ՀԱԼԷՊԻ
ՆԱՀԱՆԳԻՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ
ՏԵՂԵԿԱԳԻՐՆԵՐԷՆ
ՔԱՂՈՒԱԾՔՆԵՐ
Անթաքիոյ
ջարդին
շուրջը
կարեւոր
յայտնութիւններ
1909
Ապրիլ
6-ի
Բշ.
օրը
Ավնուլլահ
էլ
Քեազիմի՝
Խիւլէֆա
զատէ
Վահիտ
աղայի
ապարանքին
մէջ,
բոլոր
աղաները,
եւ
կառավարական
պաշտօնեաներէն
ոմանք,
Հիւսնի
աղա,
Քեամիլ
աղա,
Նազիմ,
Մէսրուր,
Ատալը
Մուհամմէտ,
Նիհատ,
միսթանթըգ
Րաիֆ
աղաները,
պէլէտիէ
րէիսի
Զէյվէտ
փաշա,
թահրիրաթ
քեաթիպի
Սաիտ
էֆ[էնտի]
էվգաֆի
պաշտօնեայ
Հասպի
էֆ[էնտի]
եւ
գիւղացիներուն
հրաւերագիր
ղրկող
Հաքիմ
էֆէնտին
եւ
ուրիշներ
հրաւիրելով,
վերջին
անգամ
ըլլալով
կ՚ըսէ
«այլեւս
կենալու
ատեն
չի
մնաց,
հայերուն
մեր
վրայ
յարձակելու
ժամանակը
մօտեցաւ,
մենք
իրենցմէ
առաջ
հարձակելու
են,
այսօր
հայերը
լմննալու
են,
եթէ
ոչ
իրենք
զմեզ
պիտի
վերջացնեն».
այն
ատեն
աղաներն
եւս
«մեզի
համար
ալ
սպասելու
ժամանաւ
չի
մնաց»
ըսելով,
քանի
մը
կիներ,
քանի
մը
այրեր
կը
պատրաստեն
եւ
ճամբաները,
շուկաները
կը
ղրկեն
եւ
«հայերը
թուրքերուն
վրայ
յարձակեցան,
կը
սպաննեն,
իսլամ
ժողովուրդ
հասէ՛ք»
ըսելով
պօռալ
կ՚ուտան։
Ներկայ
գտնուող
երիտասարդ
էֆէնտիներէն
Խէլէֆ
աղա
զատէ
Մուսթաֆա
աղա,
25
տարեկան
երիտասարդ
մը,
փողոց
իջնելով
երբ
իսլամ
ժողովուրդը
«հասէ՛ք
կը
կանչէ»,
կը
պոռայ
եւ
հաւաքուող
ժողովուրդը
մէկտեղ
առնելով
գըշլան
կը
տանի,
«մարթին
եւ
ռազմամթերք
կ՚ուզենք»
ըսելով
Մուսթաֆան
բռնութեամբ
զէնք
եւ
ռազմամթերք
կ՚առնէ,
եւ
այդ
ամբոխին
մէջէն
Պէրէքէթ
զատէ
Սամիհ
աղան
ալ
գըշլան
մտնելով
եւ
զէնքեր
մը
ռազմամթերք
առնելով
խուժանը
հայոց
թաղերը
կ՚առաջնորդէ,
եւ
Ավնուլլահ
էլ
Քեազիմի,
կառավարական
պաշտօնեաներէն
եւ
քաղքին
երեւելիներէն
ոմանց
հրամանով
ջարդը
կը
սկսի։
Այս
միջոցին
ոստիկան
զինուորներու
հարիւրապետ
Սիւլէյման
պէյ,
Պէլէֆ
աղազատէ
Վահիտ
աղայի
տունը
վազելով,
հոն
յիշեալ
անձերը
ամբողջութեամբ
ներկայ
կը
գտնէ,
եւ
«ամա՜ն,
էֆէնտիներ
օգնութիւն,
քաղաքը
կը
կործանի,
ի՞նչ
ընեմ»
կ՚ըսէ,
ասոր
ի
պատասխան
«Կառավարական
շէնքը
եւ
օտարահպատակները
պաշտպանէ
եւ
ուրիշ
բանի
մի
խառնուիր»
կ՚ըսեն,
հարիւրապետն
ալ
հնազանդելով
կ՚երթայ
եւ
ըսածնուն
պէս
կ՚ընէ։
Սոյն
դէպքը
ամբողջութեամբ
պատմողը
Մասարէճի
զատէ
Մուսա
աղան
է,
75
տարեկան
լուրջ
մարդ
մը,
որ
պատահմամբ
ներկայ
գտնուած
է
Ավնուլլահի
ժողովին
մէջ,
զինք
կարեւորութեան
չառնելով
վերոյիշեալ
խօսակցութիւնը
կ՚ընեն,
տրուող
անգութ
որոշումներէն
եւ
դէպքերէն
վերջին
ծայր
ցաւ
զգալով՝
իր
բարեկամներէն
Պէրէքէթզատէ
Րէշիտ
աղայի
տունը
կուգայ
եւ
կը
պատմէ
հո՛ն
Հարիրիզատէ
Հաճի
Սատըգ
էֆ[էնտի],
Իսպիր
օղլու
հաճի
Հիւսէյին
անձերն
եւս
գտնուելով
լսած
են
սոյն
պատմութիւնը։
Սատըգ
էֆ[էնտի]ն
ալ
եղելութիւնը՝
բարեկամներէն
Գավըգճը
զատէ
Րէշիտ
եւ
Ապտիւլղանի
էֆ[էնտի]ներուն
կ՚ըսէ,
Մուսա
աղանըն
օղլու
Էտհէմ
էֆ[էնտի]
որ
դէպքի
ատեն
շուկան
ըլլալով,
«Մուհամմէտի
ժողովո՛ւրդ,
վառօթ,
կապար
չունեցողը
թող
գայ,
հոս
Խէլ
աղա
զատէներուն
տունէն
ուզածնուն
չափ
թող
առնէ»
ըսելով
կը
պոռայ,
այս
Էտհէմ
էֆ[էնտի]ի
խօսքերը
թէեւ
շատեր
լսած
են,
սակայն
հիմակուհիմայ
Զիարէթ
գիւղէն
Ալի
աղան
միայն
կը
պատմէ։
Բարեկամներս
Րէշիտ
եւ
Ապտիւլ
Ղանի
էֆ[էնտի]ները
կ՚ըսեն,
«Եթէ
գիտնանք
որ
այս
դէպքերը
ամբողջութեամբ
ճշմարիտ
կերպով
պիտի
քննուին,
շատերը
ճշմարտութեան
վկայելու
պատրաստ
են։
Սա
ալ
կ՚աւելցնենք,
Խէլէֆ
աղա
զատէի
ապարանքին
մէջ
հաւաքուող
խառնակիչ
ժողովին
մէկ
ուրիշ
ճիւղն
ալ
Պէրէքէթ
զատէ
հաճի
Րիֆաթ
աղայի
տունը
Խարբերթցի
Միւֆսիտ
Մուսթաֆա
անուն
մէկուն
ձեռնարկութեամբը
կազմակերպուած
է,
այս
Մուսթաֆան,
փօլիս
Ապտիւլ
Գատիր
էֆ[էնտի]ի
կողմէ
թէեւ
բանտարկուած
է,
սակայն
Րիֆաթ
աղայի
տղան,
Կիրիտլի
Մուհարէմ
փաշա,
մեր
տեղակալին
երթալով
«Այս
մեր
հաւատարիմ
հիւրն
է,
իմ
երաշխաւորութեամբս
արձակեցէք»
ըսելով
ազատել
կ՚ուտայ
եւ
երաշխաւորութիւնը
առնելէ
ետք
անմիջապէս
ջարդը
կը
սկսի։
Քէօմիւր-չուգուրցի
Ալի
էֆ[էնտի],
Անթաքիայի
մեծ
իւլէման,
հայոց
ջարդին
սկիզբը
«Ձեր
այս
ըրած
ձեռնարկը
ճիշտ
չէ,
իսլամութեան
չի
վայլէր,
հարամ
է,
այս
բանը
եթէ
ընէք,
ոճրագործ
եք»
ըսելով
խրատած
է»։
«Աղէտէն
ետքը
—
Հալէպցի՝
թէքքէի
Շէյխ
Շահ
էֆ[էնտի]ին
տունը,
աղաները
գաղտնի
կերպով
հաւաքուելով
Շէյխ
էֆ[էնտի]ի
միջոցաւ
Պատ[երազմական]
Ատեանին
1000
ոսկիի
չափ
գումար
մը
իբր
կաշառք
կը
պատրաստեն,
աղաներուն
ոճիրը
թեթեւցնելու
պայմանաւ։
Այսպէսով
Պատ[երազմական]
Ատեանի
անդամներուն
կաշառակեր
եւ
անոնց
կողմնակից
ըլլալը՝
եւ
աղաներուն
արիւնարբու,
ոճրագործ
ըլլալնին
Մուսէրէճի
զատէ
Մուսա
աղա՝
մօտէն
թէեւ
գիտէ,
սակայն
կատարեալ
արդարութիւն
չ՚ըլլալով
վատանուն
վաստկելու
վախովը,
այսպիսի
ամենակարեւոր
խնդիր
մը
դուրս
հանելէ
կը
քաշուի
ինք,
ինչպէս
նաեւ
ընկերները
Պէրէքէթ
զատէ
Րէշիտ
աղա,
Իսփիր
օղլու
Հաճի
Հիւսէին
եւ
Հատիտի
զատէ
Հաճի
Սատըգ
էֆ[էնտի]ները։
Յիշեալ
էֆ[էնտի]ները
թէ՝
Քննիչ
Յանձնաժողովի,
եւ
թէ
աւելի
բարձր
յանձնաժողովի
մը
առջեւ
կանչուելով,
սպառնալիքի,
յանդիմանութեան
եւ
բանտի
միջոցաւ
եթէ
ստիպել
տրուի
բոլոր
գիտցածնին
պատի
յայտնեն։
Եթէ
ոչ
Անթաքիոյ
ջարդի
բուն
գաղտնիքը
թագնուած
պիտի
մնայ։
Ավնիւլլահ
էլ
Քեազիմի
եւ
աղաներուն
դաւադրութիւնը,
Մուսա
աղան՝
Պէրէքէթ
զատէ
Րէշիտ
աղայի
սենեակը,
Հատիտի
զատէ
Սատըգ
էֆ[էնտի]ին
եւ
Իսփիր
օղլու
Հաճի
Հիւսէյին
աղային
կը
պատմէ,
Սատըգ
էֆ[էնտի]ն
ալ
այս
բոլոր
լսածները
Գավըգճը
զատէ
Րէշիտ
եւ
եղբայրը
Ապտիւլղանի
աղաներուն
կը
պատմէ։
Րէշիտ
աղան
ալ
ինծի
գաղտնի
կերպով
ըսելով,
յիշեալ
իրականութեան
իմացուելուն
միջոցը
գտնելու
փափաքովը՝
իմ
ուզած
հաւատարիմ
անձերէս
մէկուն
պատմելս
թոյլ
տուաւ,
ես
ալ
գալով
Տ.
Սահակ
հօր
պատմեցի»։
֎֎֎
Հալէպի
«Էլթէգատտիւմ»
Արաբ.
թերթին
16/29
Յունիս
եւ
12
թիւ
օրինակէն
թարգմանուած
«Լիսան
իւլ
Հալ
գրած
է
«Անթաքիոյ
աղաները
յայտնած
են
թէ՝
իրենք
ջարդի
պատասխանատուութենէ
չեն
վախնար
հանդէպ
կառավարութեան,
ըստ
որում
վալին
եւ
գայմագամը
կամակից
եղած
են
իրենց,
հետեւաբար
Պատ[երազմական]
Ատեանէն
կը
վախնան
միայն։
Մենք
վստահելի
աղբիւրներէ
իմացանք
եւ
լրագիրներէ
տեղեկացանք
որ՝
այս
սոսկալի
կոտորածին
գլխաւոր
թելադրիչները
եւ
ահռելի
ոճիրներու
եւ
թալանի
ծրագիրը
պատրաստողներն
եղած
են
յիշեալ
քաղաքին
աղաները։
Քաջայոյս
ենք
որ
Պատ[երազմական]
Ատեանը
կարեւորութիւն
չպիտի
ընծայէ
այդ
կեղեքիչ
անպիտաններուն
խօսքերուն
եւ
միջամտութեանց
եւ
յառաջ
պիտի
տանի
քննութիւնները
օրինաւորապէս
պատժելու
համար
յանցապարտները։
Մենք
եւս
իրաւունք
ունինք
յայտնելու
մեր
զարմանքը՝
թէ
Անտիոքի
ծանօթ
դէպքը՝
որ
բացայայտ
իրականութիւն
մ՚է,
ինչո՞ւ
արդեօք
ցարդ
չեն
ձերբակալուած
աղաները,
որոնք
պատճառ
եղան
այսքան
վայրագութեանց
եւ
խողխողումներու,
եւ
առանց
անոնց
թելադրութիւններուն
ոչինչ
կարելի
է
տեղի
ունենալ
Անթաքիոյ
մէջ»։