ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆԸ ՄԱՍԻՆ ԲՈՂՈՔԱԳԻՐ

Մեծ Եպարքոսութեան, Պատերազմական Նախարարութեան, Դատական Նախարարութեան եւ Քրիստ[ոնեայ] Պատրիարքարաններուն։

«Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան աշխարհը եւ խեղճ ունեցողները յուզող Ատանայի եղեռնին կազմակերպիչներուն եւ գործադրողներուն մասին Պատ[երազմական] Ատեանին հետեւած ընթացքը եւ տուած վճիռներն ու որոշումները ամենքնիս տխրեցուցած եւ յուսահատեցուցած է, այս մասին յիշեալ ատեանին բռնած քաղաքականութիւնը խիստ տարօրինակ եւ մեր յուսացածին բոլորովին հակառակ եղած է, թէ ինչպէս.

1. Հարստահարուած եւ վնասուած խեղճ ու թշուառ քրիստոնեաներու մասին երբ զրպարտութիւն մը եւ կամ կեղծ վկայութիւն մը տեղի ունենայ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի ու կը հետապնդուի, բայց անգութ եւ վայրագ իսլամ ոճրագործի մը մասին տեղի ունեցած արդար բողոք եւ դիմումները բնաւ կարեւորութեան չեն առնուիր, եւ ներողամտութեամբ կը վարուին։ Մինչդեռ մենք կը կարծէինք թէ ասանկ մեծ եւ վտանգաւոր դէպքէ մը ետքը Պատ[երազմական] Ատեան կազմուելուն նպատակը՝ վնասուածներուն իրաւունք պաշտպանել, աղէտեալները խնայել, արդարութիւնը կատարելապէս գործադրել էր հիմա կը տեսնենք որ հակառակը կը պատահի։

2. Աղէտին մասնակից եղող իսլամներուն մասին տեղի ունեցած արդար վկայութիւնները կը մերժուին, եւ երբ անոնց ի նպաստ սուտ վկայութիւն մը տրուի սիրով կ՚ընդունուի։ Իսլամի մը այսինչ տեղը՝ քրիստոնեաներ  սպաննած ըլլալը երբ վկայուի՝ անմիջապէս յիշեալ իսլամէն ի նպաստ կը գործեն եւ նոյն իսլամին այն միջոցին ուրիշ տեղ մը գտնուիլը երկու սուտ վկաներով կը հաստատեն, ու այսպէս ազատելու ճամբան կը բռնեն։ Օրինակի համար Չէնէսիզ Գէորգը՝ իրեն վրայ եղած յարձակումներէն ազատելու եւ իր անձը պաշտպանելու համար «Իսլամ մը սպաննեց» ամբաստանութեամբ եւ Մխթար Եօնուսի սուտ վկայութեամբ կախաղան հանեցին, մինչդեռ Մխիթար Եօնուսը մի քանի մարդ սպաննած ըլլալուն համար երբ դատ բացուեցաւ, մէկ քանի սուտ վկաներով՝ դէպքի միջոցին Ատանա գտնուած չ՚ըլլալը հաստատեցին։ Զարմանալի չէ՞ արդեօք որ՝ Մխտար Եօնուսի վկայութեամբ Չէնէսիզ Գէորգը կախաղան ելաւ եւ երբ յիշեալին մասին բողոքուեցաւ, դէպքին միջոցին քաղաքին մէջ չի գտնուիլը կը պնդեն եւ կը ընդունին…։

3. Քրիստոնեաները կասկածելի եւ սուտ վկաներով դատապարտուեցան, մինչդեռ իսլամները բազմաթիւ վկաներով չի դատապարտուեցան, օրինակի համար —Գույումճու Աստուրի տունէն բաւական հեռուն իսլամի մը դիակը գտնուելուն համար յիշեալը 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, մինչդեռ իրենց ամուսնոյն եւ զաւակներուն ոճրագործները դատարանին առջեւ տեսնող եւ վկայող կիներուն՝ «դուք ի՞նչ կ՚ուզէք, Ձեր ամուսին եւ զաւակներուն համար միթէ իսլամնե՞րը պիտի կախենք, ձգեցէք գործերնուդ գացէք, յանցանքը Ձեր քովը չէ, կառավարութեան քովն է» ըսելով Պատ[երազմական] Ատեանէն վռնտած են։ Ի՜նչ լաւ պատասխան եւ ի՜նչ արդար դատարան…։

4. Աղէտին մասին քննութիւն կատարուած միջոցին հակասութիւն մը գտնելու նպատակով քրիստոնեաները վերջին աստիճան խստութեամբ եւ մանրամասնութեամբ քննուեցան, եւ սակայն իսլամները ազատելու համար շատ հարեւանցի կերպով քննուեցան, օրինակի համար կին մը իրեն եւ ամուսինին սենեակ մը տարուած եւ ամուսինին սպաննուած ըլլալը պնդած միջոցին, յիշեալին հարցուցած են— «Զձեզ տարած սենեակնին քանի՞ պատուհան ունէր, արդեօք առաստաղ ունէ՞ր թէ ոչ, դուռը ո՞ր կողմն էր, սանդուխը քանի աստիճան ունէր եւայլն», ասանկ ատեն մը պատուհանը սանդուխը համրելու արդեօք միջոց կը գտնուի՞, արեւելքն ու արեւմուտքը հասկնալու ժամանա՞կն էր, դուք դատեցէք։

5. Ատանայի Թարսուս-Գափուսի թաղը գտնուող Մէնզիլ եւ Օհան օղլու պանդոկներուն մէջ մաս մը իսլամներու դիակներ գտնուած ըլլալուն համար, կարգ մը սուտ վկաներու վկայութեամբը գասապ Միսաք, Խաչօ, Յարութիւն, Յովհաննէս եւ Կարապետ կախաղան հանուեցան։ Մինչդեռ քաղաքին վաճառականութեան կեդրոնը գտնուող Եէնի խան եւ Աճէմ խան կոչուած պանդոկներուն մէջ սպաննուող բազմաթիւ քրիստոնեաներուն յայտնի ոճրագործները չի ձերբակալուեցան։

6. Թարսուսի զինուորական մթերանոցին վրայ յարձակող եւ զէնքերը թալանող իսլամները միայն վեցական ամիս բանտարկութեան դատապարտուեցան եւ յիշեալ զէնքերէն սպաննուող քրիստոնեաներուն խնդրիը բնաւ նկատի չառնուեցաւ, մինչդեեւ Հաճընի մէջ իրենց որսի զէնքերը իրենց կամ քովը ժանտարմաներուն հետ փոխանակող քրիստոնեաները  10-15 տարի բերդարգելութեան դատապարտուեցան։

7. Իսլամ կրօնաւոր մը սպաննած ըլլալուն՝ կասկածելի վկայութեամբ մը՝ քրիստոնեայ մը 15 տարի բերդարգելութեան դատապարտուեցաւ, մինչդեռ Օսմանիէի եւ Սայկէչիտի մէջ 20 հատի չափ երեւելի եւ ուսեալ բողոքական պատուելիները՝ առանց խղճալու վայրենութեամբ սպաննողներու մասին դեռ ո՛ եւ է Արդարութիւն չի գործադրուեցաւ։

8. Ապտ-օղլուի եւ Միսիսի մէջ՝ Քիպարըն օղլու Մէհմէտի, Իսմաիլի եւ փեսանին Ազմիի կողմէ գործուած ոճիրները խիստ վայրագ եւ վայրենավայել նոյն իսկ ամէն լսողի ականջները դղրդեցնող տեսակներն եղած են, եւ Խայըրլը ու շրջակայ չիֆթլիքներուն մէջ Ապտալ քէհեասը Քէրիմ եւ քոյրը Սինէմէ հանըմ իրենց արբանեակներով կատարած վայրենութիւնները՝ մարդկութեան արատ եւ նախատինք բերող տեսակէն եղած են, այսինքն այրերը մաս առ մաս խողխողած եւ սոսկալի չարչարանքներով սպաննած են, կիներ կրակներու մէջ այրած, եւ գետը նետած են։ Այս ճիւաղներուն մասին ո՛ եւ է հետապնդում չէ կատարուած եւ Թանրըվէրտի ու Մեհմանտար գիւղերու մէջ սպաննուած է 200 աւելի քրիստոնեաներու ոճրագործներուն մասին ո՛ եւ է օրինական տրամադրութիւն չէ գործադրուած։



Ատանայի նահատակներէն Պ. ՎԱՀԱՆ ԳԱՅԱԵԱՆ որ այգիներուն մէջ սպաննուեցաւ

9. Միայն Ատանայի քաղաքին մէջ քրիստոնեաներէն՝  6 եկեղեցի, 12 դպրոց եւ հազարաւոր խանութներ ու բնակարաններ՝ այժմ եւս թաղապետութեան երկրաչափը եղող Հիւսէյին էֆ[էնտի]ի առաջնորդութեամբը քարիւղ գործածուելով հրկիւզուած են, եւ այս խնդիրը մինչեւ հիմա երբէք, ոչ փնտռուած եւ ոչ ալ հետապնդուած է։

Տուներուն մէջ թալանուած ապրանքներ գտնուող իսլամները չեն բանտարկուիր, եւ խանութներուն մէջ թալանուած վաճառքներ ունեցող իսլամներուն բան մը չ՚ըսուիր։ 

10. Հազարաւոր քրիստոնեաներու ջարդուիլը, հարիւրհազարաւոր ոսկինոց շէնքերուն հրկիզուիլը եւ միլիոնաւոր ոսկինոց ինչքերուն թալանուիլը արտօնող նախորդ կուսակալը Ճէվատ պէյ միայն 6 տարի չպաշտօնավարելու դատապարտուեցաւ, նոյնպէս յիշեալ դէպքը արգիլելու համար՝ բաւականաչափ զինուորական ոյժ ունեցող Մուսթաա Րէմզի փաշա միայն 3 ամիս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։

11. Խռովայոյզ հրատարակութիւններով իսլամները քրիստոնեաներուն դէմ գրգռող «Իթիտալ» լրագրին խմբագրապետ Իհսան Ֆիքրի՝ Ատանայէն վտարուելու , եւ յիշեալին ընկերը Իսմայիլ Սէֆա «սոսկալի ապստամբութիւն մը» վերնագրով գրած յօդուածով մը Ատանայի երկրորդ եւ աւելի ահաւոր աւերմանը պատճառ եղող յօդուածին համար միայն մէկ ամսուան բանտարկութեան դատապարտուեցան։

12. Ատանայի ցաւալի դէպքին կազմակերպութեան եւ գործադրութեան մասնակից եղող Պաղտատի զատէ Ապտիւլ Գատիրն ու արբանեակները՝ կամ անպարտ արձակուած են, եւ կամ բնաւ հարցաքննուած չեն։ Առաջին դէպքի միջոցին Ապտիւլ Գատիրը՝ իր տունին պատուհանը նստելով շրջակաները գտնուած քրիստոնեաները ջարդող խուժանին ուղղեալ՝ «այրերը սպաննեցէք, կիները եւ ինչքերը արդէն մերն են» ըսելով հրամայելը բազմաթիւ վկաներով հաստատուած ըլլալով մէկտեղ, չենք գիտեր թէ ի՞նչպէս անպարտ արձակուած է եւ կամ դեռ բնա՛ւ հարցաքննուած չէ։

13. Քննիչ յանժնաժողովին տեղեկագիրին մէջ մանրամասնութեամբ գրուածին համեմատ կարգ մը գրգռիչ եւ խռովայոյզ հեռագիրներ տալով, Ճէպէլը պէրէքէթի սանճագը տակնուվրայ ըրած եւ անձի ահագին կորուստի պատճառ եղած՝ Էրզինի միւթէսարըֆը Ասաֆ պէյ անպարտ արձակուած է, եւ նոյնպէս Ատանայի ու շրջակաները բնա՛ւ քրիստոնեայ չի ձգելու պայմանաւ ընդհանուր ջարդ կատարող ոճրագործներէն շատերը մաս առ մաս կ՚արձակուին։

14. Վերոյիշեալ խնդիրները արդեօք պզտիկ եւ անկարեւոր տեսնուածի հետեւանքո՞վ է որ շատ թեթեւ քննութիւններով կը գոհացուի։ Գործածուած ոճիրին եւ տրուած պատիժին իրարու համեմատական չ՚ըլլալովը Ձեր արդար դատողութեան կը յանձնենք։ Եւ այս ընթացքին քրիստոնեայ ժողովուրդին վրայ շատ գէշ ազդելով այլեւս այս երկրին մէջ չի բնակելու ստիպողականութեան տակ գտնուիլը կը յայտնենք։

15. Վերջապէս յիշեալ կարգադրութիւնները՝ օսմանցիութեան պատիւին եւ արդարութեան հակառակ եւ մեր մեծազօր հայրենիքին ապագային համար վնասակար ըլլալը յայտնելով մէկտեղ, Աստուած մի արասցէ յիշեալ եղեռնին կրկնութենէն վախնալով եւ հայրենիքին ցաւելով ու անոր անդորրութիւնը ցանկալով, այս անհամեմատական վճիռներուն դէմ խստիւ կը բողոքենք, եւ բացառիկ խառն դատարանի մը կազմութիւնն ու Ատանայի ցաւալի դէպքերուն կրկին անգամ քննուիլը, եւ այսպէսով ճշմարտութեան երեւան հանուիլն ու արդարութեան գործադրուիլը Օսմանացիութեան եւ ճշմարիտ հայրենասիրութեան անունով կը խնդրենք»։

8 Սեպտ. 1909