ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԱՋԻՆ ԶԷՆՔԸ

Առաջին զէնքը՝ ձիու մը վրայ նստած եւ հայոց թաղին կողմը դէպ ի կամուրջը կայծակի պէս սուրացող հայ ֆէտայի մը՝ հաւատքի եւ կրօնքի հայհոյելով արձակեց։

Դէպքը ժամը 4ին սկսաւ եւ այս պարապ զէնքին յաջորդեց՝ նախորդ թարգման Սիսլեան Աւետիսին տունէն արձակուած մարթինի հարուածը, որ պանդոկին առջեւ կեցող Մէհմէտ աղա անունով խեղճ չէրքէզ մը նահատակեց։

Նոյն միջեցին ոսկերչաց փողոցին մէջ ոսկերիչ Աստուրի տան պատուհանէն նետուած մարթինի գնտակ մը նահատակեց այն միջոցին անկէ անցնող՝ իսլամ ազնուականներէն Իմամզատէ Նուրի էֆէնտին։

Նորէն նոյն ժամուն Գարասօգու Գոսթաքիի տունէն դէպ ի շուկան գնտակներ արձակուելուն, հոն ալ մի քանի հոգի սպաննուեցան։

Այլեւս դէպքը սկսած էր, շուկայ եւ պազարները շրջագայող իսլամ կրօնապետներն ու երեւելիները յուսահատած կառավարութեան դուռը վերադարձան։ Կուսակալն ու հրամատարը եւ շատ մը միւսլիմաններ քաղաքապետութեան պաշօնատունը հաւաքուած էին։

Ժողովուրդին մէջ գտնուող Նափօլիոն ճիզմէով՝ երկու հայ երիտասարդներ՝ միշտ կուսակալն ու հրամատարը կը հետապնդէին, այս ընթացքը ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց։ Ձերբակալուած միջեցին զէնքի դիմելու յանդգնեցան եւ որով երկուքն [1] ալ հոն սպաննուեցան եւ երբ չիզմէները քննուեցան՝ երկուքական ատրճանակ գտնուեցան անոնց մէջ։

Ժողովուրդը այն յուզումին ազդեցութեամբը սպաննեց նաեւ քաղաքապետութեան պաշտօնատունը մնացած հայ երեւելիներէն Շատրիկեան Յարութիւն աղան»։



[1]            Ո՜վ գիտէ որ դժբաղդ հայերն էին, թերեւս իբրեւ հետաքրքիր կեցած, առանց կռահելու գալիք աղէտը։