ԱՏԱՆԱՅԻ
ՋԱՐԴԵՐԷՆ
ԵՏՔԸ
ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒ
ԵՂԱԾ
ՕԳՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Կրկնակ
աղէտներէն
հազիւ
կեանքերնիս
ազատած,
ջարդի
մնացորդներս՝
մօտաւորապէս
քսան
հազար
քրիստոնեաներ,
մերկ
ու
անօթի
վիճակով,
Թրիփանի
եղբարց
եւ
Գերմանական
գործարաններուն
մէջ
կը
սպասէինք
անմիջական
օգնութեան,
ինչ
որ
չուշացաւ,
շնորհիւ
բարեսէր
օտարապատակներու։
Աղէտին
երկրորդ
օրը
Ատանա
հասան՝
Մէրսինին
առջեւ
սպասող
Անգլիական
զրահաւորին
բժիշկներն
ու
հիւանդապահները,
որոնք
անմիջապէս
գործի
սկսան
դարմանելու
համար
մէջտեղը
գտնուող
բազմաթիւ
վիրաւորներն
ու
հիւանդները։
Անգլիական
զրահաւորէն
ուրիշ
սպայ
մը,
սնունդի
պատրաստութեան
եւ
բաշխման
գործն
ստանձնեց
կատարեալ
անձնուիրութեամբ։
Աղէտին
երրորդ
օրը
նպաստներն
սկսան
թափուիլ
աշխարհի
ամէն
կողմերէն
եւ
գործերը
մտան
կարգ
ու
կանոնի։
Կառավարութեան
կողմէ
հայթայթուած
բազմաթիւ
վրաններ
պատրաստուեցան
քաղաքէն
դուրս
երկաթուղիի
կայարանին
շրջակաները,
որոնց
մէջ
փոխադրուեցան,
իրարու
վրայ
խռնուած
բազմութիւնը։
Վրաններուն
շուրջը
կը
հսկէին
զինուորական
պահակներ,
որոնք
մի
քանի
շրջանակներու
բաժնուած՝
փողահարութիւններով
գիշեր
ցորեկ
նշաններ
կը
փոխանակէին։
Երբէք
չենք
կրնար
մոռնալ
այն
մարդասէր
եւ
բարեգործ
օտարականներուն
շռայլած
անհուն
շնորհները։
Ֆրանսացի
Յիսուսեան
հայրերուն
եւ
քոյրերուն,
Անգլիական
հիւպատոսին
եւ
տիկնոջը,
մարտանաւի
սպաներուն,
Ամերիկացի
միսիօնար
Մըսթըր
Չէմպըրսի
եւ
եղբօրորդւոյն՝
դեռատի
Լօսն
Չէմպըրսի,
Թրիփանի
եղբարց
եւ
Գերմանացի
գործարանատէրներուն
ըրած
բարիքները։
Մանաւանդ
Թրիփանի
եղբարք՝
իրենց
բամպակի,
կտաւի
եւ
ալիւրի
գործարաններուն
ամէն
մասերը
բանալով
տրամադրելի
ըրին
աղէտեալներուս
առջեւ։
Գործարանի
ամէն
մասերուն
մէջ,
նոյն
իսկ
վառարանի
բաժնին
մէջ
մրջիւնի
պէս
լեցուած
էին
աղէտեալները։
ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑՆԵՐԸ.
—
Բազմաթիւ
վիրաւորեալներու
դարմանումին
համար
հաստատուեցան
մի
քանի
հիւանդանոցներ,
որոնցմէ
ամենէն
կանոնաւորն
էր
Անգլիական
հիւանդանոցը,
զոր
կը
վարէր
Անգլիական
հիւպատոսին
տիկինը
անձամբ։
Մարդասիրութեան
եւ
բարեգործութեան
մարմնացումն
եղող
այս
չքնաղ
կինը՝
որ
արդէն
հիւանդապահութիւն
գիտէ
եղեր,
անմիջապէս
հիւանդապահի
գոգնոցն
հագած
եւ
գդակն
ի
գլուխ
գործի
սկսաւ։
Յիշեալ
տիկնոջ՝
վիրաւորներու
հանդէպ
ցոյց
տուած
հոգածութիւնն
ու
թանկագին
խնամքը
չենք
մոռնար
յաւէտ։
Առտուն
կանուխ
վազելով
կուգար
հիւանդանոց
եւ
իրիկունը
շատ
ուշ
կը
վերադառնար
տուն։
Բազմաթիւ
վիրաւորներ՝
իրենց
կեանքերը
կը
պարտին
այս
հազուագիւտօրէն
անձնուէր
տիկնոջ
խնամքներուն։
Գեր.
Տ.
ԳԷՈՐԳ
Ծ.
ՎԱՐԴ[ԱՊԵՏ]
ԱՍԼԱՆԵԱՆ
եւ
ՍԱՐԳԻՍ
ՍՈՒԻՆ
ԷՖ[ԷՆՏԻ].
Ասոնք
իբրեւ
Ազգ[ային]
Պատուիրակ
Մերսին
ժամանելով,
ամիսներով
աշխատեցան
կատարեալ
անձնուիրութեամբ։
ԿԱՐՄԻՐ
ԽԱՉԻ
ԽՈՒՄԲ.
—
Հ.
Յ.
Դաշնակցութեան
Կ.
Պոլսոյ
կօմիտէին
հովանաւորութեամբ
կազմակերպուած
«Կարմիր
Խաչ»ի
առողջապահական
խումբ
մը՝
փութացած
էր
հասնիլ
Ատանա։
Իսկոյն
առժամանակեայ
հիւանդանոց
մը
հաստատեց
եւ
դեղարանի
համար
փոքրիկ
շէնք
մը
վարձելով
գործի
սկսաւ։
Կարմիր
Խաչի
մարմինը
թէ
հիւանդներու
դարմանումին
եւ
թէ՛
նպաստներու
բաշխման
համար
ամենամեծ
օգտակարութիւններ
ունեցաւ։
Կարմիր
խաչի
խումբին
կանոնաւորութիւնն
ու
անձնուիրոթիւնը
խիստ
մեծ
գնահատման
արժանացան,
նոյն
իսկ
օտարականներու
կողմէ։
«Կարմիր
Խաչ»ը՝
օրէ
օր
իր
գործունէութիւնը
տարածեց
Ատանայի
շրջականերն
ալ
եւ
ամիսներով
աշխատեցաւ
նուիրագործել
աղէտեալներու
օգնութեան
Սուրբ
գործը։
«ԿԱՐՄԻՐ
ՄԱՀԻԿ».
—
«Կարմիր
խաչ»էն
ետքը
Ատանա
հասան
Կարմիր
Մահիկ
անունով
Թուրք
եւ
Հայ
խումբ
մը
բժիշկներ,
դեղագործներ
եւ
հիւանդապահ
տիկիններ
ու
օրիորդներ։
Աղետեալներու
օգնութեան
փութացող՝
Հ.
Յ.
Դ.
«Կարմիր
Խաչ»ի
խումբին
գլխաւոր
գործիչները։
Այս
խումբը՝
հակառակ
իր
պաշտօնական
ցոյցերուն
եւ
ձեւակերպութիւններուն,
չի
կրցաւ
պէտք
եղածին
չափ
օգտակար
ըլլալ
եւ
ասոնք
ծառայեցին
միայն
կառավարութեան
հիւանդանոցներուն
մէջ։
Ասոնց
ընկերացող
հայ
բժիշկներն
ու
դեղագործները՝
անջատաբար
աշխատեցան
օգտակար
ըլլալ
իրենց
կարողութեան
չափով։
ՆՊԱՍՏՆԵՐԸ.
—
Օրէ
օր
օգնութիւնները
կը
բազմապատկուէին
[1],
շնորհիւ
Կ.
Պոլսոյ
Ազգ[ային]
Պատրիարքարանի
եւ
մասնաւորապէս
կազմուած
միջազգային
նպաստից
Յանձնաժողովի
[2]
ջանքերուն։
Օսմ[անեան]
Սահմանադրական
կառավարութիւնն
ալ
կարեւոր
գումարներ
փութացուց,
որոնք
կը
բաժնուէին
յատուկ
նպաստաբաշխ
մարմինի
մը
կողմէ։
Պանդուխտ
աղէտեալներն
կը
փոխադրուէին
իրենց
ծննդավայրերը
եւ
հետզհետէ
Ատանայի
երեւելիներն
ալ
մասամբ
բանտարկուելով
եւ
մասամբ
արտասահման
ու
այլուր
գաղթելով
Ատանայի
մէջ
մնացին
մեծ
մասով
այրիներ
եւ
որբեր։
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ
ԿՈՏՈՐԱԾԸ.
—
Աղէտին
հետեւանքով
մէջտեղը
մնացած
հազարաւոր
մանուկներուն
մէջ
կարմրախտի
պէս
համաճարակ
հիւանդութիւններ
տարածուելով
մանուկներու
կոտորած
մը
սկսաւ։
Օրական
հարիւրէ
աւելի
մանուկներ
զոհ
կերթային
համաճարակին,
որոնց
դիակները
վրաններուն
մօտակաները
փոսերու
մէջ
իրարու
վրայ
լեցուելով
սոսկալի
գարշահոտութիւններ
սկսան
տարածուիլ։
Մանուկներու
այս
սոսկալի
կոտորածին
արգելք
ըլլալու
եւ
գոնէ
մնացածները
փրկելու
միջոցներ
ձեռք
կ՚առնէին
Առողջապահական
պաշտօնեաները
եւ
սակայն
գրեթէ
անօգուտ
եղան
բոլոր
դեղ
ու
դարմանները,
որով
հինգ
տարեկանէն
փոքր
մանուկներ
շատ
քիչ
մնացին։
ՈՐԲԱՆՈՑՆԵՐՈՒՆ
ԲԱՑՈՒՄ.
—
Մանուկներու
մէջ
տարածուած
համաճարակներն
ու
մէջտեղը
մնացած
բազմաթիւ
որբերու
պաշտպանութիւնը
նկատի
առնուելով,
Ազգ[ային]
պատուիրակութեան
կողմէ
որոշուեցաւ
անմիջապէս
որբանոցներ
բանալ
եւ
անոնց
մէջ
պաշտպանել
անտէր
մնացած
որբերը։
Առաջին
որբանոցը
բացուեցաւ
Մէրսինի
մէջ
եւ
հետզհետէ
որբերէն
մաս
առ
մաս
Պոլիս,
Իզմիր
եւ
այլուր
փոխադրուեցան։
Իսկ
Կիլիկիոյ
շրջանակին
մէջ
որբանոցներուն
թիւը
աւելցաւ,
նորանոր
որբանոցներ
բացուելով
Ատանա,
Հաճըն,
Տէօրք-եօլ,
Հասան
Պէյլի ,
Այնթապ
եւ
Մարաշ,
որոնց
մասին
պիտի
խօսինք
մասնաւոր
բաժնին
մէջ։
Որբանոցները
մեծ
ծառայութիւն
մատուցին
եւ
դեռ
կը
մատուցանեն
մեր
դժբաղդ
ու
անմխիթար
Ազգին։
Աղէտէն
ետքը
օգնութեան
հասնող
«Կարմիր
մահիկ»ի
խումբը։
ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.
—
Ահռելի
աղէտներէն
անմիջապէս
ետքը
առաջին
անգամ
Մէրսին
ժամանեց
Ազգ[ային]
Պատրիարքարանի
կողմէ
ղրկուած
պատուիրակութիւնը,
որ
կը
բաղկանար
Գեր.
Տ.
Մկրտիչ
Արքեպս.
Վեհապետեան.
Տ.
Գէորգ
Ծ.
Վրդ.
Ասլանեան
եւ
Սարգիս
Սուին
Էֆէնտիյէ։
Առաջին
անգամ
Մէրսին
փութացող
այս
Ազգ[ային]
պատուիրակութիւնը
մեծ
ծառայութիւններ
մատոյց
դժբաղդ
արկածեալներուս։
Յիշեալ
պատուիրակութեան
անդամներէն
Գեր.
Տ.
Մկրտիչ
Արքեպիսկոպոս՝
արդէն
Մարաշի
Առաջնորդ
ընտրուած
ըլլալով
մեկնեցաւ
իր
թեմը
[3]
եւ
Ատանա
մնացին
միւս
երկուքը,
որոնք
երկար
ատեն
պայքարեցան
ամէն
դժուարութեանց
հանդէպ,
նոյն
իսկ
վտանգի
ենթարկելով
իրենց
կեանքերը։
Ասոնցմէ
ետքը
Ատանա
հասան՝
Գեր.
Տ.
Յակոբ
Աշոտ
Եպիսկոպոս,
Տ.
Գնէլ
Ծ.
Վարդապետ
եւ
Արժ.
Տ.
Գալուստ
քահանայ
Պօղոսեան
որոնք
այցելութեան
ելան
բոլոր
աղէտավայրերը։
Փաստաբանական
Յանձնախումբի
մը
ներկայութիւնը
յարմար
դատուելով
Ատանա
հասան
փաստաբան
Խնդիր
Սիմոն
եւ
Կարապետ
Այըճեան
էֆէնտիները։
Նոյն
պէս
իբրեւ
Ազգ[ային]
քննիչ
ղրկուեցաւ
Յովհաննէս
էֆ[էնտի]
Չայեան։
Իսկ
նպաստներու
գործին
հսկելու
պաշտօնով
Ատանա
հասան՝
Օր.
Սաթենիկ
Օհանջանեան,
որ
կատարեալ
անձնուիրութեամբ
աշխատեցաւ
սփոփել
աղէտեալներու
ցաւերը
նոյնպէս
Տիկին
Զապէլ
Եսայեան,
Տիկին
Արշակուհի
Թէոդիկ,
որոնք
աղէտավայրն
այցելելով
աղէտեալները
մխիթարեցին
եւ
գրական
ու
բանաստեղծական
գեղեցիկ
էջեր
նուիրեցին
աղէտին
յիշատակին։
Ազգ[ային]
Որբանոցներու
համար
իբրեւ
քննիչ
ղրկուեցաւ
Վեր.
Խաչատուր
Գռուզեան
էֆէնտի
եւ
երկրորդ
անգամ
Սարգիս
Սուին
էֆէնտի։
Իսկ
իբր
ապահովագրական
գործերու
քննիչ
ղրկուեցաւ
Լեւոն
էֆ[էնտի]
Փափազեան։
Ատանայի
նահատակներէն
ՍՏԵՓԱՆ
ԷՖ[ԷՆՏԻ]
ԶԱՀՐԷՃԵԱՆ.
Հանրային
պարտուց
վարչութեան
կողմէ
շերամաբուծութեան
քննիչն
էր
Ատանայի,
Ռօտոսթօցի.
(1886-1909)։
Ազգ[ային]
պատուիրակութիււներէն
զատ
Զինուորական
իշխանութեան
կողմէ
ղրկուեցաւ
Պատերազմ[ական]
Ատեան
մը.
Օսմ[անեան]
Խորհրդարանի
կողմէ
քննիչ
Յանձնախումբ
մը,
որ
կը
բաղկանար՝
Յակոբ
Պապիկեան
եւ
Եուսուֆ
Քէմալ
պէյերէ,
Օսմ[անեան]
կառավարութեան
կողմէ
քննիչ
Յանձնաժողով
մը՝
որ
կը
բաղկանար
Պետական
Խորհրդոյ
անդամ
Ֆաիք
եւ
Մանասթըրի
դատական
քննիչ
Յարութիւն
Մոստիչեան
[4]
պէյերը,
որոնց
միացաւ
Մէրսինի
Միւթէսարըֆ
Էսատ
Րէուֆ
պէյ։
Յիշեալ
Ատեանի
եւ
Յանձնաժողովներուն
քննութեան
արդիւնքն
եղող
պաշտօնական
տեղեկագիրները
պիտի
հրատարակենք
մասնաւոր
բաժնին
մէջ։
[1]
Առաջին
անգամ
Եգիպտոսի
Հ.
Բ.
Ընկերութենէն
ղրկուեցաւ
500
ոսկի՝
հեռագրով
[2]
Այս
մասին
պիտի
խօսինք
մասնաւոր
բաժնին
մէջ։
[3]
Որ
տարի
մը
ետքը
վախճանեցաւ
Մարաշի
մէջ։
[4]
Հիմա
Պոլսոյ
պատժական
վերաքննիչ
ատեանի
անդամ։