ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՀԵՌԱԳԻՐՆԵՐ

֍

Ատանա 4 Ապրիլ 1909

«ժամանակ» հայաթերթի խնբագրութեան

Շաբաթ Առտուն ժամը1 . Թ)

«Սարսափելի ջարդ, թալան, հրդեհ դադրեցան, պաշարման վիճակ, սոսկալի թշուառութիւն, օգնութիւն»։

ՅԱԿԹԷՐ

֍

Կ. Պոլիս 5 Ապրիլ1909

Ատանա Յակոբ Թէրզեանի

«Ատանայի վիճակը մանրամասնօրէն տեղեկագրեցէք անհամբեր կ՚սպասենք»։

«ՄԱՆԶՈՒՄԷ»

Ապրիլ 5ին հարիւրաւոր հեռագիրներ հասան Ատանա այլ եւ այլ հասցէներու, որոնց ամենն ալ տեղեկութիւն կ՚ուզէին Ատանայի մասին։ Տասնեակներով հեռագիրներ ստացաւ այս տողերը գրողը, որոնք տրուած էին բազմաթիւ բարեկամներու, ազգականներու եւ կարգ մը անծանօթներու կողմէ։ Այս վերջինները կը հարցնէին՝ Ատանա գտնուող եւ իրենց ծանօթ եղող կարգ մը պանդուխտներ, որոնցմէ մեծագոյն մասը դժբախտաբար նահատակուած էին, եւ որոնց մասին ստիպուած էի պատասխանել միայն երեք պաղ բառերով «դուք ողջ եղէք»։

Մէրսին 10 Ապրիլ 1909

֍

«Մանզումէ» օրաթերթին Կ. Պոլիս

«Հայերը թշուառութեան մատնուած են եւ անմիջական օգնութեան կը կարօտին»։

֍

Մէրսին18  Ապրիլ1909

«Ռիւթէր» հեռագրական գործակալութեան Լօնտօն

«Ապրիլ 1 ին զարհուրելի ջարդ մը սկսաւ, 4ին  դանդաղեցաւ, բայց շրջակաները շարունակեց։ Հետեւալ շաբաթը կարգադրութիւններ եղան 15, 000 զրկեալներու օգնութեան հասնելու համար երեք հարիւրէ աւելի վիրաւորեալներ ընդունուեցան աճապարանօք պատրաստուած հիւանդանոցի մը մէջ։ Ջարդը 12 Ապրիլին ահռելի կերպով վերսկսաւ։ Հայոց վարժարանը, ուր  2000 է աւելի անձեր ապաստանած էին, զինուորներու եւ խուժանին կողմէ սոսկալի հրացանաձգութեան մը ենթարկուեցաւ։ Շէնքը կրակ առաւ եւ երբ ապաստանողները սկսան ինքզինքնին ազատել եւ դուրս ելլել, հրացնի բռնուեցան, շատերը բոցերու մէջ կորսուեցան։ Ահռելի կրակը մինչեւ Երեքշաբթի տեւեց։ Չորս եկեղեցիներ՝ յարակից վարժարաններն եւ քաղաքին ամենէնէն բազմամարդ թաղերուն մէջ հարիւրաւոր տուներ այրած են։ Այս հրդեհին հետեւանքով հազարաւոր անձեր առանց տունի եւ ամենավատթար թշուառութեան մէջ մնացած են։ Հրդեհէն ազատած առարկաներն ու ինչքերը կողոպտուեցան։ Երկուշաբթի՝ Անգլիական հիւպատոսը թեւը կապած վերջին ծայր աշխատեցաւ տեղական կառավարութիւնը համոզելու որ կարգապահութիւնը հաստատէ եւ ծխացող աւերակներուն մօտ գտնուողներուն օգնելու համար կարգադրութիւններ ընէ։ Ամերիկեան միսիօնարներու հաստատութիւնը մեր վարժարանը եւ Յիսուսեան քոյրերու վարժարանը նմանապէս վտանգի տակ էին։ Հրդեհը Յիսուսեաններու եկեղեցին, ինչպէս նաեւ մանչերու վարժարանը կործանած է։ 20, 000 է աւելի անձեր երկու մեծ գործարաններու մէջ հիւրընկալուեցան։ Չորեքշաբթի առաւօտ սնունդ բաժնեցին 45 տրամ բրինձ եւ  35 տրամ հաց այն բազմութեան, որ երեք օրէ իվեր անօթի մնացած էր։ Կառավարութեան օգնութիւնները բացարձակապէս անբաւական են, անձերու եւ ինչքերու պահպանման համար ձեռք առնուած միջոցները բոլորովին հեգնական են, զինուորներէն մաս մը աւառարութեամբ կը զբաղի։ Անօթութենէ մեռնող ժողովուրդը սնուցանելու համար օրական  250 սթէրլինէ աւելի գումարի պէտք կայ»։

ՉԷՄՊԸՐՍ (ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՄԻՍԻՕՆԱՐ)




Սայ-Կէչիտի մէջ նահատակուած ՊԱՏ. ՄԵԼԻՏՈՆ ՄԱԼԵԱՆ. Հաճընցի, Տարսոնի Ամերիկ[եան] եւ Մարաշի Աստուածաբանական վարժարաններէն շրջանաւարտ եւ Սիսի Հայ-Բող[ոքական] քարոզիչն էր (1874-1909)։


֍

«Անտիոքի մէջ հայերը ջարդուեցան։ Հարիւրաւոր այրիներ եւ որբեր կան։ Տօքթ. Մարթին եւ իր ընտանիքը ողջ առողջ է։ Կացութիւնը շատ ծանր է հոս։ Եկեղեցիները փաստականներով լեցուն են. իմ տունս 200է աւելի մարդ ունիմ պահելու։ Օտարահպատակները կառավարիչին տունը կը մնան»։

ՔԷՆԷՏԻ (Ամերիկեան միսիօնար)

֍

Մէրսին 5 Ապրիլ1909

«Օսմանիշէր—Լոյտ» օրաթերթի Կ. Պոլիս

«Ատանայի վիճակը, միեւնոյնն է, Տարսոն ալ միեւնոյն վիճակին ենթարկուեցաւ երէկ. մեծ յուսահատութիւն կը տիրէ հակառակ իշխանութեանց հաւաստումներուն»։




Սայ-Կէչիտի մէջ նահատակուած ՊԱՏ. ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ Գ. ՍԻՅԱՀԵԱՆ. Հաճընցի, Այնթապի Կ. Թ. եւ Մարաշի Աստուածաբանական վարժարաններէն շրջանաւարտ էր եւ Գարս-Փազարի Հայ-Բող[ոքական] քարոզիչն (1880-1909)։


֍

Ատանա 23 Ապրիլ1909

«Ռիւթէր» գործակալութեան կողմէ Անգլիական թերթի մը ուղղուած հեռագիրը։

«Կոտորածները այս կուսակալութեան մէջ ահռելի թշուառութիւն մը յառաջ բերած են։ Գրեթէ 15, 000 հոգի ապաստանարան չունին եւ սովալլուկ են։ Խնամուելիք հազարաւոր այրիներ եւ որբեր կան։ Քրիստոնեաներէ եւ իսլամներէ բաղկացած օգնութեան յանձնաժողով մը կազմուեցաւ նախագահութեամօ Գանատայի միսիօնար Մր. Չէմպըրսի որ այս մասին Ատանայի առաջին ջարդէն ի վեր շատ փորձառութիւն ունեցաւ»։

֍

Տարսոն 27 Ապրիլ1909

Ատանայի կոտորածին սկսելէն վերջը, ուրբաթ երեկոյ, 250 կամաւոր րէտիֆներ առանց իրենց գլուխը սպաներ ունենալու, կայարանը կառախումբի մը մէջ լեցուած եւ մեքենավարը ստիպած են որ Տարսոն տանի զիրենք։ Հոն օգնած են կործանելու եւ աւերելու հայոց թողը որ քաղաքին լաւագոյն մասը կը կազմէր։ Հայոց պատմական եւ հսկայ եկեղեցին կողոպտուած, մարմարեայ արձանները կոտրտուած, պատմական արժէք ունեցող խորանները կտոր կտոր եղած եւ ամէն ինչ աւերուած են, եկեղեցւոյն շէնքը սակայն կրակի տրուելու համար եղած փորձերուն դիմադրած է։

Բարեբախտաբար մահերու թիւը շատ չէ, շնորհիւ մօտ գտնուող Ամերիկեան Գօլէժին որ 4000է աւելի  ողորմելի եւ անապաստան աղէտեալներու ապաստանարան մատուցած է»։

ԿԻՊՊԸՆՍ (Ամերիկեան միսիօնար)

֍

Իսկէնտէրուն 9 Մայիս1909

«Բազմաթիւ այրիներ, որբեր խղճալի վիճակի նմէջ փողոցները կը շրջին։ Աստուած վկայ է թէ մենք միշտ հաւատարմաբար ծառայած ենք պետութեան եւ հայրենիքին, եւ թէ բնաւ ուրիշ նպատակ չենք ունեցած. այս թշուառ վիճակին եկած ենք որովհետեւ մեր կեանքը եւ պատիւը պաշտպանելու մեղքը գործած ենք. մեր արտերը եւ դաշտերը մոխիր դարձան. թէպէտ առատ պարէն ունէինք. սակայն չքաւոր եղանք։ Ոչ ոք կը գթայ մեր վրայ, մեր աղերսները նկատի չեն առնուիր։ Զինուորական ոյժը միշտ թշնամի է, խիստ քննութիւններ կ՚ընէ կը բանտարկէ մերինները՝ իբր թէ մենք ըլլայինք դէպքերուն ճշմարիտ հեղինակները։

Զրպարտութեան զոհ չըլլալու համար կը խնդրենք որ կատարեալ անկողմնակալ դատական մարմին մը ղրկուի որպէսզի մարդասպանները, աւարառուները եւ հրձիգները պատժուին։ Մեծ բազմութեամբ դաշտերու մէջ հաւաքուած ենք առանց սնունդի եւ անապաստան։ Հունձքի ժամանակ կը մօտենայ, կը խնդրենք որ կարեւորը ուղարկէք վրաններ եւ խրճիթներ կանգնել կարենալու եւ այսպէսով գոնէ մեր կեանքն ու հունձքերը ազատելու համար։

Կառավարութիւնը 5000 ղրշ. շնորհեց։ 12000 դժբախտ եւ սովածներ, ներկայիւս կ՚աղերսենք միջամտելու մեզի համար»։

ՍԱՀԱԿ ՔԱՀԱՆԱՅ

֍

Իսկէնտէրուն (Չօք-Մարզուանէն) 21 Մայիս 1909

Զանազան էնթրիկներ եւ ռէաքսիօններներու բռնապետութիւնը մեր սիրտերուն վրայ կը ճնշեն։ Քիչ մ՚աւելի գութի արժանի ենք մենք որ այսքան դժբախտութիւններ տեսանք։ Կ՚ուզեն մեզ ջախջախել ուրիշ միջոցներով։ Թէպէտեւ մենք ցուցուցինք պատահած եղելութեանց պատասխանատուները եւ սակայն դեռ կը շարունակեն մեր երեւելիները հետապնդել եւ բանտարկել։ Երկրորդ գումարտակին զօրապետը, ինչպէս նաեւ զօրքերու աֆանտներու հրամանատարը, իմանալով մեր 9 Մայիս հեռագրով բանաձեւած բողոքները, բարկացած են եւ նորէն սկսած են մեզի հետ գէշ վարուիլ, մեզի անարգալից խօսքեր ուղղել, խեղճ հայերը ծեծել, ամէն տեսակ աւերներ պատճառել, արմատախիլ ընելով եւ կոտորելով պտղատու ծառերը։ Յանցաւոր կը նկատեն այն հայերը որոնք ողջ մնացած են պաշտպանելով իրենց զէնքերովը իրենց ընտանիքներուն կեանքն ու պատիւը։ Շարունակաբար մահուան ենթակայ ենք եւ Աստուած է միայն մեր տառապանքին վկան։ Միշտ յուզման եւ շարունակական շփոթութեանց մէջ ենք. չենք գիտեր թէ որո՞ւ պէտք է դիմենք օգնութեան հայցելու համար։ Վերը յիշուած զօրապետը եւ հրամանատարը մեր երեւելիները զօրանոց ժողոված եւ անոնց 24 ժամուան պայմանաժամ մը տուած են որպէսզի իրենց, մարթինի եւ մաւզէրի հարիւր հրացան տան, հակառակ պարագային իրենց արիւնը թափելու եւ աւելի սոսկալի դժբախտութիւններ հասցնել սպառնալով։ Շատ լաւ գիտնալով որ մենք այդ տեսակ հրացաններ չունինք, պատրուակ մը կը փնտռեն զմեզ կատարելապէս ոչնչացնելու համար։ Աստուծոյ սիրոյն համար գթացէք մեր վրայ։ Գոնէ մեր ընտանիքներուն եւ անմեղ նորածիններուն ճիչերը եւ հեծեծանքները լսեցէք վերջ մը տալու համար այն խոչտանգումներուն եւ չարչարանքներուն որոնց ենթարկել կ՚ուզեն զմեզ այսքան անարդար կերպով։ Հետեւաբար կուգանք կրկնելու մեր արդէն ուղղած աղաչանքները որպէսզի մասնաւոր յանձնաժողով մը ղրկուի արդարութեան ուղղամտութեան համաձայն անհրաժեշտ քննութիւնը կատարելու եւ վտանգի ենթակայ մեր կեանքն ու պատիւը խնայելու համար։

(ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)

֍

Ատանայի վիճակը (Լա-Թիւրքի թերթէն)

«Հայ հայրենակիցի մը հասած հեռագրի մը համաձայն 6000 աղէտեալներէն 6000 այրիներ եւ  12000 մարդիկ յետին ծայր չքաւորութեան մատնուած են։ Պահչէի շրջակայքը 800, Տէօրթ-Եօլ 900, Քէսապ 1000, եւ Գոզան 400 ընտանիքներ բաց օդին մէջ առանց վրանի մնացած են։ Ատանայի շրջակայքը եւ ուրիշ տեղեր ժողուած 300 ընտանիքներ ուտելիքէ զուրկ են։ Վերջին երեք ամիսներուն միջոցին մահերուն թիւը կարեւոր համեմատութիւններ ստացած է։ Գաղթը կը շարունակուի մինչեւ հիմա 4000 անձեր գաղթած են»։

֍

Բարիզէն

«Թան» թերթը կ՚ըսէ թէ Հայոց Պատրիարքարանը հեռագիր մը ստացած է (30 Յունիս թուակիր) որ կ՚իմացնէ թէ բուն իսկ Ատանայի մէջ 532 որբեր բնակարանի եւ սնունդի պակասութենէն մեռած են»։

ՎԵՐՋ Բ. ՀԱՏՈՐԻ