ՆԻՍՏ
ԻԹ.
(Ուրբաթ
4
Սեպտ.
1909)
ԱՄԵՆ.
Տ.
ԵՂԻՇԷ
Ս.
ԱՐՔ[ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ]
ԴՈՒՐԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ
ՀՐԱԺԱՐԻԼԸ
Ատենապետ.
—
Մինաս
էֆ[էնտի]
Չերազ
Ատենադպիր.
—
Հրանտ
էֆ[էնտի]
Ասատուր
Ատենապետ
էֆ[էնտի]
—
Ինչպէս
գիտեք,
Ս.
Պատրիարքը
պատճառաբանեալ
հրաժարական
մատուցած
է
կառավարութեան,
եւ
քիչ
վերջը
Վարչութիւնը
այդ
մասին
պէտք
եղած
բացատրութիւնները
պիտի
տայ։
Այդ
պատճառաւ,
այսօրուան
նիստին
հրաւիրագիրներն
իմ
ստորագրութիւնս
կը
կրեն
եւ
Ժողովին
բարեկարգութեան
եւ
ուղղութեան
պատասխանատուն
ես
եմ,
իբրեւ
Ատենապետ,
ի
բացակայութեան
Նախագահին։
Կը
յիշեմ
այս
առթիւ
թէ
Ներքին
Կանոնագրի
28րդ
յօդուածին
տրամադրութեան
համեմատ՝
ամէն
երեսփոխան
ազատ
է
խորհրդակցութեան
նիւթ
եղող
խնդրոյն
վրայ
իր
կարծիքը
յայտնելու,
պայմանաւ
որ
չափաւոր
լեզու
մը
գործածէ
եւ
տէրութեան
աշխարհավարութեան
վրայ
քննադատական
ակնարկութիւններ
չ’ընէ։
Ս.
Գարաեան
էֆ[էնտի]
—
(Ատենապետ
Քաղ[աքական]
Ժողովոյ,
բեմ
ելնելով).
Տեա՛րք
Երեսփոխանք,
բնականաբար
Ս.
Պատրիարք
Հօր
հրաժարականին
պատմական
տեսակէտը
միայն
պիտի
կրնամ
յայտնել,
զանց
ընելով
առայժմ
խօսիլ
կատարուած
մասնաւոր
բանակցութեանց
վրայ,
մինչեւ
որ
ելք
չի
տրուի
անոնց։
Կը
վախնանք
որ
այլապէս
շարժելով՝
վնաս
կը
հասցնենք
անոնց։
Ատանայի
դէպքերէն
ետք՝
Վարչութիւնը
մտածեց
թէ
իր
նուիրական
պարտքն
է
նախ,
աղէտին
հետեւանքներուն
դարմանելի
մասը
հնար
եղածին
չափ
դարմանել
տալ,
եւ
երկրորդ՝
աշխատիլ
որ
սահմանադրական
շրջանի
մէջ
անգամ
մըն
ալ
ասանկ
աղէտ
մը
չի
պատահելուն
ապահովութիւն
ստանայ։
Այս
նպատակով,
առաջարկեց
կառավարութեան
որ
ճշմարիտ
եղեռնագործներն
ու
յանցաւորները
օրինակելի
խստութեամբ
պատժուին,
ո՛չ
թէ
վրիժառութեան
համար,
այլ
որպէսզի
ասանկ
չարիքի
մը
կրկնութիւնը
արգիլուի։
Աղէտէն
ետքը
ուրիշ
աղէտ
մըն
ալ
ծագեցաւ,
այն
է
անմեղ
Հայերուն
բանտարկուիլը
Ատանայի
եւ
շրջանակներուն
մէջ,
որուն
դէմ
բողոքեցինք,
պահանջելով
նաեւ
որ
զեղծ
պաշտօնեաները
հեռացուին։
Մանաւանդ
շեշտեցինք
որ
աղէտի
բուն
պատճառ
եղողները
մէջտեղն
են,
ուստի
դատաւոր
մը
տեղ
մը
քննութեան
գացած
ժամանակ
պէտք
է
որ
ինք
աշխատի
արդարութիւնը
երեւան
հանելու
եւ
ո՛չ
թէ
նախնական
քննութեանց
վրայ
հիմնուելու։
Խոստացան
մեզի
թահգիգաթի
նախկին
դրութեան
չի
հետեւիլ…
Մ[իսաք]
Գօչունեան
էֆ[էնտի]
—
(ընդմիջելով).
Ի՞նչ
ըսել
է։
Ս.
Գարաեան
էֆ[էնտի]
—
(շարունակելով).
Այսինքն
Համիտական
ռէժիմին
մնացած
դրութեամբ
չի
կատարել
դատական
քննութիւնները,
ինչպէս
որ
դէպքին
սկիզբնական
միջոցին
տեղուոյն
իշխանութիւնք
այդ
դրութեան
հետեւողութեամբ
գործած
էին։
Մենք
յայտնեցինք
թէ
վստահութիւն
չունինք,
որքան
ատեն
որ
բազմաթիւ
Հայեր
բանտարկուած
են
որոնք
վկայութեան
պիտի
կոչուէին։
Ուստի
խնդրեցինք
որ
այստեղէն
Տիվանը
Հարպ
մը
ղրկուի
եւ
նախնական
քննութիւնները
չեղեալ
համարուին։
այս
տիվանը
նոր
վճիռներ
տուաւ
որոնց
հետեւանքով
քանի
մը
Հայեր
կախաղան
հանուեցան
Թուրքերու
հետ։
Ասոր
դէմ
դարձեալ
բողոքեցինք,
պնդելով
որ
այս
կերպով
եղած
քննութեանց
վրայ
մենք
հաւատք
չունինք.
եւ
Խառն
Ժողովոյ
որոշմամբ,
յայտարարեցինք
կառավարութեան,
որ
եթէ
այս
վիճակը
շարունակուի,
մեր
Ս.
Պատրիարքը
կ՚ըսէ
թէ
ինծի
համար
անկարելի
պիտի
ըլլայ
պաշտօնիս
վրայ
մնալ։
Յուլիս
10ի
տարեդարձէն
քիչ
առաջ
Ս.
Պատրիարքը
տկարութիւն
ունենալով,
մենք
գացինք
Փոխանորդ
Հայրսուրբին
հետ
շնորհաւորութեան։
Այդ
միջոցին,
մեր
պնդումին
վրայ,
կառավարութիւնը
դարձեալ
բանակցութեան
սկսաւ
Վարչութեան
հետ։
Ուշադրութիւն
ըրէք
որ,
ըսինք՝
մեր
պահանջը
միայն
Հայ
Ազգին
օգտին
համար
չէ,
այլ
Օսմանեան
Տէրութեան
օգտին
ալ
տեսակէտով,
եւ
ապագային
այս
տեսակ
դէպքերու
կրկնութիւնը
արգիլելու
բաղձանքով։
Հայ
Ազգը
տնտեսական
տեսակէտով
ինքզինքը
կրնայ
ժողվել,
բայց
ամենամեծ
արգելք
մը
կայ.
այն
է
Սուլթան
Համիտի
արմատացուցած
այն
գաղափարը
թէ
Հայերը
անջատողական
ձգտումներ
ունին։
Գոհացուցիչ
է
որ
արդի
Կայսրը
եւ
Նախարարաց
Խորհուրդը
յայտարարեցին
թէ
իրենք
վստահ
են
որ
Հայ
ազգը
այդ
տեսակ
դիտումներ
չէ
ունեցած
ինչպէս
մանաւանդ
Ատանայի
խնդրոյն
մէջ,
ու
ինք
եղած
չէ
աղէտին
սկզբնապատճառը։
Ասոր
վրայ,
կառավարութիւնը
մէկ
կողմէն
սոյնիմաստ
յայտարարութիւն
մը
հրատարակեց,
եւ
միւս
կողմէ
Իզմիրի
գօմանտանը
ղրկեց
Ատանա,
իբրեւ
նախագահ
պատերազմական
ատեանին։
Այս
առթիւ
յայտնեցինք
կառավարութեան
որ
եթէ
5000
հոգի
պատժէք
եւ
5-6
գլխաւոր
եղեռնագործները
անպատիժ
թողուք,
երբէք
չպիտի
կրնաք
գոհացնել
Հայ
Ազգը։
Նպատակնիս
էր
պահանջել
պատժուիլը
6
գլխաւոր
չարագործներու
որոնք
ազատ
կերպով
կը
պտտէին։
Նշմարեցինք
որ
կառավարութիւնը
ասոնց
պատժուելուն
կողմն
էր,
ուստի
այս
տրամադրութենէն
քաջալերուելով՝
եկանք
Պատ[րիարքական]
Ժողովիդ,
յուսադրական
յայտարարութիւններ
ըրինք,
ըսելով
թէ
վիճակնիս
պիտի
բարւոքի։
Բայց,
այդ
միջոցին,
շատ
խորհրդաւոր
յայտնութիւններ
եղան.
զինուորական
դասը
եւ
ոչ-զինուորականները
տարբեր
մեկնութիւններ
տուին
կառավարական
յայտարարութեան։
Առաջինները
կ’ըսէին
թէ
Նախարարաց
Խորհուրդը
մեծ
սխալ
մը
գործեց
եւ
թէ
իրաւունք
չունէր
այդ
տեսակ
յայտարարութիւն
մը
ընելու
պաշտօնապէս։
Ասոր
վրայ,
հարկադրուեցանք
Նախարարապետին
եւ
Շէվքէթ
փաշային
երթալ
եւ
ըսել
թէ,
կառավարութիւնը
իր
այդ
յայտարարութեամբ
աւելի
բարձրացուց
Օսմանեան
ազգին
պատիւը,
եւ
արդարութեան
դատը
պաշտպանելով
Ատանայի
աղէտէն
ետքը,
Օսմ[անեան]
Սահմանադրութեան
հռչակումէն
ի
վեր
ամենէն
իմաստուն
գործը
կատարած
եղաւ։
Եւ
յիշեցուցինք
թէ,
Գաղղիոյ
մէջ
Տրէյֆիւսի
դատին
առթիւ
կառավարութիւնը
քաջութիւն
ունեցաւ
իր
ամենամեծ
ժէնէռալները
զոհելու,
արդարութեան
սիրոյ
համար։
Մէկ
կողմը
այս
ծանր
պարագան
մտատանջութիւն
կը
պատճառէր
Վարչութեան
եւ
միւս
կողմէ
ի՞նչ
հետեւանք
ունենալուն
կը
սպասէինք
անձկութեամբ։
Եւ
բողոքեցինք
մահուան
դատապարտուած
Հայերու
պատժին
գործադրութեանը
դէմ,
եւ
աւելցուցինք
—
ո՛չ
միայն
Հայերը,
այլեւ
Թուրքերու
մէջ
ալ
եթէ
անմեղներ
կան,
անոնք
ալ
կախաղան
չի
հանուին։
Պնդեցինք
թէ,
առաջ
եկած
աղէտալի
արդիւնքներուն
վրայ՝
եթէ
անկախ
մարդիկ
չերթան
քննութեան
համար,
մենք
չպիտի
վստահինք,
մինչ
Հայ
ազգը
կը
պահանջէ
որ
այսուհետեւ
այդպիսի
աղէտներու
չի
պատահելուն
ապահովութիւն
տրուի։
Ասոր
հակառակ,
անոնք՝
որոնց
դատապարտութիւնը
կը
պահանջուի,
ազատելու
վրայ
էին։
Այս
միջոցին,
իմացանք
որ
խուժդուժ
թուրքեր
թեթեւ
պատիժներու
դատապարտուած
են
Ատանայի
մէջ։
Ինչ
դիտողութիւն
որ
ընել
պէտք
էր՝
օրէնքով,
խղճով,
ըրինք։
Հոս
կրկնել
աւելորդ
է։
Մեր
խնդրածը
չկրցաւ
գործադրուիլ,
որովհետեւ
եթէ
30-40
Թուրք
կախուէին,
կը
կարծուէր
թէ
երկրին
ապահովութեան
վրայ
աննպաստ
տպաւորութիւն
առաջ
պիտի
գար
եւ
գուցէ
ահռելի
աղէտներ
պատահէին։
Երբ
տեսանք
որ
մեր
խնդրանքները
արդիւնք
մը
չէին
ունենար,
որոշեցինք
կատարել
ինչ
որ
Սահմանադրապէս
պարտ
կը
ծանրանար
մեր
վրայ,
այսինքն
բուռն
կերպով
բողոքել,
եւ
այդ
բողոքին
դասական
ձեւն
է,
ինչպէս
գիտէք,
Պատրիարքական
հրաժարականը։
Թէեւ
դիտել
տրուեցաւ
մեր
անդամակիցներէն
ոմանց
կողմէ,
որ
լաւ
կըլլայ
եթէ
Վարչութիւնն
ալ
հրաժարի,
բայց
խնդիրը
բարդ
էր.
եթէ
Պատրիարքը
գոհացում
չի
գտնէր
եւ
Վարչութիւնն
ալ
հրաժարած
ըլլար,
ի՞նչ
երեւոյթ
պիտի
առնէր
ազգային
գործերու
վիճակը.
ուստի,
որոշեցինք
որ
մեզի
վերապահենք,
տեսնելու
համար
իրերու
ընթացքը
որպէս
զի
կա՛մ
հրաժարինք
եւ
կա՛մ
Ազգ[ային]
Ժողովին
դիմենք։
Հետեւաբար
Խառն
Ժողովը
միաձայնութեամբ
որոշեց
որ
Դուրեան
Ս.
Պատրիարքը
հրաժարական
մատուցանէ։
Ն.
Սրբազանութիւնը
որ
ներկայ
էր,
գիտել
տուաւ
թէ
«Պատրաստ
եմ,
այո՛,
հրաժարականս
տալու,
բայց
գիտցէք
որ
թեթեւ
կերպով
ետ
չեմ
առներ՝
մինչեւ
որ
կատարեալ
գոհանցում
չի
գտնեմ
յանուն
Ազգին»։
Այս
տեսակէտն
ալ
աչքի
առջեւ
ունենալով,
որոշեցինք
որ
Վարչութիւնը
շարունակէ
պաշտօնի
վրայ
մնալ՝
աշխատելու
համար
որ
գոհացում
տրուի
Պատրիարքական
հրաժարականին։
Ատիլիյէ
Նազըրին
(դատական
նախարարը)
զիս
իր
քով
հրաւիրելով,
ըսաւ
թէ
Պատրիարքը
հրաժարական
տուեր
է
թէեւ
Մեծ-Եպարքոսութեան
ուղղելու
տեղ
Դատական
նախարարութեան
ուղղելու
էր,
ըստ
սովորութեան.
բայց
ինչ
որ
է,
եւ
հարցուց
թէ
ի՞նչ
շարժառիթէ
առաջ
կուգայ
այս
հրաժարականը։
Պատասխանեցի
թէ
մենք
սահմանադրական
ժողովներ
ունինք,
եւ
ես՝
իբրեւ
Ատենապետ՝
չեմ
կրնար
բացատրութիւն
տալ,
մինչեւ
որ
չարտօնուիմ
անոնցմէ։
Մինակ,
ըսի,
կրնամ
Ձեր
Վսեմութեան
հաղորդել
գործին
պատմականը
որ
արդէն
գրուած
է
հոս
գտնուող
թագրիրներուն
մէջ։
Դատական
նախարարը
գոհ
նմաց
եւ
ըսաւ
որ
լաւ
կընէք՝
եթէ
Ներքին
գործոց
նախարարին
երթաք
եւ
անոր
ալ
յայտնէք
խնդիրը։
Այս
բոլոր
մանրամասնութիւնները
կը
պարզեմ,
վասնզի
ակնարկութիւններ
եղան,
իբր
թէ
«քովընտի
բանակցութիւններ»
կատարուած
ըլլան։
Ատանկ
բան
չիկայ։
Յաջորդ
օրը
Ներքին
գործոց
նախարարին
գացի,
որ
ուզեց
ոտքի
վրայ
մտիկ
ընել
զիս.
բայց
երբ
սկսայ,
հետաքրքրուեցաւ
ու
նստաւ։
Ժամ
մը
տեւեց
խօսակցութիւնս
որու
միջոցին
ամէն
բան
բացատրեցի,
եզրակացնելով
թէ
ոգի
ի
բռին
կը
բողոքենք
տրուած
որոշումներուն
դէմ։
Աւելցուցի
թէ
ես
արտօնեալ
չեմ
յանուն
Խառն
Ժողովոյ
պաշտօնապէս
խօսելու,
միայն
Պատրիարքարանի
դիմումներուն
ոգին
կը
բացատրեմ
սկիզբէն
ի
վեր։
Նախարարը
յարեց
թէ
ինքն
ալ
պաշտօնապէս
ունկնդրելու
սըֆաթ
չունէր։
Այս
տեսակցութեան
վրայ,
տեսնելով
որ
կարելի
չէ
խնդրոյն
լուծումը
ձեռք
բերել
այս
կերպով,
կը
խորհէինք
թէ
ի՛նչ
միջոցի
դիմելու
ենք,
երբ
Վարչապետը
կանչեց
զիս.
անոր
ալ
ըսի
թէ,
մինչեւ
որ
մեր
Խառն
Ժողովը
չ’արտօնէ
զիս,
չեմ
կրնար
խօսիլ։
Ո՛չ,
ըսաւ,
«էլչիյէ
զէվալ
եօգ»
եւ
յարեց
«Կը
փափաքիմ
որ
Ձեր
Վարչութիւնը
պատգամաւորութիւն
մը
ղրկէ
որուն
հետ
բանակցիմ»։
Եւ
յարեց
որ
«Եթէ
չուզէք
Ժողովին
յայտնել
այս
փափաքս,
ես
ուրիշ
միջնորդ
մը
պիտի
փնտռեմ,
վասն
զի
անհրաժեշտ
է
որ
Պատրիարքական
հրաժարականին
տրուելիք
պատասխանին
համար
պատգամաւորութիւն
մը
գայ
ու
բանակցինք»։
Վերադառնալով
Խառն
Ժողովին,
յայտնեցի
Սատրազամին
փափաքը
եւ
զանազան
կարծիքներ
յայտնուեցան.
երկու
որոշում
կրնայինք
տալ.
կա՛մ
պատասխանել
թէ
«մենք
մեր
պատճառները
գրով
բացատրած
ենք
արդէն,
ուստի
չենք
կրնար
վերստին
բանակցիլ»
եւ
կամ
պատգամաւորութիւն
մը
ղրկել
բանակցութեան
համար,
քանի
որ
նախարարապետը
մտիկ
ընելու
պատրաստ
է։
Այդ
միջոցին,
մեր
ընկերներէն
ոմանք
առաջարկեցին
որ
երթանք
Ս.
Պատրիարքին
կարծիքը
առնենք
թէ՛
իբրեւ
Նախագահ
եւ
թէ՛
իբրեւ
Պատրիարք։
Ն.
Սրբազնութիւնը
յայտարարեց
թէ
ամենեւին
վնաս
մը
չի
տեսնէր
որ
երթանք,
քանի
որ
կառավարութեան
պետը
խորհրդակցելու
պէտք
տեսած
է
եւ
քանի
որ
Յունաց
Պատրիարքին
հետ
ալ
նոյն
կերպով
բանակցեցան։
Կ’երթանք,
յարեց
Սրբազանը,
մտիկ
կ’ընէք
եւ
արդիւնքը
կը
հաղորդէք
Ժողովին։
Այս
յայտարարութեան
վրայ
կազմուեցաւ
պատգամաւորութիւնը։
Ատանայի
աղէտին
միջոցին
այրած
Հայ-Բողոքականաց
աղօթարանին
եւ
յարակից
շէնքերուն
աւերակները։
Առիթը
կը
ներկայանայ
ըսելու,
թէ
մենք
որչափ
կը
ջանանք
մեր
խորհրդակցութիւնները
գաղտնի
պահելու,
ուղղակի
կամ
անուղղակի
կերպով
զրոյցներ
կը
շրջին,
շատ
անգամ
սխալ,
որոնցմէ
դիտաւորութիւններ
կը
հանուին։
Նորագոյն
օրինակ
մը
տամ։
Թերթերուն
մէջ
գրուեցաւ
որ,
իբր
թէ
մենք
ըսած
ըլլանք
Պատրիարքին
թէ
«Ետ
առէ՛ք
հրաժարականնիդ».
այն
միեւնոյն
Խառն
Ժողովը
որ
«Հրաժարեցէ՛ք»
ըսած
էր,
հիմայ
ի՞նչպէս
«Ետ
առէք»
կրնայ
ըսել։
Աւելի
ծանրակշիռը
կայ.
հրատարակուեցաւ
որ,
իբր
թէ
Դատական
Նախարարը
հարցուցած
ըլլայ
որ
եթէ
Պատրիարքը
վերջապէս
քաշուի՝
ո՞վ
է
Ազգին
ընտրելին
անոր
յաջորդ
ընտրուելու
համար.
նոյնպէս,
իբր
թէ
Սատրազամը
դիտել
տուած
ըլլայ
թէ
Պատրիարքը
ի՞նչ
կը
խառնուի
այս
ներկայացուած
խնդիրներուն։
Ասոնք
բոլորը
անհիմն
զրոյցներ
են։
Վարչութեան
մէջ
խնդիր
եղան
այս
լրագրական
հրատարակութիւնները
եւ
ըսուեցաւ
որ
եթէ
այս
է
նախարարներուն
կարծիքը
Պատրիարքական
հրաժարականի
խնդրոյ
մասին,
լաւ
կ’ըլլայ
որ
բնաւ
մէկը
չի
ղրկենք
բանակցութեան։
Ես
ոգի
ի
բռին
բողոքեցի,
քանի
որ
ես
էի
կանխաւ
պաշտօնական
բանագնացը
եւ
ինծի
այդ
տեսակ
խօսքեր
չէին
ըսուած։
Ընդհակառակը,
իրենք
էին
առաջարկողը
որ
հաղորդակցութեան
մտնենք։
Ահա՛
այս
հիման
եւ
այս
ապահովութեան
վրայ,
ուզեցինք
որ
վարչապետը
ժամադրութիւն
մը
որոշէ
մեզի.
Հիլմի
փաշա
ըսաւ
որ
րամազան
ըլլալուն,
Խառն
Ժողովոյ
պատգամաւորութիւնը
շաբաթ
գիշեր
իմ
բնակարանս
գայ։
Հետեւաբար,
վաղը
գիշեր
պիտի
երթանք՝
իմանալու
թէ
թէ
ի՞նչ
կը
մտածէ
կառավարութիւնը
մեր
Պատրիարքին
հրաժարականին
վրայ,
եւ
անկէ
վերջ
մտածենք
թէ
ի՛նչ
պիտի
ընենք։
Վերջացնելով
խօսքս,
կը
կրկնեմ
թէ
ես
յայտարարեցի
Տախիլիյէ
եւ
Ատիլիյէ
նազըրներուն
ինչպէս
նաեւ
Սատրազամին,
թէ
Պատրիարքին
հրաժարականը
հարկեցուցիչ
պատճառներու
վրայ
հիմնուած
է
եւ
թէ
ամբողջ
Ազգը
Համամիտ
էր
որ
հրաժարական
տար։
Մենք
երբեք
չ’առաջարկեցինք
իրեն
որ
ետ
առնէ
հրաժարականը,
ինչպէս
գրուած
էր
Հայրենիք
օրաթերթին
մէջ,
աւելցուելով
թէ
կառավարութեան
հաճելի
ըլլալու
համար
այսպէս
շարժած
ենք.
խստիւ
կը
բողոքեմ
այս
վերագրումներուն
դէմ։
Հայերէն
թերթերու
հրատարակութիւնները
կարւեորութիւն
կը
ստանան
պաշտօնական
շրջանակներու
մէջ.
այս
կէտը
ձեր
ուշադրութեան
կը
յանձնեմ։
Այս
կարգի
զրոյցներ
Օսմանեան
կենսական
շահերուն
հակառակ
են.
Պատրիարքին
հրաժարականը
առաջ
եկած
է
այն
պարագաներէն
զոր
ներկայացուցի
եւ
անոնց
կարգադրութենէն
կախում
ունի
խնդրոյն
լուծումը.
հետեւաբար
ետ
առնելու,
ետ
չառնելու
զրոյցները
ճիշդ
չեն
եւ
կը
վնասեն
գործին
ընդհանուր
ուղղութեան։
(Ծափահարութիւններ)։
Տ.
Հմայեակ
Եպիսկ[ոպոս]
—
Սրտէն
զարնուած
արիւնլուայ
Ազգի
մը
ներկայացուցիչներուն
առջեւ
պարզօրէն
խօսիլը
լաւ
է։
Իմ
կրօնական
եւ
աշխարհական
պաշտօնակիցներուս
աշխատութիւնները
գնահատողներէն
եմ,
եւ
անոնց
հայրենասիրութեանը,
ազգասիրութեանը
վրայ
տարակոյս
չունիմ.
բայց,
մեզի
հետ
գործողներուն
վրայ
անկեղծութիւն
չեմ
տեսներ։
Ատանայի
աղէտէն
ի
վեր
հինգ
ամիս
անցաւ,
25
անգամ
դիմում
ըրինք,
անօգո՛ւտ.
մեր
տուած
յիշատակագիրները
կը
կարդան
ու
կը
կարդան,
բայց
մեզի
դէմ
եղած
գործողութիւնները
չեն
դադրած
բնաւ
եւ
խոռ
աչքով
կը
նային
մեզի.
մեր
Ազգը
դէպ
ի
փճացում
կ՚երթայ։
Ես
ալ
տարի
մը
առաջ
կը
կարծէի
թէ
բարի
դիտաւորութիւններ
ունին
եւ
այդ
համոզմամբ
առաջարկեցի
Յիշատակագիր
մը
մատուցանել
Օսմ[անեան]
Խորհրդարանին,
ինչ
որ
տեղի
չունեցաւ
մինչեւ
ցարդ։
Ատանայի
աղէտը
եղաւ
ահա՛
արդիւնքը
այդ
դիտաւորութեանց
եւ
դուք
այդ
զրկուած
Ազգին
ներկայացուցիչներն
էք։
Գարաեան
էֆ[էնտի]ն
իր
բարեսրտութիւններն
ունի
եւ
կարգ
մը
բացատրութիւններ
տուաւ,
սակայն
խաբուած
է
պաշտօնական
անձանց
խօսքերէն։
Այս
Ժողովին
մէջ
գոհունակութիւն
յայտնեցիք
մեզի,
վասն
զի
կառավարութիւնը
յուսադրութիւններ
ըրած
էր,
բայց
երկու
օր
ետքը
Պատրիարքը
հրաժարեցաւ։
Ո՛չ
Ճէվատ
պէյը,
ո՛չ
Մուսթաֆա
Րէմզի
փաշան
պատժուած
չեն,
եւ
Ատանայի
նախորդ
կուսակալը
որ
20,
000
Հայերու
զոհուելուն
պատճառ
եղած
է,
անպատիժ
կը
մնայ։
Անոնք
որ
նախապէս
թելադրեցին
Պատրիարքը
որ
հրաժարի,
հիմայ…
Ս.
Գարաեան
էֆ[էնտի]
(Ընդմիջելով).
—
Վարչական
գաղտնիքներ
կան,
որոնց
վրայ
պէտք
չէ
խօսիլ
հրապարակաւ։
Տ.
Հմայեակ
Եպիսկ[ոպոս]
—
Ասոնք
իմ
անձնական
տեսութիւններես
են,
որոնց
հետեւանքով
կ’առաջարկեմ
որ
Ս.
Պատրիարքը
անխախտ
մնայ
իր
հրաժարականին
վրայ։
(Այս
միջոցին,
ընդմիջումներ
ու
աղմուկներ
կը
բարձրանան
երեսփոխաններու
կողմէ,
որոնք
կ’ընդհատեն
Տ.
Հմայեակ
Սրբազանի
խօսքը)։
Ատենապետ
էֆ[էնտի]
—
Անցեալ
նիստին
Շահրիկեան
էֆ[էնտի]ն,
իբրեւ
անդամ
Վարչութեան,
յայտարարեց
թէ
Ատանայի
խնդիրը
դուրս
հանելով,
միւս
գաւառներու
Հայոց
վիճակը
բարւոքման
ճամբուն
մէջ
է։
Տ.
Հմայեակ
Եպիսկ[ոպոս]
—
Ատանկ
բան
չիկայ,
բոլորն
ալ
չոր
խոստումներ
են։
Մ.
Սուրեան
էֆ[էնտի]
—
Տեա՛րք
Երեսփոխանք,
այս
Ժողովը
գումարուած
է
այսօր
Ազգին
ճակատագիրը
ճշդելու
համար
իսկապէս…
Գ.
Զօհրապ
էֆ[էնտի]
—
Կը
ներէ՞ք
Ատենապետ
էֆէնտի
որ
փոքր
ընդմիջում
մը
ընեմ։
Հարկաւ
երեսփոխանները
դիտեցին
որ
մեր
Օրակարգին
մէջ
Պատրիարքական
հրաժարականի
խնդիր
չիկար,
եւ
Վարչութեան
կողմէ
բացատրութիւն
տրուեցաւ
ատենական
գործողութեանց
կարգին
մէջ։
Ասիկա
ճշդուած
հաշուուած
նկատողութեան
արդիւնք
էր։
Վարչութիւնը
տակաւին
բանակցութեան
մէջ
ըլլալով
նախարարութեան
հետ,
խնդիրը
դեռ
Ազգ[ային]
Ժողովոյ
ատեանը
հանուելու
վիճակի
մէջ
չէր։
Մենք
կանխեցինք,
արդար
գոհացում
մը
տալու
համար
Ազգին
ներկայացուցիչներուն
հետաքրքրութեան։
Այս
պատճառաւ
կը
խնդրեմ
որ
այսօր
Պատրիարքական
հրաժարումի
խնդիր
չի
յարուցուի։
Մինակ,
ըսէ՛ք
մեզի
թէ
կուզէ՞ք
որ
բանակցութիւնները
շարունակենք,
քանի
որ
Գարաեան
էֆ[էնտի]ն
լիակատար
տեղեկութիւն
տուաւ
անոնց
վրայ։
Պիտի
խնդրեմ
միանգամայն
որ
քաղաքական
կուսակցութեանց
մասին
արտասանուած
բառերը
կշռուած
եւ
խորհուած
ըլլան։
Ակնարկութիւններ
եղան
թէ
Վարչութիւնը
կը
խաբուի
կոր
կամ
կը
խաբէ
զմեզ.
ասոնք
երկուքն
ալ
սխալ
են
եւ
անճահ
խօսքեր,
որոնք
կրնան
վտանգաւոր
հետեւանքներ
ունենալ
Ազգին
համար։
Այն
յարգելի
երեսփոխանները
որոնք
տեղեակ
են
ամէն
մանրամասնութեանց,
շա՛տ
լաւ
գիտեն
թէ
մենք
մօտէն
անցանք
Ատանայի
նման
աղէտներէ
որոնք
կը
սպառնային
ամբողջ
Հայաստանի,
եւ
թէ
կեդրոնէն
ի՛նչ
հեռագրական
հրամաններ
ու
հրահանգներ
տրուեցան
Վարչութեան
խնդրանքով։
Այդ
ջանքերը
պիտի
շարունակուին
այսուհետեւ
ալ,
կը
բաւէ
որ
Վարչութիւնը,
ասանկ
տագնապալի
վիճակի
մը
մէջ,
միաբանութիւն
եւ
օժանդակութիւն
գտնէ
իր
շուրջը
այս
Ժողովէն,
Մամուլէն
եւ
ամբողջ
հասարակութենէն։
Վ.
Թէքէեան
էֆ[էնտի]
—
Պէտք
է
որ
Ազգ[ային]
Ժողովը
իր
վստահութիւնը
յայտնէ,
այս
առթիւ,
Վարչութեան։
Մ.
Սուրեան
էֆ[էնտի]
—
Ես
իմ
մասիս
պէտք
չունիմ
քննադատելու
ո՛չ
Կրօն[ական]
Ժողովը
եւ
ո՛չ
Քաղ[աքական]
Ժողովը,
որոնք
չարաչար
կերպով
կը
յոգնին.
սակայն
իրենց
ըրածը
պիտի
նմանցնեմ
այն
մարդուն
որ
ծովեզր
նստած
ջուր
կ’առնէ
եւ
աւազին
մէջ
կը
լեցնէ,
սակայն
ի՞նչ
արդիւնք
կ՚ունենայ,
այս
գործողութիւնը
կիզիչ
արեւին
տակ.
աւազը
կը
ծծէ
ջուրը
եւ
մարդուն
նպատակը
առաջ
չի
գար։
Անկեղծ
ըլլալու
համար
պէտք
է
ըսենք
թէ
Քաղ[աքական]
Ժողովը
սխալեցաւ
պարտաւորելով
Պատրիարքը
որ
հրաժարական
տայ.
ատիկա
իր
իրաւասութենէն
վեր
էր
եւ
այս
Ժողովիս
կը
պատկանէր։
Քաղ[աքական]
Ժողովը
այն
կերպով
հրաժարեցնել
տուաւ
Պատրիարքը,
որ
այլեւս
դիւրաւ
ետ
չպիտի
կրնայ
առնել։
Այս
կացութեան
մէջ,
Քաղ[աքական]
Ժողովը
ինք
ալ
պէտք
է
հրաժարի
համերաշխութեան
զգացումով,
վասն
զի
Պատրիարքին
պահանջումներն
իր
ալ
պահանջումներն
են,
եւ
պէ՛տք
է
ոյժ
տայ
անոնց։
Այս
տեսակ
հրաժարականներ
Օրմանեանին
ատենը
կ’ըլլային,
որ
տունը
նստած
կը
ստորագրէր
Պատրիարքարանին
գրերը։
Քանի
որ
Վարչութիւնը
գիտէ
թէ
Ատանայի
մէջ
կախուող
Հայերը
անմեղ
էին
եւ
խուժանին
գրգռութիւնը
հանդարտեցնելու
համար
մահու
պատիժին
ենթարկուեցան,
պէտք
է
պահանջէ
որ
Պատրիարքին
պահանջումները
գործադրուին
եւ
իրե՛նք
ալ
հրաժարելու
են։
(Ընդմիջումներ
եւ
աղմուկ)
Ձայներ.
—
Վիճաբանութեան
փակումը
կը
պահանջենք։
Վ.
Մանուկեան
էֆ[էնտի]
—
Վարչութիւնը
նոր
պաշտօն
առնելու
իրաւունք
չունի։
Մինչեւ
հիմայ
ինքնին
գործած
է։
Մ.
Սուրեան
էֆ[էնտի]
—
Վարչութեան
պատիւը
կը
պահանջէ
որ
ինքն
ալ
հրաժարի.
Պատրիարքը
երկդիմի
ընթացքի
մէջ
դրած
է։
Մ.
Հայկազն
էֆ[էնտի]
—
Իրաւունք
չունիք
այդպէս
խօսելու։
Մ.
Սուրեան
էֆ[էնտի]
—
Պատրիարքը
հրաժարեցուցած
պահուն՝
Վարչութիւնը
այս
ժողովին
հարցնելու
էր։
Ա.
Ատենապետ
էֆ[էնտի]
—
Քաղ[աքական]
Ժողովին
Ատենապետ
Գարաեան
էֆ[էնտի]
խօսք
ուզած
է
ո՛չ
թէ
վիճաբանութեան
մէջ
մտնելու,
այլ
յայտարարութիւն
մը
ընելու
համար։
Ս.
Գարաեան
էֆ[էնտի]
—
Մենք
այս
ճգնաժամերուն
մէջ
դողալով
կը
գործենք
որ
մի՛
գուցէ
սխալ
քայլ
մը
առնենք
եւ
Ազգը
վտանգի
ենթարկենք,
մինչ
ընդդիմադիր
երեսփոխաններ
տեսակ
տեսակ
ենթադրութիւններ
կ’ընեն։
Պատրիարքական
հրաժարականին
անվրէպ
պէտք
տեսանք
եւ
համաձայնութեամբ
վճռեցինք։
Այս
ընթացքը
շատերուն
հաւանութեան
արժանացաւ,
սակայն
թիւր
եւ
տարբեր
մեկնութիւններ
տալ
ուզողներ
կան
մեր
ուղղամիտ
ընթացքին,
ինչ
որ
վիրաւորիչ
է
Վարչութեան
համար։
Մենք
Պատկ.
Ժողովիդ
քաջալերութեանը
եւ
վստահութեանը
կը
կարօտինք։
(Մի
քանի
բանաձեւերէն
Վ.
Մանուկեան
էֆ[էնտի]ի
հետեւեալ
բանաձեւը
ընդունուեցաւ)։
«Ազգային
Ժողովը
ցաւօք
լսեց
Ս.
Պատրիարք
Հօր
կառավարութեան
տուած
հրաժարականը
որ
հարկեցուցիչ
պարագաներէ
յառաջ
եկած
էր.
բայց
այսօր
լսելով
Վարչութեան
բացատրութիւններն
այս
մասին,
իր
վստահութիւնը
յայտնելով
Վարչութեան
առայժմ
կը
բաւականանայ՝
անցնելով
իր
Օրակարգին»։
(Ծան.
Յ.
Թ.
ի)
Ամեն[ապատիւ]
Դուրեան
Ս.
Պատրիարքին
հրաժարման
բուն
պատճառն
էր
Ատանայի
եւ
շրջակայից
մի
քանի
խուժանապետներու
եւ
յայտնի
ոճրագործ
պաշտօնեաներու
անպատիժ
մնալը,
եւ
սակայն
հակառակ
Դուրեան
Ս.
Պատրիարքին
ամիսներով
հրաժարած
մնալուն
եւ
Ազգ[ային]
Վարչութեան
եւս
հրաժարելուն
եւ
նոյնպէս
Ազգ[ային]
Ժողովին
այս
նիստէն
զատ
մի
քանի
դռնփակ
նիստեր
եւս
այս
խնդրին
յատկացուելուն,
դժբախտաբար
ո՛
եւ
է
դրական
արդիւնք
մը
չի
տեսնուեցաւ
եւ
Ատանայի
ջարդին
պատասխանատու
խուժանապետներն
գրեթէ
ամբողջութեամբ
մնացին
միշտ
անպատիժ…)։