ՖԷՔԷԻ
ԴԷՊՔԸ
Ֆէքէ
կամ
Վահգայ
որ
կը
գտնուի
Սիսի
եւ
Հաճընի
մէջտեղը,
Կիլիկիոյ
ջարդին
մէջ
ենթարկուեցաւ
խռովութեան,
տեղւոյն
եւ
շրջակայ
գիւղացի
թուրքերը
ուզեցին
հայերը
ջարդել
եւ
սակայն
շնորհիւ
տեղւոյն
գաիմագամին
աչալուրջ
հսկողութեանն
ու
մարդասիրութեանը,
հայերը
ազատեցան,
հազիւ
մի
քանի
զոհեր
տալով։
Նոյնպէս
Ֆէքէի
մօտ
գտնուող
Եէրէ-Պագան
գիւղն
ալ
անձնապաշտպանութեան
շնորհիւ
ազատեցաւ։
ԱՏԱՆԱՅԻ
ՆԱՀԱՆԳԻՆ
գրեթէ
ամէն
կողմերը
խռովութիւն
կը
տիրէր
1909
Ապրիլ
1
էն
մինչեւ։
Այս
տասն
եւ
հինգ
օրուան
մէջ
թալանուեցան,
ջարդուեցան,
քանդուեցան
եւ
այրեցան
բոլոր
քրիստոնէաբնակ
գիւղերն
ու
գիւղաքաղաքները։
Միայն
Սիլիֆքէ
(Սելեւիկա)ի
սանճագը
մասամբ
զերծ
մնաց
աղէտէն։
Գարաիսալը
կամ
Չէճէլի
գաւառակի
կոդրոնը
գտնուող
մի
քանի
Հաճընցի
հայերը՝
ազատեցան
տեղւոյն
գաիմագամին
մարդասիրութեանը
շնորհիւ,
յիշեալ
տեղակալը
ազնուութիւնն
ունեցած
էր
կեդրոնը
գտնուող
հայերը
պաշտօնատուն
բերելով
բանտարկել
եւ
խուժանին
յայտարարել
որ,
եթէ
պէտք
ըլլայ
ինք
իր
ձեռքովը
պիտի
սպաննէ։
Հակառակ
խուժանին
բուռն
յարձակումներուն
գաիմագամը
զէնք
ի
ձեռին
բանտին
դուռը
սպասած
է
պահելով
եւ
պաշտպանելով
տասնեակ
մը
քրիստոնեաներու
կեանքերը։
Իսկ
Գարաիսալըի
գիւղերը
գտնուող
թշուառ
Հաճընցի
արհեստաւորները
ամբողջապէս
ջարդուեցան։
Նոյնպէս
Ատանայի
մօտիկը
գտնուող
Ինճիրլի
եւ
Հայ
գիւղերն
ու
վեց
ժամ
հեռուն
գտնուող
Գարատաշ,
Եումուրթալըգ
եւ
շրջակայ
տեղերը
գտնուող
մեծամասնութեամբ
Հաճընցի
հայերն՝
ամբողջապէս
ջարդուեցան
անխնայ,
կատարեալ
վայրագութեամբ։