ԴԷՊՔԻՆ
ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
«Վերջին
ամիսներուն
մէջ,
հայ
տկարամիտներուն
քով
տեսնուած
իշխողական
շարժ
ու
ձեւերնին
իսլամներու
հանդէպ
անհարկի
ըրած
ամենածանր
հայոյութիւններնին
թէեւ
իսլամներու
սիրտերը
կը
բզքտէր,
սակայն
իսլամ
խելահասները
երիտասարդներուն
եւ
տգէտներուն
համբերութիւն
եւ
լռութիւն
կը
յանձնարարէին
եւ
երբէք
դէպքի
մը
տեղի
չի
տալնին
կը
հրամայէին»։
«Մանաւանդ
երբեմն
անկարեւոր
կռիւներու
մէջ
հայերու՝
կրօնքի
հայհոյելով
[1]
զձեզ
մօտ
ատենէն
սանկ
պիտի
ընենք
նանկ
պիտի
ընենքի
պէս
սպառնալիքները,
այգիի
ճամբաները,
շուկան
հոս
հոն
երբեմն
խեղճ
իսլամներու՝
տգիտօրէն
որսուելով
սպաննուիլը
ընդհանուրին
միտքերը
յուզելու
սկսած
էին»։
«Մարտի
27րդ
ուրբաթ
օրը
տեղի
ունեցող
սոսկալի
ոճիր
մը
որ
պարզ
դէպք
մ՚էր
որ
քաղաքական
գոյն
մ՚առաւ»։
«Հայերուն
ոճրագործը
խստիւ
պաշտպանելը
եւ
փախուստը
դիւրացնելը,
իսլամները
չափազանց
յուզեց»։
«Երկու
կողմն
ալ
իրարու
հանդէպ
բացէ
ի
բաց
ատելութեան
նշաններ
ցոյց
տալ
սկսան»։
«Այս
ոճիրը
դէպքին
յառաջաբանը
եղաւ»։
[1]
Կրօնքի
հայհոյելու
զրպարտութիւնը
բռնապետութենէ
մնացած
յիշատակ
մ՚է։
Թուրք
մը՝
երբ
հայու
մը
հետ
կռիւի
բռնուէր
յաղթութեան
միակ
զէնքն
էր
«կրօնքիս
հայհոյեց»ի
զրպարտութիւնը,
որ
անշուշտ
անքաւելի
մեղք
մ՚էր
եւ
է։
(Ծ.
Թ.
)