պետք է կռուիլ, մինչ հիլոտներուն (ստրուկներուն) կը յանձնարարէր Եսիսդոս կարդալ, սորվելու համար թէ ինչպէ՛ս պէտք է անասնաբար հերկել հողը։

Կը խորհիմ մինչեւ ե՞րբ մերը պիտի ըլլան նահատակներու եւ ջարդուածներու գիրքերը։


 

Ողջոյնիւ եւ սիրոյ եւ օրհնութեամբ

ԵՂԻՇԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿ. ԴՈՒՐԵԱՆ

 

1 Սեպտ. 1912

 

  ***

Ազն ……………

 

Եղելութիւններ կան որ չեն հիննար, յիշատակներ կան որ չեն մոռցուիր, եւ Ձեր աշխատասիրած հատորները որչափ եւս երեք տարի առաջ կատարուած գործեր կը պատմեն, սակայն իրենց ականատեսի շեշտովը եւ խղճամիտ ճշգրտութեամբը, այժմէութեան կենդանի կնիքը կը կրեն։

Լացինք ու ողբացինք աղէտը. կուլանք ու կ՚ողբանք թէ դեռ հետքերը կը շարունակեն. Աստուած պահէ որ նոր լացերու ու ողբերու չպարտաւորուինք։

Օրհնաձայն ողջունիւ մնամ Ազնուութեանդ աղօթարար

 

ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊԻՍԿ. ՕՐՄԱՆԵԱՆ

31 Օգոստոս 1912

ԲԵՐԱ