ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՋԱՐԴԸ ՍԿՍԱՒ

Իրիկուան դէմ ժամը 10ին . Թ. ) էր յանկարծ սոսկալի վայնասուն մը եւ իրարանցում մը սկսաւ։ Գտնուած տեղէս գլխաբաց դուրս կը նետուիմ եւ ի՞նչ տեսնեմ, յիսունի չափ սօֆթաներ վազելով կուգային դէպի մեզ, 12 տարեկան հայ պատանիի մը ետեւէն պոռալով «տութո՛ւն, տութո՛ւն, կերավըրըն օղլու Եաղ Ճամիսինէ աթէշ վէրիյոր իտի. Բռնեցէ՜ք, բռնեցէ՜ք, քրիստոնեային տղան Եաղ-Ճամիսին [1] կրակի կուտար»։ Հայ պատանին կը փախչէր, փաթթոցաւորները՝ իբր թէ զայն կը հալածէին եւ հազիւ թէ մեր մէջ հասած իրենց ձեռքերուն զէնքերն սկսան պայթիլ միաձայն, ահ ու դողի մատնելով զմեզ։ Այլեւս կորսուած էինք, որովհետեւ անոնք կատարելապէս զինուած վիճակի մէջ մնացին, իսկ մեր զէնքերն առին, ինչո՞վ պիտի դիմադրէինք։ Բոլորովին յուսահատած լաց ու կոծի մատնուեցանք։

Անդին խուժանէն՝ մէկ մասը նորեկ զինուորներուն վրայ հեռուներէն հրազէն պարպելով հեւ ի հեւ վազեն եւ զինուորներուն լուր կուտան թէ «Հայ Ֆէտայիները թուրք թաղերուն վրայ յարձակեցան, մեր իսլամները կը ջարդուին շուտ օգնութեան հասէք» եւ նորեկ զինուորները առանց հարց ու փորձի, նոյն իսկ իրենց ճաշը ընդհատած եւ զէնքերնուն փարած՝ վազեցին եկան խեղճ քրիստոնեաներուս վրայ։ Այս պարագան հաստատուած է նոյն իսկ պաշտօնական տեղեկագիրներով։



Ատանայի երկրորդ ջարդին առաջին նահատակը ՊՕՂՈՍ ԷՖ[ԷՆՏԻ] ԹԱԳՒՈՐԵԱՆ. Աւագ-երկրաչափ Ատանայի նահանգին. 1860-1909։


Սօֆթաներու վազվզուքին յաջորդեց կանոնաւոր զօրքերու արշաւը, որոնք սկսան կրակ թափել ամէն կողմ։

Յանկարծ հրդեհներն ալ բարձրացան ամէն կողմերէն։ Ո՜հ պիտի այրէինք, ա՛լ ազատութեան յոյսի նշոյլ մը իսկ չէր մնացած։ Ողբ, կոծ, վայնասուն, օգնութեան աղաղակներու հրազէններու ձայները. հրդեհներու ճարճատիւնները իրարու խառնուած՝, առաջին աղէտէն հազարապատիկ աւելի աստիճան սոսկալի ահ ու դողի մատնեցին զմեզ։ Առաջինին գոնէ մէյ մէկ զէնք ունէինք եւ անոնց կը վստահէինք, սակայն հիմա ամէն բանէ զրկուած, առանց ամենափոքր ընդդիմութեան մը, պիտի ջարդուէինք կամ այրուէինք անվրէպ։ Առաջին ջարդին միջոցին խուժանին ձայնը հեռուներէն կը լսէինք, մինչդեռ հիմա մեր մօտը կեցած մեր աչքին առջեւ կրակի կուտար մեր շէնքերը զմեզ ալ միասին այրելու տենջով։

Մեր թաղերուն ամէն կողմերը կրակ դրուած էր եւ հրդեհները կը մօտենան մեզ վայրկեանէ վայրկեան։ Տունէն դուրս ելողը կամ պատուհանէն նայելու յանդգնողը վայրկենապէս կը զարնուի։ Իսկ տունէն դուրս չելլողներն ողջ ողջ կ՚այրին, որով շուարած էինք թէ ինչ միջոցի պէտք էր դիմել կամ ո՞ւր երթալ։ Ո՞ւր եւ ինչպէս փախչիլ։ Ո՜հ Հայուն անխիղճ Աստուածը չէր հաճէր յետին ակնարկ մը նետել, կորսուած էինք բոլորովին յուսահատ։ Հրազէն մըն ալ չունինք որ գոնէ գնդակով մը ինքզինքնիս անշնչացնենք, փոխանակ կրակներու մէջ երկար տանջանքներով մեռնելու։

Եկեղեցիներուն մօտակայ տուները գտնուողները պատերը ծակելով եւ տունէ տուն անցնելով եկան ինկան եկեղեցիներուն մէջ։ Այսպէս մենք ալ ընտանեօք՝ Ս. Ստեփաննոս եկեղեցւոյ շատ մօտիկ գտնուելով մէկտեղ հազիւ երեք ժամէն կարողացանք գտնել եկեղեցին  որ լեցուած էր իրարու վրայ ահագին բազմութիւնով մը։

Գիշերուան ժամը 3ին ատենն էր, հրդեհները պաշարեցին զմեզ։ Մեր մօտը գտնուող Հայոց նոր շուկան եւ յարակից Մուշեղեան վարժարանի ընդարձակ շէնքերը կ՚այրէին սոսկալ ճարճատիւններով։ Հրդեհներ բոցերէն լուսաւորուած էր ամբողջ քաղաքը եւ հրազէնները կը պայթէին ու կը պայթէին անընդհատ։

Հրդեհները կատաղի գազաններու պէս կը լափէին ու կը լափլիզէին իրենց առջեւ հանդիպածները, հետզհետէ ճիւղաւորուելով ամէն կողմ։

Առաջին ջարդէն ազատող քրիստոնեաները մեծ մասով լեցուած էին Հայոց, Հայ-կաթոլիկաց, Հայ-բողոքականաց, Յիսուսեան Հարց, Ասորիներու, Քիլտանիներու եկեղեցիներն ու դպրոցները իրարու վրայ. իսկ ասոնցմէ դուրս գտնուածները կ՚այրէին սոսկալի ճիչերով։ Մուշեղեան վարժարաններուն մէջ կ՚այրէին դժբաղդ գիւղացիները, որոնք առաջին ջարդին՝ լեղապատառ փախած ինկած էին կեդրոնը եւ որոնց այրած ատեն հանած ճիչերուն ու զոռում գոչումներուն ահռելի արձագանգները միշտ կը հնչեն ականջնիս, ծակծկելով արդէն վիրաւոր սիրտս։

Մեր գտնուած Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիին մօտը գտնուող Իսպիր-Օղլու օթէլին կրակը բարձրացաւ մինչեւ երկինք՝ կարծես արթնցնելու համար Հայոց Աստուածին թմրած գութը։ Դիմացը աչքիս առջեւ կ՚այրէր փառաւոր դեղարանս, ժողովուրդին ախ ու վախին մէջ։ Միւս կողմէն հրդեհին մէկ ճիւղը Գօնտուրաճըլարի շուկան մոխիր դարձուցած զմեզ ողջունեց եւ արշալոյսն ծագեցաւ։

Երկսեռ ժողովուրդը ամբողջապէս ծունկի եկած աղեկտուր ձայներով ու լաց ու կոծերով «Տէր ողորմեա կը կանչէր եւ դուրսը խուժանը եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ ՋՈՒՐԻ ՏԵՂ ՔԱՐԻՒՂ կը սրսկէր ջրահաններով, եւ մավզէրի մէկ երկու հարուածներով եկեղեցւոյ Առաջնորդարանը կրակ առած էր։ Եկեղեցւոյ բակն ալ ելլել անկարելի դարձաւ, որովհետեւ կարգը եկեղեցիին եկած էր։ Տաճարին ներսը սոսկալի տաքով՝ խեղդող մուխ մը սկսաւ լեցուիլ։ Հակառակ ամբողջապէս քարաշէն ըլլալուն ջերմութեան սաստկութենէն գմբէթը պատերն ու մարմարեայ սիւներն ճաթեցան։ Ժողովուրդն այլեւս յուսահատ սկսաւ միաձայն պոռալ «Օգնութի՜ւն, օգնութի՜ւն, խղճացէ՜ք, կ՚այրի՜նք»։

Կիները արիւն արցունքներով «Տէր ողորմեա» կը կանչեն, այրերը «լռութիւն» կը գոչեն, մանուկները շնչահեղձ կ՚ըլլան, գոռում, գոչում, աղմուկ եւ իրարանցում ճշմարիտ դժոխքի մը վերածուած էր Ս. Ստեփաննոս եկեղեցին։

Երկրորդ օրուան Արեւածագէն ետքը՝ հրացանաձգութիւնները սաստկացան։ Մզկիթներու մինարէներէն եւ ժամացոյցի աշտարակէն կրակ մը թափէին ամէն կողմ։ Մենք չէինք գիտեր թէ մեր միւս ազգակիցները ի՞նչ վիճակի մէջ էին եւ անոնք ալ մեզմէ լուր չունէին։

Եկեղեցւոյ փայտաշէն Առաջնորդարանն ու զանգակատունը այրելէ ետքը, խուժանը պաշարեց եկեղեցին, լափելու համար անշուշտ անմեղներս։ Ո՞ւր փախչինք, որո՞ւ գութին դիմենք։

Յանկարծ մօտակայ Ասորի եկեղեցին ապաստանիլ առաջարկուեցաւ եւ փորձի համար մէկ քանի հոգի քաջութիւնն ունեցանք առաջ անցնելու։ Պատերը ծակելով հասանք վերջապէս մօտակայ Ասորի եկեղեցին։ Մինչդեռ հոն մեր Ասորի եղբայրներն ալ գտանք մեզ պէս յուսահատ վիճակի մէջ։ Ասորիներու փոքրիկ եկեղեցին լեցուած էր իրենցմով եւ երբ անոնք զմեզ տեսան սկսան պոռալ որ հեռանանք, ետ դառնանք։ Այս սրտամորմոք վայրկենին ամէն նախատինքի դիմանալով չուզեցինք բաժնուիլ իրենցմէ եւ կեցանք եկեղեցւոյ բակին մէջ, բացօթեայ տեղ մը, եւ ահա հեռուներէն նետուած գնդակներն սկսան թափուիլ մեր վրայ։ Քովս կեցած փոքրիկ Աւետիսեան մը՝ մօրը քովը ծունկի եկած՝ բազկատարած կ՚աղօթէր, ուրիշ մը անընդհատ կը խաչակնքէր, երրորդ մը գնդակէ մը զարնուած գետին կը փռուէր եւ այս վիճակին մէջ մեր դահիճներուն գալուն կը սպասէինք…։

Պահ մը Ասորի քահանան առաջարկեց ճերմակ ու օսմանեան դրօշներ պարզելով եւ «փատիշահըմ չօգ եաշա» գոչելով կառավարութեան դուռը ապաստանիլ եւ սակայն վախցանք ամբողջական կոսորածէ մը, ինչպէս որ եղան դժբախտ Մէրտինցի քիլտանիները միեւնոյն ժամուն։ Ասորի քահանան իր առաջարկին վրայ հաստատ, փորձեց մէկ քանի հարիւր հոգիներով դուրս ելլել եւ հազիւ թէ բակին դուռը ելան, սոսկալի յարձակումի մը ենթարկուեցան եւ տասնեակ հոգիներ զոհ տալէ ետքը դարձեալ ետ խուժեցին եկեղեցւոյ բակը։ Խուժանը Ասորի եկեղեցւոյ Ճամըղ-Կէօլիի կողմին դուռը գալով՝ սկսաւ կացիններով խորտակել եւ մենք այս տեսարանէն շփոթած սկսանք փախչիլ դէպի մեր նախկին տեղը Հայոց եկեղեցին։ Խուժանը ներս խուժելով սպաննած էր Ասորի քահանային մէկ հատիկ մանչ զաւակը եւ վիրաւորած Ասորի քահանան, եւ անմիջապէս կրակի տուած էին խեղճերուն փոքրիկ եկեղեցին ու դպրոցը։ Խեղճ Ասորիներն ալ խուժեցին եկան մեր մօտ գուժելով իրենց վիճակը եւ պաղատագին խնդրելով որ կիսաւեր ու ճաթած եկեղեցիին մէջ ընդունինք։ Անոնք ալ անշուշտ առինք ներս՝ եւ կրակներու պէս տաքցած քարերու վրայ կեցանք ժամերով։

Այլեւս յոյսի նշոյլ մը իսկ չէր մնացած մեր քով. վերջնականապէս կամ շէնքը փլելով տակը պիտի մնայինք եւ կամ դուրսի խուժանը ներս գալով սուրէ պիտի անցներ ամենքս։ Եկեղեցւոյ բակին մէջի վարժարանն ալ այրելէ ետքը բռնկեցաւ պատուհաններն ու սեղանները եւ երկսեռ ժողովուրդն սկսաւ նորէն պոռալ «Օգնութիւն, օգնութի՜ւն, օգնութի՜ւն, Աստուծոյ սիրոյն, Ձեր մարգարէին, թագաւորին սիրոյն ըլլայ օգնութեան հասէք, խղճացէք մեր վրայ եւայլն»։

Կէս օրը անցած էր եւ խուժանը զմեզ ամէն կողմէ պաշարելով չէր ձգէր որ կրակը այրէր զմեզ, այլ կ՚ուզէր իր պիղծ ձեռքերով ջարդել, եւ արդէն մեր ջարդը սկսած էր, տասնեակ մը հայեր զարնուեցան ինկան բակին մէջ։ Այլեւս մի քանի վայրկենի կեանքերնիս մնացած էր, որով սկսանք մեր վերջին հրաժեշտները տալ, իրարու  ձեռք բռնել միասին մեռնելու խոստումներ տալ եւայլն…։

Ո՜հ այն վայրկեաններուն, եւ անմոռանալի անիծեալ վայրկեաններուն ձգած տպաւորութեան մահացու ազդեցութիւնները՝ միայն ենթակաները կրնան հասկնալ…։

Ահա այս վերջին հրաժեշտի վայրկեաններուն էր որ մօտական Ֆրանսական Յիսուսեան հայրերուն եկեղեցիէն լսուած էր մեր աղիողորմ ճիչերն ու պաղատանքները եւ գթալով մեր վրայ Ֆրէր Անթուանը ղրկուած էր թուրք սպայի մը հետ, զմեզ փրկելու համար ստոյգ կոտորածէն։ Նոյն պահուն միւս եկեղեցիներուն մէջ գտնուած քրիստոնեաները կառավարութեան դուռը առաջնորդուած էին Անգլիական հիւպատոսին առաջնորդութեամբ, իսկ մենք մոռցուած էինք կարծուելով թէ ամբողջապէս ջարդուած ու հրդեհներու մէջ այրած ենք, եւ երբ մեր աղաղակները լսած են փութացած են օգնութեան հասնիլ։



Ֆրէր Անուան Պիօսքօր։

Յանկարծ խուժանին մէջէն սեւ գդակով եւ սեւ վերարկուով մէկը վազելով կուգար մեզ, որուն կը հետեւէր երիտասարդ Թուրք սպայ մը։ Հազիւ թէ մեզ մօտեցած էր ֆրանսացի տաքարիւն Մարիսթ Ֆրէր Անթուան-Պիօսքօր՝ սկսաւ պոռալ ֆրանսերէն լեզուով «մի վախնաք զձեզ ազատելու կուգամ»։ Յիսուսեան կրօնաւորին ընկերացող սպան՝ ստիպուած խուժանը կը ցրուէր մեր շուրջէն, յայտնելով թէ ջարդը այլեւս դադրած է, պաշը պօզուգները պէտք է ցրուին, հակառակ պարագային զէնքի պիտի դիմուի։ Սպան հրամայեց փողահարին զինուոր կանչել եւ փողին ձայնէն յիսունի մօտ զինուորներ անմիջապէս հասան։ Այս ամենը կը դիտէինք եկեղեցւոյ բակի դռան ծակերէն եւ Ֆրանսացի կրօնաւորին առջեւ բացինք մեր դուռը, յանձնելով մեր հազարաւոր կեանքերը անոր հրամանին եւ արտասուալից աչքերով պաղատագին խնդրեցինք որ մեր կեանքերը խնայէ ու ազատէ դուրսը սպասող վայրագ խուժանին ձեռքէն։ Հազուագիւտօրէն բարի եւ վեհոգի կրօնաւորը ճշմարտապէս յուզուած՝ սկսաւ մեզ հետ լալ եւ միեւնոյն ատեն վստահեցնելով զմեզ թէ չափէն աւելի պիտի աշխատի անպատճառ ազատել դժբախտ մահամերձներս։ Ազնիւ կրօնաւորը՝ սպայէն խնդրեց որ անմիջական միջոցներ ձեռք առնէ անվտանգ փոխադրելու համար զմեզ Յիսուսեանց եկեղեցին։ Սպան՝ հրամայեց զինուորներուն սուին անցնել զէնքերնուն ծայրը եւ ճամբուն եզերքները երկու կարգի վրայ շարուիլ։ Հրամանը անմիջապէս գործադրուեցաւ եւ սպան առաջ անցնելով զինուորներուն յորդորական մը խօսեցաւ, շարժելով անոնց գութը մեր վրայ եւ հրամայելով որ զինուորական օրէնքէն չի շեղին, հակառակ պարագային ամենախիստ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին։ Զինուորները երդումներով խոստացան կատարեալ հնազանդութիւն, պաշտպանելու համար մեր կեանքերը։ Զինուորները կարգի դնելէ ետքը երիտասարդ սպան հրամայեց մեզ որ դուրս ելլենք եւ զինուորական զոյգ շարքին մէջ մտնելով զինուորներուն պաշտպանութեամբը յառաջանանք դէպի Յիսուսեանց եկեղեցին։ Տրուած վստահութեան հակառակ, ժողովուրդը դուրս չի կրցաւ ելլել, առարկելով թէ դուրսը խուժանը կը սպասէ եւ փոքրաթիւ զինուորները չեն կրնար պաշտպանել մեր կեանքերը. մինչդեռ արդէն խուժանը կազմ ու պատրաստ զինուորական ոյժին հեռանալուն կը սպասէր վայրկենապէս ոչնչացնելու փափաքով մեր մարողջութիւնը։ Եւ այսպէս երկու սուրի մէջ՝ շուարած էինք թէ ի՞նչ պիտի ընենք։ Հոն մնալուն հետեւանքը որոշապէս յայտնի էր եւ միայն զինուորներու պաշտպանութեանը յանձնուելով յոյսի նշոյլ մը կ՚երեւար։



Ատանան կ՚այրի։

Այս միջոցին առաջ անցնելով բոլոր ձայնովս սկսայ պոռալ՝ «հոս մնալով անկասկած պիտի ջարդուէինք, զինուորներուն յանձնուելով թերեւս ողջ մնանք, սիրտ առէք, ահա ես Ձեր առջեւէն կ՚երթամ, մի կենաք հոս, ետեւէս եկէք»։ Առաջին անգամ այս տողերը գրողը դուրս ելաւ, որուն հետեւցան հազարաւոր դժբախտ քրիստոնեաներ։ Ֆրանսացի կրօնաւորն ու Թուրք սպան մեր առջեւէն կ՚երթային, զինուորները մեր երկու կողմերէն սուինաւոր հրացաններով, եւ մեր թափորը կը յառաջանար դէպի Յիսուսեանց եկեղեցին։ Դուրս ելած ատեննիս ապշութեամբ տեսանք որ մեր այն շէն ու փառաւոր շէնքերը այրած եւ մոխրակոյտ դարձած էին եւ փլատակներուն մէջ մեր աչքին առջեւ կ՚այրէին դեռ անթիւ ու անհամար քրիստոնեաներու դիակներ։ Բոպիկ ոտքերով կոխկրտելով փողոցը գոցած կայծերու կոյտերուն վրայէն կը վազէինք, միշտ առաջ դէպի կեանք, վայրկեան մը առաջ հասնելու տենջով Յիսուսեանց եկեղեցին։ Քիչ անդին Մուշեղեան վարժարանի դրան առջեւ կը հանդիպէինք հարիւրաւոր դիակներու, որոնք նոյն գիշերն այրած վարժարանէն դուրս փախած ատեննին՝ զարնուած էին անխնայօրէն եւ որոնցմէ շատեր՝ կիսամեռ, հոգեւարքի հռնդիւններով իրենց հոգին կ՚աւանդէին։ Վարժարանին դիմացը նեղ փողոցին մէջ յանկարծ կը կոխենք դիակի մը վրայ, առջեւնիս կը նայինք եւ ինչ տեսնենք յղի կնոջ մը սաղմը դուրս թափուած էր ճեղքուած որովայնին մէջէն եւ նոյն իսկ սաղմին սիրտն իսկ սուին մը մխուած։ Աւելի անդին կը տեսնենք փողոցի բազմաթիւ շուներ որոնք՝ դիակներու շուրջ ժողուած կը յոշոտեն ու կուտեն։ Իսկ վայրագ խուժանը փողոցին եզերքը շարուած՝ հազար ու մէկ լուտանքներ կը թափէր մեր հասցէին եւ երբեմն ալ կատաղի գազաններու պէս յարձակիլ կ՚ուզէր. սակայն մեր պաշտպան զինուորները կ՚ընդդիմանան եւ նոյն իսկ մերթ ընդ մերթ հրացանաձգութիւններով կը սպառնան խուժանին։

Քիչ մը անդին, կիսամեռ կին մը՝ կիսովին այրած եւ կրակներու մէջ մնացած «օգնութիւն» կը հայցէ, ի զուր սպային կ՚աղաչեմ որ այն կինն ալ ազատէ զինուոր մը ղրկելով եւ սակայն սպան կը հրամայէ շտապել կարելի եղածին չափ շուտով՝ վախնալով թէ մի գուցէ մեր պաշտպան զինուորներուն տրամադրութիւնը փոխուի։

Վերջապէս հազարաւոր դիակներու կոյտերով լեցուած փողոցներէն հեւ ի հեւ վազելով հասանք Յիսուսեանց եկեղեցին, որուն սեմը  համբուրելով ներս մտանք յուսալով թէ այլեւս ազատած էինք։

Յիսուսեանց եկեղեցին, վարժարանն ու բակը պարպուած էին ամբողջովին, որովհետեւ հոն գտնուող քրիստոնեաները՝ Անգլիական հիւպատոսին առաջնորդութեամբ փոխադրուած էին կառավարական պաշտօնատունը։ Հոս շունչ մը առնելէ ետքը շուրջերնիս նայելով տեսանք որ այս եկեղեցին ալ պաշարուած էր սոսկալի հրդեհներու բոցերով։ Պահ մը ենթարկուած թմրութենէս սթափած, յանկարծ քովս կը տեսնեմ Յիսուսեան անձնուէր կրօնաւորներէն մեր փրկիչը Ֆրէր Անթուանը, որ եկած ինձ կ՚առաջարկէր միասին մօտակայ ֆրանսական հիւանդանոցը երթալ, հրդեհէն փախցնելու համար հոն գտնուած հիւանդներն ու դեղերը. թէեւ քիչ մը կը վարանիմ, սակայն միւս կողմէ մտածելով հարիւրաւոր հիւանդներու կեանքերը եւ մանաւանդ Յիսուսեանց հայրերու մեզ հանդէպ անձնուէր՝ ջանքերը սիրայօժար կ՚ընդունիմ կեանքս վտանգի տակ դնելով, երթալու համար իրեն հետ ֆրանսական հիւանդանոցը։ Ֆրէր Անթուան ու ես թեւ թեւի մտած՝ մի քանի զինուորներու հետ դուրս կը նետուինք եւ մեծ սարսափով խուժանին մէջէն անցնելով կը հասնինք ֆրանսական դրօշ կրող Շատրիկեանի տունը որ առժամեայ հիւանդանոցի վերածուած էր։ Մեզ ընկերացող զինուորները Ֆրէրէն հաց ու ծխախոտ կ՚ուզեն եւ ֆրէր Մարգը գրպաններէն կը հանէ հացի կտորներ եւ ծխախոտի ծրարիկներ զորս կը բաժնէ զինուորներուն։ Հազիւ թէ հիւանդանոցին բակէն ներս մտանք եւ սոսկումով տեսանք որ շէնքը ամեն կողմերէն արդէն բռնկած էր։ Բոցերու մէջէն վեր կը վազենք եւ հազիւ մի քանի կէս-ողջ հիւանդներ ու արժէքաւոր դեղերու սրուակներ խլելով դուրս կը նետուինք եւ ահա մեծ շէնքը սոսկալի ճարճատիւններով սկսաւ այրիլ եւ խեղդել բազմաթիւ հիւանդներու վայնասունները. ո՜հ սիրտ ունեցող մարդ էակ մը անկարելի էր որ դիմանար այն ահռելի տեսարանին առջեւ…։ Զինուորներու պաշտպանութեան տակ վերադարձանք վեր տեղը եւ ապշութեամբ տեսանք թէ Յիսուսեանց շէնքերն ալ բռնկած էին։ Մէկ կողմէն խուժանը կրակ կը դնէր, միւս կողմէ Ֆրէր Անթուանի առաջնորդութեամբ քրիստոնեաները հրդեհը մարելու կ՚աշխատէին եւ ֆրէր Մարգը տեսնելով որ անկարելի էր մարդկային աշխատութեամբ հրդեհին առաջքն առնել Մարիամ Աստուածածնի պատկեր մը կախեց կուրծքին վրայ եւ սկսաւ «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքի շարքի մը. բարի կրօնաւորը թէ կ՚աղօթէր եւ թէ շէնքին չորս կողմը շրջելով զմեզ կը քաջալերէր։ Մինչդեռ հրդեհը կը լափէր ամբողջ շէնքերը։

Այս միջոցին տեսնելով ստոյգ վտանգը ստիպուեցայ դիմել վեհոգի կրօնաւորներուն, խնդրելով որ զմեզ ալ փոխադրել տան ժամ առաջ մեր միւս ազգակիցներուն քովը։ Բարի կրօնաւորները՝ մեր միւս ազգակիցներուն գտնուած տեղէն անվստահ՝ խորհուրդ տուին որ իրենցմէ չի բաժնուինք, մինչդեռ իրենց շէնքերը մասամբ այրեցան եւ վարկենէ վայրկեան մնացածն ալ կ՚այրէր։ Անձնուէր կրօնաւորներէն արտասուալից աչքերով խնդրեցի կրկին մեր փոխադրութիւնը եւ անոնք չի դիմանալով աղաչանքերուս կանչեցին երիտասարդ թուրք սպայ մը եւ խնդրեցին որ զմեզ ալ փոխադրել տայ մեր միւս ազգակիցներուն քով։ Սպան ընդունեց եղած առաջարկը եւ հրամայեց որ անվախ երթանք կառավարութեան դուռը, մինչդեռ դուրսը խուժանը կը սպասէր անօթի գազանի պէս, վայրկենապէս լափելու համար զմեզ։ Սպային կ՚աղաչեմ որ շնորհ ընէ զինուորներու պաշտպանութեամբ փոխադրել տալու զմեզ եւ ազնիւ սպան ընդունելով առաջարկս հրամայեց փողահարին նոր զինուոր կանչել, հրամանը գործադրուեցաւ եւ ահա ջոկատ մը զինուորներ եկան կեցան կազմ ու պատրաստ։ Սպան առաջ անցնելով զինուորները յորդորեց եւ երդում տուաւ մեր կեանքերուն պաշտպանութեանը համար եւ զինուորներն անմիջապէս սուիներն անցնելով իրենց հրացաններուն ծայրերը առաջուան պէս շարուեցան երկու կարգի վրայ։

Վախկոտ վարանումներ կ՚արտայայտուէր մեր մէջ, սակայն ասկէ ուրիշ ազատում չի կար։

Այս անգամ ալ առաջին անգամ դուրս կը նետուի այս տողերը գրողը եւ ահա ինձ կը հետեւին մեր դժբախտ ընկերները։

Ֆրանսացւոց եկեղեցիէն մինչեւ կառավարական պաշտօնատունը թուրք թաղերուն եւ մզկիթներուն քովէն պիտի անցնէինք, բան մը որ ամենէն սոսկալի պարագան էր։ Ճամբան ահագին թիւով խուժանը՝ մեր պաշտպան զինուորներուն ետեւը կեցած՝ հազար ու մէկ հայհոյութիւններ ու լուտանքներ կը թափէր մեր հասցէին, անիծելով  ու հայհոյելով մեր խաչը, մեր Քրիստոսը, մեր կրօնքը եւ Սահմանադրութիւնն ու Սահմանադրութիւնը բերողները։

Սպառնալիքներով կը ստիպէին որ Սուլթան Համիտի կենացը աղօթենք եւ մենք՝ մահուան սեմին վրայ կեցած ակամայ կը գոչէինք անդադար «փատիշահըմ չօգ եաշա», նոյն իսկ փոքրիկ մանուկներն ալ կռահելով մեզ սպառնացող վտանգը կը ձայնակցէին մեզի։ Իսկ Ուլու ճամիին (մեծ մզկիթ) առջեւ անցուցինք մեր ամենէն սոսկալի վախը, որովհետեւ խուժանապետները հոս կեցած ծաղրանքով կը դիտէին մեր թշուառութիւնը եւ կ՚անիծէին զմեզ որ դեռ ողջ մնացած էինք եւ կը համրէին մեր թիւը հասկնալու համար թէ քանի՞ հոգի ազատած ենք։ Հոս ալ հրամայեցին որ Սուլթան Համիտի կենացը աղօթենք, ահռելի հրաման՝ զոր անմիջապէս գործադրեցինք։

Խուժանապետները իրենց արբանեակներով կը պոռային «կեավըրլար, պիզտէ վիճտան վար, իշթէ սիզի էքսմէտիք, կիտին Սուլթան Համիտ էֆէնտիմիզէ տուա իտին»։ Այս կարգի նախատինքներու դէմ ականջնիս գոցելով կ՚անցնինք կարգ մը նեղ փողոցներէ, եւ վերջապէս կը հասնինք կառավարական պաշտօնատան առջեւ, որուն քով թաղապետութեան պարտէզին մէջ գտանք մեր ազգակիցները։

Երբ կառավարութեան պաշտօնատունը հասանք, պահ մը ուզեցին այրերն ու կիները բաժնել եւ սակայն ի վերջոյ երկու կողմէն բարձրացած աղաղակներն ստիպեցին որ ամէն մարդ իր ընտանիքին քով մնայ։

Մեր վրան գլուխը խուզարկելէ ետքը ներս առին եւ հոն գտնաք մեր ազգակիցներէն ողջ մնացած մասը, որոնք գիրկընդխառնումներով ընդունեցին զմեզ, որովհետեւ անոնք երբէք չեն յուսացած թէ մենք ողջ մնացինք։

Հոս աստիճան մը հագիստ շունչ առինք։ Պարտէզները լեցուած ենք, պաշարուած հին ու նորեկ զինուորներով, որոնք զէնքերնին մեզ դարձուցած գնդակահարելու հրամանին կ՚սպասէին։

Մեր դիմացը կառավարական պաշտօնատան կուսակալին յատուկ յարկին պատուհաններէն խնդումերես կը նային՝ մեզ կուսակալ Ճէվատ պէյն ու հրամատար Մուսթաֆա Րէմզի փաշան, որոնց շուրջը կը դառնան անհուն հրճուանքով՝ անխիղճ դահճապետներուն արբանեակները Իհսան Ֆիքրի, եւ ուրիշներ որոնք քիչ առաջ փողոցը խուժանը կը վարէին եւ հիմա իրենց պարտականութիւնը խղճմտօրէն կատարողներու գոհունակութեամբ զոյգ դահճապետներու քովը եկած կեցած էին։

Մենք վարը անօթի ծարաւ, հացի կտորներ կը յափշտակէինք զինուորներու ձեռքէն տասնապատիկ գինով եւ վերէն մեր դահիճները՝ ուրախ զուարթ հրամաններ կ՚արձակէին։

Յանկարծ Առաջնորդական փոխանորդ քահանան կանչուեցաւ վերէն։ Անխիղճ կուսակալն ու հայակուլ հրամատար փաշան տակաւին մեզմէ զէնք կը պահանջէ եղեր…։ Մինչդեռ անդին մեր բնակարանները ամբողջութեամբ մոխիր դարձած եւ մերկ ու բոպիկ փախած ենք, եւ կառավարութիւնը ասդին մեզմէ զէնք կուզէ։ Վերջէն հասկցանք թէ զէնք եւայլ ուզուիլն՝ ժամանակ անցնելու համար պարզապէս ձեւակերպութիւն մ՚էր, պատճառը Պոլսէն Կարմիր Սուլթանէն հրաման կը սպասեն եղեր մնացեալներս կամ հրացանի բռնելու եւ կամ մեզ կեանք շնորհելու համար։ Դահճապետը շարժուն բանակին հետ կռիւի բռնուած մեր կեանքերը շնորհած եւ միայն Սահմանադրութեան հետքերը կորսնցնելու հրաման տուած ըլլալու էր որ, իր հաւատարիմ ծառան պալատին նախկին քարտուղար Ճէվատ պէյը՝ իրիկուան դէմ հրամայեց որ Սահմանադրութենէն ետքը շինուած Ազատութեան կամարը փլցունեն։ Մէկ քանի հայերու կացիններ յանձնելով Հայոց ձեռքերովը փլցունել տուին մեր այնչափ գուրգուրանքին առարկայ եղած Ազատութեան կամարը. որ շինուած էր մեր գտնուած պարտէզին եւ զինուորական պաշտօնատան մէջտեղի պողոտային վրայ։

Ազատութեան կամարը փլցուելէն ետքը նորէն կուսակալին հրամանով փաթթոցաւոր իսլամ կրօնաւոր մը եկաւ մեր պարտէզին դուռը եւ սկսաւ երկարաշունչ արաբերէն աղօթք մը արտասանել, աղօթելով նորին վեհափառութեան Սուլթան Համիտի կենացը։ Այո աղօթքէն ետքը նորէն կուսակալը վերէն հրամայեց ամենքնիս միաբերան «փատիշահըմ չօգ եաշա» գոչենք, զոր կատարեցինք ակամայ։ Եւ ասկէ ետքը ազատ ըլլալնիս աւետեցին մեզ։

Ալ ազատած էինք, մեր կեանքերը շնորհուեցաւ մեզ։ Ո՜հ, որչափ անուշ է եղեր այս անարժէք կեանքը։ Ապրելու հրամանը ի՜նչ մեծ ուրախութիւն պարգեւեց մեզ, իրարու կը հարցնէինք թէ իրա՞ւ ազատեցանք, դուրսը սպասող սա վայրագ խուժանը չպի՞տի յարձակի արդեօք մեր վրայ, չէինք կրնար հաւատալ թէ իրաւցնէ ազատած էինք այլեւս սուրէն ու հուրէն…։

Առաջին եւ երկրորդ ջարդերէն ազատած քսան հազարի չափ երկսեռ քրիստոնեաներս կառավարութեան պարտէզէն դուրս թափուած, իրարու կը հարցունէինք թէ ո՞ւր պիտի երթանք։

Բազմութեան հոսանքը կ՚ուղղուի դէպի քաղքին կեդրոնը մեր թաղերուն կողմերը, այն յոյսով թէ գոնէ մասամբ զերծ մնացած ըլլայ հրդեհէն։ Մեր անցած ճամբաներուն երկու եզերքները կեցած են դեռ կատղածներու վոհմակներ, որոնք հազար ու մէկ հայհոյութիւններով կը նախատեն զմեզ, կուշտ ու կուռ խնդալով եւ ծաղրական ակնարկներ նետելով մեր վրայ։ Մերթ ընդ մերթ յանկարծակի յարձակումներէ կը պաշտպանէին զմեզ, մեզ ընկերացող զինուորներն ու ոստիկանները, բարձրաձայն յայտարարելով թէ ջարդը դադրած է այլեւս, Սուլթան Համիտէն իրատէ եկած է։ Եւ մենք, կեանքի ու մահուան միջեւ տատանող անտէր ու դժբախտ արարածներս, լուռ ու մունջ գլխահակ շտապով կ՚անցնէինք անոնց առջեւէն ժամ առաջ հասնելու յոյսով մեր բնակավայրը։ Կէս ժամ ետքը հասած էինք քրիստոնեայ թաղերը եւ ի՞նչ տեսնենք մեր թաղերը աւերակի վերածուած էին։

Ո՜հ տեսարանը զարհուրելի կը պարզուէր մեր առջեւ, ամէն կողմէ բռնկած, հարիւրաւոր տեղերէ հրդեհուած կ՚այրին ու կ՚այրին բոլոր քրիստոնեայ թաղերն ու շուկաներ եւ այս հրդեհներուն վրայ կը հսկեն Րումէլիէն եկած Շարժուն Բանակի զինուորները, արգիլելով անցուդարձերն այն կողմերէն։



Ատանայի այրած մասերուն աւերակները։

Վազելով կերթանք Մայր եկեղեցին գոնէ հոն պատսպարուելու համար, քիչ ետքը Մայր եկեղեցին ալ հրդեհներով կը պաշարուի, հոնկէ ալ կը փախչինք, բայց ո՞ւր երթանք, ո՞ր տեղ պիտի գիշերենք, շուարած՝ փողոցները մնացինք։ Քրիստոնեայ եկեղեցիները բացի Յունաց եկեղեցիէն որ կեդրոնէն շատ հեռուն կը գտնուէր այրած էին ամբողջութեամբ եւ մնացած էր միակ ապահով տեղ մը Ամերիկեան միսիօնար Մր. Չըմպըրսիի տունը, հոն կը դիմենք եւ հոնկէ ալ կը վռնտուինք սուինաւոր զինուոր պահակներու կողմէ, անշուշտ Մր. Չըմպրսի հրամանով։ Ա՛լ ճարահատ, բարձրաձայն կ՚աղաղակենք, խնդրելով որ ապահով տեղ մը ապաստանարան մը։

Անտէր դժբախտներս փողոցներու մէջ տեղէ տեղ վազելէ ետքը, յանկարծ մունետիկի ձայն մը կը լսենք, որ կ՚ըսէր «քաղաքէն դուրս ելէք, ամէն կողմ կ՚այրի, բացօդեայ տեղ մը երկաթուղիի կայարանին կողմը գացէք»։ Եւ մեր սգաւոր թափօրն ողբալով հառաչելով կ՚ուղղուի դէպի ագարակները, քաղաքէն դուրս։ Փամուգ-պազարը կոչուած շուկայէն անցած ատեննիս, յանկարծ վրանիս կը յարձակին մէկ քանի կեսարացի Թուրքեր, որոնց դիմադրեցին մեզ ընկերացող զինուորներն ու ոստիկանները։ Ասոր վրայ կը ստիպուինք հեւ ի հեւ վազել, վայրկեան մը առաջ դուրս ելլելու համար աւերակներու մէջէն։

Վերջապէս ողջամբ հասանք երկաթուղիի կայարանին մօտ, ուր կը գտնուէին Անգլիական հիւպատոսն ու հետեւորդները։ Հոս, զմեզ մեծ մասամբ լեցուցին Թրիփանի եղբարց [2] գործարան (ֆապրիգա)ին մէջ եւ փոքր մաս մը տարին քիչ անդին գտնուող Գերմանական գործարանը։



[1]            Եաղ Ճամիսի կոչուած մզկիթը ամբողջութեամբ քարաշէն է եւ անկարելի է որ այրի։

[2]            Թրիփանի եղբայրները՝ Հելլենական հպատակ ըլլալով Ատանայի ամենէն հարուստ գործարանատէրներն են, մեծ եղբայրը Անգլիական եւ երկրորդը Ռուսական հիւպատոսարանի պատուակալ թարգմաններն են։