ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ, ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

  Կիլիկեան ահռելի աղէտին մէջ ամենէն աւելի մեր սիրտերը խոցոտողն եղած է Արդարութեան գործելակերպը։ Քաղաքներ քանդուեցան, գիւղեր կործանեցան, երեսուն հազար անմեղ հայեր անխնայ ջարդուեցան, Սիհունի ու Ճիհունի ջուրերը արիւնի փոխուեցան, հարիւրաւոր կոյսեր պղծուեցան, բազմաթիւ հարսեր արեւանգուեցան, հազարաւոր հայեր եկեղեցիներու մէջ ողջ ողջ այրեցան, դպրոցական պատանիներ տասնեակներով խաչի վրայ գամուեցան եւ աշխարհի վրայ դեռ չի գործուած վայրագութիւններ ի գործ դրուեցան, որոնց տեսակներուն պիտի նախանձէին ԼԷնկ-Թիմուրի եւ Ներոնի պէս ամենագարշելի անգութները։ Եւ այսչփ վայրենութիւններու յանդգնող կատաղի ճիւաղները փոխանակ իրենց արժանի պատիժները կրելու, շատ դիւրութեամբ ազատեցան Արդարութեան ձեռքէն։ Մինչդեռ անդին մեր ծնողքն, զաւակները, ազգականները եւ այլ պարագաներ կորսնցնելով միայն անձերնիս ազատած ջարդի մնացորդներս՝ իբրեւ ապստամբ ձերբակալուեցանք եւ անտանելի նեղութիւններու ենթարկուեցանք։ Առաջին աղէտին պահուն կարծեցինք թէ յետադիմական շարժում մ՚է եղածը, եւ բոլոր Թուրքիոյ հետ Ատանայի նայանգն ալ նոյն վտանգին ենթարկուեցաւ, որով ճգնաժամային դիմադրութեան մը դիմեցինք փրկելու համար թէ մեր կեանքն եւ թէ մեր նուիրական Սահմանադրութեան պատիւը։ Երբ երկրորդ ջարդն ալ կատարուեցաւ, այլեւս կատարեալ համոզում գոյացուցինք թէ Սահմանադրութիւնը պարտուեցաւ եւ կարմիր Սուլթանը նորէն իր փափաքին գոհացում՝ կ՚երեւակայէինք աղէտէն ետքը բռնապետական կառավարութեան բռնելիք ընթացքը։ Սակայն երբ աւետեցին մեզ թէ Սահմանադրութիւնը չէ վտանգուած, թէ շարժուն բանակը յաղթապանծ Պոլիս մտած է, եւ թէ մանաւանդ Կարմիր Սուլթանը իրեն անվայել գահէն վար առնուելով Սուլթան հռչակուած է Մէհմէտ Րէշատի պէս Սահմանադրասէր եւ գթառատ Վեհապետ մը, այլեւս մեր ուրախութիւնը չափ չունէր, որովհետեւ մենք համոզուած էինք թէ՝ Ազատական թուրքերը մեր անմիջական օգնութեան պիտի փութան թէ մեր Օսմ[անեան] Երեսփոխանական Ժողովը ոգի ի բռին պիտի պայքարի զմեզ այն վիճակին հասցնելու պատճառ եղողներուն դէմ, եւ թէ վերջապէս հարիւրաւոր կատաղի ճիւաղներ պիտի ճօճին օդին մէջ գոնէ օրինակ ըլլալու համար ուրիշներու։ Եւ սակայն իրողութիւնները մեր յուսացածին բոլորովին հակառակը պատահեցան։

Ահռելի աղէտէն ետքը Ատանայի տեղական կառավարութիւնը՝ որ գրեթէ խուժանապետներուն ձեռքն անցած էր, ճարտար գողի մը կամ ոճրագործի մը հնարամտութեամբը ծրագրած էր հայերը պատասխանատու բռնել եւ որով աղէտին պատասխանատուութիւնը բեռցնել դժբախտ եւ անտէր հայերուս կռնակը. եւ իրաւամբ ալ բաւական յաջողեցան հասնելու համար իրենց նպատակին։ Կրկնակ աղէտէն անմիջապէս ետքը կազմուեցաւ քննիչ յանձնախումբ մը, որ՝ ոգի ի բռին աշխատեցաւ իր տխուր պարտականութիւնը կատարել, ձերբակալելով բոլոր ողջ մնացած հայերը եւ ձեռքի տակէ փախցնելով աղէտին կազմակերպիչներն ու խուժանավարները։ Կատարեալ զաւեշտախաղի մը ներկայացումի դերը ստանձնող այս յանձնախումբին անդամները՝ մեզմէ առաջ իրենք կը խնդային հարցաքննութեանց միջոցին, իրենց կողմէ կատարուած վրանբաց խեղաթիւրումներուն եւ յերիւրուած զրպարտութիւններուն մասին։ Անխղճութեան եւ անգթութեան մարմնացումն եղող այն անմոռանալի քննիչ յանձնաժողովը՝ յարմար դատած էր հայերը իբրեւ ապստամբած, եւ խե՜ղճ թուրքերը ինքնապաշտպանութեան դիմած ճանչնալ եւ ըստ այնմ քննութիւնները առաջ տանիլ, եւ իրաւամբ ալ առանց թուրքի մը մազին դպչելու կը ձերբակալէին անընդհատ միայն եւ մի միայն հայերը եւ կը լեցնէին իրարու վրայ որոնցմէ ոմանք ալ շղթայակապ նեղ զնտանի մը մէջ դրած, կ՚սպասէին պատերազմական Ատեանին գալուն, որուն համար կը յուսային անշուշտ որ իրենց բոլոր ձերբակալածները միառմի կախաղան պիտի բաձրացնէր։ Մինչդեռ մեր՝ դժբախտ հայերու աչքերն ալ Պատերազմական Ատեանին ճամբուն կը սպասէր, վստահօրէն յուսալով որ մեր Սահմանադրական կառավարութեան կողմէ ղրկուած Պատերազմական Ատեանը անտարակոյս պիտի գործադրէր Արդարութիւնը, անմիջապէս ազատ արձակելով բոլոր հայ բանտարկեալները եւ կախաղան բարձրացնելով ոչ միայն հարիւրաւոր խուժանապետներ, այլեւ Ատանայի տեղական կառավարութեան պաշտօնեաներէն գլխաւորները եւ նոյնիսկ աղէտէն ետքը զմեզ նեղութեան եւ անտանելի չարչարանքներու ենթարկող քննիչ յանձնախումբի անդամները։

Պատերազմական Ատեանը հասաւ Ատանա, առաջին օրերուն մէջ պահ մը ուրախութիւն պարգեւեց մեզ բանտէն ազատ արձակելով բաւական թիւով հայեր եւ ընդհակառակը ձերբակալել տալով բազմաթիւ թուրքեր, եւ սակայն քիչ ետքը մեր ուրախութիւնը տխրութեան փոխուեցաւ, տեսնելով որ Պատերազմական Ատեանն ալ սկսաւ սուտ վկայութիւններու եւ զրպարտութիւններու կարեւորութիւն տալ եւ կախաղան բարձրացնել ու դատապարտել այնպիսի հայեր, որոնց անմեղութիւնը արեւի պէս յայտնի էր, իսկ շատ թեեւ պատիժներով միայն գոհանալ Ճէվատ եւ Ասաֆի պէս անհատներու մասին, որոնք հազարաւոր անմեղներու դահիճը եղան։

Գաղափար մը տալու համար մեր ձերբակալութեան բանտարկութեան, հարցաքննութեան եւ դատավարութեան մասին, յարմար կը տեսնեմ իմ բանտի նօթերս հրատարակել ի ստորեւ։