ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԺԴԺՈՒԹԻՒՆՔ

«Ատանայի կոտորածին գործուած բազմատեսակ եւ աներեւակայելի խժդժութեանց մասին գաղափար մը տալու համար, անոնցմէ քանի մը կերպերը առաջ կը բերենք որ բաւական կ’ըլլայ աղէտին որ աստիճան սարսռացուցիչ ըլլալը ցոյց տալու:

ԱՏԱՆԱՅԻ ՄԷՋ. Պօյաճեան ընտանիքին ամբողջ այրերը սպաննելէ ետք, անոնց արիւնով տան արտաքին եւ ներքին պատերուն վրայ խաչեր կը գծեն, յետոյ այդ տունէն կին ու աղջիկ կը բռնաբարեն, եւ անոնց արիւնոտ ներքնազգեստները պատուհաններէն կախելով, բռնաբարուածներն ալ կիսամերկ վիճակի մէջ փողոցը կը շարեն եւ կը ցուցադրեն խուժանին, հրաւիրելով անոնք ալ որ այսպէս ընեն:

Ագճա-մէսճիտ թաղը Եափուճի Գէորգին տունը գտնուող 15 այր մարդիքը մեռցուցան են հետեւեալ կերպով: Պառկեցուցած կուրծքերնին բանալով թոքերին հանած եւ այնպէս մեռցուցած են, ու այնուհետեւ սոյն թոքերը նետած են անոնց կիներուն, մայրերուն եւ զաւակներուն առջեւը:

Նոյնպէս Ատանայի մէջ է որ բաւական թուով անձեր երկու սեռէ մինչեւ իսկ մանուկներ յօշոտելով սպաննուած են, այրերուն մեծ մասամբ ծննդական գործարանները կտրուած, ոմանց կոկորդը, ոմանց թեւերուն եւ ոտքերուն յօդուածները կտրտած, հորերը նետած եւ վրանին ալ քար լեցնելով մահացուցած են: Բաւական թուով ալ տուներու մէջ այս ձեւերով յօշոտելէ ետքը կոյանոցները նետուած են:

Կիներն ալ առ հասարակ յօշոտուած են իրենց ծիծերը կտրտուելով:

Նոյնպէս Ատանայի եւ շրջականերու մէջ պզտիկ տղաքները լալով պօռալով փախած ատեն, ետեւէն գնդակահար ըլած են: Այս պարագան քանիցս պատմուած է մեզի օտար կարեւոր անձնաւորութիւններէ ալ: Պըզտիկ տղայոց մէջ բաւական թուով թիփատուածներ կան, որոնցմէ քանի մը հատ ալ ունինք որբանոցներու մէջ:

ՄԻՍԻՍԻ ՄԷՋ. Միսիսի մէջ քիչերը դանակով կամ հրազէնով սպաննուած են, այլ մեծ մասմաբ կացինով եւ այրուելով մեռած են: Զորօրինակ 10-15 հոգի իրարու կապելով, որոնց մէջ 7-8 տարեկան մանուկներ ալ գտնուած են, գլուխնուն վար քարիւղ թափելով բռնկցուցած, եւ այսպէս ողջ ողջ այրած են: Այս խեղճերը այրած միջոցին բնական եղող կոծի ու գալարումներու ատեն, իրենք ալ ասդին «Հիւրրիյէթ շարգիսի սէօյլէյորլար, օյուն օյանյորլար» ըսելով տէֆ զարկած են:

Միսիս մէջ Յակոբ Գասպարեանի որդի Ատիլպէր անունով 21 տարեկան երիտասարդին կուրծքէն մինչեւ որովայնը կացինով կը բանան, «տուր շու հիւրիւյէթի արայալըմ վէ պուլալըմ» ըսելով ներքին գործարանները դուրս կը քաշեն: Ատիլպէրի 23 տարեկան Իսկէնտէր անուն եղբայրն ալ կացինով բազմաթիւ կտորներու կը բաժնեն եւ յօշոտումը կը սկսին այնպիսի տեղերէ որ կարելի եղածին չափ ուշ մեռնի:

Միսիսի մէջ Թէրզեան Յովհաննէսի տունը ապաստանած են 25 հոգիի չափ այր ու կին: Գօլ-աղասիի հրամանով տունը կը պաշարեն, Գօլ-աղասին ինք իր ձեռքով կրակ կուտայ տունը, որուն մէջ գտնուողներուն մինչեւ մոխիր դառնալը կ՚երգէ եւ կը պարէ խուժանը:

Միսիսի մէջ Մինաս Տէր Գրեգորեանի յղի կնոջ արգանդը բացած եւ մանուկը դուրս քաշելէ եւ կտոր կտոր ընելէ ետք մօրը արգանդին մէջ դրած են կրկին:

Միսիսի մէջ Աջապահեան 30 տարեկան Միքայէլ Վարդապետը սպաննած են հետեւեալ կերպով. Սոսկալի տանջանքներէ ետքը գլուխը կտրելով հրացանի մը ծայրը կ’անցնեն, եւ բաւականը պտտցնեն. եւ «Հիւրիւյէթ սարգալընա պագըն» պօռալով կը նախատեն ու յետոյ «Տուր պագալըմ իչինտէ նէ՞ վար» ըսելով գլխին ոսկորը կը կոտրեն:

ԳՕԶ ՕԼՈՒԳԻ ՄԷՋ. Ամենէն աւելի խժդժութիւն գործուած վայրերէն ալ մին եղած է Գօզ-օլուգ, ուր եւ ուրիշ տեղեր պատահածները կ’ամփոփենք:

Գոզ-օլուգ գիւղին մէջ միւֆթիին հրաւերովը Հայ երկսեռ բնակչութիւնը կը ժողվեն հրապարակը, եւ կը պահանջեն որ իրենց զէնքերը յանձնեն, մինչդեռ խեղճ գիւղացւոց մօտ իրենց ուզած զէնքերը չիկար, եղածներն ալ քանի մը խեղճուկ որսի հինցած հրացաններ են եղեր: Այս զէնքերը ժողովելէ ետք, միւֆթիին հրամանին վրայ ջարդը կը սկսի, մէկ կողմէ այրերը կ’սպաննեն, միւս կողմէ կիները անմիջապէս նիքեահ կ’ընեն, եւ հոս է որ տեղի կ՚ունենայ աշխարհիս մէջ նմանը չի լսուած վայրագութիւն մը:

Աղջիկը՝ իր հօրը, քոյրը եղբօրը, կինն իր ամուսնոյն աչքին առջեւ նիքեահ ընկելէ ետք, այրերը կը զարնեն, եւ անոնց կիսամեռ դիակներուն վրայ կը բռնաբարեն այդ կիները: Այս վայրագութեանց միջոցին լացող եւ իրենց մօրմէն բնականօրէն բաժնուիլ չուզող երախաներն ալ ոտքերէն բռնելով եւ գլուխնին քարերու զարնելու կը սպաննեն:

Յղի կանանց վրայ գործադրուած վայրագութեանց մէկ ահռելի տեսակն ալ սա է որ՝ անոնց ծննդական գործաններուն մէջ ոմանց ատրճանակ պարպած են «տղեկը ներսը սպաննենք» ըսելով, ոմանց ալ վառօդ լեցնելով բռնկցուցած են:

Իրենց ծնողացը, մանաւանդ մօրերնուն գիրկը սպաննած են տղաքներ, մանուկներ, ինչպէս նաեւ իրենց զաւկին, մասնաւորապէս աղջիկ զաւկին թեւին վրայ եղբայրը, կնօջ քով ամուսինը։

Բռնաբարուողներուն մէջ կան մինչեւ 9 տարեկան աղջիկներ, որոնցմէ ոմանք հակաբնական կերպով ալ ենթարկուած են լլկումի: Ինչպես նաեւ մանչ տղաքներ, որոնցմէ ամենէն պզտիկն է 4-5 տարեկան: Այս վայրագութեանց միջոցին գտնուած են այնպիսիներ, որոնք մեռած են յանկարծ, կան նաեւ խենդացածներ եւ ապշահարներ, կան ոմանք ալ որ իրենք մահուան դիմած են:

ԱՆՁՆԱԶՈՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Ապրիլ 13ին Միսիսի մէջ Պէրպէր Գաբրիէլի կինը Մարիամ 12-18 տարեկան 5 աղջիկ զաւկի մայր, ջարդն ու հրդեհը սկսածին պէս իր մօտ գտնուողներուն կ՚ըսէ թէ «ես գիտեմ գլխիս գալիքը, ամուսինս պիտի մեռցնեն, յետոյ զիս ու աղջիկներս պիտի առեւանգեն, սակայն անոնց աղջիկ չեմ տար»: Այս մայրը իր աղջիկներուն մազերը իր ձեռքով իրարու կապելով կրակին մէջ կը ձգէ եւ երբ կը տեսնէ որ անոնք այրեցան, ինքն ալ կը նետուի կրակը եւ կ՚այրի:

ԳՕԶ-ՕԼՈՒԳԻ մէջ. Սարաճ Սարգիսի տղան Ահարոն 22 տարեկան որ երկու ամսուան ամուսնացած էր Խաչեր քէհեայի Պերճուհի անուն 17 տարեկան աղջկան հետ: Կինը՝ Պերճուհի տեսնելով ջարդն ու բռնաբարումները, կ’առաջարկէ իր ամուսնոյն որ զինքը սպաննէ որպէսզի խուժանին ձեռքը չիյնայ: Ամուսինը բաւական վարանելէ ետք, խուժանին իրենց վրայ գալը տեսնելով, իր ձեռքով նախ կը սպաննէ կինը եւ յետոյ անձնասպան կ’ըլլայ:

Խժդժութեանց բաժինը չը փակած, պէտք կը տեսնենք նաեւ աւելցնել հետեւեալ վայրագ իրողութիւններն ալ: Ինչպէս ըսինք, սպաննուածներէն մաս մ’ալ գնդակով կամ դաշոյնով մեռցուցած չեն, այլ յօշոտուելով կիսամեռ վիճակի մէջ ձգուած են, այսպիսիները անտանելի տանջանքներով իրենց վերջին շունչը փչած են, այս կարգէն են հետեւեալները:

Հայ մը կը բռնեն եւ կը հրամայեն խաչակնքել, մարդը խաչի նշանը ընելէ ետք, աջ ձեռքը կը կտրեն, յետոյ կը ստիպեն որ ձախ ձեռքով խաչակնքէ, խեղճը կը գործադրէ, ձախ ձեռքն ալ կը կտրեն, հիմա ոտքերովդ խաչ հանէ կ’ըսեն, երբ չկրնար ընել, որովհետեւ կարելի չէ, ուրեմն ոտքերդ քեզի օգտակար չեն ըսելով անոնք ալ կը կտրեն, եւ այդ վիճակին մէջ կը նետեն հոր մը կամ կոյանոցը: Յետոյ այսպիսիներուն դիակները հորերէն եւ կոյանոցներէն հանել տրուելով, թաղուած են գերեզմանատան մէջ:

Ինքզինքնին ազատելու համար Ամերիկեան Միսիօնար՝ Մըստըր Չէմպրսի գիրկը ապաստանած Հայ բող[ոքական] երկու քարոզիչներ խուժանին կողմէ գրկէն քաշուելով փողոցին մէջ ոչխարի պէս մորթուած են:

Տասնեակներով կը համրուին այր, կին, ծեր եւ տղայ, որոնց ոտնք ու ձեռքը կապելով ողջ ողջ գետը նետած են, որոնցմէ յետոյ բաւական թուով ժողվելով թաղել տրուեցան:

Ատանայի մէջ կոյր քէպապճի մը ջարդի ատեն շարունակ կը խնդրէ որ իրեն ալ կեավուր մը սպաննել տան, որպէսզի Երկնային վարձքի արժանանայ: Վերջ ի վերջոյ տղու մը առաջնորդութեամբ փողոցը փռուած կիսամեռ հայու մը քով կը տանին, քէպապճին միս կտրելու յատուկ դանակովը զինուած՝ կ’իյնայ այդ հայուն վրայ, եւ կտոր կտոր ընելու չափ կը զարնէ եւ «օ՜խ, շիմտի սէվապը գազանտըմ» ըսելով կը գոհանայ:

12 տարեկան տղեկ մը բռնելով, գլուխը ճերմակ կտաւ կը փաթթեն եւ «ա’լ դուն իսլամ եղար, գնա՛, մենք քեզ արքայութիւն կը ղրկենք» ըսելով կը ձգեն: Տղեկը հազիւ թէ քանի մը քայլ յառաջացած, ետեւէն գնտակահար կ’ընեն, փոքրիկը արիւնլուայ կ’իյնայ պօռալով, ելլելու եւ փախչելու փորձ կ’ընէ «ամա՜ն, ամա՜ն» գոչելով, նորէն կը զարնեն, այս անգամ ալ վերջնականապէս կ’իյնայ եւ տանջանքներով կը մեռնի, այս դէպքը կը պատմէ Իտալացի Տիկին Պրազաֆօլի:

Ատանայի շրջակայ գիւղաքաղաքներու եւ գիւղերու մէջ գետնափոր փուռեր կան (թոնիր): Միսիսի մէջ այդ տեսակ փուռ մը տաքցնելով, մէջը կը լեցնեն քանի մը տասնակերով մանուկներ իրենց մօրը եւ հօրը ներկայութեան, փուռը կափարիչով խիստ մը կը գոցեն. տղաքը կը սկսին պոռալ, իսկ խուժանը «տեֆ» կը զարնէ մինչեւ անոնց այրիլն ու մեռնիլը, եւ ձայներուն դադարումը: Յետոյ այդ տղոց հայրերը կը սպաննեն եւ մայրերը կ’առեւանգեն:

Միսիսի մէջ 60ամեայ կին մը 40 անձէ յաջորդաբար կը բռնաբարուի, կինը չի դիմանար եւ կը մեռնի, սակայն գազանօրէն լլկումը կը շարունակուի:

Նոյնպէս Միսիսի մէջ ծերունիի մը արիւնը առնելով պատին վրայ այդ արիւնով խաչ կը շինեն ու յետոյ այդ ծերունին վրան կը խաչեն:

Ծնողաց ներկայութեան իրենց զաւակները յօշոտելով կը ստիպեն որ անոնց միսը ծնողքն ուտէ: Ոմանք կը մերժեն, ոմանք ալ խելայեղօրէն մինչեւ իսկ կ’ուտեն, սակայն ուտողն ալ չուտողն ալ կը սպաննեն: [1]

֎ ֎ ֎

  ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԷՏԵՐ. Հրդեհները նախապէս կազմակերպուած են կատարեալ կարգապահութեամբ եւ որոշեալ ծրագրի մը համաձայն: Ատանայի մէջ հրձիգները առաջնորդած են պէլէտիէի ճարատարպետ Հիւսէյին եւ Սալճըլար թաղէն հանրածանօթ Գըպրըզլը օղլու Սիւլէյման: Հրձիգները օրեր առաջ կազմակերպուած են ամբողջ նահանգին մէջ, մօտ 500 հոգիներնէ ճէմիյէթը մուհամմէտիէի նախաձեռնութեամբ: Այս մասին մեր ունեցած տեղեկութիւններէն զատ լսուած է նաեւ Ատանա Արնավուտներու գործարանի մեքենավար Ռիզայի յայտարարութինը, զոր ըրած է Եղիա Տէմիրճեանի եւ Ուստա Մանուկին: Ռիզայի յայտնութիւնը կը հաստատէ նախապէս մեր առած եւ վերը յիշած տեղեկութիւնը:

Նոյնպէս առաջին դէպքը սկսելուն պէլէտիէի մէջ Ատանայի յատակագիծը ներկայացնող Քարտէսին վրայ մասնաւորապէս կը նշանակուին այն թաղերը որոնք կարճ ատենի մը մէջ ամբողջովին մոխիր դարձած են: Ականատես եւ կենդանի վկաներէ ստացած ենք այս տեղեկութիւնները, եւ արդէն թէ Ատանայի եւ թէ ուրիշ վայրերու մէջ հրդեհին սկսելուն ձեւը, առած ուղղութիւնը եւ աւերուած թաղերն ալ նոյնը կը հաստատեն:



[1]        «Չի Կարծուի թէ պատմուած դէպքերը միմիայն յիշուած անձերուն վրայ կատարուած են, այլ ընդհանրապէս այս վայրագ կերպով եւ միջոցներով մահացուցած են հայ բնակչութիւնը»: