ԳՕԶ—ՕԼՈՒԳԻ
ՋԱՐԴԸ
Գօզ-Օլուգի
ջարդին
ականատես
մը
կը
պատմէ.
—
«Տարսոնէն
8
ժամ
հեռու
կը
գտնուի
Գօզ-Օլուգ,
որ
դէպի
Հիւսիս-Արեւելքի
քարուտ
բլուրի
մը
վրայ
բարձրացած
գիւղ
մըն
է,
եւ
կը
վայելէ
բնութեան
շնորհները։
Եօթանասուն
տունէ
բաղկացած
հայութիւն
մը
ունի՝
շրջապատուած
բազմաթիւ
թուրք
գիւղերէ։1909ի
Զատիկն
էր,
բնութիւնը
զուարթ,
ամբողջ
Գօզ-Օլուգ
ոգեւորուած
էր
ուրախութեան
աղաղակներով։
Բայց
ահա
հասաւ
Զատիկի
երրորդ
օրը։
Կէս
օրը
անցեր
էր,
երբ
խլրտում
մը
տեղի
ունեցաւ
շրջակայ
գիւղերուն
մէջ
եւ
կարգ
մը
«կ՚ըսուի,
կ՚ըսեն»ով
վերջացող
լուրեր
սկսաւ
հասնիլ
մեր
գիւղացիներուն
ականջները։
«Ատանա
խառնուեր
է
կ՚ըսուի…
Հայ
եւ
Թուրքերու
մէջ
խռովութիւն
է
ծագեր՝
կ՚ըսեն…
զինուոր
կ՚ուզեն
կ՚ըսուի…
քաղաքականութիւնը
լաւ
չ՚երեւար
կ՚ըսեն…
անպատճառ
այս
կողմերն
ալ
խռովութիւն
պիտի
ծագի
կ՚ըսուի
եւլն.
»։
Անցաւ
Զատիկի
յաջորդ
չորեքշաբթին
ու
հինգշաբթին,
մենք
դեռ
տեղեկութիւն
իսկ
չունէինք
թէ
այդ
ժամանակ
Ատանայի
Հայութիւնը
ջարդուեր
էր
ու
հրոյ
ճարակ
եղեր
արդէն։
Ուրբաթ
առտու,
երբ
մութը
տակաւ
կը
փարատէր,
գիւղին
մօտը
տեսանք
աւազակներու
խումբեր,
որոնք
գիւղը
մտնել
չհամարձակելով՝
սպառնական
լուրեր
կը
ղրկէին
գիւղացիներուն,
թէ
պէտք
է
անձնատուր
ըլլանք։
Խուժանէն
ոչ
ոք
կը
համարձակէր
գիւղ
մտնել,
որովհետեւ
գիտէին
որ
Գօզ-Օլուգի
Հայութիւնը
ինքնապաշտպանութեան
միջոցներ
ձեռք
պիտի
առնէր։
Մեր
գիւղացիք
զէնքը
ձեռքերնին
կը
սպասէին
գիւղին
ճամբաները,
որով
փոքր
երթեւեկութիւն
մը
անգամ
անկարելի
էր
դարձեր.
իսկ
իրենց
կիներն
ու
զաւակները
գիւղապետին
տունը
եւ
յարակից
քանի
մը
տուներու
մէջ
էին
ժողվուած։
Միւս
կողմէ՝
Տարսոնի
կառավարութեան
մարդ
ղրկեցինք
օգնութիւն
ուզելու
համար.
լրատարները
վերադարձան
միասին
բերելով
տասնապետ
մը
ու
երկու
ոստիկաններ,
որոնք
յատկապէս
ղրկուած
էին
կառավարութեան
կողմէ
Գօզ-Օլուգը
պաշտպանելու
համար։
Mrs.
Carmelite
B.
Christie.
Տարսոնի
ջարդին
միջոցին
հազարաւոր
Հայեր
պաշտպանած
եւ
բազմաթիւ
վիրաւորներ
խնամած
ՏԻԿԻՆ
ՔԱՐՄԵԼԱՅԹ
ՔՐԻՍԹԻ։
Երկիւղը
մասամբ
փարատեցաւ
երբ
ոստիկանները
գիւղ
մտնելով
սկսան
խուժանին
դէմ
սպառնալիք
ընելու,
որպէս
զի
ցրուի
ու
գիւղին
վնաս
մը
չի
հասցնէ։
Սակայն
ինչո՞ւ
խուժանը
ոստիկաններէն
չէր
վախնար
եւ
սպառնալիքներուն
չէր
անսար,
մանաւանդ՝
փոխանակ
ցրուելու,
ինչո՞ւ
զանազան
առաջարկներ
կ՚ընէր
ոստիկաններուն
միջոցաւ։
Խուժանը
լուր
կը
ղրկէր
մեզ՝
թէ
անմիջապէս
պիտի
ցրուի,
եթէ
զէնքերը
յանձնենք
իրենց։
Իսկ
ոստիկանները
կը
համոզէին
զմեզ
ընդունիլ
անոնց
առաջարկը,
որպէս
զի
անդորրութիւն
տիրէ։
Եւ
ահա
մեր
երեւելիները
որոշեցին
համակերպիլ
կառավարութեան
ներկայացուցիչներուն,
որպէս
զի՝
թէ՛
անդորրութիւնը
հաստատուի
եւ
թէ՛
ապագայ
պատասխանատուութենէ
զերծ
ըլլանք։
Ուրբաթ
գիշեր
անցեր
ու
շաբաթը
լուսցեր
էր,
սակայն
դեռ
խուժանը
չէր
ցրուած։
Աւա՜ղ
շատ
ուշ
էր
արդէն
երբ
մեր
գիւղացիները
հասկցան
թէ
խաբուած
են
եւ
բոլորովին
յուսահատ
դիմեցին
ոստիկաններուն։
Սակայն
խարդախ
ոստիկանները
փոխանակ
իրենց
պարտականութիւնը՝
կատարելու
այս
անգամ
ալ
հայ
գիւղացիներուն
ծանուցին
թէ
պէտք
է
գիւղէն
հեռանալ
եւ
շրջակայ
թուրք
գիւղերն
ապաստանիլ,
առարկելով
թէ
իրենք
չեն
կարող
խուժանը
զսպել
եւ
ապագայ
դէպքերու
առաջքն
առնել։
Rev.
Thomas
D.
Christie
D.
D.
LL.
D.
Տարսոնի
Ամերիկեան
վարժարանի
տնօրէն
եւ
ծանօթ
Հայասէր՝
Աստուածաբան
ՏՕՔԹ.
ԹՈՎՄԱՍ
ՔՐԻՍԹԻ։
Արեւը
բարձրացած
էր
արդէն,
երբ
գիւղէն
փախչող
հայերու
սրտամորմոք
աղաղակը
բարձրացաւ,
մեծ
ու
փոքր
հալածականները՝
բարակներէ
հետապնդուող
այծեամներու
նման,
քարէ
քար,
ժայռէ
ժայռ
կը
ցատկէին։
Զիրենք
հալածող
վտանգին
սաստկութենէն
սարսափահար,
երիտասարդներ
կը
խոյանային
գահավէժէ
գահավէժ.
ծերեր
ու
մանուկներ
ահ
ու
գողի
մատնուած՝
հաստատ
քայլեր
առնելու
անկարող
ըլլալով
կը
գլտորէին
զար
ի
վար,
կիներ
իրենց
երախաները
շալկած,
արտասովոր
ծանրութեան
մը
տակ,
իրենց
քայլերը
առանց
չափաւորելու,
սողոսկելով
կը
շտապէին։
Թուրք
խուժանը
գիւղը
մտած
էր
արդէն։
Ժողովուրդին
այն
մասը
որ
դանդաղած
էր
գիւղէն
անմիջապէս
մեկնելու,
կ՚իյնար
վայրենի
գազաններու
ճիրաններուն
մէջ։
Ամենքը
հաւասարապէս
կը
յոշոտէին
անխնայ։
Երբ
յոշոտելը
լմնցուցին,
սկսան
ամբողջ
գիւղը
թալլել,
եւ
իրենց
կիրքը
յագեցնելու
ուրիշ
միջոց
չկարենալով
գտնել,
բոլոր
գիւղը
կրակի
տալ
մոխրակոյտի
մը
վերածելով
զայն։
Բայց
այսչափ
ալ
չէր
վերջանար
թշուառ
գիւղին
ճակատագիրը։
Գօզ-Օլուգէն
փախած
հայերը՝
հաւաքուած
էին
Պուճագ
անունով
մօտակայ
թուրք
գիւղը,
որուն
գիւղապետը
իրենց
երկիւղը
փարատելու
համար
սկսած
էր
կատարել
նուիրական
պարտականութիւնը՝
կրօնափոխութեան
հրաւէրը։
Գիւղապետը
կը
բաշխէր
մէյ
մէկ
ճերմակ
լաթի
կտոր,
փաթթելու
համար
իրենց
գլխուն
բոլորտիքը,
ծանուցանելով
թէ
ասոր
շնորհիւ
վտանգը
հեռացած
պիտի
ըլլար,
եւ
ոչ
ոք
պիտի
համարձակէր
չարիք
հասցնել
նորադարձ
միւսլիւմաններուն։
Բայց
այսչափն
ալ
բաւական
չէր,
պէտք
էր
նաեւ
փոխել
իրենց
հայկական
անուններն
եւ
թուրք
անուն
կրել։
Եւ
ահա
թուրք
գիւղապետը
մօտենալով
հայերուն,
յայտնեց
թէ
ինք
անկարող
է
պաշտպանել
զիրենք.
պէտք
է
մեկնին
ժամ
առաջ
եւ
ուրիշ
գիւղ
մը
ապաստանին,
որպէսզի,
թէ՛
իրենց
կեանքը
ապահով
ըլլայ,
եւ
թէ
ինք
գիւղապետը
պատասխանատուութենէ
զերծ
մնայ։
Արեւը
դեռ
մարը
չէր
մտած,
երբ
վտարանդի
ժողովուրդը
ծայր
աստիճան
սարսափի
մէջ՝
կը
մտնէր
մօտակայ
Ինճիր-Կէտիկի
անունով
թուրք
գիւղը։
Ասոր
գիւղապետը
բաղդատմամբ
միւսին
աւելի
բարութեամբ
կը
վարուէր
մեզ
հետ,
իր
տան
մէջ
հրաւիրելով
զմեզ։
Թշուառ
ժողովուրդը,
խճողուած
գիւղապետին
սենեակներուն
եւ
ախոռներուն
մէջ՝
քիչ
մը
հանգստացած
կը
զգար
ինքզինքը։
Շաբաթ
գիշերը
խորհրդաւոր
լռութիւնով
մը
անցեր
էր
արդէն,
արեւը
դեռ
չէր
ծագած,
երբ
Ապտիւլ-Ազիմ
անուն
ձիաւոր
ոստիկան
մը
մեկնած
էր
Գօզ-Օլուգէն,
իրեն
հետեւորդ
ունենալով
աւազակ
մարդասպաններու
խումբ
մը։
Այս
մարդը
Ատանա
սպաննուող
իր
մէկ
ազգականին
համար
վրէժ
լուծելու
մասնաւոր
նպատակով
Ատանայէն
ճամբայ
ելած
էր,
եւ
Գօզ-Օլուգի
մէջ
չկրնալով
յագուրդ
տալ
իր
գազանական
անգթութեան,
սկսած
էր
հետապնդել
փախստականները։
Երկար
փնտռտուքներէ
ետքը
Ապտիւլ-Ազիմ
իր
հետեւորդներով
հասաւ
Ինճիր-Կէտիկի
գիւղը։
Գիւղապետը
տեսնելով
կառավարական
պաշտօնեայի
մը
տարազը
կրող
այս
մարդակերպ
հրէշը,
պատուասիրեց
զայն,
եւ
սկսաւ
յայտարարութիւն
մ՚ընել
հայ
ապաստանեալներուն
թէ
իրենց
կեանքը
ապահովելու
համար
պէտք
էր
կառավարական
պաշտօնեային
անսալ
եւ
անոր
խնամքին
յանձնուիլ։
Այս
յայտարարութեան
վրայ
խումբ
մը
աւազակներ
մօտեցեր
էին,
ոստիկանին
հրամանը
բռնութեամբ
ի
գործ
դնելու,
եւ
հիմա
թշուառ
զոհերը
ախոռներու
անկիւնէն
հանուած
կը
քաշուէին
գիւղէն
դուրս,
ճիշտ
սպանդանոց
տարուող
ոչխարներու
նման,
զիրենք
քշողներուն
կամքին
յանձնուած։
Գօզ-Օլուգէն
հազիւ
եօթանասուն
եւ
մէկ
հոգիներ
էին
մնացած,
վտանգէն
փախած
եւ
այս
գիւղը
ապաստանած։
Ասոնցմէ
տասն
եւ
մէկը
կամ
գիւղապետին
հաւանութեամբ
եւ
կամ
ախոռներու
մութ
անկիւնը
պահուըտելով
զերծ
էին
մնացած
այս
վերջին
գերիվարութենէն։
Իսկ
մնացեալ
վաթսուն
թշուառները,
վերահաս
վտանգի
մը
երկիւղովը
համակուած՝
կը
յառաջանային
հեզիկ,
հեզիկ,
լռիկ
մնջիկ
սպասելով
իրենց
ճակատագրին
վախճանին։
Այս
վաթսուն
թշուառներուն
մէջն
էին
նաեւ
Գօզ-Օլուգի
ամենէն
գեղեցիկ
հայուհին,
նորապսակ
հարսը
Պերճուհի,
իր
ամուսինին
հետ։
Գօզ-Օլուգի
ջարդէն
ազատածները։
(էջ
166-177)
Գերիներուն
խումբը,
շրջապատուած
աւազակներէ,
կը
յառաջանար
դէպ
ի
Եանըգ-գըշլա
թուրք
գիւղը։
Խուժանին
մէջ
կային
մարդիկ,
որոնք
գրաստներու
վրայ
նստեցուցած
դեռատի
աղջիկներ
ու
տղաքներ՝
իրենց
գիւղը
կը
տանէին
զանոնք։
Մին
կ՚ըսէր.
—
«Մեր
Ահմէտ
աղան
զաւակ
չունի,
աս
տղան
անոր
թող
ըլլայ։
Աս
աղջիկն
ալ
իմս
է։
Ես
կնութեան
պիտի
առնեմ,
ոչ
մէկուն
չեմ
տար»։
—
«Դա՛
հարսը
շատ
գեղեցիկ
է
կ՚ըսէր
միւսը,
եթէ
մեր
գիւղապետը
առնել
չուզէր,
ես
պիտի
առնէի»։
—
«Այս
հարսերը
մեր
տղաքը
չի
բաժնած
հատ
մըն
ալ
դուն
հաւնէ»
կ՚ըսէր
ուրիշ
մը,
իր
ընկերօջ։
Խուժանը
կը
յառաջանար,
այս
դաժան
խօսակցութիւնը
շարունակելով
եւ
նոր
գործի
սկսելու
պատրաստութիւնով։
Մին
իր
զէնքերը
կը
փորձէր,
միւսը
դաշոյնը
կը
սրէր
եւ
ձեռքին
տակ
կը
պահէր,
ուրիշ
մը
գնդակ
ու
վառօդ
կը
պատրաստէր։
Այդ
պահուն
գերիներուն
մէջէն
դեռատի
հարս
մը,
չքնաղագեղն
Պերճուհի՝
մօտալուտ
վտանգէն
սարսափահար,
վճռական
որոշում
մը
կ՚ուզէր
տալ,
անիկա
կ՚արհամարէր
խոշտանգումն
ու
մահը,
բայց
միայն
կուզէր
անաղարտ
պահել
իր
պատիւը.
իր
ամուսնոյն
կը
թախանձէր,
որ
զինք
չմատնէ
այդ
գազաններուն
ձեռքը
եւ
կ՚ըսէր.
«հանէ՛
այդ
գրպանի
դանակը
եւ
դի՛ր
պարանոցիս
վրայ,
մաքուր
պահելու
քու
կնօջդ
կեանքն
ու
պատիւը
եւ
յաւէտ
երջանկացնելու
զայն
իր
անարատ
արիւնին
մէջ»։
Իսկ
թշուառ
ամուսինը,
անոր
արիւն
արցունքին
ու
աղեխարշ
թախանձաքին
չի
կրնալով
հանդուրժել,
վերջապէս
պատրաստուեցաւ
իր
կնօջ
այս
վերջին
իղձը
գործադրելու։
Աջ
ձեռքին
մէջ
դանակը
բռնած
էր,
նազելին
Պերճուհի
դրաւ
իր
ճապուկ
պարանոցը
սիրելիին
ծունկերուն
վրայ,
գառնուկի
մը
պէս
հեզ,
սպասելով
մահուան։
Հազիւ
թէ
դանակին
շեղփը
կարմիր
էր
ներկուած՝
երջանիկ
Պերճուհին
գոհունակ
սրտով
մը
փակեց
իր
աչուըները,
իր
արիւնին
կարմրագոյն
հեղեղը
թափելով
իր
ամուսինին
ծունկն
ի
վար։
Այս
զոհաբերութեան՝
ողջակէզներու
արարողութիւնը
անմիջապէս
յաջորդեց։
Խուժանը
սկսաւ
իր
գազանային
տօնը։
Այս
զոհաբերութեան՝
ողջակէզներու
արարողութիւնը
անմիջապէս
յաջորդեց։
Խուժանը
սկսաւ
իր
գազանային
տօնը
կատարել։
Տապարները
կը
փայլէին
օդին
մէջ,
որոնց
մէն
մի
հարուածը
անդամահատութիւն
մը,
եղեռնագործութիւն
մը
կը
կատարէր,
իւրաքանչիւր
հարուածին
թեւեր,
ոտքեր,
սրունքներ
կ՚անջատէին
իրանէ
մը,
կողկողագին
առնական
ձայներ
կ՚ընդմիջուին
մերթ
ընդ
մերթ,
իգական
սեռի
յատուկ
սուր
ճիչով
եւ
երախաներու
դառնակսկիծ
ձայներով։
Խուժանը
նոր
զբաղում
մը
սկսած
էր,
դժոխային
նոր
արարք
մը
որ
գուշակել
կուտար
թէ
հասեր
էին
ահաւոր
կառափնատեղին։
Տասնըհինգի
մօտ
գեղեցկագոյն
հարսեր
ու
կոյսեր՝
գազանական
միեւնոյն
վճռով
դատապարտուած՝
մէկիկ
մէկիկ
կ՚անջատուէին
իրենց
սիրելիներու
խումբէն
եւ
հեռու
կը
տարուէին։
Աղջիկ
մը
կուլար
ու
չէր
ուզեր
երթալ,
կ՚ուզէր
որ
իր
եղբայրն
ալ
միասին
տանէին
իրեն
հետ,
աղջկան
խնդիրը
կատարուեցաւ,
եղբայրը
իրեն
շնորհուած
էր։
Խե՜ղճ
հայուհի,
իր
պատուին
փոխան
իր
եղբօր
կեանքն
էր
ծախու
առած։
Իսկ
մնացեալները
վրէժխնդրութեան
ծայրահեղ
վճիռովը
դատապարտուած
մատնուեր
էին
խուժանի
քմայքին։
Ամէն
մարդ
կրնար
լուծել
անոնցմէ
իր
վրէժը…
ինչ
ձեւով
որ
ուզեր,
թէ
փողոտելով,
թէ
անդամահատելով
եւ
թէ
գնդակահար
սպաննելով։
—
«Միայն
անոնք
զարկէք,
որոնք
կրնան
փախչիլ
—
կ՚ոռնար
գազան
մը
անդիէն—
մնացածները
ողջ
ողջ…»։
Ապտիւլ-Ազիմին
ձայնն
էր
այս։
Այդ
պահուն
քանի
մը
գազաններ
բռնած
սեւազգեստ
ծերունի
մը
խռիւներով
կը
պատէին
անոր
գլխուն
բոլորտիքը,
հրախաղական
նոր
զբօսանք
մը
կատարելու
մտքով։
Խռիւը
կրակ
առած
էր
եւ
թշուառ
ծերունին՝
իբր
շարժուն
ջահ՝
պահ
մը
ասդին
անդին
մոլորական
քայլեր
առնելէ
ետքը
կը
տապալէր
բոցերու
մէջ
խանձոտած։
Գօզ-Օլուգի
քահանան
էր
այն,
որուն
վիրաւոր
որդին,
իր
հոգեվարքի
միջոցին
ականատես
կ՚ըլլար
իր
հօրը
նահատակութեանը։
Եւ
վերջապէս՝
սկսան
անգթութեան
վերջին
տօնը
ողջակէզներու
արարողութիւնը։
Թշուառ
գերիները
կը
դիզուէին
իրարու
վրայ,
ինչ
վիճակի
մէջ
ալ
ըլլային,
թէ՛
կիսախողխող,
թէ
անդամազուրկ
եւ
թէ
գնտակահար.
իսկ
մեծ
մասով
ողջ
եւ
առողջ։
Ասոնք
կը
դիզուին
իրարու
վրայ,
արիւնշաղախ
թրծուն
բլուր
մը
ձեւացնելով,
որոնց
մէջտեղուանքը
եւ
բոլորոտիքը
պատած
էր
խռիւներով,
որոնք
անհրաժեշտ
էին
իբր
դիւրարծարծ
վառելանիւթ՝
ողջակիզելու
գործին
մէջ։
Ամբողջ
քառասունը
հինգ
հոգիներ,
մեծ
մասամբ
չափահաս
այրեր
ու
երիտասարդներ.
իրենց
ընտանիքներով
միասին
կրակի
կը
տրուէին
խռիւներու
մէջ
թաղուած…։
Բոցը
կը
բարձրանար
կատաղի
սաստկութիւնով
եւ
կ՚երկարէր
դէպ
ի
երկինք
(անոր
մէջէն
կը
լսուէին
մանկան
սուր
ճիչեր,
մայրական
աղեխարշ
գոչեր
եւ
օրհասականի
սրտաճմլիկ
հառաչներ.
մէկը
կիսայրած
հագուստով
կը
փորձէր
փախչիլ
հնոցի
սաստկութենէն,
միւսը
կիսախանձ
իրանով
վերստին
ճիգ
մը
կընէր
վտանգէն
ազատելու։
Այս
քստմնելի
տեսարանին
առջեւ,
ինչ
ուրախութիւն
կը
զգար
մարդկային
վայրագութիւնը,
որ
իւրաքանչիւր
զոհի
ճիչերուն
թուրք
խուժանը
կը
պատասխանէր
ծիծաղներով
եւ
վրէժի
լուտանքներով։
Ու
երբ
վերջապէս
ճիչն
ու
գոչը
դադրած
էին
այլեւս
եւ
չէին
լսուեր
հառաչանքներ
ու
հռնդիւնները,
դիակներու
բլուր
մը
կը
մխար.
որուն
ճենճերաբոյր
հոտովը
կը
կշտանար
Երկինքը,
առանց
խռովելու
իր
անսպառ
համբերութեանը
մէջ»։