ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

ԿԻԼԻԿԻՒՅ ՋԱՐԴԸ «ԻԹԹԻՀԱՏ ՎԷ ԹԷՐԱԳԳԸ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ. Կ՚ԸՍԷ ԹՈՒՐՔ ԵՐԵՒԵԼԻ ՊԱՏՄԱԳԻՐ-ԳՐԱԳԷՏ ՄՈՒՐԱՏ ՊԷՅ

«Ատանայի աղէտները Ապրիլի առաջին օրը՝ այսինքն Մարտ 31ի Պոլսական դէպքին հետեւեալ օրը սկսան, ուրկէ պահ մը այնպէս կարծուեցաւ թէ այս երկու դէպքերուն գործադրներն ու հեղինակները միեւնոյն անձերն են։

Այս խնդիրը խիստ կարեւոր է ու կը կարօտի մասնաւոր լուսաբանութեան մը։

Ատանայի աղէտները Սուլթան Համիտի եւ ընդհանրապէս ենթադրական եւ կամ իրական ռէաքսիօնէր, յետաշրջականներուն գործին կրնային գալ. այս պարագան չենք կրնար շիտկէ շիտակ ըսել։ մինակ կը դատենք գործին ընդհանուր երեւոյթէն ու շրջապատէն։

Նախապէս Հայերուն նկատմամբ կազմակերպուած ջարդերը՝ բոլոր քաղաքակիրթ աշխարհը Սուլթան Համիտի դէմ դարձուցած էին, այն աստիճան սաստկութեամբ որ պաշտօնապէս ազդարարուեցաւ Սուլթան Համիտի որ, եթէ անգամ մըն ալ ամենաթեթեւ եղանակով փորձ մը ըլլայ Հայերը ջարդելու, Սուլթանը՝ ինք իսկոյն գահընկէց պիտի ըլլայ առանց այլեւայլի։ Իրողութիւնը երբ այսպէս է, արդարութի՞ւն է արդեօք Ատանայի ջարդը իբրեւ զէնք գործածել Ապտիւլ-Համիտի ու անոր արբանեակներուն դէմ, որոնց գործին բնաւ չէր գար այդ եղեռնը։ Հետեւաբար քանի որ այն օրերը Ապտիւլ Համիտի վրայ յարձակող եւ կամ յարձակելու պատրաստ մարդիկ կային՝ օրինական տրամաբանութեամբ Ատանայի եղեռնին կապին ծայրը դէպի այդ մարդոց ձեռքը պէտք է փնտռել։

Ենթադրենք թէ Մարտ 31ի դէպքը՝ Կ. Պոլիսը զինու զօրութեամբ գրաւելու համար պատրաստուած խռովութիւն մը եղած ըլլայ եւ Ատանայի եղեռնին կարեւորութիւնն ալ, եթէ  նոյն համեմատութեամբ կշռենք, խիստ նշանակալից հետեւանքի մը կը յանգինք, այսինքն Կ. Պոլսոյ մէջ խիստ կարեւոր ու մեծ խռովութիւն մը հանել, որպէսզի Եւրոպայի ալ ուշադրութիւնը դէպի այս կողմը դառնայ, եւ գաղափարները հակին Ապտիւլ Համիտի գահընկեցութեան, զոր պիտի փութացնէր Ատանայի Հայոց անողորմ ջարդը. այս ծրագրին գործադրութենէն ետք, ա՛լ Պոլսոյ մէջ Համիտի հանդէպ ո՛րչափ ալ խիստ հետապնդում որ կատարուէր, ոչ ոք շատ պիտի տեսնար, ու ոչ ոք բարակը պիտի նայէր։

Մեր այս տեսութիւնները չոփ չոր դատողութիւններ են, ինքնին կարեւորութիւն չունին. եւ սակայն Ատանայի եղեռնին մէջ՝ եթէ սոյն նպատակին վերագրուելիք դրուագներ գտնուին, այն ատեն մեր այս տեսութիւնները խիստ մեծ կարեւորութիւններ կը ստանան։ Մեր թուելիք ապացոյցները խիստ ծանրակշիռ են, որոնց ամենքն ալ վերի տեսակէտին վերագրել խիստ արդարացի է. այս առթիւ Հայոց Պատրիարքարանին մէջ ալ խոշոր թղթածրարներ գտնուած ըլլալը հաստատապէս պնդողներ կան. մեր վարը տալիք տեղեկութիւնները Ատանայի եղեռնին առթիւ, Հայոց Պատրիարքարանին մէջ պահուած այդ թղթածրարները տեսնող եւ զանոնք զննող անձնաւորութիւնն ալ՝ սանկ նանկ մէկը չէ. այս պատճառով համառօտակի եւ քիչ մը վրան գոց կերպով պիտի երթանք։

Ա. Իթթիհատի քլիւպներուն հաւաքոյթներէն եւ ցոյցերէն ու կառավարութեան դիմումներէն ետք է որ սկսած են Ատանայի ջարդերը։

Բ. Իթթիհատի օռկանը եղող (Իթիտալ) թերթը՝ բացարձակ կերպով գրգռած է ժողովուրդը։

Գ. Ատանայի տեղական կառավարութիւնը՝ եղեռնին ատեն բոլորովին անհոգ գտնուած է, եւ ամբողջութեամբ գրգռիչներուն ու ջարդարարներուն նպաստաւոր գետին մը պատրաստած։

Դ. Իթթիհատի քշիւպին կողմէ 18 քաղաքներ հետեւեալ խիստ կարեւոր հեռագիրը ուղղուած է։



Զէյթունի պատմական կամուրջը։

Կէօկտէրէլեանը երեք հարիւր զինուած հայ Ֆէտայիներով ձեր գիւղը պիտի կոխէ, եւ տեղդ գտնուող Հայերուն հետ միացած ընդհանուր ջարդ մը պիտի կատարէ, ուստի անոնք չեկած դուք պէտք եղածը ի գործ դրէք»։

Իթթիհատի քլիւպէն տրուած այս ազդարարութեան վրայ ամէն տեղ ի գործ դրուած միջոցներուն գալով. անոնք միօրինակ են ամէն տեղ, այսինքն Կէօկտէրէլիի Հայկական ֆէտայիներու խումբին յարձակումէն առաջ տեղացի Հայերը ջարդել, անոնց գոյքերը եւ հարստութիւնները կողոպտել, տուներն ու կալուածները հրդեհել եւ այլ այս կարգի բարբարոսական արարքներ։ Տեղ տեղ կառավարական պաշտօնեաներ  յաջողած են այս վայրագութեանց արգելք ըլլալ. Գօզանի  (Սիս) մէջ հազարապէտ մը՝ Մէրսինի քաղաքին մէջ միւթէսարաֆ մը՝ դիւցազնական յաջողութիւններ գործած են, բայց բայց՝ այսպէս ջարդը արգիլողները ոչ թէ միայն անվարձ մնացած են, այլ եւ պատիժի ալ ենթարկուած են, այսինքն պաշտօնանկ եղած  ու բացը մնացած։ Ամէն մեղքերնուս վրայ պատերազմական ատեաններ ալ կազմուած են, որոնք տանձի կոթի օրէնքին հետեւած ատեննին անգամ ասոնց վրայ չեն խորհած։ Ժողովուրդը գրգռող խմբագիրը չէ հետապնդուած։ Իթթիհատի պատկանող թալանճիները՝ որոնց Հայերու տուներէն յափշտակած գողունի ապրանքները՝ հաստատած են իրենց ոճիրը, զերծ մնացած են ո՛ եւ է պատիժէ։

Այս պօռացող անիրաւութեանց դէմ ամէն կողմէ արտայայտուած բուռն բողոքներէն ետքն է որ գրգռիչ խմբագիրը, Ատանայի այն ատենուան կուսակալը եւ ուրիշ մէկ քանի անձինք, թէեւ հարցաքննութեան ենթարկուած են, բայց ոչ ոք գործին խորը պրպտած է։ Խմբագիր Իհսան Ֆիքրիի դատավարութիւնը, մանաւանդ Գաղատիա աքսորուիլը, Հիւսէին Հիլմի փաշայի ուղղած նշանակալից ու սպառնական հեռագիրները, Պոլիս բերուիլը, Հիւսէին Հիլմի փաշայի հետ տեսակցութիւնները եւ քիչ մը ատեն ետք Պէյրութի մէջ յանկարծամահ ըլլալը… ուշադրութեանը զարկած է քննադատներուն. նոյնպէս Ատանայի եղեռնը քննելու համար ծանօթ իթթիհատական երեսփոխան՝ հայազգի Յակոբ Պապիկեան էֆ[էնտի]ի յանկարծամահ ըլլալը եւ Խորհրդարանին մէջ կարդալու համար պատրաստած  տեղեկագրին կորսուիլն ալ մասնաւորապէս շատ մը ըսի ըսաւներու տեղի տուած է. Պապիկեանի տեղեկագիրը Պատրիարքարանի մէջ պահուած է, կ՚ըսուի։

Ատանայի Հայոց թաղը փոս տեղ մըն է. իսկ իսլամներուն թաղը՝ բարձր բլուրի մը վրայ։ Հայոց թաղին հակառակ կողմը, այսինքն իսլամներու թաղին շրջակայքը՝ վրաններու տակ բնակող զինուորներուն վրայ գիշերը հրացան պարպուեր է, զինուորները գրգռուեր եւ հայոց թաղին վրայ յարձակեր են։ Նկատելով որ հայոց թաղէն անկարելի է գնդակ արձակել զինուորներուն վրայ, հարկ չէ տեսնուած քննութիւն կատարել այս մասին։ Թուրքերը քրիստոնեաներուն դէմ գրգռելու համար, Ատանայի մէկ մզկիթին դուռը աղտեղութիւն քսուած էր. այդ ամբարշտութեան հեղինակը՝ երբ կարելի էր վկաներով հաստատել թէ իսլամ գիշերապահ մըն է, ատոր ալ ինքնութիւնը զանց առնուած է։

Պաշտօնական տեղեկագիրներէ քաղուած ըլլալը ապացուցուած այս դէպքերը՝ կրնան հանրային գաղափարը պղտորել. անհրաժեշտ է լուսաբանել այս գաղտնիքը եւ պատասխանատուները ճշդելով խստօրէն պատժել զանոնք, որովհետեւ Ատանայի դատապարտեալները՝ իբրեւ մարդասպան պատուոյ բռնաբարիչ եւ հրդեհող՝ ծանր եղեռնագործութեամբ դատապարտուած են։ Այս կարգի ոճրագործներ ընդհանուր ներումներու առթիւ երբ պարզ յօդուած գրող խմբագիր մը եւ կամ անպատշաճ խօսքեր արտասանողի մը նման անկարեւոր խնդիրներու համար դատապարտուածներէ աւելի շուտով ներման կ՚արժանանան, իհարկէ կը ստիպուի մարդ մտածել թէ Ատանայի այս գործին մէջ արդարեւ մեծ գաղտնիք մը կայ»։

«Միզան»ի Խմբագրապետ

ՄՈՒՐԱՏ