ԱՏԱՆԱՅԻ
ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ
ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԸ
ԱՊԱՍՏԱՆՈՂՆԵՐ
Աղէտէն
ետքը
հետապնդումը
հետզհետէ
մասնաւորեցաւ
Հայ
Յեղափոխական
Կուսակցութեանց
անդամներուն
հանդէպ,
եւ
որով
կարգ
մը
անձեր
խոհեմութիւն
ըրին
Անգլիական
Հիւպատոսարանը
ապաստանիլ։
Այս
մասին
Պոլսոյ
Ներքին
Գործոց
Նախարարութենէն
Ատանայի
Կուսակալութեան
ուղղուած
հարցումի
մը
ի
պատասխան՝
Ատանայի
Կուսակալ
Մուսթաֆա
Զիհնի
փաշա
պատասխանած
է
հեռագրին
պատասխան
—
Անգլիական
Հիւպատոսարանը
ապաստանած
Չալեան
Կարապետ՝
Հնչակեան,
Պզտիկեան
Զաքարիա՝
Դաշնակցութիւն
կուսակցութեանց
նախագահներն
ըլլալնին,
Տօքթ.
Րէճէպեանին
եւս
Հնչակեան
կուսակցութեան
անդամներէն
ըլլալը
եւ
օտար
տէրութեանց
միջամտութիւնը
հրաւիրելով
հոս
Հայկական
իշխանութիւն
մը
հաստատելու
նպատակով
տեղի
ունեցած
խռովութիւնը
պատրաստող
յեղափոխականներուն
պետերը
ըլլալնին,
վերջերս
կատարուած
քննութիւններէն
հասկցուած
է
եւ
ասիկայ
ոստիկանութեան
Տնօրինութեան
կողմէ
տրուած
լուրին
վրայ
կ՚իմացնեմ։
18
Ապրիլ
1325։
Յիշեալները
Պատերազմական
Ատեանին
յանձնուեցան
Անգլիական
Հիւպատեսին
առաջնորդութեամբը
եւ
հազիւ
մի
քանի
շաբաթ
բանտարկուելէ
ետքը
արձակուեցան
Պատերազմական
Ատեանին
կողմէ։
Ատանայի
առաջին
աղէտէն
ետքը
Բ.
զօրաբանակէն
ղրկուած
զինուորները։
֍
Մահուան
դատապարտուեցաւ
ի
բացակայութեան
Ատանայի
Հայոց
Առաջնորդ
Տ.
Մուշեղ
Եպիսկ[ոպոս]
Սերովբեան
որուն՝
չենք
գիտեր
թէ
ի՞նչ
յանցանք
վերագրուած
եւ
ո՞ր
վկաներով
հաստատուած
էր։
Ասոնցմէ
զատ
այլ
եւ
այլ
աստիճաններով
բազմաթիւ
Հայեր
դատապարտուեցան
որոնք
փոխադրուեցան
Ռատոս
ու
Պօտրում
եւ
որոնք
տարիներով
ծանր
շղթաներու
տակ
չարչարուելէ
ետքը
վերջերս
ընդհանուր
ներումով
ազատեցան
եւ
որոնց
անուններն
են
հետեւեալները։
Հեծելանիւով
ոստիկաններ,
որոնցմէ
երկուքը
Հայ
են։
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԱՂԷՏԻՆ
ԱՌԹԻՒ
ՄԱՀՈՒԱՆ
ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ
ՀԱՅԵՐԸ
Ատանացի |
Գասապ
Միսաք |
28
տարեկան |
մահուան |
որ
կախաղան
ելաւ
Ատանայի
մէջ |
Ատանացի |
Յովհաննէս
Պուլտուգեան |
40
տարեկան |
մահուան |
որ
կախաղան
ելաւ
Ատանայի
մէջ |
Ատանացի |
Յարութիւն
Պուլտուգեան |
26
տարեկան |
մահուան |
որ
կախաղան
ելաւ
Ատանայի
մէջ |
Ատանացի |
Կարապետ
Պուլտուգեան |
24
տարեկան |
մահուան |
որ
կախաղան
ելաւ
Ատանայի
մէջ |
Ատանացի |
Գէորգ
Չէնէսիզեան |
50
տարեկան |
մահուան |
որ
կախաղան
ելաւ
Ատանայի
մէջ՝ |
Հաճընցի |
Գարեգին
Աճէմեան |
24
տարեկան |
մահուան |
որ
կախաղան
ելաւ
Էրզինի
մէջ |
Հաճընցի |
Նազարէթ
Շխրտմեան |
28
տարեկան |
մահուան |
որ
յետոյ
ցկեանս
բերդարգելութեան
փոխուեցաւ |
Հաճընցի |
Հրանդ
Պըլլըխեան |
27
տարեկան |
մահուան |
որ
յետոյ
ցկեանս
բերդարգելութեան
փոխուեցաւ |
Հաճընցի |
Զադիգ
Չըգրըգեան |
28
տարեկան |
մահուան |
որ
յետոյ
ցկեանս
բերդարգելութեան
փոխուեցաւ |
Հաճընցի |
Սարգիս
Չըգըրըգեան |
32
տարեկան |
մահուան |
որ
յետոյ
ցկեանս
բերդարգելութեան
փոխուեցաւ |
Հաճընցի |
Ասատուր
Փաչափանոսեան |
15
տարեկան |
մահուան |
որ
յետոյ
ցկեանս
բերդարգելութեան
փոխուեցաւ |