ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՐ. Տ. ՄՈՒՇԵՂ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԻՆՔՆԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄԸ


ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԱՌ ԱՏԱՆԱՅԻ ՆԱԽՈՐԴ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ՃԷՎԱՏ ՊԷՅ

Ոճիրէն վերջ ինքնարդարացումի փորձ, ատ պակաս էր միայն։ Բորենիի խղճմտանքով օժտուած արարածներ կան, որոնք իրենց բազուկին վրայ փակած արիւնները մաքրելու համար երբ ջուրի վազք մը չի գտնեն, ուրիշին մաքուր ճակատը իբրեւ սրբիչ, իբր մաքրագործումի միջոց կ՚ուզեն գործածել։ Այդ ոճրագործ դերին մէջն եք գերազանցօրէն, նոյնիսկ երբ ձեր պաշտպանողական տեղեկագիրը կը ստորագրէք։ Զրոյցներու վրայ հիմնուած զրուցապատուց տողերդ, արդէն իսկ բաւական բան կը խօսին ձեր ճշմարտասիրութեան մասին, հոն ցուցադրուած խուսափումներդ, դեդեւկոտ ոստումներդ արդէն իսկ քու մէջդ պայծառօրէն կը մատնեն շփոթի, արիւնազանգ շլմորումի սրսփումներդ, որոնք Ներոնեան զառանցանքի վայրեաններուդ, բզզացող ականջներուդ մէջ փոխադրած են երեւակայական «պօմպաներու, տինամիթաւոր քանդիչ հրանիւթերու» պայթումի ձայները ։

Ուշ կամ կանուխ, երբ արդարութիւնը Կիլիկիոյ ահաւոր աղէտքին կորթեան հանգոյցը քակել սկսի, դուք պիտի չկրնաք երբէք արդարացումի ո՛ եւ է ջանքով սրբուիլ բիւրաւոր անմեղներու արիւնէն, որուն հետքերը իբրեւ  յաւիտենական դատակնիք դրոշմուած պիտի մնան ձեր ճակտին վրայ, որուն ետին կրկնուեցան Օսմանեան հայրենիքը արիւնոտող եւ արատաւորող եղեռները։

Այսօր պիտի չզբաղիմ իր ամբողջութեանը մէջ հիմնովին սուտ եւ զրպարտիչ տեղեկագրին վերլուծումով։ Բայց առայժմ չենք կրնար ուշադրութենէ վրիպեցնել ձեր տեղեկագրին քանի մը տողերը, որոնք իմ անձիս շուրջ կը դառնան, եւ որոնց վերլուծութիւնն իսկ բաւական պիտի ըլլայ ձեր մէջ մատնանշելու անուղղամիտ զրպարտիչը, որ երբէք կրնայ գոյութիւն ունեցած ըլլալ աշխարհի վրայ։

Ձեր տեղեկագրին մէջ կ՚ըսէք. «միւս կողմը Մուշեղ Եպիսկոպոսն ալ հայերը պետութեան եւ վարչութեան օրէնքներու դէմ կը գրգռէր, եւ անոնց միտքերը կը թունաւորէր։ Իր փոփոխման համար գրուած էր ներքին գործոց նախարարութեան, Յունվար 16 եւ Փետրվար 3 ու 17 թուով։ Իր այս խօսքերը՝ իսլամ ժողովուրդեան եւ կառավարութեան դէմ հայոց մէջ գրգռութիւն կը յարուցանէին»։

Ճէվատ պէ՛յ, ձեր իմ մասին գրած երկու գանգատագիրը (Փետրվար 3 եւ 17) կը զուգադիպին այն երկու միթինկներուն, որուն առաջինը՝ մամլոյ ազատութեան բռնաբարումին առթիւ թաղապետական պարտէզին մէջ գումարուեցաւ Փետրվար 1-ին թուրքերու նախաձեռնութեամբ, եւ որուն մասնաւորապէս հրաւիրուած ըլլալով, ներկայ գտնուեցայ [1] եւ խօսեցայ հայրենիքի շահերուն պաշտպանութեան համար։ Դուք այդ օր ձեր ականջով լսեցիք այն գնահատումի ծափահարութիւնը, որով իմ խօսքերս ընդունուեցան թուրք ժողովուրդին կողմէ։

  Ի նպաստ մամլոյ ազատութեան արտասանած խօսքերս նոյնութեամբ հրատարակուած են «Բիւզանդիոն»-ի 3764 թիւին մէջ։ Երկրորդ միթինկը հակառակ իմ կամքիս՝  կը գումարուէր Մայր Եկեղեցիին մէջ, Թլանի ագարակին գրաւման խնդրոյն առթիւ եւ ուր խօսելու պարտաւոր զգացի ինքզինքս, հայ եկեղեցականի հանգամանքովն։ Դուք որ միշտ ձեր հակամարդկային տկարութիւններէն դողալով, կը վախնայիք միթինկներէ, բնականաբար ինքզինքնուդ իրաւունք տուիք՝ անկեղծ եւ աննկատ խօսողի մը դէմ յանդիմանութենէն ազատելու համար, գրել եւ իմ պաշտօնանկութիւնս խնդրել ներքին գործոց նախարարութենէն, այսպէս կարծելով թէ ձեր վարպետին՝ Համիտի օրով եղածին նման, կուսակալի մը կամ միւթէսարըֆի մը զրպարտութիւնը բաւական պիտի ըլլար անմեղ մը տապալելու։ Փորձը ցոյց տուաւ թէ սխալած էիք ։

Բայց կը յիշէ՞ք արդեօք, թէ ի՞նչ բանէ ծագում առած էր ձեր Յունվար 16-ի իմ պաշտօնանկութիւնս խնդրող բողոքը։ Այդ բողոքը արդիւնքն է այն ընդարձակ տեղեկագրին (Յունվար 10) որով ձեր աչքին առջեւ կը պարզէի Ճէպէլի սանճագին մէջ գործուած յոռութիւնները, հակասահմանադրական շարժումները, ջարդի երկիւղները, Ասաֆ Էսատ անուն միւթէսարըֆին աղտոտութիւնները, եւ ասոնց ամէնուն դարման կը խնդրէի. այդ դարմանումին առաջին պայման դնելով միւթէսարըֆին հրաժարումը։ Դուք, Ճէվատ պէյ, արդարութենէ ու ճշմարտութենէ խորշող, լոյսէն խիթացող ջղջիկի  մը պէս աչքերնիդ փակեցիք, ու Եըլտըզի մէջ ձուլուած անանձնատուր մեքենայի մը պէս, Ճէպելի միւթէսարըֆէն մտրակուած՝ զրպարտիչի գձուձ դերը ստանձնեցիք ինձի դէմ, երեսանց կեղծաւորեցիք, ու գաղտնաբար զրպարտութեամբ դաւաճանեցիք։ Դաւաճանեցիք ոչ թէ իմ անձիս, այլ արդարութեան դէմ, ճշմարտութեան դէմ, Օսմ[անեան] հայրենիքին, անոր զաւակներուն եւ սահմանադրութեան դէմ։ Դուք ձեր այդ ամբաստանագրին մէջ՝ ճշմարտութիւնը թիւրելով, զրպարտութիւններ ըրիք, զեղծանող պաշտօնեան օրէնքին հետ նոյնացուցիք, վատ եւ սինլքոր պաշտօնեայի մը դէմ եղած մեր բողոքը, կառավարութեան վարչական ձեւին դէմ եղածի պէս ներկայացուցիք չարամտաբար, եւ ըսիք թէ.

1. Կուսակալութեան ինչ ինչ կողմերը շրջելով, կառավարութեան գործառնութիւններուն կը միջամտէ։

2. Քրիստոնեայ ժողովուրդը կը յորդորէ, որ զինուորական եւ թաղապետական տուրք չի վճարէ կառավարութեան։

3. Իր կրօնական պաշտօնին հետ վերաբերութիւն չունեցող քաղաքային գործերու վերաբերմամբ թագրիր մը տուած է։

4. Իր առաջնորդական պաշտօնն ու պարտականութիւնը գնահատելու կարողութենէն զուրկ կը գտնուի [2] ։

Ժամանակին արդէն ընդարձակօրէն պատասխանեցինք, Ֆէվատ պէ՛յ, եւ ցույց տուինք այն խախուտ հիմերը, որոնց վրայ ուզած էիք հիմնել ձեր անպատկառ ստախօսութիւններուն, ձեր չարամիտ զրպարտութիւններուն ամբարտակը։ Կը յիշէ՞ք Իհսան Ֆիքրիի ձեր մասին գրածները, դուք ուզեցիք որ ես ալ ձեզի պէս «ոչնչութեան արձան մը» (հիչլիք թիմսալը), «Պառաւ ջատուկ մը յիշեցնող» (պիր գօճա գարըյը անտըրան) առաջնորդ մը ըլլայի ձեզ հանդէպ, եւ ձեր օրով, թողլով որ ձեր չարամիտ տկարութիւններէն օգտուելու տրամադիր եւ բռնապետութեան բեկորներէն մնացորդ վատեր վամբիրներու պէս ծծէին հայ ժողովուրդին նիհար արիւնը։ Բողոքեցինք վատ պաշտօնեաներու դէմ, սահմանադրական օրէնքին գործածութիւնը խնդրելով, դուք ձեր ստորադաս, բայց գործնապէս ձեզի գերադաս աւազակներու ազդեցութեան տակ կքած, մի միայն ժողովուրդին շահերը եւ սահմանադրութիւնը դաւաճանելու համար խարդախեցիք ձեր գրչին տակ իմ խնդրանքիս իսկութիւնը, եւ ըսիք թէ «կառավարական» գործառնութիւններու կը միջամտէ եւ այդ պարբերութեան վրայ չուզեցիք աւելցնել ՚ի նպաստ Օսմանեան հայրենիքի շահուն բառերը։



Մարմինին բազմաթիւ տեղերէն այրած եւ կիսամեռ վիճակի մէջ հիւանդանոց փոխադրուած Ատանայի Հայուհի մը

Դուք սուտ խօսեցաք, Ճէվատ պէյ, ինծի համար գրելով թէ «ժողովուրդը կը յորդորէ զինուորական եւ թաղապետական տուրք չի վճարել»։ Մենք ընդհակառակը, պատրաստ ենք ապացուցանել, պաշտօնական յարաբերութեանց ընդօրինակութեան տոմարներով, թէ՝ յորդորած էինք մեր  վիճակին ժողովուրդը, որպէսզի մինչեւ 324 տարւոյ վերջ ունեցած իրենց զինուորական տուրքերը վճարեն, առանց առարկութեան եւ առանց յապաղումի։ Դուք այս ճշմարտութեան գիտակից էիք, Ճէվատ պէյ, բայց դուք ձեր անորակելի բարոյքին հետեւանքով, ուզեցիք ճշմարտութիւնը ծածկել։ Գալով պէլէտիէի տուրքին, կ՚ակնարկէք անշուշտ, ու դուք ինձմէ շատ լաւ գիտէիք թէ 15 տարիներէ ի վէր որքան անիրաւուած էր Չոք Մարզուան այդ ապօրէն, անիրաւ եւ բռնապետական շրջանի արդիւնքը քմահաճ տուրքին երեսէն։ Ու այս ամէնը գիտնալով հանդերձ գրել թէ «պէլէտիէի տուրք չի տալ կը յորդորէ», կը նշանակէ զրպարտութեանց մեծագոյնը ի գործ դնել, միմիայն շարունակել տալու համար ժողովուրդավնաս ապօրինութիւններու շարքերը։

Դուք սուտ խօսեցաք եւ զրպարտեցիք զիս, Ճէվատ պէյ, երբ ըսիք թէ իմ պաշտօնիս հետ վերաբերութիւն չունեցող «քաղաքային գործերու վերաբերմամբ թագրիր մը» տուած եմ։ Եթէ դուք ուղղամիտ պաշտօնեայ մը ըլլայիք, Օսմ[անեան] հայրենիքին շահերը գնահատող ու պաշտպանել ուզող, եթէ դուք ձեր կուսակալի հանգամանքով գոնէ տարրական ծանօթութիւն մը ունենայիք սահմանադրական սկզբունքներու, դուք չի պիտի համարձակէիք երբէք ինձի զլանալ իրաւունք մը, զոր Օսմ[անեան] սահմանադրութիւնը, իր 4-րդ յօդուածին տրամադրութեամբ ամէն Օսմանցիի կը շնորհէր։  Ես օսմանցի մըն եմ, եւ միեւնոյն ժամանակ պաշտօնապէս հաստատուած Առաջնորդ մը, եւ իմ այս կրկնակ հանգամանքովս իրաւունք ունէի եւ հիմա ալ ունիմ, հետաքրքրուիլ հայրենիքիս ու ժողովուրդին շահերով, եւ ըստ օրինի պարտաւոր եմ հնարաւոր միջոցները ի գործ դնել օրինապէս, արգիլելու համար այն ապօրինութիւնները, որոնք վնասակար էին հայրենիքիս եւ ազգիս. չեմ զարմանար եթէ դուք հայրենասիրութենէ եւ սահմանադրական սկզբունքներու ծանօթութենէ զուրկ կը գտնուիք։ Ոճիրներու եւ բռնապետութեան մեծ վարպետին պզտիկ աշակերտի ձեր հանգամանքը, արդէն իսկ զօրաւոր պատճառ մըն էր ձեր առաքինական ամլութեանը, բայց չենք կրնար չի զարմանալ տեսնելով որ դուք մարդկային ամենատարրական պօնսանսէն անգամ զուրկ ապրած եք ձեր կեանքի օրերուն մէջ։

Դուք սուտ խօսեցաք, ու զրպարտեցիք զիս, Ճէվատ պէյ, երբ զիս ուզեցիք ներկայացնել իբրեւ մէկը, որ իւր առաջնորդական պաշտօնը գնահատելու կարողութենէն զուրկ կը գտնուէի։ Եթէ դուք չի կրցիք ձեր մարդու եւ կուսակալի պաշտօնը գնահատել, յանցաւորը ես չեմ բնաւ։ Դուք ստեցիք ու զրպարտեցիք զիս ձեր տողերով, անխղճօրէն, որ դուք իմ արժանիքիս իմ գործունէութեանս ներբողն ըրած եք, իմ բացակայութեանս ձեր բարեկամներու ներկայութեան, իմ բարեկամներու ներկայութեան։ Բայց ես ձեր ներբողներուն պէտք չունէի ինքզինքս ծանօթացնելու, կամ իմ պաշտօնս եւ պարտականութիւնս գնահատելու համար։ Եթէ այսօր ձեր այս տողերուն առթիւ, ձեր ստախօսութիւնը, ձեր զրպարտութիւնը երեսնուդ կը զարնեմ, պատճառը այն է որ դուք ատով անգամ մըն ալ երեւան կուգաք, ձեր երբեմնի ոխերիմ Իհսան Ֆիքրիի հետ ձեռք ձեռքի տուած արիւններու ծովեր ստեղծելէ ետք. դո՛ւք Ճէվատ պէյ, սուտ կը խօսիք ու կը զրպատէք զիս, գրելով թէ «իր խօսքերը իսլամ ժողովուրդեան ու կառավարութեան դէմ հայոց մէջ գրգռութիւն կը յարուցանէին» [3] ։



Կիլիկիեան նահատակներու յիշատակին ձօնուած Կիպրոսի Հայոց եկեղեցին




Ատանայի Ասորիներուն այրած եկեղեցին


Եթէ դուք փոխանակ ստելու, փոխանակ զրպարտելու, գոնէ ինծի չափ բարեացակամութիւնը ունենայիք ստեղծելու այն համերաշխութիւնը, որ պէտք է գոյութիւն ունենար հայ եւ թուրք տարրերուն մէջ, եւ որմէ պէտք ունէր հայրենիքը, եթէ դուք փոխանակ փտախտաւոր բռնապետութեան մէկ վիժածը ըլլալու, իբրեւ սահմանադրասէր կուսակալ գործէիք երկրին մէջ, եւ ջանայիք հայ ժողովուրդին մոռցնել տալ երէկի տառապանքը, որ աւա՜ղ այս օրերն ալ եղաւ այնքան արիւնոտ կերպով, շնորհիւ ձեր ստոյիկեան բարբարոսութեան, է՛հ. կը զգամ թէ սրտով իսկ ձեր լիապէս վճարուած պաշտօնէի պարտականութիւնը կատարած պիտի ըլլայիք։ Բայց դուք ձեր վճարուած պարտականութիւնն ալ չարաչար գործածեցիք. սահմանադրութիւնը դաւեցիք. ձեր արիւնարբու բարերարին Համիտին հաւատարամաբար ծառայելու համար։ Արապ խօճաներու ամբոխավար քարոզներուն, եւ ասոնց հանդէպ եղած բողոքներուն ներողամիտ աչքով նայեցաք, հայութիւնը բնաջնջելու համար Մուսթաֆա Րէմզիներու, Ավնուլլահ Քեազիմներու, Ապտիւլ Գատիրներու, Իհսան Ֆիքրիներու Կէրկէրլիներու հետ ծունկ ծունկի նստաք, «Կեցցէ՜ Սուլթան Համիտ» աղաղակելով երկիրը արիւնի եւ կրակի մէջ թաղեցիք, ու այս ամենէն վերջ անպատկառօրէն ելաք յայտարարելու համար ինձ թէ «իմ խօսքերը իսլամ ժողովուրդին եւ կառավարութեան դէմ հայոց մէջ գրգռութիւն կը յարուցանէին»։ Որպէսզի անգամ մ՚ալ դրապէս հաստատուի այս խնդրոյն վերաբերմամբ եւ «թուրք ժողովուրդին ու կառավարութեան» հանդէպ մեր ուղղամիտ բարեացակամութիւնը, եւ ձեր իսկ զրպարտիչի եւ ստախօսի հանգամանքը, հոս քանի մը տող կը դնենք մեր թեմական ժողովուրդին ուղղած կոնդակէն, որը իր մէջ կը ցոլացնէ մեր վերաբերմունքը դէպի՛ թուրք ժողովուրդն ու կառավարութիւնը, մեր եւ մեր ժողովուրդին խաղաղասէր ու երկրասէր նպատակը։ Մեր այդ Հոկտ[եմբեր] 25 թուակիր կոնդակով ի միջի այլոց կ՚ըսէինք մեր ժողովուրդին. «Ամէն պարագայի մէջ օժանդակեցէք տեղական կառավարութեան, երկրին անդորրութիւնը պահպանելու համար։ Եւ գործնականապէս ցոյց տուէք, թէ Օսմանեան ազատ Հայրենիքին հանդէպ մեր ցոյց տուած յարգանքը, եւ թուրք հայրենակիցներու հանդէպ մեր բարեացակամութիւնները, անկեղծ են եւ տեւական»։

Կը կարծեմ թէ սա մէջբերումները յատկապէս ցոյց կուտան մեր անվերապահ ուղղամտութիւնը, եւ միեւնոյն ժամանակ ձեր խարդախուած, ստայօդ զրպարտութիւնները։

Ճէվա՛տ պէյ, ձեր տեղեկագրին ինծի պատկանող տողերը՝ իրենց ստութեամբ, իրենց զրպարտիչ հանգամանքով իբրեւ ստուգանիշ կրնան ծառայել ամբողջ տեղեկագրին զրպարտիչ ու շինծու բովանդակութեանը։

Գոնէ նահատակուածներու գերեզմաններէն խղճահարելու զգացումը ունենայիք այս անգամ։

 

14 Մայիս 1909

Աղեքսանդրիա

ՄՈՒՇԵՂ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

 

 



[1]            Սոյն միթինկին ներկայ գտնուեցայ, մի միայն ըսել չի տալու համար թէ թուրք գումարումներէ կամ համերաշխութենէ հեռու կը մնանք։

[2]            Սոյն ամփոփումը կը քաղենք Արդարութեան գործոց նախարարութեան 2 Փետրվար 324 թուական եւ 964 համար պաշտօնագրէն, որուն պատճէնը ինձ ղրկած էր Կիլիկիոյ Շնորհազարդ կաթողիկոսը եւ որուն պատասխանը տուած եմ Նորին Ս. Օծութեան միջոցաւ։

[3]            Պէլէտիէի տուրքի խնդիրը երկարօրէն բացատրուած է մեր 10 Յունվար թուակիր թուրքերէն ընդարձակ տեղեկագրին մէջ, որուն օրինակները ժամանակին ղրկուած են բոլոր պաշտօնէութեանց ու հայ եւ թուրք թերթերու։