ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐՋԱՊԷՍ

«Այն օրը քաղաքին ամէն կողմերը խառնաշփոթութիւն կար, երկու կողմի դիրքերուն տարբերութիւնը՝ հայերուն իրենց ամրացած տեղերէն փողոցները պտըտողները ջարդելնին եւ իսլամներուն տգիտօրէն որսուելնին էր։ Այս պատճառաւ առաջին օրը շատ թուրք սպաննուեցաւ։ Հայերը՝ մեծամասնութեան տեսակէտով գտնուած տեղերնին քաղաքին կեդրոնը ըլլալուն, Թարսուս-գափուսիէն մինչեւ Գալա-գափուսու, Ճէրէճիներէն մինչեւ շուկային մէջը մտնելն ու պտըտիլն անկարելի եղած էր։ Այն կողմերը ո՛վ որ պտըտէր, գնտակին դէմ կերթար»։

«Խառնաշփոթութեան այս կերպով մէկէն ի մէկ տարածուելուն եւ շատ մը իսլամներու սպաննումէն սարսափահար իսլամ մշակները՝ այն օրը շուկայ եւ պազարները յարձակելով, Ատանայի՝ իրաւամբ շատ տեղերը նմանը չի տեսնուած այն գեղեցին շուկաները աւերակի վերածեցին եւ ճամբաները հանդիպած հայերնին դանակներով եւ փայտերով սպաննեցին»։

«Շուկաները գտնուող գոյքերուն գրեթէ ամենը հայերունն էր, եւ կալուածներէն մեծ մասը իսլամներուն կը պատկանէր»։

«Շուկան՝ իսլամներու կողմէ տակն ու վրայ ըլլալուն վրայ, հայ ֆէտայիներն ալ իսլամները վնասելու նպատակով իրիկուան դէմ շուկան կրակի տուին [1] ու շուկային Գարասօգուէն մինչեւ Եաղ ճամիսի երկարող մասը այրեցաւ, որոնց մէջ էր Պալճը-օղլու պանդոկը»։



[1]            Խեղաթիւրում ըսուածն ալ այսչափ կ՚ըլլայ…։