ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԴԷՊԻ ՍԻՀՈՒՆ

 

Սա կարավանն ո՞ւր կ՚ուղղըւի ծանրածանր,
Ո՞ր հովն է որ մեղկութիւննիս կը քաւէ,
Ո՞ր ալիքը ծովուն պիտի մըղէ մեզ.
Ո՞վ կը կոծէ մեր կերտուածքին մէջ կաւէ։

 

Քալէ՛, կըսէ, նոր փիւնիկ մը բարձրերէն,
Որ յառնալով դեռ չը պաղած աճիւնէ՝
Թառ մը կ՚ուզէ խաղաղաւէտ Հեթումին
Պարտէզներէն, ամրոցներէն արիւնէ։


Իր ստուերը թարմ աճիւնով թաթխըւած
Կը զարնըւի պատուհաննուս փեղկերուն,
Իր մոխիրը՝ Կիլիկիա մ՚է բոցաւէր,
Իր մէկ ձայնն ալ՝ թառաչանքը հողքերուն։


Միշտ ցամաքէն թող կարաւանն ընթանայ
Ծովն ինչու չուզէր մարել մորմոքնիս,
Միշտ ցամաքէն. թող խարտոցուի կարաւանն.
Զի հող տեսաւ ծիծէն կտրուած քուրերնիս։


Հիմա որուն կը ցցուի հեզ Հեթումին,
Ամրոցներէն դըպի եայլաին կը նայի.
Ուր իր երկու զաւակներուն մահէն ետք
Կուգար հանգչիլ շուքերուն տակ լեմունի։


Օշինն հիմա յաղթ մզկիթին [1] միհրապէն
Կը նզովէ արդարութիւնը պոռնիկ,
Որ պառկեցան քով խուժանին գոնջ, տռփոտ,
Կըտակելով այլասերած ընկեցիկ։


Պիտի չ՚ըսենք թէ այսքանը կը բաւէ,
Մեր պատիւին վրայ ըրած ենք երդում
Թէ անպատճառ պիտի տանք մենք պատասխան.
Մեր պատիւին վրայ ըրած ենք երդում։

(անտիպ)

ԼԵՒՈՆ ԷՍԱՃԱՆԵԱՆ



[1]            Այն մզկիթը, ուր դեռ չէ սրբուած Օշինի անունը։