ՃԷՊԷԼԻ
ՊԷՐԷՔԷԹ
(ԷՐԶԻՆ)Ի
ՄԻՒԹԷՍԱՐԸՖ
ԱՍԱՖ
ՊԷՅԻ
ՀԵՌԱԳԻՐՆԵՐԸ
Ճէպէլը
Պէրէքէթ
կամ
Էրզինի
միւթէսարըֆ
Ասաֆ
պէյ՝
աղէտին
տարածմանը
համար
ամէն
միջոց
գործագրեց
եւ
նոյն
Օսմանիէի,
Պաղչէի,
Հասան
Պէյլիյի
եւ
շրջականերուն
մէջ
ջարդուած
հազարաւոր
քրիստոնեաներուն
դահիճը
այս
մարդը
կրնայ
սեպուիլ։
Անխիղճ
կառավարիչը
Ատանայի
աղէտին
լուրը
առած
վայրկեանին
հեռագրած
էր
Օսմանիէ
եւ
Պաղչէ
որ
Ատանայի
հայերը
ապստամբած
եւ
տակնուվրայ
ըրած
են
քաղաքը։
Այս
սոսկալի
լուրը
հասած
ատեն
տեղւոյն
թուրքերը
բնականաբար
գրգռուած
եւ
մոլեռանդական
տգիտութիւնով
մը
քար
ու
քանդ
ըրած
էին
այն
կողմերուն
հայութիւնը։
Դժբախտաբար
թէեւ
չունինք
այն
անիծեալ
հեռագիրենուն
պատճէնները,
սակայն
պարունակութիւնները
լսած
ենք
ամենէն
հաւատալի
եւ
իրազեկ
աղբիւրներէ։
Հոս
պիտի
ներկայացնենք
միայն
Ներքին
Գործոց
Նախարարութեան
ուղղեալ
խռովայոյզ
եւ
զրպարտալից
մի
քանի
հեռագիրները,
որոնց
մէջ
ալ
կը
պատկերացնէ
իր
ներքին
սեւ
հոգին։
Աղէտէն
ետքը
կազմուած
Ատանայի
Պատերազմական
Ատեանը՝
կուսակալ
Ճէվատ
պէյի
տրուածին
աստիճան
թեթեւ
պատիժով
մ՚ալ
դատապարտեց
այս
մարդը,
որուն
համար
կը
լսենք
թէ
այսօր
դարձեալ
կարեւոր
պաշտօնի
մը
կոչուած
է։
Ահա
Ասաֆ
պէյի
հեռագիրներէն
մի
քանին,
որոնք
իր
կեանքին
սեւ
էջերը
պիտի
կազմեն
եւ
իր
զոհերն
ու
հազարաւոր
որբերն
ու
այրիները
անէծք
պիտի
կարդան
յաւիտեան։
֎
Էրզին
3
Ապրիլ1325
«Այսօր
Տէօրթ-Եօլի
շրջականերէն
4000ի
չափ
Հայեր՝
Մարթինի
հրացաններով
զինուած՝
գիւղաքաղաքին
շուրջը
կ՚ամրանան,
ծառեր
կը
կտրեն,
պատնէշներ
կը
շինեն։
Կը
տեղեկանանք
թէ՝
շրջակայ
գիւղերու
Իսլամները
իրենց
սահմաններուն
մէջ
կը
հաւաքուին։
Ոստիկանութեան
քօմիսէրը,
ժանտարմաներու
հրամանատարը
եւ
քանի
մը
երեւելիներ
ղրկուեցան
Օճագլըի
գիւղը,
երկու
կողմերուն
ալ
խրատներ
տալու
եւ
մինչեւ
զօրախումբերու
գալուստը
սպաննութիւնները
արգիլելու
հավար»։
Ճէպէլը
Պէրէքէթի
միւթէսարըֆ
ԱՍԱՖ
ԷՍԱՏ
Օսմանիէի
մէջ
նահատակուած
ՎԵՐ.
ՍԵԴՐԱՔ
ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ.
Այնթապի
եւ
Խարբերդի
Աստուածաբանական
վարժարաններէն
շրջանաւարտ։
Օսմանիէի
մէջ
նահատակուած
ՊԱՏ.
ՆԵՐՍԷՍ
ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ.
Հիւսնի
Մանսուրի
…
֎
Էրզին
3
Ապրիլ1325
«Այս
կողմէն
շատ
ուժգին
հրացանաձգութիւն
մը
կը
լսուի։
Եթէ
յարձակումը
սկսի
պիտի
ստիպուիմ
ընտաիքիս
եւ
բնակչութեան
հետ
Օսմանիէ
ապաստանիլ,
քանի
որ
այս
տեղը
պաշտպանելու
համար
բնակիչներէն
եւ
զինուորներէն
առ
առաւելն
200
հոգի
միայն
պիտի
կրնան
կռուիլ։
Սանճագնիս
(այսինքն
իր
վարչութեան
տակ
գտնուող
գաւառներն
ու
գիւղերը)
բոցերու
մէջ
է,
անպատճառ
երեք
կամ
չորս
վաշտ
զօրք
ղրկելու
է»։
֎
Էրզին
3
Ապրիլ1325
«Կացութիւնը
երթալով
կը
վատթարանայ։
Պաղչէի
մէջ
ոստիկանապետութիւնն
իսկ
վստահելի
չէ։
Տէօրթ-Եօլի
մէջ
մօտաւորապէս
հինգ
հազար՝
Մարթինիներով
զինուած
հայ
կայ։
Անոնք
ամրութիւններով
գիւղը
շրջապատած
են
եւ
հետզհետէ
կը
պաշարեն
շրջակայ
գիւղերը։
Սանճագին
կեդրոնը
սոսկալի
կերպով
սպառնալիքի
տակ
է։
Կիները
կուլան։
Սանճագը
ողբ
ու
կոծով
կը
թնդայ։
Շնորհք
ըլլուի
աճապարանքով
գոնէ
կանոնաւոր
զօրքի
ջոկատ
մը
ղրկելու
եւ
Իսկէնտէրունի
պահեստիները
այս
գիշեր
իսկ
ճամբայ
հանուին։
Պաղչէի
գաիմագամը
կը
ծանուցանէ
թէ
Զէյթունէն
եւ
Մարաշէն
բազմաթիւ
Հայեր
գիւղախումբը
պիտի
այրեն։
Կը
խնդրենք
որ
այս
վտանգը
խափանելու
համար
ստիպողական
հրամաններ
տրուին
Հալէպի
իշխանութեան»։
֎
Էրզին
3
Ապրիլ
325
«Տէօթ-Եօլի
Հայերը
թիւով
հինգ
հազարէն
աւելի
են։
Խրատներ
տալու
համար
ղրկուած
հազարապետը
եւ
իրեն
ընկերացողները
վերադարձան
չի
կրնալով
անոնց
հետ
տեսակցիլ։
Հայերուն
կողմէ
ժողովուրդին
վրայ
սոսկալի
հրացանաձգութիւն
մը
սկսաւ։
Իսլամները
դիմադրելու
համար,
գաւազաններ
միայն
ունին,
մինչդեռ
միւիսները
կատարելապէս
զինուած
են։
Մեր
ժողովուրդը
հայերուն
կէսէն
ալ
քիչ
է։
Եթէ
այս
գիշեր
Տէր
մի
արասցէ
անոնք
յաղթեն
(Հայերը)
եւ
կեդրոնը
գան,
ոչ
մէկ
ողջ
մարդ
պիտի
մնայ։
Անմիջապէս
հոս
ղրկեցէք
Իսկէնտէրունի
մարդիկը
եւ
այն
ջոկատը
որ
պարտի
գալ.
ասկից
զատ
փափաքելի
է
որ
Միսիսէն
ալ
ջոկատ
մը
ղրկուի։
Վայրկեանները
հետզհետէ
աւելի
թանկագին
կ՚ըլլան
եւ
ողբ
ու
կոծերը
մինչեւ
երկինք
կը
բարձրանան»։
֎
Էրզին
3
Ապրիլ1325
«Պաղչէի
գաիմագամը
կը
տեղեկագրէ
թէ
դէպքերը
մեծապէս
ծանրացած
են,
թէ
ժողովուրդը
յուզուած
է,
աղաղակներ
կ՚արձակէ
եւ
թէ
պէտք
է
հոն
զօրագունդեր
ղրկել։
Քանի
որ
ասկից
ղրկելը
անկարելի
է,
եթէ
կարելի
է
Իսլահիէ
եւ
Օսմանիէ
Գազաներէն
օգնական
ուժեր
զրկուի.
Իսլամները
կը
համախմբուին,
յանձնարարուեցաւ
գաիմագամին
որ
անոնք
(իսլամները)
միմիայն
ինքզինքնին
պէտք
է
պաշտպանեն,
բայց
ինչպէս
որ
Ձեր
Վսեմութեան
ծանօթ
է,
բնակիչները
չի
պիտի
կրնան
ինքզինքնին
պաշտպանել,
որով
բացայայտ
է
թէ
ծանր
դէպքեր
տեղի
պիտի
ունենան,
զօրախումբերու
պէտք
կայ»։