2
ԱՊՐԻԼ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
«Տիեզերքի
պատմութեան
էջերուն
մէջ,
արիւնոտ
օր
մ՚ալ
կ՚արձանագրուէր։
Առտու
եղաւ,
վառօթի
եւ
հրդեհի
մուխերէն
կազմուած
թանձր
ամպ
մը
շրջապատած
ըլլալով,
մեր
սիրտերուն
յուզիչ
տխրութիւն
մը,
խորին
յուսահատութիւն
մը
կը
պատճառէր»։
«Իսլամ
երիտասարդները՝
առտու
եղածին
պէս
մաս
առ
մաս
դիմադրութեան
գիծեր
հաստատեցին։
Էսկի
Սէրայի
կողմերը՝
իսլամ
տուներն
ու
փողոցները
գնդակ
նետող՝
հայերու
տուներուն
վրայ
«Ալլա՜հ,
Ալլա՜հ»
պոռչտուքներով
յարձակումի
սկսան։
Այս
յարձակուած
տուներուն
դռները
մինչեւ
որ
կոտրուէր
եւ
ներս
խուժուէր,
անպատճառ
մի
քանի
իսլամ
նահատակներ
կը
տրուէր։
Ներս
մտնելէն
ետքն
ալ
կիներէ
եւ
կամ
մի
քանի
ծերերէ
զատ
բան
մը
չէր
գտնուէր։
Որովհետեւ
մէկ
տունէն
փախչող
հայ
մը՝
մէջտեղ
գտնուող
ճամբաներէն,
ցած
տանիքներէն
իր
անձը
հինգ
տասը
տուն
անդին
կրնար
կոր
նետել»։
«Իսլամները՝
ամենէն
գրգռուած
միջոցնին
իսկ
ձեռքերնին
անցած
կին
ու
մանուկները՝
վերջին
աստիճան
խնամքով
կը
պաշտպանէին
մզկիթներու
եւ
տուներու
մէջ,
ի
վերջոյ
կառավարութեան
յանձնելու
նպատակով։
Ամէն
ստորին
նպատակներէ
զերծ
եղող
այս
պարագան՝
իսլամներու
մարդասիրութեանը
ապացոյցն
է»։
«Իսլամներու
այս
մարդասիրութեանը
հակառակ,
հայերու
կողմէ
իսլամ
կիներու
եւ
տղաքներու
վայրագօրէն
սպաննուիլը՝
մարդկային
պատմութեան
արատ
բերող
վիճակներէն
է»։
ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«ԻԹԻՏԱԼ»Ի