ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱԿՈԲ ՊԱՊԻԿԵԱՆԻ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷՆ ՔԱՂՈՒԱԾՆԵՐ

«Ամէն ոք ազատ է իր կարծիքն ունենալու, իր մտածողութեան խորը ցոյց տալու եւ ճշմարտութիւնը երեւան հանելու։ Ես ուրեմն պիտի խօսիմ կատարեալ ճշմարտութիւնը եւ պիտի կրկնեմ կատարեալ համարձակութեամբ եւ աներկիւղ ինչ որ տեսայ եւ լսեցի։

Տասնեւութը տարիքէս ի վեր գտնուած եմ զանազան խռովութիւններու Պուլկարիոյ եւ Հերչէկօվինի մէջ։ Շատ բաներ տեսայ, ներկայ եղայ Գըրգքիլիսէի ջարդին Էտիրնէի մօտ, բայց երբէք չեմ տեսած Ատանայի նահանգին մէջ կատարուած ջարդին եւ աւառութեան նմանը։

«Ասոնք իրենց սարսափով գերազանցած են Ապտիւլ Համիտի ժամանակ եղածները, որովհետեւ այդ րէժիմին տակ գոնէ կարգապահութեան մը կը հետեւուէր։ Ծէրերուն, տկարներուն, կիներուն եւ մանուկներուն կը խնայուէր, աւարը այս ծայրայեղ աստիճանին չէր հասներ, եւ վնասը այսքան ահագին երբէք չէր եղած։ Մինչդեռ Ատանայի մէջ այրած են հիւանդ եւ վիրաւոր ինչ որ գտնուած է։ Միսիսի եւ Համիտիէի եւ Պաղչէի Հասան Պէյլիի եւ Օսմանիէի մէջ  12 տարեկանէն վեր բոլոր արուները գլխատած են։ Ամենը հրկիզուած են, կիներ, տասնըվեց տարեկան տղաք վիրաւորուած են, ամէն տեսակ պիղծ արարքներ գործուած են։ Այսպէս Տարսոնի մէջ վաթսունամեայ երկու ծեր կիներ իրենք իսկ հաստատած են իրենց բռնաբարուիլը, ինչպէս նաեւ չորս փոքրիկ աղջիկներ՝ ութը տասը տարեկան։ Մէրսինի միւթէսարըֆ Էսատ պէյի եւ ուրիշ պաշտօնական անձնաւորութիւններու ներկայութեան դայեակէ մը վկայագիր մը ստացանք այս կիներու եւ աղջիկներուն անգթօրէն բռնաբարուիլը հաստատող։ Անգլ[իական] Հիւպատոսին տիկնոջ կողմէն հաստատուած հիւանդանոցին սրահին մէջ բազմաթիւ անչափահասներ կը գտնուէին ծանրապէս վիրաւորուած որոնց ողբ ու կոծը լսեցինք։




Կիլիկիոյ նահատակներէն Օսմ[անեան] Երեսփ[ոխանական] Ժողովին կողմէ Կիլիկիոյ աղէտին քննիչ ՅԱԿՈԲ ԷՖ[ԷՆՏԻ] ՊԱՊԻԿԵԱՆ որ անկեղծ հայրենասէր եւ ջերմ «Իթթիհատական» մ՚էր։ Կիլիկիոյ մէջ հայերու հանդէպ գործուած աներեւակայելի խժդժութիւնները անհունօրէն կսկիծ ու ցաւ պատճառած էր իրեն, եւ որուն հայերու անմեղութեանը մասին արտայայտած զգացումները այն ատեն գաղափարներու մեծ յեղաշրջում առաջ բերին։ Պոլիս վերադարձին ծանօթ տեղեկագիրը պատրաստեց եւ կարդալէ օր մը առաջ 20 Յուլիս 1909ին դժբախտաբար անծանօթ պատճառով մը յանկարծամահ եղաւ այս ճշմարտութեան ախոյեանը, Մեծ-Ազգասէրը եւ Արդարախոյզ Պապիկեանը։ Հետեւեալ օրը Ազգին կողմէ ամենափառաւոր հանդէսով մը թաղուեցաւ Այասթէֆանոսի հայոց եկեղեցւոյն բակը (ծնած էր 1856ին Անդրանապոլիս)։

Մեզ հաւաստեցին որ դէպքին յաջորդ օրը խուժանին ազդարարուած էր Յոյներուն չի դպչիլ, բայց միեւնոյն ժամանակ Յոյներ ալ ջարդուած են։

ԿՈՐՈՒՍՏ. Ըստ իմ կատարած քննութեան արդիւնքին, անձերու կորուստը 25 կամ 30, 000ի կը հասնի, կառավարութիւնը պաշտօնապէս 2500 քրիստոնեայ եւ 1900 իսլամ կը ներկայացնէր. բայց հասկցուեցաւ որ Ատանան միայն 1000 զոհ ունի։ Ջարդուող քրիստոնեաներուն թիւը ծածկելու համար ամէն միջոցի դիմած են. զանազան վայրերու քահանաները, առաջնորդները եւ մուխթարները, որոնք միայն պիտի կրնային տալ ճիշդ գաղափար մը ջարդուածներուն մասին, բոլորը սպաննուած են։ Համիտիէի մէջ, ըստ հիւպատոսներու եւ թերթերու թղթակիցներուն, զոհերը 2000ի կը հասնին, բայց հոն եւս քահանաները խողխողուած ըլլալով կարելի չէ ճիշդ ու ճիշդ հաշուել մեռածներուն թիւը։ Բազմաթիւ բանուորներ եւ աշխատաւորներ, որոնք զանազան վայրերէ եկած էին հոն գործ գտնելու համար, խողխողուած են տանջանքներով։ Առնուազն 50, 000 գիւղացիներ եկած էին Մուսուլէն եւ ուրիշ տեղերէ գործի համար, եւ քննութիւնը հաստատեց որ նուազագոյն ըլլալով 20, 000ը հայեր էին։

Խօսակցութեան մը միջոցին, Ատանայի այժմու վալին, Զիհնի փաշա, ինծի ըսաւ որ քաղաքին մէջ արդէն 13, 500 հայ կը գտնուէր եւ հետեւաբար կարելի չէ 15, 000 զոհ ունենալ հոն. փաշան կը մոռնար որ օր մ՚առաջ ինքը յայտնած էր ինծի թէ կայարանին կողմը 12, 000 հայ գործաւորներ խմբուած էին վրաններու տակ որոնցմէ 10, 000ը արդէն արձակած եւ զանոնք իրենց տեղերը ղրկած էր. այս բանը երբ յիշեցուցի իրեն՝ լռեց որովհետեւ ճշմարիտ է որ այս գաղթականներէն 10, 000ը առնուազն, ճամբան յանկարծական յարձակումներու ենթակայ եղած առանց պաշտպանութեան սպաննուած եւ թոպամահ եղած էին։ 3, 000 հաճընցիներ՝ որոնք իրենց ապրուստը ճարելու համար Ատանայի կողմերն եկած էին՝ բոլորովին ջարդուած են։

Ըստ իս զոհերուն թիւը ապահովաբար 20, 000էն վեր է. աւելի ճիշդ թիւ մ՚ունենալու համար մանրակրկիտ քննութիւն մը պէտք էր, ինչ որ երկար ժամանակի եւ քննութեան կը կարօտէր։

Նիւթական վնասը, ըստ Զիհնի փաշայի յայտնութեան, 99, 000 ոսկիի կը հասնի, բայց համոզուած եմ որ, եթէ նոյնիսկ թուանշանին աջ կողմը զէրօ մ՚ալ առելցուի, դարձեալ իրականէն վար թիւ մը պիտի գտնուի։ Նշանաւոր Սուրիացի Իլիաս Թիւրքմէնը միայն 30, 000 ոսկիէն աւելի շէնքեր կորսնցուցած է։ ՊԷհչէ գաւառակին փլցուած հազար տուները եթէ հարկ ըլլայ վերաշինել, իւրաքանչիւրին 25 ոսկի միայն յատկացնելով 25, 000 ոսկի պէտք էր արդէն. եւ իրապէս այս տուներուն իւրաքանչիւրը առնուազն 250—500 ոսկի կ՚արժէր ինչ որ ցոյց կուտայ անճշդութիւնը պատրաստուած վիճակագրին։ Հրկիզուած կալուածներէն՝ Ատանայինը միայն, 750, 000 ոսկիի ապահովագրուած էր, ինչ որ իմ մէջ կը հաստատէ սա ճշմարտութիւնը թէ վնասին ամբողջութիւնը իրականին մէջ երեք միլիոն Օսմ[անեան] ոսկիէն վար չէ։

Կոտորածը սկսած է ապրիլ 1/13ին Չորեքշաբթի օրը եւ 3 օր տեւած է շարունակ։ Րումէլիի զինուորներուն հասնելուն վրայ, Ապրիլ  12/25ին Կիրակի օրը իրիկեւան ժամը 10 ին դարձեալ սկսած է եւ վերջացած է յաջորդ Երեքշաբթի օրը…։

Թուրքերը յարձակած են Հայ թաղերուն վրայ, եւ վերջինները անոնց դիմադրած են, միայն անոնց յարձակումներուն դէմ իրենք զիրենք պաշտպանելու համար. ինչ որ կ՚ապացուցանէ թէ՝ հայերը չեն ապստամբած եւ թուրքերուն վրայ չեն յարձակած անոնց թաղերուն մէջ։ Այս կէտը շատ որոշ կերպով ցոյց կուտայ թէ կանխամտածուած զինեալ կազմակերպութիւն մը կը գործէր, անխնայ ջարդելու համար քրիստոնեաները…։

Ճէվատ պէյ կը պնդէ թէ զինուորական բաւականաչափ ոյժ չունէր զսպելու համար ժողովրդական այս շարժումը, բայց երբէք ճիշդ չէ այս, որովհետեւ եթէ բարի կամեցողութիւն ունենար անիկա, շատ լաւ պիտի կրնար արգիլել այս արիւնահոս դէպքերը։ Արդարեւ ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ հայոց թաղը բնակող Օսման պէյ մը, գաղտնի նամակ մը ղրկելով Ճէվատ պէյի, ջարդերը վայրկենաբար կը դադրին այս թաղին մէջ։ Այս կ՚ապացուցանէ որ, կառավարութիւնը հաղորդակից էր խուժանին եւ որ կրնար կեցնել այս շարժումը ընդհուպ՝ եթէ ուզէր։

Ապրիլ 12/25ի երկրորդ կոտորածին առիթ եղած է՝ Հայերուն կողմանէ Րումէլիէն եկած զինուորներուն վրայ եղած յարձակումի մը շինծու լուրը։ Զինուորները կը յարձակին Հայ թաղերուն վրայ, հրդեհը եւ աւարառութիւնները կը սկսին աւելի ուժգնութեամբ։ Մեր քննութիւնը հաստատեց որ հայոց թաղէն զինուորներուն բանակատեղին բացարձակապէս անտեսանելի էր. անոնց վրայ հրացանի գնդակները արձակուած են բլուրի մը վրայ հաստատուած թուրք տունէ մը. եւ հայերուն կողմէ եղած յարձակումի մը զրոյցը, յանիրաւի տարածուած է խռովարարներու կողմէ. ասիկա հնարք մըն էր միայն դէպքերուն պատասխանատուութիւնը ձգելու համար անպաշտպան հայերուն վրայ…։ Մենք համաձայն չէինք այս կէտին վրայ պաշտօնակցիս Եուսուֆ Քէմալ պէյի հետ. անիկա աւելի հակամէտ էր հաւատալու թէ հայերը կրակած են զինուորներուն վրայ այս թաղէն, մինչդեռ ապացուցուած է որ Ապրիլ 1/13ի ջարդէն ասդին այլեւս այս կողմը հայեր գոյութիւն չունէին…։

Ճշդուած է որ հայերը չունէին ոչ ռումբ, ո՛չ ուժանակ, եւ որ զրպարտութիւն մըն է նետուած Ճէվատ պէյի կողմէ այս ազգին երեսին, պարտկելու համար բոլոր վայրագութիւնները վաչկատուն վայրենիներուն կողմէ գործուած…։

Խեղանդամուած կիներ եւ տղաքներ շէնքերու մէջ փոխադրուած ողջ ողջ այրած են. նոյնպէս յղի կիներ՝ իրենց արգանդովն խլուած սաղմով…։ Զուտ յերիւրանք մըն է հաւասարապէս, գոյութիւնը զոյգ թնդանօթներուն Նաճառլըի [1] մէջ, հայոց կողմէ շինուած, երկու ջուրի խողովակներու միջոցաւ եւն. ։ Այս ամենը սահմանուած են հաւատացնել տալու հայերուն ապստամբութիւնը եւ արդարացնելու կարելի եղած չափով՝ կառավարութենէն քաջալերուած խուժանին վայրի արարքը։

Ճէվատ պէյ կը պնդէր թէ 12, 000 զէնք ներմուծուած է Ատանա եւ գնուած է հայերուն կողմէ։ Արդարեւ հայերն ալ զէնք գործածած են բայց ներմուծումներուն ամենէն մեծ մասը բաժնուած է Թուրք հասարակութեան։ [2]

Հայերը իրաւունք ունէի՞ն զէնք կրելու, կը կարծեմ թէ կասկած չի վերցներ ասիկա. ամէն մարդ կարող ըլլալով զինուելու ինքնապաշտպանութեան համար. իսլամներուն չափ հայերն ալ կրնային զինուիլ, եւ այս երկիրը, այնչափ անգամներ ջարդուած ու կոտորուած, գերազանցապէս իրաւունք ունէր զինուելու պաշտպանութեան համար, քան ուրիշ ո՛ եւ է տեղ…։ Եթէ կառավարութիւնը զինաթափ ընէր ժողովուրդին բոլոր տարրերը, հայերն ալ բնականաբար պէտք է ըլլային բայց դժբախտաբար հայն էր միայն զինաթափուողը, դիւրութեամբ ենթակայ ըլլալու համար ուրիշներու յարձակումներուն եւ մորթուելու իբրեւ ոչխար…։

Ոչինչ կայ որ կարենայ ապացուցանել ո՛չ իսկ ծնցնել գաղափարը ապստամբութեան մը Ատանայի հայոց կողմէ, ընդհակառակը զոհաբերուած են անոնք յետաշրջականներու խաղին…։

Օսմանիէի, Համիտիէի, Տարսօնի, Տէօրթեօլի, Հաճընի, եւ ուրիշ վայրերու ջարդերը, մէկ խօսքով համանմանն ու միանգամայն արդիւնքն են Ատանայի շարժումին։ Միեւնոյն հրամանը ծնունդ տուած է ամէնուն. եւ այս ժողովրդական արուեստարկեալ շարժումը միեւնոյն պետէ առաջնորդուած ամէն տեղ եւ տարածուած սուտ զրոյցէ մը յառաջ եկած է, այսինքն «հայերը մեզ պիտի ջարդեն»։ Ապացոյց մը ահաւասիկ. ճէպէլի Պէրէքէթի կառավարիչը Ասաֆ պէյ կը հեռագրէր Ապրիլ 2/15 ին՝ «Տէօրթեօլ Ատանայի եւ Օսմանիէի վրայ պիտի քալէ» եւն. բայց այս լուրը յերիւրուած էր, որովհետեւ միեւնոյն թուակիր հեռագրով մը Օսմանիէ եւ Ատանա կ՚իմացնէր թէ Թաճիրլիի Աշիրէթը Տէօրթեօլի վրայ կը քալէ։ Ատանայէն Օսմանիէ եւ Համիտիէ քաշուած հեռագիրները կ՚ըսեն որ, դէպքերը կատարուեցան քաղաքին մէջ պանդուխտ իսլամներու կողմէ։ Ասաֆ պէյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան ուղղուած Ապրիլ 3/16 թուակիր հեռագրով մը կ՚ըսէր «Հասան ՊԷյլիի եւ Զէյթունի ֆէտայիները միացած՝ մինչեւ Ատանա գալ կը սպառնան, աւերելով ամբողջ լիվան», եւ անմիջապէս վերջ Ապրիլ  4/17ին կրկին կը հեռագրէր նախարարութեան եւ Ատանա, Թոյլտուութիւն խնդրելով արձակելու Փայասի բերդին մէջ փակուած 400 դատապարտեալները եւ զինելու զանոնք Իսկէնտէրունի տէփօէն եկած զէնքերով եւ ռազմամթերքով, ատով կազմելու համար վաշտ մը։ Ասկէ որոշակի կը հետեւի թէ իր նպատակը բոլոր այս թիապարտները ջարդի ղրկել էր հայերուն վրայ…։

Համիտիէի մէջ պատմեցին որ հայ քահանայ մը կրակ ըրած էր Արսլան պէկ անուն մէկու մը վրայ եւ այս եղած է սկզբնաւորութիւնը ջարդերուն։ Բայց մեր քննութիւնը ապացուցուց որ այս լուրն ալ կեղծ էր. որովհետեւ այդ միջոցին յիշեալ քահանան միս մինակ կառավարութեան դուռը եկած էր 40 օսմ[անեան] ոսկիով գետնի մը գնումին համար, ուրտեղ սպաննուած է։ Ասիկա մենք լսեցինք արժանաւոր վկաներու բերնէն, որպիսիք են Պր. Սապաթիէ, Ֆրանսացի ճարտարագէտ, եւ Համիտիյէի պատուաւոր մահմետական Ապտիւլ Խալիք։ [3]

Ես պիտի ջանամ ապացուցանելու հետեւեալ կերպով, այս ջարդին նպատակն էր բնաջնջումը հայերուն եւ քրիստոնեաներուն։

Ապրիլ 14/27ի իրիկունը, երկրորդ ջարդերէն վերջ, ոստիկաններ ազատուած հայերը քաղաքէն դուրս կ՚առաջնորդէին զանոնք բացօդեայ վրաններու տակ տեղաւորելու համար. այս պահուն կառավարութեան պալատին առջեւ կանգնուած Սահմանադրութեան յաղթական կամարը ոստիկաններու եւ զինուորներու կողմէ կացինի հարուածներով խորտակուած է «Կե՜ցցէ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ» եւ «Անկցի՜ Սահմանադրութիւնը» աղաղակներով, ամբոխին խելայեղ ծափահարութիւններուն մէջ, ի ներկայութեան քաղաքական եւ զինուորական բոլոր պաշտօնեաներուն…։

Եզրակացութիւն. Գրելէ առաջ տեսածս ու լսածս բաւական վարանեցայ, վախնալով թէ իսլամներուն արժանապատուութիւնը կը վիրաւորեմ։ Բայց երկար խորհրդածութենէ վերջ, որոշեցի ըսել ամբողջ ճշմարտութիւնը, մտածելով թէ խուժանին կողմէ գործուած արարքները չեն կրնար վիրաւորել ազգ մը նոյն իսկ իր էութեան մէջ, որովհետեւ անիկա պատասխանատու չէ չարագործ մարդերու ընթացքէն. ասկէ զատ իսլամական կրօնքն իսկ կը պատուիրէ միշտ ճշմարտութիւնը խօսիլ ամէն բանի մէջ։ Ահա թէ ինչո՛ւ համար ուզեցի ոչինչ ծածկել ճշմարտութենէն զոր գիտէի իբրեւ արդիւնք իմ կատարած քննութիւններուս, եւ երբէք չեմ խեղաթիւրհի իմ անձնական համոզումներս Ատանայի արիւնոտ շարժումին մասին։

Չեմ կարծեր որ տեղեկագրիս հրատարակութիւնը բնոյթն ունենայ խանգարելու եղբայրակցութիւնը այլազան տարրերու միջեւ, եւ կատարելապէս համոզուած եմ որ այս յիմար մարդասպանութիւնը այլեւս չի կրնար կրկնուիլ։

Բռնապետական րէժիմին տակ բնական բան մըն էր թագցնել բոլոր ճշմարտութիւնը, եւ այսպէս ձգելով վէրքերը բաց եւ անխնամ, տեղի տալ փտախտին, ժամանակն եկած է ցուցանելու զանոնք բացայայտ եւ անոնց սպիացման վրայ խորհելու»։

ՅԱԿՈԲ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

25 Մայիս 1900, Պոլիս



[1]            Շէյխ Մուրատ ըլլալու է։

[2]            Քաղուած Անգլ[իական] Հիւպատոս Պարոն Տաթի Ուիլիի տեղեկագիրէն եւ Տիկ. Տաթի Ուիլիի նամակներէն։

[3]            Արդարեւ Ճէվատ պէյ հակառակը կը գրէր, ամբաստանելով այս քահանան իբրեւ առաջին անգամ հրացան պարպողը, եւ եբրեւ ապացոյց կը բերէր Ֆրանսացի Պր. Ժօրժի մը վկայութիւնը, ճի՞շդ է որ այս ֆրանսացին այսպէս վկայած ըլլայ երբ Պր. Սապաթիէ եւ ուրիշ արժանահաւատ անձեր հակառակը կը հաստատեն։