ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՍԻՍԻ [1] ՋԱՐԴԸ

Կիլիկիոյ աղէտին մէջ ամենէն ահռելի եղանակով կործանած տեղերէն մէկն ալ Միսիսն է, որուն 150 տուն քրիստոնեայ բնակչութենէն միմիայն հարիւր չափ այրի կիներ ու աղջիկները ազատեցան։ Այրի կիներէն ամենէն խելահաս մէկը՝ կը պատմէ հետեւեալ կերպով։

«Ապրիլ մէկի Չորեքշաբթի օրը՝ Ատանայի ջարդին լուրը առնելով սարսափի մատնուեցանք եւ բոլոր քրիստոնեաներս մէկ երկու մեծ տուներու մէջ ժողովելով՝ մեր ճակատագրին սպասեցինք։ Այս միջոցին հրացանի ձայներ լսելով դուրս նայեցանք եւ ինչ տեսնենք ահագին թիւով խուժան մը կը յարձակէր Միսիսի վերի թաղին վրայ։ Նախ՝ թալանի տուին քրիստոնեաներու ամբողջ կահ կարասիները ու խանութները եւ յետոյ սկսան ջարդել բոլոր քրիստոնեաները։ Յանկարծ Միսիսի հազարապետը Լութֆի պէյ՝ մի քանի զինուորներով շուկան ելաւ եւ զինուորական փողերով ու մունետիկներով խուժանին հրամայեց որ ջարդը դադրեցնեն, հակառակ պարագային պիտի ստիպուի զինուորական ոյժ գործածել։ Վայրագ խուժանը՝ վերի թաղին մէջ վաթսուն հոգի ջարդելէ ետքը դադրեցուց յարձակումը։ Այս պահուն մարդասիրութեան տիպար Հազարապետ պէյը մեր մօտը գալով քաջալերեց ու վստահեցուց որ վտանգ չկայ եւ կրնանք մեր հանգիստն նայիլ։ Հազարապետին այս ճշմարիտ մարդասիրութեան եւ անձնուիրութեան փոխարէն մեր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեցինք։ Հազարապետ պէյը՝ զմեզ չորս մասի բաժնեց, մէկ մասը իր տունը, երկրորդ մասը Տէպպօյ մէէմուրին տունը, երրորդ մասը Արապ օղլուի եւ չորրորդ մասը Խաթէմ օղլուի տուները տարաւ եւ այս տուներուն մէջ վերջին աստիճան յարգանքի եւ պատիւներու արժանացանք։ Գիշեր մը միայն այս տուներուն մէջ մնալէ ետքը հետեւեալ օրը՝ նորէն հազարապետ պէյին վստահութեան շնորհիւ փոխադրուեցանք Միսիսի երեւելիներէն Թէրզեաններու տունը, եւ կամաց կամաց մեր տուները վերադառնալով մինչեւ հետեւեալ Ուրբաթ օրը մնացինք մեր տուներուն մէջ կատարեալ ապահովութեան եւ զինուորներու պաշտպանութեան տակ։ Ահա այսպէս շատ աննշան վնասով մը ազատեցանք Ատանայի առաջին ջարդին միջոցին, շնորհիւ մեր հազարապետին մարդասիրութեանը։ Այս օրերուն միջոցին Միսիսի քրիստոնեաբնակ գիւղերէն մանաւանդ Ապտօղլու կոչուած մեծ գիւղէն բազմաթիւ այրեր կիներ՝ մերկ ու բոպիկ թափուեցան Միսիս, եւ մեր մօտ գալով հոգեկան ահռելի տանջանքներով պատմեցին իրենց ամուսիններուն ու զաւակներուն ամբողջութեամբ ջարդուիլը։ Այն ատեն մենք աշխատեցանք մխիթարել զիրենք մեր հոգածութիւններով, առանց գիտնալու թէ մի քանի օր ետքը մենք ալ իրենց բախտակից պիտի ըլլանք։

Ուրբաթ օրը՝ յանկարծ լուր մը տարածուեցաւ թէ մեր մարդասէր հազարապետ պէյը Հաճըն պիտի երթայ։ անմիջապէս Միսիսի երեւելիներէն պատգամաւորութիւն մը գնաց, հազարապետին քով, խնդրելու համար որ Միսիսէն չի հեռանայ, որովհետեւ հակառակ պարագային մեր կեանքերը վտանգի պիտի ենթարկուին։ Ասոր վրայ հազարապետ պէյն իրեն մօտ կանչեց Միսիսի թուրք երեւելիները եւ երկար բարակ խրատականներ խօսելէ ետքը երդում ընել տուաւ անոնց, մեր կեանքերուն անվնաս պահպանութեանը մասին։ Այս պայմանով մեկնեցաւ հազարապետը դէպ ի՝ Հաճըն, պաշտպանելու համար այն տեղի ստուար քրիստոնեաները, բան մը՝ որուն մէջ յաջողեցաւ եւ սակայն մեր Միսիսը զոհ գնաց իր բացակայութեանը։

Ապրիլ 10ի Շաբաթ առտուն հազարապետը մեկնեցաւ եւ թուրք երեւելիները մեր մօտ գալով կեղծ ու պատիր կարգ մը շողոքորթութիւններ ըրին, իբր թէ վստահեցնելու համար զմեզ եւ նոյն իսկ հրաւիրեցին զմեզ որ մեր ագարակները երթանք ու գործերնիս նայինք։ Հետեւեալ օրը՝ կիրակի իրիկուն յանկարծ լուր մը տարածուեցաւ թէ Ատանայի մէջ երկրորդ ջարդ մը սկսեր է. եւ ասոր վրայ անմիջապէս թուրքերը հեռագրատուն վազեցին։ Այն գիշեր սարսափով լուսցուցինք եւ հետեւեալ Երկուշաբթի առտուն տեսանք որ մեր թաղին պաշտպանութեանը համար սպասող պահակ զինուորները չկան մէջտեղը եւ թուրքերուն մէջ արտասովոր եռուզեռ մը կայ, փողոցը խռնուած ամբոխը՝ ամբողջովին զինուած էր եւ հեռուներէն կը սպառնար մեզ։ Երկուշաբթի օրը ժամը 6ին . Թ. ) յանկարծ մի քանի զէնքեր արձակուեցան եւ ահա սոսկալի յարձակում մը սկսաւ։ Դժբախտ քրիստոնեաներս լեղապատառ սկսանք ծակէ ծակ մտնել։ Եւ սակայն ո՞ւր պահուիլ կամ փախչիլ եւ ինչպէ՞ս ազատիլ կարելի էր։ Ամէն կողմէ պաշարուած էինք։ Հրացանները կը պայթէին գնդակները կը շառաչէին, կացիններով դուռները կը խորտակուէին եւ մունետիկները ջարդի հրաւէր կը կարդային։

Կատաղի խուժանը նախ՝ յարձակեցաւ Միսիսի երեւելիներէն Թէրզեանի տան վրայ, որուն մէջ ապաստանած էին 250 հոգի երկսեռ քրիստոնեաներ, գրեթէ ամենքն ալ Հաճընցի։ Այս տունը կրակի տրուելով մէջիններն ալ միասին այրեցան ամբողջութեամբ։ Ասկէ ետքը թապուր քեաթիպին՝ խուժանը իր տունը հրաւիրեց, ուր ապաստանած էին երկու հարիւրի չափ քրիստոնեաներ, մեծամասնութեամբ այրեր, որոնք վայրկենապէս լափլիզուեցան կատաղի գայլերու կողմէ, եւ միայն մի քանի տարիքոտ կիներ ազատեցան այնչափ քրիստոնեաներէն։ Յետոյ ջարդարարներն մեծ մասով Կրետացի գաղթականներ յարձակեցան Տէպպօյ մէէմուրի Շէվգը էֆէնտիյի տան վրայ, ուր կային երկու հարիւրի չափ քրիստոնեաներ տան տիկին թրքուհին ընդդիմացաւ խուժանին յարձակումին եւ սակայն քիչ վերջը ամուսինը Շէվգը էֆէնտին վրայ հասնելով ներս հրաւիրեց խուժանը, որ՝ ամենասոսկալի վայրագութիւններով ջարդ ու կտոր ըրաւ հոն գտնուող դժբախտները։ Ասոնց մէջ էր Կիլիկիոյ միաբաններէն Տ. Միքայել Ծ. վարդ. Աջապահեանը, որ ամենասոսկալի խժդժութիւններու ենթարկուեցաւ։ Դժբախտ վարդապետին տրուած չարչարանքները ամէն անգամ որ յիշեմ մարմինս կ՚ասեղնոտի։ Լսե՛ցէք թէ ինչեր ըրին հայ վարդապետի մը, որուն ամբողջ յանցանքը քրիստոնեայ կրօնապետ մը ըլլալն էր։ Նախ՝ մօրուքը փեթթեցին, յետոյ քերթեցին երեսին մորթը, աչքերը փորեցին, քիթը կտրեցին եւ «հուրիյէթ րահիպի հայտէ տօվա էթ պագալըմ Ազատութեան վարդապետ, օ՛ն աղօթէ» գոչելով ծաղրեցին, թեւերն ու սրունգները կտրեցին, վերջապէս կտոր կտոր ըրին [2] ։ Այս չարչարանքներուն միջոցին դժբախտ վարդապետը անընդհատ կը խաչակնքէր եւ կ՚աղօթէր. աջ թեւը կտրեցին ձախ թեւով խաչակնքեց եւ վերջապէս ձախ թեւն ալ կտրուելէ ետքը աղօթքի մրմունջներով հոգին աւանդեց։ Ասկէ ետքը՝ ալ յարձակումները տարածուեցան ամէն կողմ։ Քրթըֆեան Եբրեմ աղայի տունէն բազմաթիւ քրիստոնեաներ դուրս հանելով իրարու քով շարեցին եւ մէկ կարգի վրայ սպաննեցին։ Ասոնց մէջ կը գտնուէր Պոլսեցի աքսորական մը Տօքթ. Տավուտ, որ բաւական դիմադրութիւններէ ետքը ստիպուեցաւ անձնատուր ըլլալ։



Կիլիկիոյ միաբաններէն Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ Ծ. ՎԱՐԴ[ԱՊԵՏ] ԱՋԱՊԱՀԵԱՆ որ սոսկալի չարչարանքներով նահատակուեցաւ Միսիսի ջարդին մէջ։

Ջարդին ահռելի տեսարաններէն մէկ ուրիշը շատ յուզած է զիս, զոր չեմ կրնար երբէք մոռնալ. փողոցին մէջտեղը՝ խուժանէն մաս մը՝ հայ պատանի մը բռնեց եւ վրան քարիւղ լեցնելով լուցիկով մը բռնկեցուց, պատանին կը պոռար ու փախչիլ կուզէր, չէին ձգեր եւ տղան այրեցաւ իրենց առջեւը, իսկ խուժանը պարզուած տեսարանէն գոհ եղած ուրախութեան աղաղակներ կը բարձրացնէր…։ Աչքիս առջեւը սպաննեցին ամուսինս, չորս հատ կտրիճ զաւակներս ու մէկ հատիկ աննման փեսաս Հաճընցի Յարութիւն Մախեանը որ մեծ համբաւ հանած էր իր քաջութեամբը։ Լաց, կոծ, աղաղակ, իրարանցում ամէն կողմ պատեց եւ անկէ ետքը ինչ ըլլալս չեմ գիտեր…։        

Ջարդէն ետքը մնացած կիներս թուրքի մը տունը տարին եւ անգամ մ՚ալ քննել սկսան զմեզ, այն քննութեան հետեւանքով կնօջ զգեստով այր մարդ մը՝ արապաճը Միսաք անունով մէկը գտան եւ դուրս հանելով մեր աչքին առջեւ սպաննեցին։ Ասկէ ետքը օրօրոցի մանուկները ձեռքէ անցունելով արուները ջարդեցին ամբողջապէս։ Հայոց տուները այրեցին եւ բնակիչները ջարդուեցան ու փոքրաթիւ այրի կիներ օրերով մնացինք թուրքի մը տունը ուրկէ Ատանա փոխադրուեցանք եւ հիմա չենք ուզեր անգամ մ՚ալ տեսնել այն անիծեալ վայրը։

Միսիսը կործանող խուժանին առաջնորդներն էին նոյն ատենուան Գօլ աղասին, Քէլ գատըն (դատաւոր), Արապ օղլու Մուսթաֆա, Գապագճը Գրը Ալի, Ահմէտ էֆէնտի, տղան ՄԷհմէտ էֆէնտի, Քիւչիւք նալպանտ Մէհմէտ եւ ուրիշներ։ Ասոնք մի քանի օր բանտարկուելէ ետքը արձակուեցան»։



[1]            Հին պատմական Մամեստիան է այսօրուան Միսիսը՝ որ կը գտնուի Ատանայի արեւելեան կողմը Ճիհուն գետին եզերքը, եւ որ ունի շատ փառաւոր կամուրջ մը, զոր շինած է Դշխոյն Հեղինէ։ . Յ. Թ. )

[2]            Քսաներորդ դարու վայրենութիւններէն իբրեւ նմոյշ կ՚արժէ որ այս տողերը քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ անցնին։