ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԶԷՅԹՈՒՆԻ ՄԷՋ

Ատանայի մէջ սկսող եւ անմիջական կերպով Կիլիկիոյ ամէն կողմերը մեծ համեմատութիւններով տարածուող ահռելի աղէտը, խորին ցաւ եւ զայրոյթ պատճառեց Զէյթունի, որուն յանդուգն եւ խիզախ ժողովուրդը պահ մը բոլորովին ջղագրգռուած, ուզեց շարժիլ ամէն կողմ, առանց կարեւորութիւն տալու գալիք հետեւանքներուն. եւ սակայն տեղացի երեւելիներուն եւ կաթ[ողիկոսական] փոխանորդ Տ. Վաղարշակ Ծ. վարդ[ապետ]ի ի գործ դրած ջանքերուն շնորհիւ, ժողովուրդը հանդարտեցաւ, սպասելով Օսմ[անեան] Կառավարութեան ի գործ դնելիք Արդարութեան։

Զէյթունցիք իրենց անձնուէր հայրենասիրութեան աստիճանը ցոյց տուին, Սիսի պաշարման միջոցին Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին ուղղեալ հետեւեալ հեռագիրով. «Ձեր թանկագին առողջութեան լուրին կը սպասենք, ի հարկին պատրաստ ենք՝ զձեզ ազատելու համար մեր արիւինին վերջին կաթիլն իսկ թափելու»։ Ասոր ի պատասխան Շնորհ. Ս. Կաթողիկոսը անմիջապէս հեռագրած էր որ, ողջ առողջ է եւ տեղերնին հանդարտ մնան։