ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱԿՈԲ էֆ[էնտի] ՊԱՊԻԿԵԱՆԻ ԱՏԱՆԱՅԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱԾ ՄԻՋՈՑԻՆ ԸՐԱԾ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Իզմիրի «Իթթիհատ» թերթին մէկ խմբագիրը շոգենաւ երթալով հետեւեալ խօսակցութիւնն ունեցաւ։

Խմբագիր. Ատանայի մէջ Ձեր պաշտօնը վերջացա՞ւ թէ դարձեալ այնտեղ պիտի դառնաք։

Պապիկեան էֆ[էնտի]— Իմ ընելիք գործս վերջացաւ, ա՛լ քննելիք խնդիր չի մնաց ինձ համար։

Խմբագիր. Քննութեանց արդիւնքն ի՞նչ եղաւ, ջարդերուն պատճառն ի՞նչ էր։

Պապիկեան. Իմ քննութեանցս արդիւնքին նայելով, Ազատութեան հռչակումէն ի վեր, բռնապետութեան կուսակիցները դժգոհութեան նշաններ ցոյց տուեր են, եւ մտադրեր են ջարդել քրիստոնեաները, ասիկա բացայայտ է եւ դատական պաշտօնաթուղթերով հաստատուած։

Խմբագիր. Սուլթան Համիտը մասնակցութիւն ունի՞ այս գործին մէջ։

Պապիկեան. Այս մասին այլեւայլ տարաձայնութիւններ կան Ատանայի մէջ, բայց ես գործին քննութեան պահուն չկրցայ ապացոյց մը գտնել այս մասին։

Խմբագիր. Ջարդին մէջ մասնակցութիւն ունի՞ նաեւ տեղական կառավարութիւնը կամ կեդրոնի իշխանութիւնը։

Պապիկեան. Կեդրոնական կառավարութիւնը մասնակցութիւն չունէր, բայց պատճառ եղած է։ Իսկ տեղական իշխանութիւնք մասնակցութիւն ունին։ Մանաւանդ կուսակալ Ճէվատ պէյ, զինուորական հրամանատար Մուսթաֆա Րէմզի փաշա, Ճէպէլի Պէրէքէթի միւթէսարրֆ Ասաֆ պէյ, Պաղտատի զատթ Գատիր էֆ[էնտի], Պօշնագ Սալիհ էֆ[էնտի] եւ Իթիտալ թերթին տէր Իհսան Ֆիքրի էֆ[էնտի] բացարձակապէս մասնակցութիւն ունին։



Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին այցելութիւնը՝ աղէտավայրերէն Հաճընի մօտակայ Շար-Տէրէ գիւղը.

1. Ս. Կաթողիկոսը, 2. Հաճընի Առաջնորդ Տ. Պետրոս Ծ. ՎՐԴ. Սարաճեան, 3. Ս. Կաթողիկոսին հետեւորդ, միաբան Տ. Կիրակոս Ծ. Վարդապետ, 4. Տ. Եբրեմ Վարդապետ, 5. Հաճընի երեւելիներէն Յարութիւն էֆ[էնտի] Թէրզեան, 6. Ուսուցիչ Յովսէփ էֆ[էնտի] Նալպանտեան, 7. Շար-Տէրէի գիւղապետը Մինաս քէհեա։

Խմբագիր. Քրիստոնեայք պատճառ եղա՞ն ջարդերուն։

Պապիկեան. Քրիստոնեայք ի սկզբան պատճառ չեղան, ես բացարձակապէս համոզուեցայ ասոր։

Խմբագիր. Ձեր ընկերներուն համոզումն ի՞նչ է։

Պապիկեան. Ընկերներս համամիտ են ինձ, միայն Եուսուֆ Քէմալ պէյը քիչ մը տարակարծիք էր ինծի, բայց ի վերջոյ անիկա եւս համոզուեցաւ։

Խմբագիր. Ասկէ ետք խաղաղութիւնը տեւական պիտի կրնա՞յ ըլլալ Ատանայի մէջ, միջոցներ ձեռք առնուա՞ծ են այսպիսի դէպքերու կրկնութիւնն արգիլելու համար։

Պապիկեան. Կառավարութեան խիստ եւ արդար միջոցներուն շնորհիւ, խաղաղութիւնը, անդորրութիւնն ու կարգապահութիւնը կրնան պահպանուիլ Ատանայի մէջ։ Պատերազմական Ատեանն ան կողմնակալութեամբ չի շարժիր։ Եթէ անկողմնակալ ըլլայ, հոգ պատճառելիք խնդիր չպիտի մնայ։

 

«Թասվիրի էֆքեար» օրաթերթի խմբագիրներէն մէկուն խօսակցութիւնը Յակոբ էֆ[էնտի] Պապիկեանի հետ։

 

Խմբագիր. Ատանայի մէջ Ձեր պաշտօնը վերջ գտա՞ւ թէ, զրուցուածին համեմատ Ձեր ընկերոջ հետ անհամաձայն ըլլալնուդ համար Պոլիս դարձաք։

Պապիկեան. Անհամաձայնութիւն ծագած ըլլալու լուրը ճիշդ չէ։ Ինծի համար ա՛լ վերջացած է յանձնաժողովին քննութիւնը, որով մեր պարտականութիւնն ալ վերջ գտած է։ Եուսուֆ Քէմալ պէյն ալ մօտերս պիտի դառնայ։

Խմբագիր. Ի՞նչ տեսաք երբ Ատանա ժամանեցիք։

Պապիկեան. Նախ եւ առաջ սա կ՚ուզեմ հասկցնել ձեզի. Պէտք է իմ խօսքերս նկատէք մեր հայրենիքին երջանկութեանն ու բարգաւաճմանն աշխատելու եւ տքնելու երդում ըրած իրական եւ անկեղծ Օսմանցիի մը յայտարարութիւնները։ Գալով տեսածներուս, Ձեզի սա կրնամ ըսել համառօտիւ թէ Եւրոպական թերթերուն մէջ Ատանայի դէպքերուն մասին հրատարակուած մանրամասնութիւններն իմ տեսածներուս համեմատութեամբ ո՛չ թէ չափազանցուած չեն, այլ թերեւս պակաս են։

Խմբագիր. Ձեր կարծիքով, ի՞նչ է դէպքին ծագման շարժառիթը։

Պապիկեան. Ատանայի դէպքն երկու զօրաւոր պատճառ ունեցած է. Ռէաքսիօն եւ Բռնապետութիւն։ Յուլիսի սկզիբները սկսած է տեսնուիլ բռնապետական հակամետութիւնները։ Պաղչէի նախորդ միւֆթին՝ աստին անդին շրջելով սկսած է յայտարարել թէ Ազատութիւն ու Սահմանադրութիւնը քրիստոնեաներուն գործն են, թէ անոնք շէրիաթի հակառակն են, եւ այսպէս սկսած է գրգռել ժողովուրդը, որով սկսաւ Իսլամներն հանել քրիստոնեաներուն եւ Սահմանադրութեան դէմ։ Սահմանադրութեան առաջին օրերուն ժողովրդեան ամէն դասակարգերուն մէջ տեսնուած ուրախութեան եւ ցնծութեան տեղ, ոչ-իսլամներուն հանդէպ վրէժխնդրութիւն եւ թշնամութիւն սկսած է տարածուիլ։



Օսմ[անեան] Երեսփ[ոխանական] Ժողովին կողմէ Քննիչ Յանձնաժողովի անդամ ԵՈՒՍՈՒՖ ՔԷՄԱԼ ՊԷՅ։

Խմբագիր. Ի՞նչ կրնար ըլլալ այս շարժումը կազմակերպողներուն նպատակը։

Պապիկեան. Ինչպէս որ պիտի հասկցուի պաշտօնական քննութեանց արդիւնքէն, կարգ մը հակասահմանադրականներու անձնական շահերն ոչնչացած էր Ազատութեան հրատարակմամբ, որով անոնք Սահմանադրութեան դէմ ելան։ Այս մարդոց անուններն ու ինքնութիւնը պարզուած են հետս բերուած թուղթերուս մէջ։

Խմբագիր. Ատանայի դէպքերուն մէջ մասնակցութիւն ունի՞ն գահրնկէց վեհապետը կամ Իզզէք։

Պապիկեան. Թէեւ այսպիսի կարծիք մը գոյութիւն ունի, բայց չի կրնար պնդուիլ թէ անոնք մասնակից եղած են ակնարկուած մարդոց շարժումներուն, որովհետեւ դէպ ի բռնապետութիւն եւ ռէաքսիօն հակամիտութիւն մը արդէն գոյութիւն ունէր Ատանայի մէջ։ Քաղաքին երեւելիները այսինքն երկրին ուտող լմնցնող մարդիքը տեսան թէ բռնապետութեան վերահաստատմամբ միայն կրնան շարունակուիլ իրենց ապօրէն շահերը. որով իրենց նպատակին հասնելու համար գրգռեցին տգէտ ժողովուրդն ու կրօնական զգացումները, զանոնք վարելով իրենց գործին գալիք կերպով։



Ատանայի աղէտեալներուն վրանները քաղաքէն դուրս։

Խմբագիր. Կը պնդեն թէ հայերը պատճառ եղած են խռովութեան ճի՞շդ է ասիկա։

Պապիկեան. Քովս գտնուած վաւերաթուղթերով պիտի ապացուցուի թէ այս ենթադրութիւնը բացարձակապէս սխալ է։

Խմբագիր. Կը պնդեն թէ հայերն ուզեր են անկախութիւն հռչակել Կիլիկիոյ մէջ, ճի՞շդ է։

Պապիկեան. Քննութիւնները կ՚ապացուցանեն այս ենթադրութեան բացարձակ անհիմն հանգամանքը։ Հայերուն անկախութեան ձգտած ըլլալուն մասին գրուածներն ու ըսուած խօսքերն արդիւնք են կամ պակասաւոր քննութեան եւ կամ ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելու համար թափուած ճիգերու։

Խմբագիր. Ատանայի Առաջնորդ Մուշեղ եպիսկոպոս մասնակցութիւն ունի՞ դէպքին մէջ։

Պապիկեան. —Մեր քննութեանց արդիւնքէն երեւցաւ որ առաջնորդը մասնակցութիւն չունի։ Տակաւին Յունուարին Տ. Մուշեղ Եպիսկ[ոպոս] յիշատակագիրներ տուեր է կառավարութեան եւ մեր կատարած քննութիւններն հաստատեցին անոնց իմաստը։ Մուշեղ Եպիսկ[ոպոս] նոյնիսկ այն ժամանակ, կուսակալին բերանացի յայտարարութիւններ ըրեր եւ ըսեր է թէ, հաւանական է որ յառաջիկային խառնաշփոթութիւն ծագի, եւ ազդարարեր է միջոցներ ձեռք առնել, բայց առաջնորդին խօսքերը չափազանցութիւն նկատուեր են, եւ ո՛ եւ է միջոցներ ձեռք առնելու պէտք չէ տեսնուեր։

Խմբագիր. Սպաննուածներէն իսլամներուն եւ ոչ իսլամներուն միջեւ համեմատութիւնն ի՞նչ է։

Պապիկեան. Կուսակալ Պապանզատէ Զիհնի փաշայի կազմած տեղեկագրին նայելով, կուսակալութեան ամէն կողմը 20, 008 հոգի սպաննուած է։ Ասոնցմէ միայն  620ն իսլամ է, իսկ մնացեալ 19, 000ը՝ ոչ-իսլամ։ Սպաննուած ոչ իսլամներէն 418ը հին-Քաղդէացի, 163ը Ասորի, 210ն Հայ-Կաթոլիկ 655ը Բողոքական, 99ը Յոյն եւ մնացեալն Հայեր են։ Թուանաշաններու այս ճշմարտութիւնը ցոյց կուտայ թէ շարժումը միմիայն Հայերուն ըէմ չէր։

Խմբագիր. Ի՞նչ է Ձեր կարծիքն ու համոզումն Ատանայի Պատերազմական Ատեանին մասին։

Պապիկեան. Պաշտօնապէս պիտի հաստատուի մէկ քանի օրէն որ Պատերազմական Ատեանին տուած որոշումները սխալէ զերծ չեն եղած։

Խմբագիր. Ամբողջ Կուսակալութեան մէջ ի՞նչ է նիւթական վնասուց քանակն ու քանի՞ տուն այրած է։

Պապիկեան. Նոր կուսակալ Զիհնի փաշայի կազմած հաշիւէն կը տեսնուի թէ կորուստը հաւասար է ընդհանուր հարստութեան երկու երրորդին, իսկ ամբողջ կուսակալութեան մէջ շէնքերու 6էն, մէկն այրած կամ քանդուած է։

Խմբագիր. Ատանայի մէջ Պատերազմական Ատեանը շատ պիտի տեւէ՞։

Պապիկեան. Իրաց վիճակէն դատելով պիտի ցրուի։

Խմբագիր. Ատանայի մէջ այլեւս ամէն ոք իր գործով կ՚զբաղի՞։

Պապիկեան. Անդորրութիւն կայ, սակայ գործ չկայ, ամէն ոք շուարած մնացած է։

Խմբագիր. Անգլիական հիւպատոսին վիրաւորուելուն մասին ի՞նչ գիտէք։

Պապիկեան. Անձամբ Անգլիական հիւպատոսին հարցուցի խնդիրը, եւ անիկա հետեւեալ կերպով պատմեց. «Խռովութիւնը նոր սկսեր էր, ամէն կողմ սոսկում կը տիրէր, փողոց ելայ եւ իր դէմքէն, վիճակէն ու ձեւերէն կատարելապէս խենթեցած ըլլալու տեսնուող մէկը դէպի իմ կողմս կը վազէր։ Փախուստ կուտար։ Ուզեցի դէմն ելլել ու հարցնել թէ ինչ կանցնի կը դառնայ։ Փախստականն իմ արտորանքէս այնպէս կարծելով թէ դիտաւորութիւնս գէշ է, րէվօլվէրը վրաս պարպեց ու փախաւ գնաց»։

Խմբագիր. Վնասուած մարդիքը ասկէ ետքը ի՞նչպէս պիտի ապահովեն իրենց ապրուստը։

Պապիկեան. Առ այժմ ապրուստի ո՛ եւ է միջոց չկայ։ Հայոց մեծ մասը կը պատրաստուի գաղթել Ամերիկա եւ ուրիշ տեղեր, սակայն կառավարութիւնն արգելք կ՚ըլլայ»։