ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՕՍՄԱՆԼԸ» ԼՐԱԳՐԻ ԹՂԹԱԿԻՑԻՆ ՍՊԱՆՆՈՒԻԼԸ

«Օսմանլը» լրագրի թղթակիցը Մահմուտ Ֆաիզ պէյ՝ դէպքէն ժամ մ՚առաջ մեր խմբագրատունը հանդիպելով մեր խմբագրապետին հետ տեսակցիլ ուզած էր եւ սակայն մեր խմբագրապետը այն միջոցին խրատատու յանձնաժողովին հետ շուկան եւ պազարները պտտելուն պատճառաւ չէր յաջողած տեսակցելու։ Դէպքը պատահելուն պէս՝ առնելիք լուրը պատկանած թերթին գրելու նպատակով անզգուշութեամբ դուրս ելած եւ ձեւն ու հագուածքը հայ ֆէտայիի մը նմանած ըլլալուն պատճառաւ, գետեզերքը Ատէմ պէյի տունին անկիւնը թաղերնին պաշտպանելու համար սպասող (?) ժողովուրդին կողմէ տեսնուելով, կայնիլը կ՚ազդարարուի եւ ասոր փոխարէն զէնք գործածելու յանդգնած ըլլալով փոխադարձաբար կը զարնուի եւ դիակը գետը կը նետուի։ Վերջը իսլամ ըլլալը երբ հասկցուած է, շատ զղջացած են, բայց ինչ օգուտ, անզգուշութեան մը զոհ ըլլալով գացած էր»։