ՄԱՀԱՄԵՐՁ
ՆԱՀԱՏԱԿԻ
ՄԸ
ՎԵՐՋԻՆ
ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Կիլիկիոյ
նահատակներէն
Հաճընցի
Պ.
Մարտիրոս
Տումանեան՝մեռնելէ
առաջ
գրած
է
հետեւեալ
յուզիչ
նամակը.
Սիրելի
ծնո՛ղքս,
Զարնուեցայ
եւ
կը
մեռնիմ։
Ինձ
համար
հոգ
մի
ընէք,
ես
պիտի
երթամ
հոն,
որ
շատ
հանգիստ
տեղ
մ՚է։
Ես
ալ
30.
000
անմեղ
նահատակներու
տետրակին
մեջ
արձանագրուեցայ։
Ես
գնդակէն
չեմ
ցաւիր,
ինձ
ցաւ
պատճառող
կէտը՝
չէ
թէ
մէկ
գնդակով
մեռնելս
է,
այլ
իմ
կրթութեանս
համար
Ձեր
ըրած
զոհողութիւններուն
փոխարէն
Ձեզի
բարիք
մ՚ըրած
չըլլալս
է։
Հիմա
ես
դեռ
26
տարեկան
երիտասարդ
տարիքիս
մէջ
կը
մեռնիմ,
ասոր
չեմ
ցաւիր,
ազգիս
եւ
հայրենիքիս
պարտական
ըլլալով,
ծառայութիւն
մը
չընելով
մեռնիլս
աւելի
ցաւ
կ՚ազդէ
ինձ,
եւ
մանաւանդ
կը
ցաւիմ,
որովհետեւ
վատի
մը
ձեռքով
կը
մեռնիմ։
Ես
մահէ
չի
վախնալով
կը
մեռնիմ։
Տէրը
այսպէս
կարգադրեր,
թող
անոր
կամքն
ըլլայ,
բոլոր
բարեկամներուս
եւ
ազգականներուս
բարեւներով։
Մնաք
բարեա՜ւ
առ
յաւէ՜տ
…։
Ատանա
13
ապրիլ
1909
(Գերմանական
հիւանդանոց)
Մարտիրոս
զաւակնիդ
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
Գ.
ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ
[1]
[1]
Լուսանկարը
տեսնել
297րդ
էջին
մէջ։