(11
Մայիս
1909)
ՎԱՐՉԱՊԵՏ
ՀԻՒՍԷՅԻՆ
ՀԻԼՄԻ
ՓԱՇԱՅԻ
ԿՈՂՄԷ
ԿԱՐԴԱՑՈՒԱԾ
ԴԱՀԼԻՃԻ
ԾՐԱԳՐԷՆ՝
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԱՂԷՏԻՆ
ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ
ՄԱՍԸ
«Կ.
Պոլսոյ
յետադիմական
շարժումէն
օր
մը
ետքը
սկսած
ըլլալէն
հետեւցնելով
միեւնոյն
ազդեցութենէն
առաջ
եկած
ըլլալը
կարծուող
Ատանայն
խռովութիւնն
ալ
մեզի
ցաւ
պատճառող
դէպքերէն
է։
Ատանայի
խռովութենէն
Հալէպի
նահանգին
պատկանող
Մարաշ
եւ
Անթաքիա
գաւառներուն
հետ
մի
քանի
գիւղեր
եւս
ազդուած
եւ
վնասուած
են։
Նախորդ
դահլիճին
կողմէ՝
Իշէլ
սանճաղին
բացառութիւն
ըլլալով,
Ատանայի
նահանգին
մէջ
հրատարակուած
պաշարման
վիճակը,
վերջերս
Նախարարաց
Խորհուրդին
կողմէ
Մարաշ
եւ
Անթաքիա
գաւառներուն
մէջ
եւս
հրատարակուած
է
եւ
այն
տեղերն
ալ
մէյմէկ
Պատ[երազմական]
Ատեան
կազմուեցաւ։
Այս
խռովութեան
կատարումին
յանդգնող
ոճրագործները
ով
կ’ուզէ
ըլլայ
ամենուն
օրինակ
ըլլալու
կերպով
ամենախիստ
պանիժի
պիտի
ենթարկուին։
Ատանա
եւ
Մարաշ
վերջերս
տասը
վաշտ
կանոնաւոր
զինուոր
ղրկուելով
խաղաղութիւնը
կատարելապէս
վերահաստատուեցաւ։
Հոս
եւս
Պատերազմական
Ատեանը
պաշտօնին
ձեռնարկեց։
Խռովութեանց
միջոցին
թալանուած
ապրանքները
մաս
առ
մաս
ետ
առնուելով
տէրերուն
կը
յանձնուի։
Վիրաւորներուն
դարմանումին
համար
բժիշկներ
եւ
դեղեր
ղրկուեցան։
Կարօտեալներուն
օգնելու
համար
Երեսփ[ոխանական]
Ժողովիդ
հաստատելովը
30,
000
ոսկի
յատկացուեցաւ
եւ
հողագործներէն
կարօտեալներուն
օգնելու
համար
երկրագործական
դրամատունէն
փոխ
տրուելու
պայմանաւ
30,
000
ոսկի
յատկացուեցաւ։
Կիլիկիոյ
աղէտին
միջոցին
Օսմ[անեան]
Դահլիճին
Վարչապետը
ՀԻՒՍԷՅԻՆ
ՀԻԼՄԻ
ՓԱՇԱ
որ
տարիներ
առաջ
Ատանայի
կուսակալ
եղած
ըլլալով
մօտէն
տեղեակ
էր
Ատանայի
եւ
շրջակայից
վիճակին։
Խռովութեան
միջոցին
պարտականութեան
մէջ
թերացած
ըլլալնին
հասկցուած
պաշտօնեաներէն
Ատանայի
կուսակալն
ու
Ճէպէլը
Պէրէքէթի
միւթէսարըֆը
պաշտօնանկ
եղան
եւ
ընդհակառակը
լաւ
ծառայութիւններ
ընելը
տեսնուած
Մէրսինի
միւթէսարըֆ
Էսատ
պէյ
վարձատրուեցաւ։
Խռովութեան
պատճառներն
ու
ինչ
կերպով
սկսիլը
քննելու
եւ
պաշտօնանկ
եղած
կուսակալին
ու
միւթէսարըֆին
եւ
Ատանայի
նախորդ
զինուորական
հրամանատար
(Մուսթաֆա
Րէմզի
փաշա)ին
պատասխանատուութեան
աստիճանը
քննելու
եւ
կարօտեալներու
յատկացուած
գումարներուն
բաժանումին
հսկելու
եւ
ժողովուրդին
ամէն
կարգերուն
մէջ
Օսմանեան
եղբայրութիւնը
զօրացնելու
եւ
պատահած
ցաւալի
դէպքին
իսպառ
չի
կրկնուիլը
ապահովելու
միջոցներ
ձեռք
առնել
եւ
կարօտեալներուն
թիւն
ու
կարօտութեան
աստիճանը
քննելու
եւ
դարմանին
համար
եւ
կառավարութեան
կողմէ
պէտք
եղած
ջանքերն
ի
գործ
դնելու
եւ
կարօտութեան
տեսակները
քննելու
համար
երկուքը
երեսփոխան
եւ
երկուքը
երեւելի
պաշտօնեաներէն
բաղկացեալ
յանձնաժողով
մը
պաշտօնի
կոչուեցաւ։
Այս
յանձնաժողովին
քննութեան
արդիւնքովը
դեռ
ինչ
որ
պէտք
տեսնուի,
անմիջապէս
պիտի
գործադրուի։
Ատանայի
համար
մեր
որոշած
այս
միջոցները՝
ցաւալի
դէպքէն
առաջ
եկած
ազդեցութեան
եւ
կորուստին
ցաւերն
բաւական
պիտի
թեթեւցնեն
եւ
ոճրապարտները
պիտի
պատժուին։
Սակայն
մեր
կողմէ
ամենէն
աւելի
կարեւորութեան
եւ
ուշադրութեան
առնուելիք
կէտն
է.
ասկէ
ետքը
այսպիսի
ցաւալի
դէպքերուն
ոչ
Ատանայի
մէջ
եւ
ոչ
ալ
ուրիշ
նահանգներու
մէջ
տեղի
չ’ունենալը»։
(7
Յուլիս
1909)
Ելեւմտացոյցի
յանձնաժողովին
Ատանայի
մասին
տեղեկագիրը
կարդացուեցաւ։
Յանձնաժողովը
կը
հաւանէր
կառավարութեան
առաջարկին
թէ՝
Ատանայի
մէջ
քանդուած
ու
այրուած
տուներուն
վերաշինութեանը
համար
100,
000
ոսկի
եւ
Հալէպի
նահանգին
համար
նոյն
նպատակով
20,
000
ոսկիի
նպաստ
բաշխուի։
Յանձնաժողովը
կ’առաջարկէր
նաեւ
50,
000
ոսկի
փոխ
տալ
Ատանայի
փճացած
վաճառականներուն
եւ
խանութպաններուն
իբր
դրամագլուխ
ծառայելու
համար։
Ելեւմտացոյցի
յանձնաժողովի
նախագահ
Էմրուլլահ
էֆ[էնտի]
բացատրութիւն
տալով
ըսաւ
թէ՝
Ատանայէն
վերադարձող
Եուսուֆ
Քէմալ
պէյի
տեղեկութեանց
վրայ
յարմար
տեսնուած
էր
որ
նպաստի
գումարէն
այրած
վարժարաններն
ալ
վերաշինուին
եւ
50,
000
ոսկիի
գումար
մը
փոխ
տրուի
Ատանայի
վաճառականներուն։
Միւնիֆ
պէյ.
(Ատանա).
-
Կ’առաջարկեմ
այդ
գումարը
100,
000ի
բարձրացնել,
որովհետեւ
Ատանայի
մէջ
վաճառականներ
կան
որոնք
50,
000
ոսկիէն
աւելի
հարստութիւն
մը
կորսնցուցին։
Եուսուֆ
Քէմալ
պէյ.
—
Որ
Ատանայէն
վերադարձած
ըլլալով
ներկայ
էր
նիստին,
յայտնեց
թէ
մէկ
քանի
օրէն
քննութեանց
տեղեկագիրը
պիտի
ներկայացնէ
Ժողովին,
բայց
նպաստի
խնդիրը
ամենէն
աւելի
ստիպողական
է,
Ատանայի
եւ
շրջակայից
մէջ
շատ
մը
որբեր
եւ
այրիներ
ակնդէտ
այս
նպաստներուն
կը
սպասեն
եւ
Ժողովը
պարտաւոր
է
պսակել՝
Ատանացիներուն
Սահմանադրութեան
վրայ
դրած
յոյսերն
եւ
անոնց
բնակարան
ու
ապրուստի
միջոցներ
հայթայթել։
Պէտք
չէ
նոյն
իսկ
վիճաբանութեան
դնել
120,
000
ոսկիի
նպաստը,
որուն
վճարումը
պարտականութիւն
մ’է
եւ
Միւնիֆ
պէյի
առաջարկին
համաձայն,
պէտք
է
գոնէ
100,
000
ոսկի
փոխ
տալ,
որովհետեւ
Ատանա
այնպիսի
նահանգ
մ’է
որ
վստահաբար
մէկ
երկու
տարիէն
պիտի
հատուցանէ
այդ
գումարը։
Ատիլ
պէյ.
—
Ըսաւ
թէ
կառավարութիւնը
սիրով
պիտի
ընդունի
Ժողովին
որոշումներն,
եւ
թէ
կառավարութիւնը
տեղեկութիւն
չ’ունենալով,
Եուսուֆ
Քէմալ
պէյի
տեղեկութեան
վրայ
50,
000
ոսկի
վարկ
միայն
խնդրած
էր
փոխատուութեան
համար։
Զարմանք
յայտնուեցաւ
թէ՝
կառավարութիւնը
ի՞նչպէս
տեղեկութիւն
չ’ունենար
Ատանայի
իսկական
վիճակին
վրայ։
Վարդգէս
էֆ[էնտի]
—
Ըսաւ
թէ՝
ասոնք
երկու
ամիս
առաջ
Ժողովին
մէջ
յայտնած
էր,
բայց
մտիկ
ընող
չ’էր
եղած։
Ժողովը
միաձայնութեամբ
ընդունելով
յանձնաժողովին
առաջարկը
որոշեց
120,
000
ոսկի
նպաստ
տալ
վաճառականներուն,
իբր
դրամագլուխ,
այս
վերջին
գումարին
համար
կառավարութիւնը
օրինագիծ
մը
պիտի
բերէ։
(8
Յուլիս
1909)
Իսմայիլ
Հագգը
պէյ
(Կիւմիւլճինէ).
—
Թագրիրով
մը
բացատրութիւն
կ’ուզէր
Ներքին
Գործոց
նախարարէն
թէ՝
ինչո՞ւ
համար
առանց
ձերբակալման
հրամանագրի
եւ
միմիայն
նախարարաց
խորհուրդի
որոշմամբ
Ատանայի
մէջ
ձերբակալուեցան
Իթիտալ
լրագրի
խմբագրապետ
Իհսան
Ֆիքրին
եւ
տեղւոյն
երեւելիներէն
Պաղտատի
զատէ
Ապտիւլ
Գատիրը։
Պուշօ
էֆ[էնտի]
—
Դիտել
տուաւ
թէ՝
փոխանակ
պարզ
հարցում
մ’ուղղելու՝
հարկ
էր
հարցապնդում
ներկայացնել։
Իսմայիլ
պէյ.
—
Բացատրութիւն
տուաւ,
եւ
նախագահն
ալ
յայտնեց
թէ
հարցումին
ու
հարցապնդումին
միջեւ
տարբերութիւն
չիկայ։
(13
Յուլիս
1909)
Ատանայի
մէջ
Իհսան
Ֆիքրիի
եւ
Ապտիւլ
Գատիրի
ձերբակալման
մասին
Իսմայիլ
Հագգը
Պէյի
(Կիւմիւլճինէ),
հարցումին
Վարչապետը
գրաւոր
պատասխանելով
ըսած
էր
թէ
Ատանայի
մէջ
քաղաքային
օրէնքները
դադրած
են,
որովհետեւ
պատերազմական
վիճակ
կը
տիրէ
այնտեղ
եւ
պատուարժան
ատեանն
ու
քննիչ
յանձնաժողովն
իրենց
տեղեկագիրներով
կ’ապացուցանէին
թէ
այս
մարդիքն
ալ
ջարդին
մէջ
մասնակցութիւն
ունեցած
են,
որով
նախարարաց
խորհուրդն
որոշեց
որ
ուրիշներու
հետ
անոնք
ալ
ձերբակալուին։
Իսմայիլ
Հագգը.
—
Բաւական
համարեց
այս
բացատրութիւնները,
բայց
քիչ
վերջ
միտքը
փոխելով
նոր
հարցապնդում
ուղղեց
Վարչապետին,
որով
անբաւական
կը
գտնէր
վարչապետին
բացատրութիւնները
Իհսան
Ֆիքրիի
եւ
Ապտիւլ
Գատիրի
ձերբակալութեանց
մասին,
ըսելով
թէ՝
պատերազմական
վիճակի
ատեն
ալ
նախարարաց
խորհուրդն
իրաւունք
չ’ունի
ձերբակալութիւններ
հրամայելու։
Նախագահը
վարանեցաւ
ընդունիլ
այս
հարցապնդումը,
բայց
Իսմայիլ
Հագգը
պնդեց
եւ
ուրիշ
երեսփոխաններ
ալ
ոյժ
տալով
անոր,
ըսին
թէ
դահլիճը,
որ
Պոլսոյ
Պատ[երազմական]
Ատեանի
գործերուն
չի
խառնուիր,
ի՞նչպէս
կը
միջամտէ
Ատանայի
Ատեանին
գործերուն։
Ժողովը
մեծամասնութեամբ
չ’ուզեց
ընդունիլ
հարցապնդումը,
բայց
Իսմայիլ
Հագգը
եւ
իր
համախոհները
պնդեցին
որ
յականէ
անուանէ
քուէարկութիւն
կատարուի։
Նախագահը
ձեռամբարձ
քուէարկութիւն
կատարելով
երբ
տեսաւ
որ
հարցապնդումն
ընդունողներուն
եւ
չ’ընդունողներուն
թիւերը
հաւասար
են,
կանչել
տուաւ
նրբանցքներուն
մէջ
գտնուող
երեսփոխաններն
ալ
եւ
անգամ
մ’ալ
կարդացուեցաւ
վարչապետին
պատասխանագիրը։
Իսմայիլ
Հագգը
Պէյ.
—
Խօսք
առնելով
յայտարարեց
թէ՝
պատասխանը
հակառակ
է
սահմանադրութեան,
Պոլսոյ
մէջ
ալ
պատերազմական
վիճակ
կը
տիրէ,
բայց
սահմանադրութիւնը
չի
բռնաբարուիր,
ինչպէս
տեսնուեցաւ
երկու
երեսփոխաններու
դէմ
եղած
ամբաստանութեան
գործին
մէջ։
Վարչապետը
քաղաքային
պատերազմական
Ատեանին
կը
պատկանի։
Միթէ
իրաւունք
ունի՞
Նախարարաց
Խորհուրդն
ըստ
կամս
ձերբակալման
հրամաններ
տալու։
Պէտք
է
նկատի
առնել
որ
այս
միջամտութեան
պատճառաւ
Պատերազմական
Ատեանն
ալ
հրաժարեցաւ
[1]
։
Յակոբ
էֆ[էնտի]
Պապիկեան.
—
Ատանայի
մէջ
21,
000
մարդ
սպաննուեցաւ
եւ
հիմայ
ելեր
երկու
մարդ
կը
պաշտպանէք։
Իսմայիլ
Հագգը.
—
Այսչափ
մարդ
ջարդուած
ըլլալը
Պապիկեան
էֆ[էնտի]ի
երեւակայութեան
արդիւնքն
է։
Վարդգէս
էֆ[էնտի]
—
Եավուզ
խըրսըզ
մալ
սահապըսընը
աստըրըր»
(աղմուկ)։
Բանչէ
Տօրօֆ
էֆ[էնտի]
—
Խնդրեց
վերջ
տալ
այս
խնդրոյն
եւ
Ատանայի
ջարդերուն
մասին
հարցապնդում
չի
ներկայացնել։
Նախագահը
յայտնեց
թէ՝
ինք
ալ
համամիտ
է
բայց
իրեն
մտիկ
ընող
չիկայ։
Թալէաթ
պէյ
(Էնկիւրի).
—
Ըսաւ
թէ՝
պէտք
է
խնդիրը
լուսաբանել։
Իսմայիլ
Հագգը
պէյ.
—
Պատասխանեց
թէ՝
ինք
ալ
հարցապնդում
կ’ուղղէ
միշտ
այն
պատճառով
որ
21,
000
հոգի
ջարդուած
են։
Մէհմէտ
Ալի
պէյ.
—
Միայն
ձերբակալման
հրաման
տրուած
է
եւ
ոչ
թէ
բանտարկութեան։
Իրաւ
է
որ
Պատերազմական
Ատեանը
բանտարկելու
իրաւունք
ունի,
բայց
կառավարութիւնն
ալ
իրաւունք
ունի
ձերբակալման
առաջարկներ
ընելու։
Ես
ալ
թէեւ
կառավարութեան
համակիր
չեմ,
բայց
հարցապնդումն
անտեղի
կը
գտնեմ։
Հասան
Ֆէհմի
պէյ.
—
Ատանայի
ջարդերուն
նման
դէպքի
մը
մէջ
եթէ
երկու
մարդոց
ձերբակալման
համար
վարչապետը
պարսաւեն,
ո՛չ
ոք
պիտի
համարձակի
վարչապետի
պաշտօն
ընդունիլ։
Իսմայիլ
Հագգը.
—
Պատասխանեց
թէ՝
սկզբունքի
խնդիր
է,
որովհետեւ
այս
ընթացքով
առանց
դատական
իշխանութեանց
որոշման,
ուրիշ
ձերբակալութիւններ
ալ
կրնան
կատարուիլ։
Թալէաթ
պէյ
յայտնեց
թէ՝
Ատանայի
ջարդերուն
մասին
ստոյգ
տեղեկութիւն
մը
չիկայ
եւ
թէ
Պապիկեան
էֆ[էնտի]
կ’ըսէ
թէ՝
21,
000
հոգի
մեռած
են,
կ’ըսուի։
Յակոբ
էֆ[էնտի]
Պապիկեան.
—
Պոռաց
թէ՝
«կ’ըսուի»
չէ,
այլ
ինք
կ’ըսէ։
Թալէաթ
պէյ.
—
Յայտնեց
թէ՝
պէտք
է
բացատրութիւն
ուզել
կառավարութենէն։
Րահմի
պէյ.
—
Դիտել
տուաւ
թէ՝
Ժողովին
կողմէ
ղրկուած
երեսփոխանները
տակաւին
չի
ներկայացուցին
իրենց
տեղեկագիրը,
ուստի
տեղեկագիրին
ընթերցումէն
յետոյ
պէտք
է
նկատողութեան
առնել
այս
հարցապնդումը.
եթէ
հարկ
է։
Վարդգէս
էֆ[էնտի]
—
Զարմանք
յայտնեց
թէ՝
այսչափ
աղմուկ
կը
յարուցուի,
որովհետեւ
ձերբակալման
հրաման
տրուած
է
երկու
անձերու
համար,
որոնք
սակայն
ամբաստանուած
են
թէ՝
Ատանայի
ջարդերուն
դրդիչները
եղած
են։
Այս
աղմուկին
պատճառը
այն
է
որ
այս
երկու
մարդիքը
իսլամ
են,
ուրիշ
պատճառի
վերագրել
անկարելի
է
(բողոքներ)։
Նախագահը
սպառնալիք
ըրաւ
Վարդգէս
էֆ[էնտի]ի
նկատմամբ
ներքին
կանոնագրին
տրամադրութիւնները
գործադրել։
Վարդգէս
էֆ[էնտի]
—
Հարցուց
թէ՝
ուրիշներու
պէս
ինք
ալ
իրաւունք
չ’ունի՝
խօսելու։
Նախագահը
պատասխանեց
թէ
իր
խօսքերը
խիստ
են
եւ
դժնդակ
տպաւորութիւն
մը
կ’ընեն
ընկերներուն
վրայ։
Վերջապէս
վիճաբանութիւնը
փակուեցաւ։
Առաջարկ
մը
ներկայացուեցաւ,
որպէս
զի
հարցապնդումը
յետաձգուի,
մինչեւ
որ
Ատանա
գացող
երեսփոխանները
իրենց
տեղեկագիրը
ներկայացնեն։
Այս
առաջարկն
ստուար
մեծամասնութեամբ
ընդունուեցաւ.
միայն
30
երեսփոխաններ
հակառակ
քուէ
տուին,
ուզելով
որ
հարցապնդումն
անմիջապէս
ուղղուի
կառավարութեան։
Նախագահը
ցաւ
յայտնեց
թէ՝
Ժողովը
ժամավաճառ
կ’ըլլայ
պարապ
հարցապնդումներու
վրայ
վիճաբանելով։
(23
Յուլիս
1909)
Էտիրնէի
Երեսփոխան
Յակոբ
էֆ[էնտի]
Պապիկեանի
յանկարծական
մահուան
առթիւ
ցաւ
յայտնուեցաւ։
Նախագահը.
—
Յայտնեց
թէ՝
Եուսուֆ
Քէմալ
պէյ
ներկայացուց
իր
տեղեկագիրը
Ատանայի
դէպքերուն
մասին
եւ
թէ
յաջորդ
նիստին
մէջ
պիտի
կարդացուի։
Վարդգէս
էֆ[էնտի]
—
Պահանջեց
որ
ողբացեալ
Յակոբ
էֆ[էնտի]
Պապիկեանի
տեղեկագիրն
ալ
կարդացուի։
Նախագահը.
—
Հարցուց
թէ՝
տեղեկագիրին
մէջ
յայտնուած
կարծիքները
ո՞վ
պիտի
պաշտպանէ։
Վարդգէս
էֆ[էնտի]
—
Պատասխանեց
թէ՝
թող
կարդացուի
եւ
եթէ
դիտողութիւններ
տեղի
ունենան,
այն
ատեն
կարծեաց
փոխանակութիւն
կը
կատարուի։
Եուսուֆ
Քէմալ
պէյ.
—
Ինք
եւս
փափաք
յայտնեց
որ
Յակոբ
էֆ[էնտի]
Պապիկեանի
տեղեկագիրն
ալ
կարդացուի,
որովհետեւ
անցեալ
շաբաթ
օր
արդէն
ներկայացուելիք
ամէն
կէտերու
մասին
համաձայնութիւն
ունեցած
էին։
Ժողովը
որոշեց
շաբաթ
օր
կարդալ
երկու
տեղեկագիրն
ալ։
(25
Յուլիս
1909)
Կարդացուեցաւ
Գօզմիտի,
Եուսուֆ
Քէմալ,
Տոքթ.
Արիֆ
Իսմէթ
եւ
Ալի
Միւնիֆ
պէյերու
մէկ
գիրը,
որով
Ռոտոսթոյի
ողբացեալ
Երեսփոխան
Յակոբ
էֆ[էնտի]
Պապիկեանի
հայրենասիրական
ծառայութիւնները
թուելէ
յետոյ,
կը
յայտնէին
թէ՝
հայրենեաց
փրկութեան
համար
ազատասիրաբար
աշխատող
հանգուցեալն
ապրուստի
միջոց
մը
չէ
ձգած
իր
որբերուն
եւ
կ’առաջարկէին
որ՝
եթէ
կառավարական
քննութեամբ
եւս
այս
կէտն
հաստատուի,
հանգուցեալին
զաւակներուն
յարմար
թոշակ
մը
յատկացուի
եւ
10
տարեկան
որդին
փոքրիկ
Պապիկն
ալ
Կալաթա-Սէրայի
լիսէն
ընդունուի։
Առաջարկին
ընթերցումէն
յետոյ,
Երեսփոխաններէն
շատերն
հաւանութիւն
յայտնեցին
անոր,
եւ
մանաւանդ
Ասըմ
պէյ
ըսաւ
թէ
Ժողովը
միաձայնութեամբ
կ’ընդունի
զայն։
Նաֆի
փաշա.
—
Բողոքեց,
լսելով
թէ՝
երեսփոխանք
պետական
գանձին
շահերը
պաշտպանելու
եկած
են
եւ
ո՛չ
թէ
աւելորդ
դրամ
ծախսելու։
Իսմայիլ
Հագգը
պէյ.
(Կիւմիւլճինէ).
—
Պատասխանեց
թէ՝
ասիկայ
պատուոյ
խնդիր
մ’է,
եւ
թէ
ամենքն
ալ
գիտեն
պետական
գանձին
շահերը
նկատի
առնել։
Այս
կերպով
վէճ
մը
ծագեցաւ
Նաֆի
փաշայի
եւ
Իսմայիլ
պէյի
միջեւ,
որոնք
ծանր
բառեր
փոխանակեցին։
Հօճա
Շիւքրի
էֆ[էնտի]
—
Բարկացոտ
շեշտով
մ’ըսաւ
թէ՝
Ապտիւլ
Համիտի
շրջանն
անցաւ,
ա՛լ
անկարելի
է
ասոր
անոր
ամսական
յատկացնել։
Երբ
քիչ
մը
հանդարտութիւն
տիրեց,
նախագահը
դարձեալ
ըսաւ
թէ՝
կ’առաջարկուի
կառավարութեան
գրել
թէ՝
ողբացեալ
Պապիկեան
էֆ[էնտի]ի
որբերուն
ամսական
յատկացնէ,
եթէ
յարմար
դատէ։
Նաֆի
փաշա.
—
Նորէն
կրկնեց
թէ՝
ազգին
դրամը
անկարելի
է
այս
տեսակ
բաներու
վատնել։
Իսմայիլ
Հագգը
պէյ.
—
Սաստեց
ըսելով,
«լռէ՛»։
Մուսթաֆա
պէյ.
(Հալէպ).
—
Բարկութեան
թափով
մը
Իսմայիլ
պէյի
կողմը
վազելով
ըսաւ.
«հիմա
բերանդ
կը
պատռեմ,
ի՞նչ
իրաւունք
ունիս
մարդ
լռեցնելու
եւ
սաստելու,
նախագա՞հ
ես,
ի՞նչ
ես»։
Իսմայիլ
պէյ.
—
Հարցուց
«դուն
ո՞վ
ես»։
Մուսթաֆա
պէյ.
—
Դարձեալ
գրգռուած
պատասխանեց
ըսելով
թէ՝
եղածը
խայտառակութիւն
է
եւ
թէ
նախագահը
միայն
իրաւունք
ունի
Ժողովին
կարգապահութեան
հսկելու։
Երեսփոխանները
ջանացին
հանդարտեցնել
Մուսթաֆա
պէյը,
որմէ
Սէյիտ
պէյ
խնդրեց
վերջացնել
եւ
քիչ
մը
դուրս
ելլել։
Մուսթաֆա
պէյ.
—
Համակերպեցաւ
եւ
«խերը
տեսէք
Ձեր
Ժողովին»
ըսելով
դուրս
ելաւ։
Նախագահը.
—
Ըսաւ
թէ՝
ինչպէս
արդէն
թէօվպէ
ըրած
էր,
այլ
այսուհետեւ
թագրիր
չի
կարդացնելու
ստիպուած
է։
(26
Յուլիս
1909)
Նախագահը
յայտնեց
թէ՝
Ատանայի
դէպքին
մասին
Եուսուֆ
Քէմալ
պէյի
տեղեկագիրը
թէեւ
ելեւմտացոյցի
քուէարկութենէն
յետոյ
պիտի
կարդացուի,
բայց
աւելի
յարմար
պիտի
ըլլայ
այժմէն
յանձնաժողովի
մը
քննութեան
ենթարկել
զայն։
Ժողովն
հաւանեցաւ
եւ
յանձնաժողովին
անդամ
ընտրուեցան,
Միւֆիտ
(Էրկէրի),
Սէյիտ,
Հիւսէին
Ճահիտ,
Շէֆիգ-էլ-Մուայատ,
Եուսուֆ
Քէմալ,
Արիֆ
Սայիտ,
Ահմէտ
Նէսիմի,
Նէճիպ
Թրակա,
ու
Միւֆիտ
(Իզմիտ)
պէյերը,
եւ
Գօզմիտի,
Բանչէ
Տօրէֆ,
Ֆարաճի
ու
Մամաբուլօ
էֆէնտիները։
Այս
նիստէն
ետքը
Կիլիկիոյ
աղէտին
խնդիրը
փակուեցաւ
եւ
անգամ
մ’ալ
չի
յիշուեցաւ
Օսմ[անեան]
Երեսփ[ոխանական]
Ժողովին
մէջ…։
[1]
Երանի՜
թէ
այս
բծախնդրութեան
մէկ
փոքրիկ
մասն
ալ
խուժանապետներն
օրինական
պատիժի
ենթարկել
տալու
համար
ցոյց
տարիք,
ինչ
որ
յայտնի
նպատակով
զլացաք
մինչեւ
վերջ
եւ
ընդհակառակը
աշխատեցաք
ազատել
արիւնարբու
ճիւաղներ…։
(Ծ.
Յ.
Թ.
ի)