ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԻՍՏ ԺԹ.
(Ուրբաթ 24 Ապրիլ 1909)

Նախագահ. Պատր[իարքական] Տեղապահ Տ. Յովհ[աննէս] Եպիսկ[ոպոս] Արշարունի

Ատենապետ. Մինաս էֆ[էնտի] Չերազ

Ատենադպիր. Հրանտ էֆ[էնտի] Ասատուր

Ատենապետ էֆ[էնտի] Կը հրաւիրեմ Վարչութեան ատենապետ էֆէնտին խօսք առնելու Ատանայի աղէտին վրայ, որ թէեւ մեր Օրակարգին մէջ չի գտնուիր, բայց ո՛ եւ է կենսական խնդիրէ աւելի կարեւորութիւն ունի։

Ս. Գարաեան էֆ[էնտի] (Ատենապետ Քաղաքական Ժողովոյ) Ազնիւ Տեա՛րք Երեսփոխանք, թէեւ տակաւին ստոյգ եւ վաւերական տեղեկութիւններ չենք ստացած Կիլիկիոյ մէջ պատահած աւարառութեանց, մարդասպանութեանց եւ հրկիզութեանց վրայ, սակայն ներելի չէ կասկածիլ թէ աղէտը անհուն եւ անսահման եղած է, նոյնպէս անհուն եւ անսահման է ո՛չ միայն մեր՝ այլ եւ առհասարակ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհի կսկիծը, զայրոյթը եւ բողոքը։ Այս դառն վիճակին հանդէպ Ազգ[ային] Վարչութեան եւ Ազգ[ային] Ժողովին պատասխանատուութիւնը գերագոյն հանգամանք մը ունի։ Ուստի, նկատողութեան առնելով խնդրին ծանրակշիռ հանգամանքը, հարկ դատեցինք արտաքոյ կարգի դռնփակ նիստի հրաւիրել Պատկ. Ժողովիդ երկու նպատակաւ. նախ, համարատուութիւն մը ընելու համար, որպէս զի տեսնէք թէ Վարչութիւնը խղճի մտօք կրցա՞ծ է կատարել իր պարտականութիւնը, եւ եթէ թերի մը գործած է շեշտէք։ Յետոյ, անմիջական դարմաններու վրայ խորհրդակցիլ, որպէսզի Վարչութիւնը վստահութեամբ եւ կորովով շարունակէ իր դիմումները։ Մասնաւորապէս պիտի խնդրեմ որ իւրաքանչիւր երեսփոխան պահ մը լռեցնելով իր արդար զայրոյթի եւ բողոքի ձայնը, առանց խնդրէն շեղելու՝ շրջահայեցութեամբ յայտնէ իր կարծիքը։ Այս նպատակով, խօսքս կը թողում մեր պաշտօնակից Շահրիկեան էֆ[էնտի]ին հրատապ խնդրոյն բոլոր մանրամասնութիւնները պարզել Ժողովիդ, որմէ ետք կրնայ կատարուիլ վիճաբանութիւնը։

Յ. Շահրիկեան էֆ[էնտի] (Անդամ Քաղ[աքական] Ժողովոյ, բեմ ելնելով) Տեա՛րք Երեսփոխանք, դժբաղդաբար ինձ կը վիճակի խօսք առնել Հայութեան կրած վերջին տառապանքներուն առիթով, որոնց մանրամասնութիւնները ձեզմէ իւրաքանչիւրին ծանօթ են, մամուլի միջոցաւ եղած հրատարակութիւններով: Իմ կատարելիք համարատուութիւնս չպիտի ըլլայ առնական կորովով զեկուցում մը, որովհետեւ առ այդ բոլոր պայմանները կը պակասին: Իմ ընելիքս մի թռչնիկի յուսահատ արտայայտութիւնն է: Ես գոնէ անձնապէս չեմ տոգորուած այն տեսակ յոյսերով որ մխիթարութիւն բերեմ ձեր Ժողովին եւ բաւարարութիւն տամ ամփոփ զեկուցումներով:

Ձեր Ժողովը իր վերջի նիստին մէջ որոշում մը տուաւ, պարտք դնելով Ատենապետաց Դիւանին վրայ՝ յիշատակագրի ծրագիր մը պատրաստելու. մինչ այդ Դիւանը իր պարտականութիւնը կատարելու վրայ էր, անակնկալ ու տխուր դէպքեր խուժեցին եւ այնպիսի ահռելի արարքներ տեղի ունեցան որոնք կարծես թէ ոչ միայն փոխանցման շրջանի յատուկ էին, այլ եւ բռնապետական շրջանի մէջ պակաս թողուածը լրացուցին: Վարչութեան ատենապետ էֆ[էնտի]ն պէտք եղած բառերով սահմանեց արդէն աղէտին մեծութիւնը. ես չեմ կարող բան մը աւելցնել իմ կողմէ:

Աղէտը նախ եւ առաջ սկսաւ Ատանայի եւ Հալէպի կուսակալութեանց մէջ: Սկիզբները հեռագրական տեղեկութիւնները խզուած էին, բայց երբ վերահաստատուեցան, Վարչութիւնը ըրաւ ինչ որ կարելի էր, այն է աղաչել, պաղատիլ որ ջարդը դադրի եւ կաթիլ մը ջուր ու պատառ մը հաց տրուի արկածեալներուն: Դժբախտաբար այդ միջոցին երկիրը անիշխանութեան մեջ էր եւ մեր կեանքն իսկ մայրաքաղաքին մէջ անապահով էր ու վտանգի տակ. Այդ միջոցին որո՞ւ վստահիլ կարելի էր: Մինչեւ իսկ Օսմանեան Բառլամէնդը որոշումներ քուէարկեց որոնք ապարդիւն եւ անհետեւանք թողուեցան. ո՞ւր կը մնան Վարչութեան որոշումներն ու դիմումները: Երկրորդ աւերը ու քանդումը տեղի ունեցան՝ Բարլամէնդին մօտ եղած դիմումէն ետք:

Այդ բոլորէն յետոյ, Վարչութիւնը յիշատակագիր մը ներկայացուց թէ՛ Մեծ-Եպարքոսին եւ թէ՛ Շէվքէթ փաշային, ինչպէս նաեւ Օսմանեան Բառլամէնդի նախագահին: Ահաւասիկ թուրքերէն բնագիրը այդ յիշատակագրին:

(Շահրիկեան էֆ[էնտի] ինք անձամբ կը կարդայ 1909 Ապրիլ 19 ամսաթիւ յիշատակագիրը) [1] ։

  «Ճիւմլէմիզճէ մուազէզ վէ մուգատտէս օլան Տէվլէթը Ալիյէի Օսմանիյէնին օթուզ իւչ սէնէտէն պէրի կիրիֆթար օլտուղը պունճա ֆէլաքէթ վէ մէլանէթ վէ պունճա ճինաեաթ վէ ֆաճիաթըն մէնշա վէ մաստարը օլան Եըլտըզ սէրայընըն կէրէք մէրքէզի սալթանաթտա կէրէք վիլաեաթտա էն մուհիմ մէմուրիյէթլէրին պաշընտա էքսէրեա հուպպը վաթան՝ համիյէթի միլլիյէ՝ մուհաքէմէյի վիճտանիյէ զիւհտ վէ թագվատէն մահրում վէ պի պէհրէ՝ ալեաթը զուլմ վէ իթիսաֆ մույին վէ շէրիքի խէպասէթ՝ նիֆագ վէ թէճէսսիւս իլէ միւշթէհիր՝ խավէնէի պիրլէշտիրմիշ օլտուղը վարէսթէի քիւլֆէյի պէյանտըր։

Մէմալիքի Օսմանիյէնին հէր թարաֆընը իսթիլա իտէն զուլմ վէ իսթիպտատ վէ ֆէսատ վէ նիֆագ եիւզիւնտէն պիլա ֆէրգը ճընս վէ մէզհէպ պիլճիւմլէ անասրրը մուխթէլիֆէի օսմանիէ հալը բէրիշանիյէ կիրիֆթար օլմուշ, լա իւ ատտ վէ լա եուհսա էզքիայի միլլէթտէն նէվճիվան էրպապը համիյէթ վէ մուհիպպը վաթան վէ հիւրրիյէթ էֆրաթ վէ մէմուրին Միւսլիմէ մէնֆալէրտէ զընտանլէրտէ գատրը տէրեատէ շէհիտ տիւշմիշլէր, նիչէ խանէմանլար եըգըլմըշ նիչէ օճագլար սէօնմիշ վէ հաթթա սուլհը ումումի միւթէմատիէն հալը թէհլիքէտէ պուլունմըշ օլտուղը նէ տէրէճէ սապիթ իսէ ահքեամը չէր’իյէ վէ նիզամիյէյէ թէվֆիգան միւսլիմ վէ զայրը միւսլիմ էպնայի վէթանըն ըբզ վէ ճան վէ մալլէրինին մահֆուզիէթինի թալէպտէն պաշգա հիչ պիր գապահաթը օլմայան վէ տէվլէթի ալիէի Օսմանիյէյէ սատագաթրնը ասըրլարտան պէրի ֆիիլէն իսպաթ էթմիշ օլան Էրմէնի ունսուրունա մախսուս վէ միւնհասըր օլմագ իւզրէ Եըլտըզ սէրայընըն պիր մէհարէթը իպլիսքեարանէ իլէ թէրթիպ վէ թանզիմ վէ պիր վահշէթը ճինկիզանէ իլէ թաթպիգ վէ իճրա իթտիկի գաթլը ամմ իհրագը էմաքին վէ նէհպ ու ղարեթ սիասէթինին տէրէճէի տէհշէթի օլ մէրթէպէ զահիր վէ միւթէհագըգ տըր:



Կիլիկիոյ աղէտին միջոցին Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Տեղապահ Տ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՊԻՍԿ[ՈՊՈՍ] ԱՐՇԱՐՈՒՆԻ։

Կէրչի մահզա՝ շանլը գահրաման իքինճի վէ իւչիւնճիւ օրտուլարըն միւթալէպաթը գաթիէ վէ թէհտիտաթը շէտիտէլէրի էսէրի օլարագ, օնպիր թէմուզ թարիխինտէ մէշրութիէթին իատէթէն իլանը իլէ օտէվրը մէնհուսը իսթիպտատէ խաթիմէ չէքիլտիկինէ վէ անըն աչմըշ օլտուզը տէրին բէք տէրին եարէլէրին իլթիեամբէզիր օլաճազընա վէ ահքեամը շէրիէ վէ նիզամիյէյէ թէվֆիգէն միսավաթը հուգուգ վէ վէզաիֆ գաիտէի սալիմէսինին Էրմէնիլէր հագգընտա տախի թաթպիգ օլունաճաղընա գանաաթ հասըլ օլմուշ, վէ հաթթա կէրէք Տէրսաատէթտէ կէրէք վիլաեաթտա ավէնէյի իսթիպտատ կիրուհը միւսթէհագ օլտըգլարը միւճազաթը շէտիտէտէն տօլայը ազիմ թէլաշլարա տիւշտիգլէրի միւշահէտէ օլունմուշ իսէտէ, նէ չարէքի Տէր ստատէթտէ մալիւմ էլ էսամի պիր գաչ էրքեանըն մէվգուֆիյէթի իլէ իգթիֆա օլունմուշ, եանի շէճէրէի իսթիպտատ գալ էտիլէճէք եէրտէ պազը տալլէրինի պուտայուպ քէօքիւնի գուվէթլէշտիրմէքտէն պաշգա պիր նէթիճէ հասըլ օլմամըշ վէ պու սայէտէ րէյիս վէ անէնէի իսթիպտատ մէշրութիյէթ իւնվանը թահթընտա մէսլէքի գատիմլէրինտէ սապիթ օլուպ իճրաի մէլանէթէ վէ իատէի զուլմ վէ իսթիպտատէ չալըշմաղա մէյտան պուլմուշլար, վէ պիթթապի իթթիհատ վէ մէշրութիյէթի Օսմանիյէյէ էն զիատէ ճիտտիյէթ վէ խուլուս վէ սաֆվէթ իլէ սատըգ օլան Էրմէնի ուսուրունա գարշը պէսլէմէքտէ օտըգլարը պուղզ վէ ատավէթ հատտ ու նիհայէթ պիլմէզ տէրէճէտէ թէզայիւտ վէ թէշէտտիւտ իթմիշ տիր։ Շուպուղզ վէ ատավէթին գաթլը ամ թէհտիտի վէ ճինաեաթը միւթէնէվվիա իյգայ’ը սուրէթլէրի իլէ եանի կէրէք էսպագ տախիլիյէ նազըրը Հագգը պէյին կէրէք ախլաֆընըն թէզահիւր էտէն էմարաթ վէ տէլաիլի մատտիյէ հագգընտա Փաթրիքխանէ թարաֆընտան քէրարէն վէ միրարէն մագամաթը ալիյէնին նազարը տըգգաթը ճէլպ օլունմուշ իսէտէ հէր տէֆասընտա Տախիլիյէ Նէզարէթի ճանիպինտէն եա զէմանը իստիպտատտէ իհտաս օլունմուշ ուսուլի ճարիյէյէ թէվֆիքէն ճինաեաթ վէ թէհտիտաթը վագաանըն միւսէպպիպ վէ միւպաշիրլէրինտէն պատէլ իսթիլամ անլէրին թէքզիպաթ վէ թէէմինաթընը վէ ճէրայիմին Էրմէնի մուսապիյնինէ ազվ վէ իսնատընը այնը հագիգաթ վէ հիւճճէթ իթթիխազ իլէ օլ եօլտա Բաթրիքխանէյէ իթաի ճէվապ օլունուր իտի, պունա միսալ օլմագ իւզրէ Գայսէրիյէտէքի վուգուաթը մալիւմէ ագըպինտէ մէվգուֆ մազնունլարըն նագլը տավալէրի մինասիպէթի իլէ լիվա վէ մահքէմէի թէմյիզ միւտտայի ումումիլկի թարաֆընտան թանզիմ գըլընան թալէպնամէ վէ իտտանամէլէրին վէ հաթթա էլեէվմ Ատանատա իյգա օլունմագտա օլան ճինայաթը ֆէճիանըն մէսուլիէթինի Էրմէնիլէրէ թահմիլ իթտիրէճէք սուրէթտէ եար ու աղեարը իխֆալ գաստը իլէ վագը օլան նէշրիաթըն միւթալէասը թավսիյէ օլունապիլուր: Վե պազէն տախի մէվա’իտ վէ թէ’մինաթ միւպհէմէ իլէ իքթիֆա օլունուպ թէհլիքէնին զուհուրինէ իհթիմալ պրագմայաճագ թէտապիրը գաթիայէ թէվէսսիւլ օլունմագսըզըն նատիրէն մէմուրիյնի միւշքէքի անհիւմին եէկտիկէրի իլէ պէճայիչ եանի թէհլիքէյի մէլհուզէնին պիր մահալտէն տիկէր պիր մահալէ նագլի մուամէլէսի իլէ վազիֆէլէրինի իյֆա իթմիչ ատ օլունուրլար իտի. ալէլխուսուս Հիլմի փաշա հազրէթլէրինին Տախիլիյէ նէզարէթի ինզիմամը իլէ տէրէօհտէ իթմիշ օլտըգլարը վազիֆէյի սատարէթի էսնասընտա Տախիլիյէ նէզարէթին իտարէյի ումուրը ճարիյէսի պիթթափպ վէզ զարուրէ էօհտէսինէ թէրէթթիւպ իտէն Միւսթէշար Ատիլ պէյին իթթիխազ էյլէտիկի մէսլէք՝վիլայէթտէքի ավէնէյի զուլմ վէ իթիսաֆըն իատէյի տէվրը իսթիպտատ ուղուրընտա թէհիյէ իթտիքլէրի ճինաեաթըն վուգույինէ մէյտանը աչըգ պրագմըշ տըր: Պու գապիլ ղաֆլէթ էսէրի օլարագ նիչէ ահվալ վէ վուգուաթը սահիհա վէ սապիթէ՝Թագվիմը Վագայի սիթունլէրինտէ րէսմէն թէքզիպ էտիլմիշ վէ հաթթա Պիթլիս վիլայէթինին չարշու վէ պազարլէրընըն իքի հաֆտա գատար մէստուտ գալմասընա մէյտան վէրմիշ օլմասընտան տօլայը միսթէհագգը ազլ օլտուղու Տախիլեյէ նէզարէթինճէ տախի ինքեար օլունամաեան պիր վալինին տէրհալ ազլինտէ թէաննիւտ իտուպ նիհայէթ տիկէր պիր վիլայէթ վալիլիկինէ նագլը մէմուրիյէթ իթտիրմէքլէ իքթիֆա իտէն միւսթէշարը միւշարիլէյհ Ատիլ պէյ հիքմէթի հիւքիւմէթէ քիւլլիէն մուզայիր շու հարաքէթի իլէ Ատանա վիլայէթինին տիւչար օլտուղը շու սօն ֆէլաքէթին զուհուրինէ եօլ աչմը. տըր:

Շիգավէթ վէ ճինայէթ լէ մա’րուֆ նիչէ էշգըյալէր իսթիման իթտիլէր տէնիլէրէք միւճազաթտէն գուրթուլուպ ափ աչըգ սիլահլէր իլէ տօլաշմաղա սէրպէսթ պրագըլուր, վէ մահզա միւտաֆէայի նէֆս զըմնընտա սիլահ թաշըմաղա մուզթարը օլան էհալիյի մութիյէ վէ մասումէյէ չագը թաճըմաղա տիլէ միւսաատէ օլեունմազ, վէ թաշըտըղը հալտէ միւֆսիտ վէ ճանի ատտ օլունուր իտի:

Վիրան շէհիրտէն սարֆը նազար. Պիթլիս, Պայպուրտ, Տրապիզօն վէ Գայսէրիյէտէ կիւեա Էրմէնիլէր թարաֆընտան հիւճիւմլէր հազըրլանմագտա իտուկինէ տայիր, վէ ավամը նաստան էֆրատը Միւսլիմէյի խէֆ ու թէլաշէ իլգա վէ ասապիյէթը տինիյէլէրինի թահրիք իլէ վուգուաթը էլիմէ իյգա’ինէ թվիգ գաստը իլէ թասնի վէ նէշր ու իլան իտիլէն հավատիսը քեազիպէ՝ օթուզ պիր մարտ թարիխլի տարպէյի մէնհուսէլի սիասիյէնին մուգատտիմէ վէ թագվիյէսինտէն պաշգա պիր շէյ օլմատըղը ճայի պահս վէ թէրէտտիւտ օլամազ: Ալէլխուսուս Ատանա վէ թէվապիինտէ զուհուր իտէն գաթլը ամմ վէ իհրագ վէ ղասպ ու ղարաթ ֆաճիալէրին իրթիճայիւնըն՝մէշրութիյէթ տիւշմէնլէրինին՝Եըլտըզ ավէնէսինին հիմմէթի իլէ պիր սուրէթի մահիրանէտէ վէ վագթ ու զէմանը իլէ հազըրլանմըշ վէ այնը կիւնտէ այնը թարիխտէ եանի մէրքէզի Սալթանաթտաքի օթուզ պիր մարտ վէ պիր նիսան վուգուաթլէրինա մուսատըֆ օլարագ Ատանատա, Թարսուստա, Համիտիյէտէ վէ սայիր գուրա վէ նէվահիտէ իյգա իտիլտիկի մէրթէպէյի սիպութտէ տիր:

Ատանա վուգուաթընտա վէսիլէյի եէկեանէ՝ սահիպի այիլէ կէնճ պիր Էրմէնինին ըրզընա թէսալլութ իտիլմէք իւզրէ թա’գիպ օլունմասը իլէ պիր գաչ տէֆա լար վալիի վիլայէթէ վէ բօլիս գօմիսէըլիկինէ միւրաճէաթլա արզը քէյֆիյէթ իյլէմիշ վէ ըրղ եւ ճանը թէհլիքէտէ պուլուն մասընտան պահս իլէ հիւքիւմէթին սիանէթ վէ հիմայէսինի իսթիտա վէ իսթիրհամ իթմիշ օլտըղը հալտէ շու թալէպը մուհագգընա ասլա էհէմմիյէթ վէրիլմէմէսինտէն ճէսարէթ ալմըշ օլան էրպապը ճինայէթ տահա շիտտէթլի թա’գիպ ու թազեիգէ թասատտի իյլէմէլէրի իւզէրինէ միւտաֆէայի ըրզ ու ճան մէճպուրիյէթինտէ պուլունան եանի ըրզընըն վիգայէսի իլէ իսպաթը համիյէթ վէ հաեաթընըն մուհաֆազասը պիր հագգը գանունիտէն ինտիֆայէ թասատտի իտէն պիր Էրմէնինին գուրշունը իլէ տիւշմէնի ըրզ ու ճանը օլան պիր իքի էֆրատը Միւսլիմէնին վէֆաթ իթմէսինտէն իպարէթ տիր:

Ֆարզը մուհալ օլարագ, միւտաֆէայի ըրզ ու ճանիչուն իթիլաֆը նէֆսէ մուզթար օլան չու կէնճ Էրմէնինին հարաքէթի ճիւրմ’ հաթթա ճինայէթ ’ատտ իտիլսէ պիլէ եալընըզ քէնտուսը մէսուլ թութըլապիլէճէկի տէրքեար իքէն Հիւքիւմէթը մահտլիյէ միւճրիմի թա’գիպ վէ տէրտէսթ իտէճէք եէրտէ կիւեա մահալի Էրմէնի սէքէնէսի մէ՛սուլ վէ վազիֆէտար իմիչ կիպի, անըն պուլընըպ թէսլիմ իտիլմէսինի ճէմմը ղաֆիրը ավամ թալէպ իտէր։

Հիւքիւմէթ՝ ասայիշին մուհաֆազա վէ թէ՛ մինի խուսուսընա սայ իտէճէք եէրտէ, ճէմմը զաֆիրի եալընըզ պաշընտան տէֆ իթմէքլէ իքթիֆա վէ հաթթա ավամա սիլահ պիլէ թէվզի իթմիշ օլմասը հասէպի իլէ թալէպը վագը’ թէհտիտաթէ միւնգալըպ օլուպ եիրմիսէքիզ մարտա միւսատըֆ օլան թէհտիտաթը վագըտ եիւզիւնտէն Փասգալեա եօրթըլարընըն էյամընը տէհշէթլէ կէչիրմէկէ մէճպուր օլան Էրմէնի սէքէնէսի հագգընտա մարտըն օթուզպիրինճի սալը կիւնիւ սաաթխանէ ալթընտա տօղրամաճը Լութֆիկին՝ գաթլը իլէ նիսանըն պիրինճի չարշէնպիհ կիւնիւ գաթլը ամմ պաշլամըշ տըր: Հաթթա եէվմի մէղքիւրտէ Հիւքիւմէթ՝ վէ Վալիի վիլայէթ՝ վէ միւթէհայիզանը մէմլէքէթ՝ ֆաճիանըն էօնիւնի ալմագ վազիֆէսինի իյֆա իտէճէք եէրտէ Էրմէնիլէրին խանէ վէ մէսքէնլէրինտէն չըգմալարը, վէ պու սուրէթլէ թասավվուրըն տահա սուհուլէթլէ իյգա’ինէ եօլ աչմագ գաստը իլէ կիւեա գօրգաճագ հալ եօգ իմըշ կիպի տիւքեան վէ մաղազալարընը աշմալարընը Էրմէնիլէրէ թէնպիհ վէ թէշվիգ իթմէքտէն կէրու տուրմամըշ վէ միւշավէրէ վէսիլէսի իլէ տավէթ վէ ճէլպ իթտիկի մահալլի Մէրխասախանէ մէճլիսը ճիսմանիսի րէիսի վէ մահքէմէյի իսթինաֆ ազասընտան Ուրֆալեան Դաւիթ վէ Յարութիւն Շատրիկեան էֆէնտիլէր վէ րէֆիգլէրի հիմայէսիզ պրագըլարագ քիմիսի սօգագտա քիմիսի Մէճլիսի պէլէտի տայիրէսինտէ գաթլ վէ իթլաֆ իթտիրիլմիշ տիր:

Ատանա վէ թէվապիյի վուգուաթընը ճիտտէն մէնն իթտիրէճէք էվամիրի շէտիտէ վիրիլէճէք եէրտէ, մէրքէզի հիւքիւմէթտէն՝եանի Տաքխիլիյէ միւսթէշարլըղընտան վէ վէքեալէթէն վիրիլէն էմրը թէլէկրաֆիտէն իլթիզամ օլունան սուրէթը թահրիր՝ մուէսսէսաթը էճնէպիյէնին մուհաֆազա իտիլմէսի վէսաեասընա մաթուֆ օլտըղը թէքզիպը րէսմի կէօրմիւշ օլմաեան նէշրիեաթլա միւսպէթ տիր:

Սուրէթը ճէրեանը հալ վէ թէտպիրլէր՝ պին սէքիզ եիւզ տօգսան պէշ սէնէսինտէքի գաթը ամտէքի ուսուլ վէ թէտապիրին այնը պուլունտըղը՝ րութպէյի պէտահէթտէ տըր։

Շէհրը հալըն պիրինճի վէ իքինճի վէ իւչիւնճի կիւնլէրինտէ տէվամ իթմիշ օլան Ատանա վէ թէվապիինին վուգուաթը էլիմէսի՝ մէրքէզի Սալթանաթտա Եըլտըզ Ֆրաօն օճաղընըն սէօնտիւրիլտիկի կիւնէ մուստաըֆ օլան սօն բազար վէ բազար էրթէսի կիւնլէրինտէ գուրթուլմուշ օլան էհալի վէ էպնիյէի միլլիյէ վէ շախսիյէ գաթլ վէ իհրագ իտիլմիշ տիր:

Էվվէլ վէ ախըր, վուգուաթ վէ ֆէճիաթը մէպսութէտէ հէր թարաֆտան թօփլաթտըրըլմըշ օլան ավամը Չէրաքէսէ վէ էքրատ վէ սայիրէ իշթիրագ իթտիքլէրի շէօյլէ տուրսուն, ավէնէյի իսթիպտատ՝վէ իրթիճաիյուն օրալարտաքի ասաքիրի Օսմանիյէի տախի Տէրիսաատէթաէքի էմսայլէրի միսիլլու նիչէ քիզպ ու ազվիաթլա իղֆալ իթմիշ օլմալը տըրլար քի գասալար գըրըլմասը վէ գաթլը ամմ վէ նէհպ ու ղարէթ կիպի էֆալը ճինաիէյէ մուավէնէթ վէ իշթիրագ իթմիշ օլտըգլարը ճիւմլէյի իխպարաթը մահալիյէտէն տիր:

Շէհրը ճարինին օն իւչիւնճի թարիխի իլէ Իսկէնտէրունտան ալընան պիր թէլէկրաֆնամէտէ Չօգմարզուանըն եիրմի պին գատար ճէմմը ղաֆիր թարաֆընտան թահթը մուհասէրէտէ օլուպ սու եօլլարը պիլէթախրիպ իտիլմիշ օլմասը հասէպի իլէ մահալը մէզքիւր սէքէնէսինին հաեաթը թէհլիքէտէ պուլունտըղը իշար գըլընմագտա տը›:

Նէզաքէթի միւսէլլէմ օլան շու զէմանտա վէ մէհամը ումուրը Տէվլէթէ մէշղուլ պուլունտըղընըզ պիր սըրատա, միւճէմմէլէն օլսուն թաֆսիլաթը մէպսութէ իլէ զաթէն մալիւմը ալիի Ֆախիմանէլէրի պուլունան վուգուաթըն արղ ու թէքրարընտան մագսէտը տայիանէմ հէյէթը Օսմանիյէյի թէշքիլ իտէն անասըրտան պիր գավմըն մահվ վէ իզալէսի զըմնընտա օնպէշ սէնէտէն պէրի սուվէրը մուխթէլիֆէտէ թէրթիպ վէ իճրա իտիլէ կէլմիշ օլան մէսլէքը սիասինին կէրէք Էրմէնի մէլլէթը սատըգասընակէրէք վիճուտը Տէվլէթէիրաս իյլէտիկի տարպէլէրէ պիր խաթիմէ վէրտիրմէքտէն իպարէթ տիր:

Շուրասընը տա արզ ու թէզքիարա մէճպուրըմ քի Անատօլու գըթասընըն հալ վէ մէյլի մալիւմ օլմասընա նազարէն՝ շայէտ թէտապիրի սէրիյէ վէ շէտիտէ իթթիխազընա միւսարէաթ գալընմատըղը թագտիրտէ վուգուաթը մէպսութէնին վիլեաթը սայիրէյէ տախի սիրայէթի մէլհուզ՝ վէ պէլքի մուհագզագատտ օլունապիլէճէյինտէն լուզումը իստիճալ տէրէճէյի վիճուտտէ տիր: Վագատ թէլէկրաֆլար իլէ վէսաեայի լազըմէ իյֆա գըլընտըղը էվամիրի շէտիտէ վիրիլտիկի ասաքիրի քեաֆիյէ սէվգ օլունտըղը՝ միւրաճէաթը միւթէվալիյէի տայիանէմէ ճէվապէն պիլտիրիլմիշ իսէտէ օլ եօլտաքի էվամիրին միւսմիր օլմատըդը վէ օլ հէվալիտէքի ասաքիրին ագսը հարաքէթտէ պուլունտըղը վուգուաթլա թէզահուր իյլէմիշ օլմասը իլէ տահա միւսմիր վէ տահա շիտտէթլի թէտապիր իթթիխազընա լուզումը գաթի վար տըր: Պինաէն ալէյհ պու մագսէտին հուսուլինէ մէտար օլմագ իւզրէ Փաթրիգխանէ մէճլիսի մուխթէլիթ հէյեէթի իլէ տէ պատէլ միւզաքէրէ թէտապիրի աթիյէնին իթթիխազ ու իճրասը իսթիտասընա մէճպուրիյէթ էլ վիրմիշ տիր, շէօյլէ քի.

«Էվվէլա. Ատանա վէ Հալէպ վէ թէվապիինին վուգուաթը՝ իսթիպտատըն ճէրայիմը միւթէսէլսիլէսինտէն օլմագլա պէրապէր, մէշրութիէթին եէնիտէն իլղա, վէ իսթիպտատըն իատէսի էմբինտէ օթուզ պիր մարտ սէնէ պին իւչեիւզ եիրմի պէշ թարիխինտէքի Տէրիսաատէն հատիսէյի մալիւմէսինին ճէրայիմը միւչթէրէքէսինտէն ատտ օլունապիլէճէկինէ պինտէն՝ օրալարա տախի գահրաման հարաքէթ օրտուսը ճանիպինտէն վէ հէր հալտէ միւտաֆիյի հուրրիյէթ վէ մէշրութիյէթ էրքեանը Զապըթանընտան միւթէշէքքիւլ պիր Տիվանը հարպը էօրֆինին թային վէ իզամը իլէ մահալլի միւսէպպիպ վէ միւպաշըրլէրինին թահթը մուհաքէմէյէ ալընմասը»:

«Սանիէն. Վուգուաթը մէզքիւրէնին էն պաշլը միւսէպպիպլէրինտէն ատ օլունմասը լազըմ կէլէն վէ ալէտտէրէճաթ թէքեասիւլ վէ իհմայլէրի սապիթ օլան վալիի վիլայէթ իլէ տախիլիյէ միւսթէշարը Ատիլ պէյին Տիվանը Հարպը մէզքիւրէ թէսլիմի խուսուսընըն թահթը գարարա ալընմասը»:

«Սալիսէն. Տիվանը Հարպըն տէշէքքիւլ իտուպ իզամ գըլընաճաղընըն վէ միւսէպպիպ վէ միւշէվվիգլէր հագգընտա միւճազաթը շէտիտէ թէրթիպ օլունաճաղընըն վէ վալլի վիլայէթլէ Ատիլ պէյին տախի Տիվանը Հարպա թէսլիմ գըլընտըղընըն հէմ Ատանա վէ Հալէպ վիլայէթլէրինէ վէ հէմտէ վիլաեաթը սաիրէյէ թամիմէն իշար վէ իլան օլունմասը»:

«Րապիան. Տիվանը Հարպըն թահգիգաթը իպթիտայիէսինին իճրասընտա մուավէնէթտէ պուլունմագ վէ հէր պիր մահալըն թէլէֆաթը նուֆուսը իլէ զաեաթը մատտիէյէսինին մըգտարընը վէ ահվալը սայիրէսինի թահգիգ վէ Տիվանը Հարպը էօրֆինին վազիֆէսինի թէսհիլ իթ մէք իւզրէ՝ համիյէթի շախսիյէլէրի վէ մէշրութիյէթբէըվէրլիքլէրի մարուֆ վէ միւսէլլիմ օլան զէվաթտան միւրէքքէպ այրըճա պիր թահգիգ գօմիսիօնըն թային վէ իզամը, վէ իշպու թահգիգ գօմիսիօնըն թային վէ իզամը, վէ իշպու թահգիգ գօմիսիօնընտա Փաթրիքխանէյի տայիանէմտէն տախի իրայէ օլունաճագ իքի վէ հիչ օլմազսա պիր զաթըն տախի ազա սըֆաթը իլէ թային վէ թէրֆիգ իտիլմէսի»:

«Խամիսէն. Մէմուրիյէթի սապըգալարընտա պիր չօգ շիքեաեաթա մարիւզ օլտըղը կիպի մէշրութիյէթ թարաֆտարը օլտըղընա տայիր ահվալ վէ իճրաաթը սապըգասընտա հիչ պիր տէլիլ վէ էմարէյէ թէսատիւֆ օլունամաեան Վալիի լահըգ Մուսթաֆա Զիհնի թաշանըն տէր հալ ազլը իլէ եէրինէ միւտաֆիի մէշրութիյէթ վէ էհլը համիյէթ պիր զաթը հուրրիյէթբէրվէրին թային վէ իզամը»:

«Սատիսէն. Եաղմա էտիլէն էմվալ վէ նուգուտ վէ սայիրէնին մէյտանա չըգարըլուպ թէմամը իլէ սահիպլէրինէ իատէ իտիլմէքլէ պէրապէր, պիլ ճիւմլէ զաեաթըն միւսէպպիպ վէ միւշէվվիգլէրինտէն եէքտիկէրինէ միւթէքէֆֆիլէն վէ վարըտաթը մէվճուտէլէրինտէն թազմին էթտիրիլմէսի»:

Սապիէն. Աճ վէ սուսըզ վէ մէսքէնսիզ գալմըշ մուսապիյնին իաշէլէրի իչիւն խազինէյի Տէվլէթտէն պիլա թէ’խիր մըգտարը քեաֆի թախսիսաթ թային վէ իթսը››:

«Թասիէն. Մուսապիյնին հէր նէվ զաեաթընըն խազինէյի Տէվլէթտէն շիմտիլիք թա’վիզէն թազմինի իլէ խանէ վէ մէսքէնլէրին ինշա վէ թա’վիզէն թազմինի իլէ խանէ վէ մէսքէնլէրին ինշա վէ թա’միրինէ, վէ սանա’թ վէ զրաաթլէրինին եէնիտէն իճրասը իչիւն ալաթ վէ էտավաթը լազըմէնին թէհիյէ վէ թէտտբիքինէ հիմմէթ պույրուլմասը»:

«Վէլհասըլ նէվը պէշէրին հաեաթը գըսաս իլէ գայիմ օլուպ, պիր ճիւրմին ֆայիլի հէր քիմ օլուր իսէ օլսուն ճէզայի սէզասընը կէօրմէզ իսէ ճէրայիմին մէննը թէքէրրիւրի վէ թէքէսսիւրի միւմքին օլմազ, պու տէֆա Ատանա վէ հավալիսինտէ իյգա օլունուպ վահշէթ վէ տէհշէթի՝ տէյիլ ագլ ու իտրագըն՝ պէլքի խէյալ ու թասավուրըն պիլէ հավսալասընա սըղամաեանվէ նէվը պէշէր իչիւն ար ու շին օլմագ հայսիեէթի իլէ միւսլիմ վէ ղայրը միւսլիմ պիլ ճիւմլէ էրպապը համիյէթ վէ մէրհամէթին գալպլէրինի տազտար իտէն ճինաեաթըն ճէզասըզ զալմասը իլէ Էրմէնիլէրին խարիճ էզ գանուն պուլընտըղընա, եանի մալ վէ ըրզ ու ճանլէրընին հէլալ օլտուղընա՝ ավամը նաս վէ մէմուրիյնը իսթիպտատ ինտինտէ գանատթը քեամիլէ հասըլ օլտըղը՝ վուգուաթլա քէսպը սիւպութ իթմիշ տիր: Շայէտ պեւ տէֆա տախի քէլէվվէլ ճինաեաթը վագըանըն վուգու’ի թէքզիպ վէ ինքեար վէ եա թախֆիֆ օլունըր, վէ իթլաֆը նէֆս վէ իհրագը էմաքին վէ խավանէթ վէ նէհպ ու ղարէք ճէրայիմիմիւրէթթիպ՝ միւշէվվիգ՝ միւսէպպիպ վէ միւպաշիրլէրի, վէ պիլ խասսա վազիֆէլէրինի իհմալ վէ ահվալտէն թէզաֆիւլ վէ թէճահիւլ վէ ըզհարը աճզ սուվէրի խայինանէլէրի իլէ ճէրայիմը մէզքիւրէնին թէվէսսիւ վէ թէքէրրիւր վէ թէշէտտիւտինէ՝ միւնաֆըզանէ վէ դատտարանէ մէյտան վիրէն մէ’մուրին հագգընտա գանունըն քէմալը ատալէթ վէ շիտտէթիյլէ թէրթիպը միւճաղաթ գըլընմազսա՝ թապիրը էվզահ իլէ զուլմ վէ իսթիպտատըն մէրքէզի հագգընտա Փայթախթտա իթթիխազ վէ իճրա օլընան թէտապիրի գաթիյէի հաքիմանէ գայիտէի ատալէթ վէ միւսավաթա թէվֆիգան Ատանա վէ Հալէպ վէ ճիվարլէրինտէքի շիւպա’թը հագգընտա տախի իճրա օլունմազսախայր ու շէրի թէֆրիք ու թէմյիզտէն աճիզ վէ հիքմէթը հիւքիւմէթտէն զաֆիլ էֆրատը էհալի վէ մէմուրինը Տէվլէթ այնը ճինաեաթը թէքրտր թէքրար իգա’է թէշվիգ վէ թէրղիպ էտիլմիշ օլաճադ տըր: Աքսր հալտէ, եանի շու ֆաճիանըն հագիգի միւրէթթիպ վէ միւշէվվիդ վէ ֆաիլլէրի ճիւմլէթէն ճէզաի միւսթէհագլէրինի կէօրիւրլէր իսէ, Էրմէնիլէրին գաթլը ամմը կիպի միւսլիմ վէ ղայրը միւսլիմ պիւթիւն ալէմը մէտէնիէթին լանէթ վէ իսթիքրահընը աավէթ իթմիշ օլան ֆաճիտի մարուզէտէն՝ մէսուլը միւնֆէրիտ րէիս վէ ավէնէի իսթիպտատ օլուպ Միլլէթի նէճիպէի Օսմանիէնին պունտա ասլա վէ գութա տախլ ու մէսուլիէթի միւթէսավվէր օլմանտըղը գաթ գաթ վէ սուրէթի դաթիէտէ թէէյիւտ վէ թահագգուգ էտէճէք, վէ պունտան պէօյլէ պիր տահա պու կիպի մուխիլլը նամուսը ինսանիէթ ահվալ վուզուինէ իմքեան գալմաեաճագտըր: Իշթէ Տէվլէթը Օսմանիէնին մապիհ իւլ հաեաթը օլան շու մագսէտի ճիլիլին հուսուլի՝ անճագ իզամ օլունաճագ Տիվանը հարպը էօրֆի հիյեէթինին հազաիգ վէ տէզաիզի մարուզէյէ ագլ ու իտրագլէրինին պիւթիւն գուվվէթի վէ գալպ ու վիճտանլէրինին պիւթիւն նէճապէթի իլէ գանի օլտըգլարը սապիթ վէ միւթէհագզըգ օլան էրքեանը հարպտէն միւրէքքէպ օլմասընա մէնութ վէ միւթէվագըֆ տըր:

Մարուզաթը մէշրուաի տայիանէմին էհէմմիէթ վէ վիճուպի թարաֆը սամիի Ատալէթքեարիլէրինտէն թասվիպ վէ թէրվիճինէ պէղլը ինաէթ պույրուլաճաղը իւմիւտ վէ իթիգատը գավիսինտէ պուլընտըդըմըն արզ ու պէեանընը հագգը ահագգը ֆախիմանէլէրինէ տէրքեար օլան իհթիրամաթը ֆաիգայը տայիանէմին թէ’քիտ ու թէյիտինէ վէսիլէի հասէնէ իթթիխազ իյլէտիմ. օլ պապտէ, եւայլն եւայլն»:

Յ. Շահրիկեան էֆ[էնտի] (շարունակելով) Այս Յիշատակագրին մատուցուելէն յետոյ, նոր կառավարութեան կողմէ որ եւ է ձեռնարկներն ու հետեւանքները դեռ եւս անորոշ են: Միայն, անկէ առաջ, ազատարար բանակէն մաս մը զօրք ղրկուած էր եւ պատերազմական ատեան մը կազմուած: Ջարդը դադարած է, բայց ո՞րքան է կոտորուածներուն թիւը. կարելի չէ եղած ստուգել այսքան կարճ ժամանակի մէջ. բայց Ատանայէն փախչողներ կը հաւաստեն թէ 30, 000ը կանցնի անոնց թիւը, որուն մէջ փոքր մաս մըն ալ օտարազգիներ կան: Իսկ նիւթական կորուստը հաշուել անհնար է, որովհետեւ Ատանան ամբողջ քարուքանդ եղած է: Ազգ[ային] Վարչութեան առաջին գործը եղաւ անմիջական կերպով մէկ հոգեւորական եւ մէկ աշխարհական պատուիրակ . Գէորգ վարդ. Ասլանեան եւ Սարգիս էֆ[էնտի] Սուին) ճամբայ հանել, որպեսզի կարենան գոհացում տալ արկածելոց պէտքերուն: Իսկ երէկ մեկնեցաւ Կարմիր Խաչի մարմին մը, վիրաւորներու եւ հիւանդներու դարմանման համար:

Այս առթիւ, ահաւասիկ Ժողովիդ կը ներկայացնենք Ապրիլ 15էն մինչեւ 24՝ Ատանա եւ Կիլիկիոյ զանազան կողմերը Պատրիարքարանի ձեռամբ հասցուած դրամական նպաստներուն ցանկը:

 

 

Օսմ[անեան] Ոսկի

Ապրիլ 15.

Հալէպ, շրջականերէ հասած արկածելոց համար

100

Ապրիլ 18.

Ատանա, արկածելոց՝ հեռագրաւ

500

Ապրիլ 21.

Կիպրոս, Ատանայէն գաղթած արկածելոց

100

Ապրիլ 21.

Տարսոն, Ատանայէն գաղթած արկածելոց

100

Ապրիլ 21.

Սիս, շրջականերէն հասած արկածելոց

100

Ապրիլ 22.

Մարաշ, շրջականերէն համած արկածելոց

200

Ապրիլ 22.

Լազգրյէ արկածելոց

100

Ապրիլ 24.

Ատանա, ալիւր, բրինձ, նպարեղէն

400

 

 

1600

Պատրիարքարանի գիտութեամբ՝ արտասահմանէ ուղղակի Ատանա ղրկուած նպաստի գումարներն են հետեւեալները:

 

 

 

Օսմ[անեան] Ոսկի

Ապրիլ 8.

Գահիրէյէ Ատանա ղրկուած

100

Ապրիլ 14.

Գահիրէյէ Ատանա ղրկուած

200

Ապրիլ 17.

Մանչէսթըրէ Ատանա ղրկուած

330

Ապրիլ 17.

Իզմիրէ Ատանա ղրկուած նպարեղէնի արժէք

300

 

 

930

 

Ընդհանուր գումար 2530 Օսմ[անեան] Ոսկի։

Վարչութիւնը մէկ կողմէ փութացնելով այս գումարներուն առաքումը, միւս կողմէ ձեռնարկած է օգնութեան միջազգային Յանձնաժողովի մը կազմութեան, որ մի քիչ յետաձգուեցաւ, վասն զի Ն[որին] Կ[այսերական] Վեհափառութեան բարձր հովանաւորութիւնը պիտի խնդրուի։ Այս մարմինը պիտի կազմուի առանց յարանուանական խտրութեան, ամէն ազգէ պատուաւոր անձնաւորութիւններէ։

Ահաւասիկ ամփոփ տեղեկութիւն մը՝ Ատանայի դէպքերուն առաջ բերած կացութեան վրայ։ Պէտք է գիտնալ, թէ այս անսահման աղէտին առջեւ, տեղական բռնապետութեան ծառայողները չեն ձերբակալուած. միւս կողմէ, անհամար թուով մահմետականացման գործողութիւններ կը կատարուին. մանկամարդ Հայ աղջիկներ նիքեահի տակ կ’առնուին բռնի։ այս ամէնը աչքի առջեւ ունենալով, Վարչութիւնը յարմար դատեց կարգ մը առաջարկներ ընել, որոնց ծրագիրը ներկայացնելով Ազգ[ային] Ժողովիդ, կը խնդրենք որ յօդուած առ յօդուած վիճաբանիք անոր վրայ եւ վերջնական ձեւը քուէարկէք, որպէս զի իբրեւ Յիշատակագիր մատուցուի՝ Կայսեր, Օսմ[անեան] Բառլամէնդին եւ նախարարութեան։ Ահաւասիկ մեր ծրագիրը.

Ա. Բռնապետական շրջանի սովորութեան համեմատ՝ Հայերը պէտք չէ յանցաւոր նկատուին անիրաւաբար, հետեւապէս անոնց ձերբակալութիւնը պէտք է դադրի։

Բ. Բռնի մահմետականացածները պէտք է Ազգին յանձնել։

Գ. Մինչեւ իսկ կնութեան առնուածներուն վերադարձը պարտաւորել։

Դ. Վալի Մուսթաֆա փաշայի եւ ուրիշ պաշտօնէից պաշտօնէ հեռացումը։

Ե. Իսկական պատասխանատուութիւն ունեցող պաշտօնէից ձերբակալումը։

Զ. Աւարի տրուած գոյքերու վերադարձումը իրենց տէրերուն, հրատարակելու պայմանաւ թէ ի՞նչ է վերադարձուած։

Է. Կառավարութեան 30, 000 ոսկիի նպաստին փութացումը։

Ը. Ազգ[ային] Ընդհ[անուր] Ժողովը մասնակցի՝ ազատարար բնակէն մեռնող սպաներու եւ զինուորներու յիշատակին կանգնելի կոթողին շինութեան։

Թ. Ազգ[ային] Ընդհ[անուր] Ժողովը ո՛չ միայն կը մասնակցի այս հանգանակութեան, այլեւ յանուն Ազգին շնորհաւորութիւններ կ’ուղղէ Սահմանադրութեան վերականգումին առթիւ։

Ժ. Ամենասաստիկ պատիժներու որոշում՝ աւար եւ կողոպուտ գործողներուն նկատմամբ։

ԺԱ. Եւ որովհետեւ պատերազմական դրութիւն հաստատուած է, մինչեւ պատերազմական ատեաններուն գործի սկսիլը՝ պէտք է դադրեցնել տեղական իշխանութեանց ձեռքերով կատարուած քննութիւնները։

ԺԲ. Քանի որ կոտորողներուն մօտ զէնք կը գտնուի, ինքնապաշտպանութեան համար զէնք կրողներուն դիտողութիւն չուղղուի, ինչպէս պատահած է Չօք-Մարզուանի համար։

ԺԳ. Երկրին ներքին խաղաղութեան համար՝ միլիցիայի կազմութիւն։

ԺԴ. Իրենց բարւոք պաշտօնավարութիւնը տեսնուած պաշտօնեաներուն համար, ինչպէս Մէրսինին եւ Լազգըյէի կառավարիչները, վարձատրութիւն պահանջել։

Ինչպէս լսած էք, կառավարութիւնը 30, 000 ոսկի յատկացուցած է, Ատանայի արկածեալներուն բաշխուելու համար, սակայն չենք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի ղրկուի եւ ինչպէս պիտի բաշխուի։ Վարչութիւնը կը կարծէ որ եթէ Ազգն ալ, մամուլի միջոցաւ, հանգանակութեան հրաւէր կարդայ, օգտակար արդիւնք կ՚ունենայ։

Ահաւասիկ ասոնք են Վարչութեան առաջարկութիւնները։ Եթէ Ժողովդ ունի տեսութիւններ կամ բարեփոխման առաջարկներ, սիրայօժար կը լսենք։

(Շահրիկեան էֆ[էնտի] վար իջաւ բեմէն՝ ծափահարութեան մէջտեղ)։

Ստեփան Գարաեան էֆ[էնտի] Պիտի խնդրէի որ Ժողովդ մի առ մի յօդուած քննէր մեր առաջարկները, դիւրութեամբ աւարտելու համար։

Տօքթ. Աճէմեան պէյ. Շահրիկեան էֆ[էնտի]ի յայտարարութիւններէն գոհութեամբ իմացանք որ Վարչութիւնը իր Ս. Նախագահին հետ հնար եղածը կատարեր է, սակայն արդիւնքը տեսնելու համար՝ հարկաւ ժամանակի պէտք կայ։ Բայց նախ աղէտէն ողջ մնացողներուն հացի ստակ հայթայթելու է, որուն համար իւրաքանչիւր Հայ անհատի դիմում ընելու է։ Քիչը՝ երբ շատերու կողմէ տրուի, մեծ գումար մը կը կազմէ։ Թաղական Խորհուրդները պէտք է իրենք ալ ձեռնարկեն դրամ հաւաքելու, նո՛յն իսկ է՛ն համեստ կարողութեան տէր անձերէն։ Այս նպատակաւ, Բերայի Աղքատախնամը անմիջական կերպով նպաստ մը հասցնելու համար իր կողմէ, 20 ոսկի տրամադրեց զոր այժմ պիտի յանձնեմ Տեղապահ Սրբազանին։

Ն. Ճիվանեան էֆ[էնտի] Վարչութեան ջանքերը արժանի են շնորհաւորութեան. սակայն թերթերուն մէջ կարդացինք թէ մեր պատուիրակները չեն կրցած Ատանա մտնել. թէ կեդրոնէն ղրկուած 500 ոսկին չէ հասեր իր տեղը։ Կարելի՞ էր ասոնց մասին լուսաբանել զմեզ։

Յ. Շահրիկեան էֆ[էնտի] Ասլանեան Գէորգ վարդապետը իրեն տրուած խորհուրդներուն հետեւելով առայժմ Մէրսին մնացեր է, մինչ դրամը Ատանա ղրկուած էր։ Վարչութիւնը իր այսօրուան նիստին մէջ իսկ նկատողութիւն առնելով այս թիւրիմացութեան վերաբերող հեռագիրը, որոշեց որ Նպաստից Յանձնաժողովին կողմէ նոր գումար մը եւս ղրկուի, առաջինէն անկախաբար։

Մ. Գարագաշեան էֆ[էնտի] Ատանա տաք երկիր մը ըլլալով, բերքերը հասած են արդէն, բայց արտերու տէրերը մեռած ըլլալով, այրիներ ու որբեր կը թողուն իբր ժառանգորդ, ուստի միջոցներ պէտք է խորհուին, անոնց իրաւունքները ապահովելու համար այդ բերքերուն վրայ։ Բաց աստի, պաշտօնապէս տեղեկութիւն ունիմ որ կառավարութեան տրամադրած 30, 000 ոսկիէն զատ, Երկրագործական Պանգան 15, 000 ոսկի ղրկած է վնասուած երկրագործներուն, իբր փոխատուութիւն որպէս զի անոնք որ երաշխաւորութիւն կրնան տալ՝ ստանան 50 ոսկի. իսկ չունեցողները 5ական ոսկի. նոյնպէս առաջուընէ դրամ փոխ առած եւ պարտք ունեցողներուն ալ նեղ վիճակը նկատողութեան առնուելով՝ յարմար փոխատուութիւններ ըլլան։

Ս. Թէլլիեան էֆ[էնտի] Երկրագործական Պանգային ղրկած գումարներէն տասը փարայ չի տրուիր Հայերուն։

Հ. Արամեանց էֆ[էնտի] Փափաքելի էր որ առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու, յօդուած առ յօդուած կարդացուէր Վարչութեան ծրագիր՝ որպէսզի ամէն ոք իր առաջարկութիւնը ներկայացնէր։

Տ. Հմայեակ Եպիսկ[ոպոս] Ես կը զարմանամ որ Ազգ[ային] Վարչութիւնը դիմումի առաջարկ կը բերէ մեզի, մինչ այդ միջոցը սպառած ենք արդէն։ Մենք այդ դիմումները լիովին կատարեցինք ապրիլ 5ին, 13ին եւ 16ին։ Առաջին անգամ, Ազգ[ային] երեսփոխանաց մէկ մասին հաւանութեամբ, որ արտայայտուեցաւ Բերայի Արուեստանոցը տեղի ունեցած գումարման մէջ, մեր հետ ունենալով Քաղ[աքական] Ժողովի ատենապետը եւ Քէչեան ու Պահրի էֆ[էնտի]ները, Բ[արձրագոյն] դուռը երթալով՝ ներկայացանք Վարչապետին որ մեծամեծ խոստումներ ըրաւ։ Երկրորդ դիմումը ըրինք Տեղապահ Սրբազանին առաջնորդութեամբ, դարձեալ Վարչապետին մօտ, իր ապարանքը երթալով։ Իսկ երրորդ դիմումը կատարեցինք ազատարար բանակին հրամանատար Շէվքէթ փաշային մօտ։ Ասոնք բոլորը, հակառակ մեզի ցոյց տրուած բարեացակամութեան, գործնական արդիւնք մը չունեցան։ Մէճլիսի Մէպուսանը շատ լաւ դիտաւորութիւններ կրնայ ունենալ եւ մեր Վեհապետը Մէհմէտ Ե. հայրական բարի տրամադրութիւններով օժտուած է. բայց երբ Օսմանեան Խորհրդարանը կը մերժէ քննիչ Յանձնաժողով մը ղրկել, երբ հանրային ապահովութիւն չիկայ գաւառներուն մէջ, ալ ի՜նչ օգուտ մեր դիմումները ըրընելէ։ Կառավարութեան ղրկելիք 30, 000 ոսկին Թուրքերուն պիտի բաժնուի. ամէն տեղ կրնանք դիմել, ամէ՛ն բան առաջարկել. օգուտ չունի։ Ըստ իս, ամենէն գործնական միջոցը, մեր արկածեալ եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնութեան ձեռք կարկառելու համար, անոնց բժիշկ, դեղ սնունդ հայթայթելնիս կրնայ ըլլալ։ Ամէն աշխատանք անօգուտ է. պէտք է փակենք Պատրիարքարանը ու Եկաղացիները։ Եկեղեցինիս քայքայուելու եւ Հայ ժողովուրդը փճանալու վիճակին հասած են։



Ատանայի Հայոց Մուշեղեան Վարժարանի շէնքերուն աւերակները։

Տ. Գր[իգորիս] վրդ. Պալաքեան. Հմայեակ Սրբազան կանխեց զիս, եւ ինչ որ աս պիտի ըսէի՝ ինքը առաջարկեց։ Շահրիկեան էֆ[էնտի] յօդուած առ յօդուած ներկայացուց մեզի՝ Վարչութեան առաջարկները, որոնց մէջ մասնաւորապէս շեշտուած էր իսլամացած եւ բռնի նիքեահ եղած Հայ կիներու պարագան։ Առաջարկուած էր նաեւ որ Ազատարար Բանակին նահատակներուն յիշատակին կանգնելի կոթողին ծախքերուն մասնակցի Հայ ազգը։ Ես կը կարծեմ թէ այդ կոթողի հանգանակութեան խնդիրը երկրորդական է. մինչեւ ցարդ Ազգը իր նպաստը չէ զլացած նմանօրինակ հանգանակութեանց. դեռ վերջերս, Հայերը առաջին մասնակցողներն եղան Չըրչըրի հրկիզեալներուն ի նպաստ կատարուած հանգանակութեան։ Կառավարութիւնը 30, 000 ոսկի պիտի ղրկէ եղեր Ատանա. ջարդուած մարդ գլուխ մէյմէկ ոսկի կիյնայ. կ՚երեւայ թէ ոչխարներէն ալ վար նկատեցին մեզի։



Քէսապի 8-10 տարեկան անտէր Հայ-որբուկները, որոնք քալելով մինչեւ Լազգիէ եկած են։

Ես պիտի առաջարկեմ որ այս անգամ Եկեղեցականութիւնն ինք առաջ անցնի եւ տանի յանձնէ Պատրիարքարանին ու եկեղեցիներուն բանալիները կառավարութեան։ Պէտք է գործադրել այս տեսակ միջոց մը որուն չենք դիմած մինչեւ ցարդ։

Ս. Գարաեան էֆ[էնտի] Մենք մտածեցինք որ եթէ մեր նոր դիմումներն ալ անօգուտ մնան, ի՞նչ պիտի ընենք։ Մի՛ մոռնաք թէ կացութեան մը առջեւ կը գտնուինք՝ որ ինքնին անել է արդէն։ Բալար դժբախտ զուգադիպութիւնները Ատանայի ջարդին հանդիպեցան։ Երբ Մահմուտ Շէվքէթ փաշայի գթութիւնը հայցելու գացի Ատանայի Հայոց տխուր կացութեան վրայ, նշմարեցի որ հրամանատար փաշան իր գոյութեան վրայ վստահ չէր ու հրաժարական տալ կը խորհէր։ Իսկ երբ ապահովութիւն պահանջելու գացի Մեծ-Եպարքոսէն, պատասխանեց թէ դեռ երկու օր է նախարարութեան կազմուիլը։ Եթէ նախարարութեան վերջնական կազմակերպութենէն ետքն ալ գոհացում չի տրուի մեր բողոքներուն, այն ատեն հարկ եղածը կը վճռենք։ Աւելի առաջ չգացած, ուզեցինք Ազգ[ային] Ժողովիդ դիմել։

Տեղապահ Սրբազան. Մահմուտ Շէվքէթ փաշային ըսի որ, եթէ ձեզի նման դիւցազն հրամանատարի մը օրով անլսելի մնայ մեր խնդրանքը, մեզի ուրիշ բան չպիտի մնայ՝ բայց եթէ Պատրիարքարանի բանալիները բերել յանձնել։ Միեւնոյն յայտարարութիւնը ըրի նաեւ Եպարքոսական Մէօհիւրտարին։

Ա. Հալաճեան էֆ[էնտի] Յօդուած առ յօդուած պիտի վիճաբանէինք Վարչութեան բերած ծրագրին վրայ։ Ինչո՞ւ ընդհանուր վիճաբանութիւն կը կատարենք։

Վ. Մանուկեան էֆ[էնտի] Շատ արդարացի կերպով վարուած է Վարչութիւնը, որուն լի ու լի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ…

Ձայներ. Ամէնքս ալ կը յայտնենք։

Վ. Մանուկեան էֆ[էնտի] (Շարունակելով). Վարչութեան կողմէ եղած յայտարարութիւնը երկու մասի կարելի է բաժնել, Ա. Ինչ որ ըրած է մինչեւ հիմայ, Բ. Ինչ առաջարկներ որ կը ներկայացնէ։ Իր անցեալ գործողութեանց մէջ՝ Վարչութիւնը տագնապալի շրջանի մը հանդէպ կը գտնուէր եւ այնպէս իմաստութեամբ շարժեցաւ որ ընդհանուրին գնահատման արժանի է։ Բանակին իշխանութիւնը մէկ կողմէն, երկրին անիշխանական վիճակը միւս կողմէն, բոլորովին դժուար կացութիւն մը ստեղծած էին։ Մենք պէտք չէ յուսահատեցնենք մեր վարիչները, զանազան մտադրութիւններով եւ առաջարկներով որոնք մեր ազգակիցներուն վրայ ալ տխուր տպաւորութիւն մը կը թողուն։ Մէկդի թողունք Պատրիարքարանն ու եկեղեցիները փակելու նման ծայրայեղ առաջարկները եւ առայժմ զբաղինք միայն Վարչութեան բերած ծրագրովը, կէտ առ կէտ քննութեան առնելով զայն։

Գ[րիգոր] Զօհրապ էֆ[էնտի] Պատահած իրողութիւններուն վրայ մէյ մը սրտով կրնանք խորհիլ. եւ այն ատեն Հմայեակ Սրբազանի ու Գրիգորիս վարդապետի համամիտ պէտք է ըլլանք, եւ մէյ մըն ալ Վարչութեան առաջարկներուն պէտք է համակերպինք։ Նախ եւ առաջ, ըմբռնելու ենք թէ պատահած աղէտը Համիտեան շրջանին վերջին մէկ ցնցումն էր։ Ես վստահ եմ որ մեր Թուրք հայրենակիցները կարեկից են մեզի, զանոնք անջատելով խուժանէն։ Ես Օսմ[անեան] Բարլամէնդին ամենէն անարժան մէկ անդամը ըլլալով, պիտի խնդրէի որ հաւատք ունենաք այդ գերագոյն մարմինին բարի տրամադրութեանց վրայ…

Տ. Հմայեակ Եպիսկ[ոպոս] (Ընդմիջելով). Սուտ է, կեղծ է, ես չեմ հաւատար։

Ատենապետ էֆ[էնտի] Հմայեակ Սրբազանին կը յիշեցնեմ թէ՝ Ներքին Կանոնագիրը կ’արգիլէ ո՛ եւ է ընդմիջում։

Գ[րիգոր] Զօհրապ էֆ[էնտի] (Շարունակելով). Նախ եւ առաջ կը կարծեմ թէ գործը քաղաքական տեսակէտէն քննելէ առաջ՝ Օսմ[անեան] Երեսփ[ոխանական] Ժողովին արարքները քննադատել՝ պատշաճութեան դէմ է եւ այս Ժողովիս իրաւասութենէն վեր։ Միանգամայն մեր Թուրք հայրենակիցներուն համար վիրավորիչ։ Խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց 30, 000 ոսկիի նպաստ ղրկելու առաջարկը, մինչ Սահմանադրական կանոնները կը պահանջէին որ այդ կարգի վարկերը նախ Պիւտճէի Յանձնաժողովին բովէն անցնին եւ ըստ այնմ որոշուին։ Այս բարեացակամ տրամադրութեան դէմ անտեղի կերպով յարձակումը լաւ չեմ տեսներ ես, ինչ որ քաղաքականութեան ալ դէմ է. վասն զի մենք շատ մը ակնկալութիւններ ունինք եւ մեր առաջարկները պիտի ներկայացուին Բառլամէնդին։ Եղած դիմումներուն վրայ բարեացակամութիւն ցոյց տրուած չըլլալու ակնարկութիւնն ալ սխալ է. 8000 զօրք ղրկուեցաւ Ատանա, եւ եթէ այս առաքումը քիչ մը յապաղեցաւ, պատճառը մայրաքաղաքին մէջ պատահած յեղափոխութիւնն էր։

Բայց, ասով ամէն բան չէ լմննար։ Քաղ[աքական] Ժողովի դիմումին առաջին երեք կէտերու մասին կառավարութիւնը պիտի ուզէ իր ալ սիրտը հանդարտեցնել, խառն եւ պարկեշտ Յանձնաժողով մը ղրկելով։ 30, 000 ոսկիի արդարապէս բաշխման մասին կասկած յայտնուեցաւ. այդ բաշխումը պիտի կատարուի contrôleի տակ։ Յետոյ, այն քաղաքական ամբաստանութիւնը որ կը ծանրանայ մեր վրայ, իբր թէ մենք Հայերս եղած ենք սկզբնապատճառ ջարդին, ինքնին կը հերքուի։ Այդ զրպարտութիւնը պէտք է բոլորովին բառնանք մեր վրայէն։ Գալով նիւթական վնասներուն, որոնք ահագին համեմատութիւններու կը հասնին, օտարները կը ստանան իրենց վնասները, եւ եթէ կառավարութիւնը բոլորովին անաչառ ըլլայ, օսմանեան քաղաքացիներն ալ իրենց հատուցումը կը ստանան դիւրաւ։

Ասանկ երկար բարակ թուումն մասանց ընելու տեղ, լաւագոյն կ’ըլլայ, Վռամշապուհ էֆ[էնտի]ի առաջարկած ձեւով, ամփոփ կերպով սահմանուած մէկ երկու կէտի վրայ ծանրանալ եւ ղրկուելիք Խառն Յանձնաժողովին անդամներուն պատուաւոր անհատներէ կազմուելուն աշխատիլ։ Արդէն, կառավարութիւնը՝ արդարութեան կանոններն յարգելով՝ ամենէն վստահելի սպաներէ բաղկացեալ գօմիսիօն մը ղրկեց՝ իբրեւ զինուորական ատեան։ Հետեւաբար արդարութիւնը գործադրելու յոյս կայ…

Լ. Պէյ Փափազեան. (Ընդմիջելով). Զինուորական ատեանը երեկ ճամբայ ելաւ։

Գ[րիգոր] Զօհրապ էֆ[էնտի] (Շարունակելով). Արդ, երկու պարագայ կայ զոր մասնաւորապէս պէտք է ուշադրութեան առնել։ Առաջին, ո՛չ թէ յուսահատիլ, այլ սրտերնուս սուգը եւ կսկիծը պահելով հանդերձ, ամէն ժամանակէ աւելի փարիլ Օսմ[անեան] Սահմանադրութեան որ աւելի ուժովցած է հիմայ։ Երկրորդ, պէտք է աշխատիլ խառն եւ վստահելի Յանձնաժողովի մը առաքման, 30, 000 ոսկի նպաստի գումարին արդարապէս բաշխման, վնասներու հատուցման։ Սա ալ աւելցնեմ թէ, յափշտակուած գոյքերը իրենց տէրերուն վերադարձնելու հրաման գացած է։

Մ[իսաք] Գօչունեան էֆ[էնտի] Հապա լլկուած աղջիկնե՞րը, առեւանգուած կինե՞րը, անանք ի՛նչ պիտի ըլլան։

Յ. Շահրիկեան էֆ[էնտի] Ես նպատակ չունեմ կրկնելու թէ Հայ ժողովուրդը կը կոտորուի, որովհետեւ Սահմանադրութիւնը ծափահարեց։ (Խօսքը Հմայեակ Սրբազանին ուղղելով)։ Դուք ձեր անկեղծ ոգին այն ատեն միայն ապացուցած կ’ըլլայիք, երբ մեռածներու, տանջուածներու կողքին գտնուէիք։ Ձեզի առաջարկուեցաւ Ատանա երթալ՝ իբրեւ հոգեւոր պատուիրակ, մերժեցիք, հետեւաբար բերան բանալու իրաւունք չունիք։

Տ. Հմայեակ Եպիսկ[ոպոս] Շահրիկեան էֆէնտի՛, դուք կուսակցութեան մը պետն էք եւ անոր անունով կը խօսիք, այս Ժողովը անձնականութեամբ զբաղեցնելու տեղը չէ։ Երբ դուք չգացիք ջարդի վայրը, ի՞նչպէս կը պահանջէք որ ես՝ 70 տարեկան հասակովս՝ երթայի։

Յ. Շահրիկեան էֆ[էնտի] Ես իբրեւ երեսփոխան կը խօսիմ, եւ ո՛չ թէ կոսակցութեան անունով։ Իմ ընկերներէս շատերը կոտորածի վայրը կը գտնուին արդէն, եւ եթէ հարկը պահանջէր՝ ես ինքս ալ կ’երթայի։ Գալով բուն հարցին, հազարաւորներ կոտորուած են եւ ողջ մնացողները պատառ մը հացի կարօտը կը քաշեն։ Մեր պահանջածը՝ Յանձնաժողովի մը կազմութիւնն է, նպաստի բաշխումը կատարելու համար։ Կողոպուտները իրենց տէրերուն վերադարձուին, կ’ըսենք. բայց այդ գործը միջազգային մարմնի մը պէտք է յանձնել, որ անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի է։

Յ. Ճանկիւլեան էֆ[էնտի] Ատանայի դէպքերը դիտումնաւոր կերպով եղած է. քանի անգամ է որ դիմում կ’ըլլուի Ատիլ պէյին, ուշադրութիւն չընծայեր։ Միւս կողմէ, զենքերու հաւաքման խնդիր կը յարուցուի։ Ես կ’առաջարկեմ Ազգ[ային] Ժողովին՝ որոշել որ, եթէ մեր ներկայ պահանջները չ’ընդունուին, ի՞նչ ընթացք պիտի բռնենք։

Ս. Գարաեան էֆ[էնտի] Վարչութիւնը նկատողութեան առաւ սա պարագան թէ վերջին 8-10 օրուան մէջ չէ՛ թէ վերացական՝ այլ դրական միջոցներ ձեռք առնուած են կառավարութեան կողմէ. անկէ առաջ, պարզապէս անիշխանութիւն կը տիրէր, ինչ որ պատճառ եղաւ կարգ մը կարւեոր կարգադրութեանց յապաղման։ Մեր նպատակն է այս անգամ նորակազմ նախարարութեան դիմել՝ յանուն Ազգ[ային] Ժողովին եւ մեր պահանջումները ներկայել։ Զօհրապ էֆ[էնտի]ի դիտողութիւնը գործադրելիութեան տեսակէտով էր։ Անմիջական դիմումի պէտք ունինք, ուստի ընդհանուր վիճաբանութիւնը փակենք. կէտ առ կէտ նկատողութեան առնելու համար Վարչութեան առաջարկները։

Ատենապետ էֆ[էնտի] Հիմայ պիտի ձեռնարկենք Վարչութեան ծրագիրը յօդուած առ յօդուած քննելու։

(Յօդուածներու մասին թեր ու դէմ վիճաբանութիւններէ ետքը. Շահրիկեան էֆ[էնտի] կը կարդայ Ժողովին որոշած բարեփոխութիւններով վերջնական ձեւ առած յիշատակագիրը, որուն ամբողջութիւնը քուէի դրուելով Ատենապետ էֆ[էնտի]ի կողմէ, կ’ընդունուի միաձայնութեամբ)։

Ահաւասիկ պատճէնը.

«Հուզուրը մէեամին մէվֆուրը թաճտալիլէրինէ արիզէի չաքէրանէմիզ տիր քի,

Մէվլաի միւթէալ՝ մէրհամէթը միւճէսսէմէ ըթլագընա չէսպան օլան զաթը շէվքէթսիմաթը Հազրէթը Թաճտարիլէրինին էեամը էօմր ու իգպալը Հիւմաեունլարընը տիւնեալէր տուրտըգճա միւզաատ, վէ Տէվլէթը Ալիյէի Օսմանիյէեի իլա ախըր իւտ տէվրան գայիմ վէ պէրտէվամ պույուրսուն, վէ ումում Օսմանլըլարը ճանսիբարանէ վէ ֆէտաքեարանէ նիչէ զուլմ վէ իսթիպտատտան թախլիմ իտէն զահրաման Օրտումըզը՝ Փատիշահը ֆարուգճահըմըզա վէ Տէվլէթը Ալիյէի Օսմանիյէնէ պաղըշլասուն ամին։

Օթուզ իւչ սէնէլիք տէվրը իսթիպտատըն գահր ու զէվալի իլէ միլլէթ պապասը իւնվան վէ շէօհրէթինի պի հագգըն իքթիսապ պուեուրմուշ օլան՝ Զաթը ագտէսը Թաճտարիլէրինին թախթը ալի պախթը Օսմանիեէ ճիւլուսը մէյմէնէթ մէնուսը Հիւմաեունլարընտան տօլաեը, ումում Էրմէնի միլլէթը սատըգասը նամընա՝ աթէպէի ֆէլէքմէրթէպէի շէհինշահիլէրինէ արզը թէպրիքեաթ կիպի պիր վաղիֆէի մուճիպ իւլ մէֆխէրէթ, Էրմէնի Բաթրիգխանէսի Մէճլիսի Ումումիսի թարաֆընտան պու գուլլարընա թէվտի իտիլմիշ տիր։ Իսթիպտատըն մահվ ու իզալէսի ուզուրընտա կէրէք տէվրը իսթիպտատտա, կէրէք տէվրը մէշրութիյէթտէ Էրմէնի միլլէթինին օգպետըգը ֆէլաքէթլէր, վէ ախիրէն տիւչար օլտուզու եէս ու մաթէմ նէ տէրէճէ վասի վէ պի հատտ ու նաբաեան իսէ, ամմէի Օսմանեանըն էպը միւշֆիգի օլան՝ մուհիպպը մէշրութիյէթ Փատիշահը ատալէթբէնահըմըզ՝ Սուլթան Մէհմէտ Խանի Խամիս Հազրէթլէրինին ճիւլուսինտէն տօլաեը Էրմէնի միլլէթինին մէսէրրէթ վէ մէմնունիյէթի օնիսպէթտէ տէրին վէ սամիմի տիր։ Վէ հաթթա իշպու վէսիլէի ճէմիլէտէն պիլ իղթինամ, Ատանա վէ Հալէպ վուգուաթը էլիմէսի հագգընտա մագամաթը աիտէսինէ վէրիլմիշ օլան թագրիրի մէլֆուֆտա միւնտէրիճ միւսթէտաեաթա զամիմէթէն՝ Բաթրիգխանէ Մէճլիսի Ումումիսի թարաֆընտան, ումում Էրմէնի միլլէթի նամընա պէր վէջհը զիյր իսթիրհամաթը մուհիգգամըզը մուհթէվի՝ իշպու արիզէի պէնտէկեանէմիզին աթէպէի իւլեայի Հազրէթը Թաճտարիլէրինէ արզ ու թագտիմինէ իճթիսար գըլրնտը։

Պիրինճի իսթիրհամ. Ատանատա վէ Հալէպտէ իսթիպտատըն ալաթը մէֆսէտէթի վէ շիւրէքեայի ճինաեաթը օլուպ, գալթը ամմ վէ իհրագ վէ նէհպ ու ղարէթ ֆաճիալարընըն թէրթիպ վէ իյգաընա ճիւրէթիտէն իշխաս իլէ, անլէրին վասրթայի իճրասը օլան ավամը նասըն՝ գաթլը ամտան գուրթուլապիլէն Էրմէնիլէրէ ճէպրէն տինի իսլամը գապուլ իթտիրմէկէ վէ պիլ խասսա Էրմէնի գատըն վէ պաքիրէ գըզլարը աշըրմաղա վէ ճէպրէնթահթը նիքեահլարընա ալմազա, վէ հաթթա չօչճուգլարը ուզագ մահալլէրէ նագլ իէ էսիր կիպի սաթմազա թէսատտի իթտիքլէրի ճիւմլէի միւսթախպէրաթտան աըր։ Նաքեահ վէ սաիր հէր նէ սուրէթ վէ վէսիլէ իլէ օլուր իսէ օսլուն, պու տէֆա թէպտիլի տինէ մուզթար օլան զիւքիուր վէ ինաս պիլճիւմլէ Էրմէնիլէրին վէ Էրմէնի չօճուգլարընըն հէման վէլիլէրինէ վէ եա միլլէթ րէսի րուհանիլէրինէ թէսլիմի իչիւն էվամիրի գաթիեէ իթասը, վէ թէսլիմտէն իմթինա իտէնլէր հագգընտն միւճազաթը շէտիտէ թէրթիպի, վէ իճապը թագտիրտէ պու հալլէրէ տիւչար օլան Էրմէնիլէրին գուվվէի զապըթա իլէ թախլիս վէ իատէսի։

Իքինճի իսթիրհամ. Մէշրութիյէթին իլանընտան, եանի իսթիպտատըն մահվ ու իզալէսի իլէ՝ պիլա ֆարգը տին վէ մէզհէպ՝ պիլճիւմլէ Օսմանլըլար իչիւն միւսավաթը հուգուգ վէ վէզաիֆ գաիտէսինին թէէսսիւսինտէն սօնկրա, Էրմէնիլէրէ գարշու գաթլը ամմ, վէ իհրագը էմլագ, վէ ղասպ ու ղարէթը էմվալ, վէվալ, վէ հէթքը ըրզ կիպի ճինաեաթ իյգաընա էհալիի միւսլիմէյի թէշվիգ իտէնլէրին Էրմէնիլէր օլտուղուիտտիասընըն պութլանընա էտնա միւլահազա իլէ հիւքմ օլունուր։ Շայէթ տէվրը իսթիպտատտաքի թէճրիպաթը էլիմէ վէ ֆէճիատէն իպրէթ ալարգ, պու տէֆա միւհաճէմաթը վագաայէ գարշու՝ կիւճլէրինին եէթտիկի մէրթէպէ միւտաֆատի նէֆս իթմէք կիպի մուգատտէս վէ մէշրու պիր հագգթ սարիհին իսթիմալինէ Էրմէնիլէր թարաֆընտան մէճպուրիյէթ հասսըլ օլմուշ օլսա պէլէ, պունա թէսէպպիւպ մանասը վէրիլմէյէճէկի զահիր վէ պահիր, վէ պիլաքիս Ատանա վէ Հալէպտէ պու տէֆա ’իգա իտիլէն ճինաեաթըն մուխթէլիֆ մահալլէրտէ այնը զէմանտէ, այնը սուրէթլէ իճրա իտիլտիկի, վէ այնը ճինաեաթըն տահա գիեատէ շիտտէթ վէ վիւսաթլէ Փայիթախթտա տախի այնը զէմանտէ, այնը սուրէթլէ իճրասսը թէհիյէ վէ թէրթիպ գըլընմըշ օլտուղու՝ պէրահինի գաթիէի րէսմիէ իլէ սապիթ վէ միւթէհագգըգ, վէ արթըգ շու ֆաճիալարըն միւսէպպիպիպլէրի քիմլէր օլտուղու կիւն կիպի աշիքեար իսէ տէ, նէ չարէ քի Ատանա վէ Հալէպտէքի ավէնէի իսթիպտատ վէ էրպապը իրթիճա՝ Րումէլի Գահրէման Օրտուսընըն իզամ իտէճէյի Տիվանը հարպը էօրֆի հուզուրընտա բէնչէի ատալէթտէն թախլիսի կէրիպան իչիւն՝ տէվրը իսթիպտատտա գաիտէ հիւքմինէ կէչմիշ օլան ուսուլը սիեասիէյէ թէվֆիգան, շիմտի տախի Ատանա վէ Հալէպտէքի գաթլը ամմըն մէսուլիէթինի Էրմէնիլէրէ համլ ու իսնատա թէշէպպիւս՝ վէ հաթթա պու մագսէտին հուսուլի իչիւն Էրմէնիլէր հագգընտա պիր չօգ թա’զիպաթ վէ թէվգիֆաթա թէվէսսիւլ իթմիշլէր տիր։ Կէրէք հիւքիւմէթը մահալլիյէնին, կէրէք մահալինտէ միւթէշէքքիլ Տիվանը Հարպըն պու եօլտա մուամէլաթ իճրասընտան շէտիտէն մէն իտիլուպ, մէվգուֆլարըն թախլիյէի սէպիլլէրի իլէ պէրապէր՝ պու մագսատլաիթթիխազ օլունան թէտապիր վէ մուգարրէրաթըն, վէ իճրա գրլընան թէտզիգաթըն քեաֆֆէթէն քէէնլէմ եէքիւն ատտ օլունմասը։

Իւչիւնճի իսթիրհամ. Էմվալը մաղսուպէնին ասհապընա րէտտ ու իատէսի իչիւն էվամիրի րէսմիյէ սատըր օլմուշ իսէ թէ, նէհպ ու զարէթէ տօղրուտան տօղրույա վէ եախօտ տօլաեըսըյլա, եանի իհմալը վազիֆէ վէ իզմազը այն սուրէթի իլէ մէյտան վէրէն մէմուրիյնի մահալլիյէտէն՝ վէ անլէրին մուին վէ շէրիք վէ ալաթը իճրաիյէսի օլան էշխաստան միւրէքքէպ հէյեէթլէր վասըթասըյլա իսթիրտատ օլունապիլէճէք էմվալ վէ էշեանըն ասհապը հագիգիէլէրինէ՝ վէ եա անլէրին վէրէսէսինէ րէտտ ու իատէսի կիպի պիր էմրը միւհիմմին կէօնա կէօն սուի իսթիմալաթա մարուզ օլաճաղը մէճզում տըր։ Պինաէն ալէյհ, զասպ ու զարէթին վուգու պուլտուղու մահալլէրտէ միլէլը մուխթէիֆէյէ մէնսուպ՝ վէ նամուս վէ իսթիգամմէթի միւսէլլէմ ազատան միւրէքքէպ պիր հէյաէթը մուխթէլիթէ թէշքիլի, վէ էմվալը մաղսուպէնին թէսլիմվէ թէվզի’ի մուտմէլէսինին միւնհասըրէն հէյեաթը մօզքիւրէյէ հէվալէսի, վէ անլէր վասիթասըյլա ճէմ’ ու թէսլիմ օլունան էմվալըն նէվ ու ճինս վէ մգտարը իլէ քիմլէրտէն ալընտըղը վէ քիմլէրէ իատէ իտիլտիկի հագգընտա թաֆսիլաթը հավի տէֆթէրլէրին մահալլի ղազէթալարրյլա նէշր ու իլանը։

Միւլահազա. Էմվալը մաղսուպէնին իատէսինէ տաիր սուտուր իտէն էվամիրի րէսմիյէնին գաթիեէթ վէշիտտէթինէ րազմէն՝ համիլլէրի թարաֆընտան սէթր ու քէթմ, վէ եա պէյ ու ֆիւրուխթ, վէ եա պիր մահալտէն տիկէր մահալէ նագլ, վէ եախօտ թախրիպ սուրէթլէրի իլէ էսպապը սուպութիյէնին մահվ ու իզալէսինէ թէշէպպիւս իտիլէճէկի գավիյէն մէլհուզ տըր։ Պինաէն ալէյհ նէպհ ու ղարէթ վէ եա իշթիրա վէ եախօտ սաիր հէր նէ սուրէթլէ օլուր իսէ օլսուն, եէտինտէ էմվալը մաղսուպէ պուլունանլարա պիր մէօհլէթ վէրիլուպ, ինգըզասընտա հէր քիմին նէզտինտէ ճիւզի վէ քիւլլի մալը մաղսուպ զուհուր իտէր, վէ եա մալը մաղսուպը իատէ իթմէմէք գաստըյլա իթլաճ իթտիկի սապիթ օլուր իսէ, այնը զասիպ վէ սարիգ կիպի միւճաղաթը շէտիտէ իլէ թէէտիպ օլունաճաղընա տաիր ղազէթալար վասըթասըյլա իլանաթը րէսմիյէ իճրասը, վէ պիրտէ սահիպլէրի գաթլ իտիլէն վէ եա ֆիրա իթմիշ օլան մահսուլաթը արզիյէնին մուհաֆազասըիչիւն մըգտարը մինասիպ պէքճի թայինի, վէ պու պապտէ մէմուրիյնէ զապըթաեա տախի ույրըճա թալիմաթ իթասը։

Տէօրտինճի իսթիրհամ. Նա գապիլի թամիր վէ թէլաֆի, վէ հատտ ու հիսապտան էֆզուն օլան զաեաթը նէֆսիյէտէնսարֆը նազար զաեաթը մատտիյէի վագըայէ նիսպէթլէ փէք ճիւզի օլան օթուզ պին լիրանըն, վէ պունտան պէօյլէ տէվլէթճէ թախսիս գըլընաճագ իանաթը նագտիյէ վէ այնիեէնին քէմալը ատալէթ վէ միւսավաթլա՝ վէ հէյեաթը մուխթէլիթէ մարիֆէթի իլէ միւսապէյնէ թէվզիի վէ ղազէթալար իլէ նէշր ու իլանը, վէ պիրտէ գահտզէտէկեան հագգընտա տէվրը իսթիպտատտա պիլէ իքի քէրրէ թէնսիպ վէ թէնֆիզ իտիլէն պիր թէտպիրի մուսիպ վէ միւնսիֆէ իգթիտաէն, պու տէֆա տախի Զըրաաթ Պանգաս սանտըզընտան Ատանա վէ Հալէպտէքի միւսապիյնէ մէճճանէն հիչ օլմազսա օն պին լիրա գատար թօխումլըգ վէ իանէի նագտիյէ իհսանը, վէ էմրը թէվզի’ին այնը շէրաիթ թահթընտա իճրասը։

Պէշինճի իսթիրհամեւ Ատանա վէ Հալէպ վիլաեաթընըն մահալլը մուխթէլիֆէսինտէ գաթլը ամմըն մէնը վուգու վէ եա թէվէսսիւի, վէ եախօտ միւսապիյնին իմտատընա շտթապ իլէ՝ թէհվինի իհթիեաճլարը ուղուրընտա ճանսիբարանէ իպրազը ասարը վազիֆէշինասի իտէն համիյէթլի մէմուրին իլէ, էֆրատը սաիրէնին միւքեաֆաթը միւնասիպէ իլէ թաթեիպի, վէ իսիմլէրինին ղազէթա վասրթասըյլա նէչր ու իլանը»։

Յ. Շահրիկեան էֆ[էնտի] Քուէարկուած այս Յիշատակագիրը պիտի մատուցուի Կայսեր, Օսմ[անեան] Բարլամէնթին, վարչապետին եւ Ազատարար Բանակի հրամանատարին։

(Ժողովը կ’ընդունի վարչութեան այս առաջարկն եւս եւ կ’որոշուի մասնաւոր պատգամաւորութեան մը միջոցաւ մատուցանել)։

Ատենապէս էֆ[էնտի] Դիւանը կ՚առաջարկէ որ պատգամաւորութիւնը կազմուի երեք եկեղեցական եւ չորս աշխարհական անդամներէ։

Ահաւասիկ ընտրելիներու սրբագրելի ցուցակը.

Տ. Հմայեակ եպիսկ. Դիմաքսեան, Տ. Գրիգորիս Ծ. վրդ. Պալաքեան, Տ. Գնէլ Ծ. վրդ. Գալէմքեարեան, Արամ էֆ[էնտի] Հալաճեան։ Բիւզանդ էֆ[էնտի] Քէչեան, Խնդիր էֆ[էնտի] Սիմոնեան, Յակոբ էֆ[էնտի] Պահրի։

(Ժողովը միաձայնութեամբ հաստատեց Պատգամաւորութեան կազմութիւնը, փափաք յայտնելով միանգամայն որ Պատր[իարքական] Տեղապահ Արշարունի Սրբազան եւ Քաղաքական Ժողովոյ Ատենապետ Ստեփան էֆ[էնտի] Գարաեան առաջնորդեն անոր)։



[1]            Թրքախօս ազգակիցներուս ալ մաս մը յատկացնելու փափաքով այս պաշտօնագիրը նոյնութեամբ հայատառ թուրքերէն կը հրատարակեմ։  . Յ. Թ. ի)