ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՏԸՐԸՆԻ ՇՐՋԱԿԱՆԵՐՈՒՆ ԴԷՊՔԸ

Մարաշի շրջականերէն Անտըրըն գաւառակի գիւղերէն Աճէմլի, Ինճագ, Տըրդատլը, Տէյիրմէն տէրէյի գիւղացիներն ալ շրջակայ թուրքերուն յարձակմանը ենթարկուելով ունեցածնին յափշտակուած եւ 15ի չափ անձի կորուստ ունեցած էն։ Ասոնց մէջ յիշատակութեան արժանի դէպքն է հետեւեալը. Խուժանը Տէյիրմէն տէրէյի հայերուն առաջարկած է որ իսլամութիւնն ընդունին, ասոնցմէ հայ մը մերժած է եղած առաջարկն պատասխանելով որ «փոխանակ կրօնքս փոխելու, պատիւով մեռնելը աւելի նախամեծար է ինձ համար» եւ իսկոյն կը նահատակուի այս շատ յանդուգն եւ հազուագիւտ Քրիստոնեան։