ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՍՄԱՆԻԷԻ [1] ՋԱՐԴԸ

Օսմանիէի ջարդէն հրաշքով ազատած Հայ մը կը պատմէ հետեւեալ կերպով։

«Ապրիլ մէկին՝ երբ Ատանայի ջարդին լուրը Էրզինի կառավարիչ Ասաֆ պէյի կողմէ հեռագրուեցաւ, Օսմանիէի թուրքերն ալ սկսան կատղիլ եւ ջարդի պատրաստուիլ։ Նոյն օրուան իրիկունը թուրք երեւելիները զօրանոց կանչուեցան, ուր ժողով գումարուած էր տեղւոյն երեւելիներէն Հաճի Հիւսէին էֆ[էնտի]ի  նախագահութեան տակ եւ որուն կը մասնակցէին տեղական կառավարութեան պաշտօնեաներն ալ։ Միեւնոյն գիշերը՝ անշուշտ զօրանոցի գիշերաժողովին որոշումով անմիջապէս լուր ղրկուած էր շրջակայ գիւղերուն եւ շրջուն Աշիրէթներուն, որ փութան Օսմանիէ գալ ջարդին մասնակցելու եւ կամ օգնելու համար։ Գիւղացիները անմիջապէս թափուեցան Օսմանիէ, որոնց բաժնուեցաւ զօրանոցի պատրաստ զէնքերն ու ռազմանիւթերը։

Գիշերուան արտասովոր բազմութիւնն ու իրարանցումը տեսնելով սարսափի մատնուեցանք, եւ դժբախտ քրիստոնեաներս անմիջապէս իրարու քով գալով՝ կառապան Թորոս անունով քաջասիրտ հայ մը գաիմագամին ղրկեցինք հասկնալու համար այն գիշերուան իրարանցումին պատճառը։ Վարպետորդի տեղակալը՝ ջանացեր էր համոզել մեր մարդը թէ՝ քրիստոնեաներու համար բան մը չի կայ, այլ միայն Փայասի բերդին բանտարկեալները փախած են եւ անոնց ձերբակալութեանը համար պահեստի զօրք կը ժողվենք։ Երկրորդ անգամ հայ մը ղրկեցինք ըսել տալու համար թէ՝ շատ կը վախնանք եւ մեր կեանքերուն պաշտպանութիւնը կը խնդրենք։ Այս անգամ խորամանկ տեղակալը՝ տեղւոյն փոլիսն ու զինուորական հարիւրապետը ղրկեց համոզելու եւ ապահովցնելու համար թէ՝ բան մը չի կայ մեզ համար եւ արդարեւ անոնք երդումներով վստահեցուցին զմեզ։ Եւ սակայն հակառակ անոնց հազարումէկ երդումներուն չի կրցանք քնանալ այն գիշերը եւ մեր երիտասարդները պատրաստ հսկեցին մեր վրայ։

Հետեւեալ օրը՝ առտուն կանուխէն թուրքերն սկսան դեգերիլ մեր թաղերուն  շուրջը եւ խորհրդաւոր խօսքեր ու ակնարկներ նետել մեր վրայ։ Յանկարծ թմբուկի ձայն մ՚առինք եւ ահա թուրքերն սկսան համախմբուիլ շուկային մէջ։ Ամէն կողմէ թուրքերու եռուզեռ մը ծայր տուաւ, ոմանք զէնք կը փոխադրէին եւ ոմանք ալ խուժանին մոլեռանդութիւնը կը գրգռէին։ Այս միջոցին Օսմանիէի հայ երեւելիներէն Մալխաս աղա՝ գաիմագամին քով գնաց, կրկին պաշտպանութիւն խնդրելու համար։ Գաիմագամը ծաղրանքով ընդունած էր հայ երեւելին եւ անմիջապէս ետ դարձուցած էր յայտնելով դրութեան վտանգաւոր հանգամանքը։

Հազիւ թէ Մալխաս աղան վերադարձաւ, եւ ահա յարձակումները սկսան, որուն ի տես հայ ժողովուրդը խուժեց եկեղեցին եւ Պագալեանի տունը։

Ապրիլ երկու՝ Հինգշաբթի ժամը 2ին . Թ. ) էր որ յարձակումը սկսաւ Օսմանիէ վերի թաղէն եւ առաջին անգամ զարնուեցաւ հայ երեւելի վաճառական Մամալմալեանը։ Խուժանը վերի թաղին մէջ նախ՝ յարձակեցաւ հայ բողոքականաց ժողովարանը որուն մէջ իբրեւ հիւր կը գտնուէին տասն եւ եօթը Աստուածաբան Հայ Բող[ոքական] պատուելիներ, որոնք ամբողջապէս դանակէ անցան։ Ասոնք օր մ՚առաջ Այնթապէն եւ Մարաշէն եկած էին Ատանայի Քրիս[տոնէական] Միութեան երթալու համար եւ որոնց մէջ կը գտնուէր մեծանուն Փրօֆէսէօր Լեւոնեանը։ Վերի թաղը որ մեծամասնութեամբ հայ բողոքականներէ կը բաղկանար ամբողջութեամբ ջարդուեցաւ եւ կրակի տրուեցաւ եւ միայն տարիքոտ կիներէն ոմանք իբրեւ գերի փոխադրուեցան կառավարութեան պաշտօնատունը։



Կիլիկիոյ նահատակներէն ՓՐՕՖ. ՍԱՐԳԻՍ ԼԵՒՈՆԵԱՆ. Եէյլ համալսարանէն շրջանաւարտ եւ նշանաւոր ուսուցիչ Այնթապի Կ. Թ. գօլէժի. (1850-1909)։

Վերի թաղէն ետքը՝ խուժանը յարձակեցաւ հայ լուսաւորչականաց պատկանող վարի թաղին վրայ եւ հայ եկեղեցին պաշարուելով ամէն կողմէ, բազմաթիւ քրիստոնեաներու վրայ քարիւղ սրսկուեցաւ եւ կրակի տրուեցաւ, որուն մէջ այրեցան հինգ հարիւր երկսեռ հայեր, սոսկալի գոռում գոչումներով։ Դուրսը տավուլ ու զուռնան կը զարնուէր եւ խուժանը պար բռնած խրախճանութիւններ կը կատարէր…։ Զէնքերու գոռումները, զինուորական փողահարութիւնները, հրդեհներու մարդակեր բոցերուն ճարճատիւնները, տավուլ զուռնաներու ձայները, այրողներու սրտակսկիծ ճիչերն ու խուժանին վայնասունները, իրար խառնուած ահռելի վիճակ մը ստեղծած էին…։

Կրակին մէջէն փախչող յղի կիներու որովայնները կը պատռէին եւ սաղմերը դուրս կը թափէին եկեղեցւոյ դրան առջեւ, եւ նոյն իսկ կաթնատու մայրերը դիեցուցած մանուկները իրենց մօր դիակին քով պառկած կաթ կը ծծէին խուժանին աչքերուն առջեւ։ Այս վիճակին մէջ ողջ մնացած քանի՜ քանի՜ անտէր մանուկներ կրակին մէջ նետուեցան եւ կամ փողոցները շուներուն կեր եղան։ Օսմանիէի մէջ գործուած վայրագութիւնները Կիլիկիոյ եղեռնին գլուխ գործոցն է։

Վայրագ խուժանը եկեղեցին իր պարունակած հինգ հարիւր հոգիով մէկտեղ այրելէ ետքը, յարձակեցաւ Պագալեանի տան վրայ, որուն մէջ կային երեսուն այրեր եւ բազմաթիւ կիներ ու տղաքներ։ Ասոնցմէ հայ կին մը ճերմակ դրօշ մը բռնած դուրս ելաւ եւ աղաչեց որ խնայեն իրենց կեանքերուն, այն պայմանաւ որ պիտի ընդունին ինչ որ առաջարկուի իրենց։ Աղաչանքը իբրեւ թէ ընդունուելով, ջարդողները հոն գտնուող հայերը դուրս հանեցին եւ քիչ մ՚անդին գտնուող կառավարական պաշտօնատունը առաջնորդելու պատրուակով հրապարակին վրայ տարին եւ հոն ուրագներով, կացիններով, սուրերով, թուրերով եւ բիրերով կտոր կտոր ըրին ամբողջ այրերն ու շատ մը կիներ, միայն քսան եւ մէկ կիներ ու մանուկներ ազատեցան, ասոնք ալ վիրաւոր վիճակով, որոնք փոխադրուեցան կառավարութեան դուռը։

Պագալեանի տունն ալ այրելէ ետքը փողոցին մէջ արուակի մը եզերքը գտան զոյգ մը փոքրիկ հայ աղջիկներ որոնք իրենց ստացած վէրքերը կը լուային, խուժանը զոյգ մը հայ հրեշտակներն ալ իւրացուց գիւղերը փախցնելով։

Հայ թաղերը ամբողջապէս կործանելէ ետքը, սկսան բարեսիրտ թուրքերու տուները խուզարկել, վախնալով թէ մի գուցէ դեռ հայ մնացած ըլլայ եւ որով թերանան իրենց պարտականութեան մէջ։ Գտան վերջապէս թուրքի տուն մը, որուն մէջ պահուած էր յիսունի չափ այրեր եւ բազմաթիւ կիներ ու տղաքներ որոնք ամբողջութեամբ ջարդուեցան։ Իսկ այս միջոցին մի քանի Յոյներ կը զանազանուէին կարմիր կտաւէ փաթթոցներով, որոնց պատուիրուած էր առաջուընէ այնպէս շարժիլ։



Օսմանիէի նահատակներէն ՍԱՄՈՒԷԼ ԵՒ ԱՐՄԵՆԱԿ ՔԸԹԸՖԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ

Օսմանիէի զարգացած եւ փայլուն երիտասարդներէն տասն եւ եօթը հոգի փախած եւ ինկած էին հեռագրատունը, որուն բարեսիրտ պաշտօնեան՝ խղճալով անոնց վրայ պահած էր զանոնք պաշտօնատան առաստաղին մէջ։

Սակայն ջարդէն հինգ օր ետքը հեռագրատան պաշտօնեային տան թուրք սպասուհին՝ թաղին մէջ երթալով կը պոռայ թէ իրեն գտնուած տունը կեավըր կայ։ Անմիջապէս խուժանը՝ պաշարեց հեռագրատունը եւ առաջնորդութեամօ խուժանապետն Հաճի Հիւսէին էֆ[էնտի]ի պահանջեց որ հոն գտնուող հայերը իրենց յանձնուին։ Հաճի Հիւսէին էֆէնտին՝ որ Օսմանիյէ երկրորդ Աստուածն է, հայ տղաքներուն քով ելաւ եւ համոզեց որ պիտի խնայէ իրենց կեանքին եւ նոյնիսկ երդումներով վստահեցուց որ պիտի պաշտպանէ եւ որով հրաւիրեց յանձնել՝ առաջին անգամ իրենց զէնքերը եւ հետեւիլ իրեն։ Հայ տղաքները՝ վստահ Հաճի Հիւսէին էֆէնտիի կարողութեանը վրայ, փաթթուած էին անոր ոտքերուն, աղաչելով պաղատելով որ ի սէր Աստուծոյ խնայէ իրենց կեանքին։ Դժբախտ հայերը նախ հարսերու պէս կամ մորթուելիք ոչխարներու պէս դուրս հանուեցան եւ Հաճի Հիւսէին էֆ[էնտի]ի մէկ հրամանովը աչքին առջեւ իրարու վրայ խողխողեցին, 17 հատ հայ կտրիճները։ Մարդակերպ ճիւաղ Արապ Մէհմէտ եւ Ահմէտ կոչուածները մորթեցին հայ տղաքները։ Կատաղի գազան Արապ Մէհմէտը դժբախտ Սամուէլ Քըթըֆեանը խողխողած ատեն դուրս ժայթքող արիւնէն ափերովը խմելով գոչեց «Էլհամտուլլահ կեավըր գանը իչտիմ, արթըգ էօլմէմ. Փառք Աստուծոյ քրիստոնեայի արիւն խմեցի, ա՛լ չեմ մեռնիր…»։

Օսմանիէի հայութիւնը ամբողջապէս բնաջինջ ըլլալէ ետքը, մնացած մի քանի տարիքոտ կիները կառավարութեան պաշտօնատունը լեցուեցան եւ ջարդերէն ետքը, սկսան անոնց վրայ յարձակիլ մնացածներն ալ ջարդելու ստիպումով, կառավարութիւնը ընդդիմացաւ յայտնելով որ գոնէ անոնք իբրեւ նմոյշ պէտք է մնան։

Ապրիլ 1էն մինչեւ 15, ջարդը շարունակուեցաւ անդադար եւ ջարդուեցան բազմաթիւ հայորդիներ, որոնք ուրիշ տեղերէ Օսմանիէ կուգային, յուսալով թէ հոն ջարդ չի կայ, եւ կամ ճամբորդութեամբ կ՚իջեւանէին Օսմանիէ որոնք անմիջապէս դանակէ կանցնէին։

Օսմանիէի անձի կորուստը հազար հինգ հարիւրի կը հասնի»։



[1]            Օսմանիէ գաւառակը կը գտնուի Ատանայի Հիւսիսային Արեւելեան կողմը երեսուն եւ վեց ժամ հեռաւորութեամբ։ Ջարդէն առաջ ունէր 1000 տուն բնակիչ, որոնցմէ 200 տունը մեծամասնութեամբ Հաճընցի Հայեր էին եւ որոնք շատ բարեկեցիկ վիճակ մը ունէին, շնորհիւ իրենց ջանասիրութեան։ . Յ. Թ. )