ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԸՐԸԳ—ԽԱՆԻ [1] ՋԱՐԴԸ [2]

«Ապրիլ 5ին, Գըրըգ-խանի շրջակաները գտնուող 12ի չափ գիւղերու Թուրք, Չէրքէզ, Քիւրտ եւ Կրետէցի ժողովուրդը Գըրըգ խանի վրայ յարձակելով մի քանի ժամ անընդհատ կրակի բռնեցին գիւղը, եւ յետոյ գիւղ մտնելով բոլոր քրիստոնեաները տեղ մը լեցուցին։ Նախ տուներն ու խանութները թալանելէ ետքը այրեցին։ Քրիստոնեաներուն մէջ գտնուղ կիներէն գեղեցիկները զատելով տարին եւ մնացածներու գլուխները ճերմակ փաթթոց փաթթելով՝ Գըրըգ խանի մօտերը գտնուող եւ իսլամական ուխտատեղիի մը տէրն եղող Մուսթաֆա փաշային քով առաջնորդեցին։ Հոն այրերը սպաննեցին եւ մնացած այրի ու որբերը յիշեալ փաշային յանձնեցին։ Այս աներեւակայելի վայրագութեանց միջոցին այրերէն ոմանք փախան։ Խեղճ հայ մը Գրըրգ-խանի մէջ իր կինն ու զաւակները յարդանոցին մէջ պահելէ ետքը լեռը փախած էր, վերադարձին տեսնելով որ յարդանոցն այրած եւ ընտանիքն ալ մոխիր դարձած էր, խելագարեցաւ ու անձնասպան եղաւ.

Գըրըգ-խանի մէջ այրեցան 34 խանութ 66 տուն 2 փուռ 3 սրճարան, 1 օթէլ, 15 պանդոկ (Խան) եւ 121 տուն։ Իսկ ջարդուող հայերուն թիւն է 82 եւ կորսուած են15 հոգի։  250ի չափ այրի կիներ եւ որբեր՝ վերջին աստիճան թշուառ վիճակի մէջ, հետիոտն վիճակով երթալու պայմանաւ, Հալէպէն եկած զինուորներուն յանձնուելով ՊԷյլան ղրկուեցան։ Գըրըգ-խանէն փախցուած կիներէն շատերը դեռ կը մնան Քիւրտերուն ձեռքը։ Շատ մը վայրենիներ՝ իրենց հետ բազմաթիւ հայու կիներ բերելով, պսակուած ըլլալնին յայտնեցին եւ դարձեալ ետ տարին իրենց գիւղերը։

Գըրըգ-խանի ջարդին միջոցին չարաչարօրէն սպաննուեցան շրջակաները գտնուող Ամուխա Տէյիրմէն գարշը գիւղերուն 20ի չափ հայ ջաղացպաններն ու հացագործները»։



[1]            Գըրըգ—խան՝ Իսկէնտէրունի եւ Հալէպի մէջտեղը կը գտնուի, ջարդէն առաջ 25 տունի չափ Հայեր կային, որոնք խանճի եւ փերեզակ էին։ . Յ. Թ. )

[2]            «Աւետաբեր»էն։