ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ՃԷՎԱՏ ՊԷՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՀԵՌԱԳԻՐՆԵՐԷՆ ՄԻ ՔԱՆԻՆ

 

Ատանա 3 Ապրիլ 1325

«Օսմանիէի Գայիմագանութեան

«Ամերիկեան միսիօնարները Ատանա գալու համարր այդ տեղէն պիտի մեկնին, օտարահպատակ ըլլալնուն պատճառաւ ուշադրութիւն ընելու էք որ բնաւ չի վնասուին։ Եթէ մեկնիլ կ՚ուզեն զինուորներու պաշտպանութեամբ ղրկեցէք, իսկ եթէ հոտ պիտի մնան, գտնուած տուներնին վերջին աստիճան ուշադրութեամբ պաշտպանեցէք»։

Ատանայի Կուսակալ

ՃԷՎԱՏ




Զէյթուն։

 

Ատանա 4 ապրիլ 1325

Համիտիէի Գաիմագամութեան

«Հոտ Ֆրանսական հպատակներ կան, ի՞նչ վիճակի մէջ են, եւ պատահած խռովութիւնը ի՞նչպէս վերջացաւ։ Յիշեալ օտարահպատակները ամենամեծ զգուշութեամբ պաշտպանեցէք, հակառակ պարագային դուք պատասխանատու էք»։

Ատանայի Կուսակալ

ՃԷՎԱՏ