ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՊՏՕՂԼՈՒԻ [1] ՋԱՐԴԸ

Ապտօղլուի ջարդէն ազատող մէկը կը պատմէ.

«Ապրիլ մէկի Չորեքշաբթի օրը, Ատանայէն վերադարձող մեր գիւղացիներէն լսեցինք թէ Ատանայի մէջ հայերը կը ջարդուին։ Նոյն օրը միջօրէին, մեր գիւղի թուրք երեւելիները՝ Քիպարըն օղլու Մէհմէտ, եղբայրը Ահմէտ եւ հայրերնին Իսմայիլ աղաները՝ շուկան ելնելով իրենց մօտ կանչեցին մեր գիւղի հայ երեւելիները, Պաղտատեան Կարապետ, Այնաճեան Նազարթէ էֆէնտիներն ու Մխտարեան Գէորգ, Մատօեան Յակոբ, Գարաեան Ասատուր եւ Այնաճեան Հաճի Տիգրան աղաները։ Ասոնց ամէնքը միանալով ժողով մը գումարեցին եւ այն ժողովին մէջ թուրք եւ հայ երեւելիները երդում ըրին երկուստեք զիրար պաշտպանելու եւ համերաշխաբար դիմադրելու դուրսէն ըլլալիք յարձակումներու։ Նոյնիսկ համերաշխութեան պայմանագիր մ՚ալ գրուելով ստորագրուեցաւ երկու կողմէն եւ մունետիկ մը բարձր տեղ մը ելլելով բարձրաձայն ծանոյց թէ՝ «Աղաները համաձայնեցան, այլ եւս վախնալու բան չի կայ, միայն թէ ամէն մարդ իր տունը թող մնայ»։ Երկու կողմէն երկերկու պահակ նշանակուելով գիւղին ճամբաները բռնեցին, օտար մարդոց մուտքը արգիլելու համար։

Առաջին գիշերը հանգիստ պառկեցանք։ Հետեւեալ օրը առտուն՝ զարմանքով տեսանք որ թուրք երեւելիներէն  Քիպարըն օղլու Իսմայիլ աղա՝ իր ընտանիքը Միսիս կը փոխադրէր։ Մեր աղաները վազեցին գացին՝ խնդրելու համար որ գիւղէն չի հեռանայ, սակայն թուրքը չի լսեց մերիններուն աղաչանքը եւ ընտանեօք Միսի փոխադրուեցաւ իրեն հետ տանելով նաեւ Չիֆթէ-պաշ՝ Մարգարեան Յովսէփ աղան ընտանեօք։ Իսմայիլ աղա՝ Միսիս հասնելէ ետքը մէկ քանի ձիաւորներ ղրկած էր՝ Միսիսի դիմացը գտնուող Սըրգընթըլը, Չագալ տէրէսի, Աճըտէրէ, Պէօյիւք գափուլու, Քիւչիւք գափուլու, Հէրէքլի եւ Չօթլու կոչուած քիւրքճիլէրի Թուրք գիւղերը, հրաւիրելով որ Ապտօղլու երթան եւ թալանեն ու ջարդեն հոն տեղի քրիստոնեաները։ Նոյնպէս Միսիսի թուրքերուն ալ այս մասին հրաւէր կարդացած էր։ Միւս կողմէ՝ միեւնոյն վատոգի ճիւաղ Իսմայիլ աղա՝ Միսիսէն մեր գիւղը Հայ աղաներուն ուղղեալ նամակ մը գրած էր որ չի վախնան եւ չի հեռանան գիւղէն։ Այս միջոցին էր որ մեր գիւղի հայութեան վահանն եղող՝ Նազարէթ էֆ[էնտի] Այնաճեան՝ կասկածելով մեր վտանգալի կացութեանը, Կառավարութենէն զօրք ուզելու համար Ատանա երթալու յանդգնութիւնն ունեցաւ եւ մեր դժբաղդ Նազարէթ էֆէնտին՝ հազիւ թէ Ատանայի կամուրջը հասած, գնդակներու կարկուտի մը բռնուելով եւ անշունչ ինկած էր։

Ապրիլ 3ին, Ուրբաթ օրը առտուն, յանկարծ տեսանք՝ մեր գիւղին դիմացը գտնուող Քէլլիի կողմը բազմաթիւ ձիաւորներ, որուն ի տես մեծ ուրախութիւն զգացինք. կարծելով թէ մեր քաջասիրտ գիւղապետը Ատանայէն զինուորներ առած կուգար, եւ սակայն մեր ուրախութիւնը տխրութեան փոխուեցաւ երբ տեսանք թէ միեւնոյն պահուն հակառակ կողմէն՝ Միսիսի, Գափուլիի եւ Հէրէքլիի կողմերէն ձիաւորներ կուգային, պաշարելով զմեզ ամէն կողմերէ։ Մանաւանդ, մեծ յուզման ենթարկուեցանք երբ տեսանք թէ մեր գիւղի թուրք երեւելիներէն Քիպարըն օղլու Մէհմէտ աղա՝ ձիաւորուելով զանոնք դիմաւորեց եւ իր տունը հրաւիրեց ամենքը, որոնք ահագին բազմութեամբ մը եկան կեցան ՄԷհմէտ եւ Իսմայիլ աղաներու տան առջեւ։ Այս միջոցին Քիպարըն օղլու Մէհմէտ եւ Իսմայիլ աղաներն ու Խամպէկին օղլու Մուլլա Մէհմէտ ձիաւորներուն առջեւը կենալով գոչեցին «փէյղամպէրէ սէլավաթ… ա՜րշ…»։ Եւ խուժանը յարձակեցաւ նախ Պաղտատեանի տան վրայ, ուր առաջին անգամ սպաննեցին Պաղտատեան ազնուատոհմ գերդաստանի նահապետը Սարգիս աղան, եւ հետզհետէ ջարդեցին միւսներն ալ։ Պաղտասարեաններուն խեղճ տանտիրուհին շատ աղաչեց որ գոնէ զաւակներուն կեանքերը շնորհեն եւ  300 ոսկիի վճարումով մը ազատեցաւ Սեդրաքն ու Գրիգոր եւ մայրերնին տիկին Սարա, որոնք Իսլամական կրօնքն ընդունելով փոխադրուեցան Քիպարըն օղլուի տունը։ Ասոնք եւս ջարդուեցան Միսիսի մէջ ջարդի միջոցին, իսկ մնացածները ջարդուեցան ամբողջապէս։ Խուժանը՝ յետոյ յարձակեցաւ Մըխտար օղլուի տան վրայ, հոն գտնուածներն ալ ջարդուեցան եւ միայն կիներն ազատելով փախան գացին Այնաճեանի տունը։ Ասկէ ետքը յարձակեցան Մատօեանի տան վրայ, որուն մէջ գտնուած այրերն ալ դանակէ անցան եւ այստեղի կիներն ալ փախան գացին նոյնպէս Այնաճեանի տունը։ Մնացած հայերս՝ լեցուեցանք Այնաճեանի մեծ բակը, որուն վրայ պարզեցինք Օսմանեան մեծ դրօշ մը եւ նոյնպէս պէօրէճիկլի Խաչեր աղան ճերմակ դրօշակ մը բռնելով դուրս ելաւ։ Այս միջոցին Քիպարըն օղլու Մէհմէտ կրկին պոռաց «փէյղամպէրէ սէլավաթ… վո՛ւրուն…» խուժանը յարձակեցաւ եւ առաջին անգամ սպաննեց տանտէրը Այնաճեան Յակոբ աղան եւ բակէն ներս մտնելէ ետքը հրազէնները դադրեցան ու սուրերն ու բիրերը սկսան գործել ջարդ ու կտոր ընելով հոն գտնուող դժբախտ հայերը։

Ջարդարարները, գիւղին այրերը ամբողջութեամբ կոտրելէ ետքը, կիները կարգով շարեցին եւ ընտրեցին աղջիկներն ու նոր հարսերը հարիւրի չափ, զորս իրենց մէջ բաժնելով անմիջապէս վայրենաբար բռնաբարութեանց սկսան ամենուն աչքին առջեւ, նոյն իսկ… ոտքի վրայ։ Փողոցի շուներն անգամ այն աստիճան կրքոտ եւ անամօթ չէին կրնար ըլլալ։ Օ՜ֆ, օ՜ֆ, օ՜ֆ, ինչպէ՞ս պատմեմ, ինչե՜ր ինչե՜ր ըրին եւ ես այս ամենը կը դիտէի աղբի կոյտի մը մէջ թաղուած տեղէս…։ Մանկամարդ հայուհիները տարած ատեննին Գարապօղոսեան Մովսէսի աղջիկը անոնց հետ երթալ չուզեց եւ մահը նախամեծար համարելով իր փափաքին համեմատ գնդակահար եղաւ։

Ջարդէն մնացած տարիքոտ կիները Միսիս ղրկեցին եւ Քիպարըն օղլուները միասին երթալով յայտնեցին թէ հազիւ այսչափ հայեր կրցած են ազատել…։

Յիշատակութեան արժանի է մեր գիւղին ուսուցիչ Արամ էֆ[էնտի] Ուզունեանի [2] եւ աշակերտներուն ու քահանային սպանման պարագան, զոր չարաչար կերպով եւ վայրենութեան սոսկալի կատաղութիւններով ի գործ դրին։ Կիներուն մէջ գտնելով դուրս հանեցին քահանան, վարժապետն ու աշակերտները եւ ամենքը մէկ կարգի վրայ շարելով ստիպեցին որ Ազատութեան երգը «հիւրրիյէթ շարգիսի»ն կանչեն։ Դժբախտ զոհերը կատարեցին ինչ որ հրամայուեցաւ եւ ասոր վրայ գոչեցին «հիւրիյէթին եօլունա ֆէտա օլուն պագալըմ. Ազատութեան ճամբուն զոհուեցէք տեսնենք», եւ կացինով կտոր կտոր ըրին խեղճ քահանան որ անընդհատ կը խաչակնքէր, եւ ապա վարժապետ Արամ էֆ[էնտի]ի որովայնը պատռելով սոսկալի տանջանքներու ենթարկեցին։ Ասոնցմէ ետքը դպրոցական հայ աշակերտները եկեղեցւոյ պատերուն վրայ քովէ քով խաչաձեւ գամեցին…։



Ապտօղլուի ջարդէն ազատած միակ մանչ տղուն՝ ջարդէն ետքը բնական մահով մեռնիլը, զոր շրջապատած են նոյն գիւղէն մնացած այրի կիները։

Ամենէն վերջը մեռած կիներուն դիակներուն վրայ խայտառակութիւններ ի գործ դրին, գոչելով միշտ՝ «եիւրէկիմիզ սովումիլօր սիրտերնիս չի պաղիր»։

Բազմաթիւ տղաքներու վրայ քարիւղ թափելով այրեցին, անմեղ մանուկները կրակին մէջ կը վազվզէին եւ իրենք՝ ա՜խ այն քար սիրտերը քա՜հ քա՜հ կը խնդային։ Եւ ամէն տեսակ հրէշութիւններէ ետքը ջարդի դերակատարները՝ թալանեցին, վերջն ալ այրեցին հայոց ամբողջ տուները եւ այսօր Ապտօղլուն աւերակի կոյտ մըն է։

Մեր գիւղին անձի կորուստը վեց հարիւրի չափ է, այր մարդ չի մնաց, մէկ հատիկ մանչ տղայէ մը զատ որ այն ալ ջարդէն ետքը բնական մահով մեռաւ»։



[1]            Ապտօղլու՝ Ատանայի հարաւային կողմը 6 ժամ հեռուն՝ Ճիհունի գետին եզերքը գտնուող գիւղ մըն է, որ ունէր 130 տուն բնակիչ, որոնցմէ 100 տունը հայ եւ միայն 30 տունը թուրք էին։ Հայերը ունէին եկեղեցի եւ վարժարան եւ ջարդին միջոցին գիւղին մէջ կը գտնուէին 400 հոգիի չափ պանդուխտ հայ մշակներ։ . Յ. Թ. )

[2]            Արամ էֆ[էնտի] Ուզունեան (լուսանկարը տես էջ 83) բնիկ Հաճընցի ըլլալով, Կիլիկիոյ Տ. Տ. Մկրտիչ Կաթողիկոսի Ժառանգաւորաց վարժարանէն շրջանաւարտ էր, հեզահամբոյր, գեղաձայն եւ գեղագիր տիպար վարժապետ մ՚էր։ Ուսուցիչն եղած էր նաեւ այս պատմութիւնը գրողին։ . Յ. Թ. )