ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ԱՏԱՆԱՅԻ ՆԱԽՈՐԴ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ՃԷՎԱՏ ՊԷՅԻ ԶՐՊԱՐՏԱԼԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ

«Անցած Մարտի վերջին շաբթուն, Իսֆէնտիար եւ Րահիմ անունով երկու  երիտասարդ իսլամներ ատրճանակով վիրաւորուեցան Յովհաննէս անուն հայու մը կողմէ, վերջը հասկցուեցաւ որ Յովհաննէսի հոմանուհին եղող կնոջ մը պատճառով մէջերնին հակառակութիւն կայ եղեր։ Էսֆէնտիար քանի մը օր ետքը մեռաւ իր առած վէրքին հետեւանքով։ Հակառակ ամէն կերպ հետապնդումներու եւ հետազօտութիւններու, մարդասպանը չի ձերբակալուեցաւ եւ զրոյց ելաւ թէ Կարապետ էֆ[էնտի] Կէօկտէրէլեան փախցուցեր է եւ կամ հայերը պահեր են զայն։ Աշխատեցայ ապահովել պէտք եղած անձերը թէ կառավարութիւնը ամէն ձեռնարկ կ՚ընէ ոճրագործը ձերբակալելու համար եւ հետեւապէս հաւատ ընծայելու չէ հրապարակ հանուած զրոյցին։ Յետոյ Զատիկը եկաւ։ Իսլամներուն եւ Հայերուն յարաբերութիւնները ժամանակէ մը ի վեր ձգտուած ըլլալով, հակառակ եղած յորդորներու, Զատկի առթիւ շատ զէնք պարպուեցաւ (սուտ է) [1] ինչ որ յուզում պատճառեց իսլամներուն։ Այսու հանդերձ, Զատկի գիշերը պահակախումբեր շրջեցան եկեղեցիներու շրջակայքը, որով ո՛ եւ է դէպքի տեղի տեղի չի տրուեցաւ։ Մարտ 31-ի օրուան իրիկունը, յանկարծ զրոյց ելաւ եւ ամէն կողմ տարածուեցաւ թէ  հայերը այգիներուն մէջ քանի մը իսլամ մեռցուցեր են, ստորեւ մանրամասնօրէն բացատրուելիք պատճառներով եւ ազդեցութիւններով հայոց հանդէպ արթուն գտնուող իսլամ ժողովուրդը կառավարական պաշտօնատան շրջակայ սրճարաններուն առջեւ եւ կարգ մը թաղերու մէջ ու փողոցներու գլուխը հաւաքուելով յուզման նշաններ ցոյց կուտար։ Այս լուրը առնուելուն պէս, իսկոյն պէտք եղած անձերը կանչուեցան, եւ անոնց ըսուեցաւ որ ոստիկանական պաշտօնեաներու միջոցաւ կատարուած քննութիւններէն այդ զրոյցին անհիմն ըլլալը հասկցուած է։ Գիշերուան ժամը 3-ին, հրամանատար փաշան եւ նուաստս ալ քննական պտոյտի ելանք, պէտք եղած յորդորները տուինք եւ կրկին ու կրկին ազդարարեցինք որ այսպիսի անհիմն զրոյցներու կարեւորութիւն չի տրուի։ Մէկ կողմէ այս զրոյցներուն հեղինակները երեւան հանելու աշխատեցանք եւ միւս կողմէ զինուորական պահակախումբեր կազմելով փողոցները պտտցնել տուինք։ Այն գիշերը ժամը 4-ի միջոցները լուր առնուեցաւ թէ  ատաղծագործ Լութֆիկ անունով հայ մը սպաննուեր է կառավարական պաշտօնատան շրջակայ փողոցներուն մէջ հաւաքուած իսլամներուն կողմէ։ Իսկոյն բժշկի միջոցաւ քննութիւն կատարուեցաւ եւ ոստիկանական պաշտօնատան մէջ սպաննութեան պարագաներուն եւ հեղինակներուն նկատմամբ հարցաքննութիւն եղաւ։ Գիշերը մինչեւ լոյս հրամանատար փաշային հետ խորհրդակցութիւն ըրինք եւ շրջուն պահակախումբերու կազմութեամբ եւ արագ միջոցներու տնօրինութեամբ զբաղեցանք։ Առտուն կանուխ, իւլէմաներն ու երեւելիները կանչուեցան եւ պաշտօն տրուեցաւ անոնց յորդոր ու խրատ տալու համար ամէն կողմ պտտիլ։ Քիչ մը ետքը կառավարական պաշտօնատունը գացինք։ Լուր եկաւ թէ հայ խանութպանները առտուն իրենց բացած խանութները գոցեր են եւ  իսլամներն ալ անոնց օրինակին հետեւեր են։ Ասոր վրայ հայոց երեւելիները կառավարական պաշտօնատունը հրաւիրեցինք եւ պաշտօն տուինք որ մտքերու յուզման տեղի չի տալու համար երթան յորդորեն խանութպանները որ իրենց գործերով զբաղին։ Այդ միջոցին գրգռութիւնը աւելցած ըլլալով, հրամանատար փաշային, քանի մը  պաշտօնատարներու եւ երեւելիներու հետ շուկայ գացինք եւ աշխատեցանք ցրուել փողոցներուն մէջ պտտող բազմութիւնը։ Եղանակին բերմամբ շրջականերէն եկած 10-15. 000 զանազան ցեղէ գործաւորներ, որոնք խաներու մէջ հոն հոս կը բնակէին, տեղացի ժողովուրդեան միացած էին, որով բազմութիւնը երթալով խտացած էր եւ մէկ կէտի վրայ ցրուողները ուրիշ կէտի մը վրայ կը հաւաքուէին։ Զինուորական պահակախումբերն ալ պտտելու վրայ էին։ Երբ կառավարական պաշտօնատունը դարձանք, զէնքի առաջին ձայները լսեցինք։ Նահանգին հարցաքննիչ դատաւորը, ոստիկան զօրաց գունդին հրամանատարը, ոստիկանութեան տնօրէնը, կանոնաւոր զօրաց ու ոստիկան զօրաց հազարապետները, ոստիկանական քօմիսէրները դէպքին ծագման նկատմամբ քննութիւն կատարելով տեղեկագիր մը տուած էին. որմէ կ՚երեւար թէ գրգռութեան պահուն շուկային մէկ կողմէն անցնող կառքի մը մէջ երկու հայ տեսնուեր են, որոնց ձեռքերէն տրցակ մը Մարթինի եւ մեծաքանակ ռազմանիւթ գրաւուեր եւ զինուորական իշխանութեան յանձնուեր են (սուտ է)։ Նոյն պահուն, հայկական թաղէն դէպի կամուրջ արագ արագ վազող ձիաւոր հայ մը՝ իսլամներու հաւատքին օրէնքին քֆրեր եւ զէնքի առաջին հարուածը պարպէր է (պոչաւոր սուտ է), եւ կուսակալութեան նախորդ թարգման Սիսլեան Աւետիսի տունէն արձակուած զէնքով Չէրքէզ Մէհմէտ անունով մէկը սպաննուեր է (աս ալ սուտ է)։ Ասկէ ծագում առաւ խռովութիւնը եւ ջարդերը սկսան քանի մը կէտերու վրայ։ Այս կերպով սկսուած խռովութիւնը տարածուելով, թափառաշրջիկները եւ գործաւոր դասակարգը իսկոյն թալանի սկսան։ Գիշերն ալ հրձիգութիւն եղաւ։ Խռովութեան ծագումէն ետք թէեւ հրամանատար փաշային հետ խորհրդակցելով որոշեցինք պատերազմական վիճակ հրատարակել եւ խնդիրը Բ[արձրագոյն] Դրան տեղեկագրեցինք, բայց պատերազմական ատեան կազմելու համար զինուորականներ չի գտնուելով եւ միւս կողմէ 10-15. 000 ըտարականներուն եւ 40-50. 000 տեղացիներուն դէմ անդորրութիւնը պահպանելու համար հազիւ 400 զինուորէ բաղկացած կանոնաւոր վաշտէ մը զատ ուրիշ ո՛ եւ է ոյժ չունենալով, կարելի չեղաւ պաշարման վիճակը ըստ օրինի գործադրել, եւ իրարու դէմ ատելութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ լեցուած ու թալանով զբաղած ժողովուրդը զսպել։ Այս պատճառաւ խռովութիւնը տեւեց երեք օր։ Այս միջոցին հրամանատար փաշան ու ես գիշեր ցորեկ ամէն կարելի միջոցներ ու կարգադրութիւններ ըրինք (անշուշտ խուժանը ա՛լ աւելի գրգռելով), եւ սակայն յիշուած պատճառներուն համար հազիւ երեք օրուան մէջ կրցանք գրգռութիւնը հանդարտեցնել։ Թէեւ Գարա-իսալուի եւ Թարսուսի պահեստի վաշտերէն քանի մը հատը բերել տուինք եւ զինեցինք, սակայն այս զինուորներն անկանոն եւ անզգեստ ըլլալով եւ միւս կողմէ տեղացի ըլլալուն համար միջոց մը իրենց գիւղերը պաշտպանելու նպատակաւ ցրուեցան, որով կարելի չեղաւ իրենց ծառայութենէն օգտուիլ։ Տեղւոյն վրայ զէնքի տակ կոչուած Միսիսի պահեստի վաշտն ալ ի վերջոյ Հաճըն ղրկուեցաւ, որով յաջողեցանք  անդորրութիւնը վերահաստատել հոն։ Դէպքին տեղեակ ըլլալու համար առաջին օրուան իրիկունը Ատանա եկաւ Մէրսինի Անգլ[իական] Հիւպատոսը եւ ըսաւ թէ քաղաքին մէջ պիտի պտտի։ Իրեն ուղեկից տուինք ոստիկան զօրաց հրամանատարը եւ կանոնաւոր զօրաց խումբ մը։ Հիւպատոսն այս կերպով կարգ մը տեղեր պտտեցաւ։ Խռովութեան երկրորդ օրն ալ պտտած միջոցին՝ երբ տեսնուեցաւ որ զինուոր մը հայու մը տունէն արձակուած գնդակէ մը գետին փռուած է (սուտ է), ձեռքը վեր վերցուց ազդարարելու համար որ զէնք չի պարպուի, այս միջոցին գնդակ մըն ալ իր թեւին եկաւ եւ վիրաւորեց (թուրքի մը կամ հայու մը կողմէ սխալմունքով վիրաւորուած ըլլալը հիւպատոսը պաշտօնական տեղեկագիրով հաստատած ըլլալով մեկտեղ, ճիւաղ Ճէվատը մասնաւոր նպատակով կը շեշտէ այս կէտը)։ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած այս խռովութենէն ետք շրջակայ քաղաքներէն ոմանց մէջ ալ խռովութիւն ծագեցաւ։ Այն կողմերն ալ զօրք հասցուցինք եւ ամէն կերպ միջոցներ տնօրինեցինք։ Յարձակումները արգիլելու համար շարունակ զեկոյցներ եւ յորդորներ ուղղեցինք։ Խռովութիւն ծագած օրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ յաջորդ օրերը զինուորական խիստ միջոցներ ձեռք առնելէ զատ, իւլէմաները եւ երեւելիները ամէն օր հոս հոն ղրկեցինք որպէսզի յուզումը եւ գրգռութիւնը հանդարտեցնեն, ասկէ զատ, յանձնաժողով մը կազմեցինք, որպեսզի հոգ տանի արկածեալները խնամելու եւ սնուցանելու։ Նաեւ  գրեցինք շրջակայ գաւառներու եւ սահմանակից նահանգներու իշխանութեանց, որպէսզի փախցուած գոյքերն ու կենդանիները գրաւեն։ Ատանայի փողոցներու եւ շուկային, ինչպէս նաեւ գիւղերու մէջ ձեռք անցուած եւ պահուած գոյքերն ու կենդանիները յանձնաժողովին կողմէ տէրերուն յանձնուեցան։ Այսու հանդերձ զինուորական պատրաստ ոյժը անբաւական ըլլալով, մինչեւ Ապրիլ 12-ի օրը կարելի չեղաւ քաղաքիս մէջ խուզարկութիւն կատարել եւ գրաւուած գոյքերը երեւան հանել։ Դէպքին առաջին օրէն սկսեալ ամէն օր անընդհատ հեռագիր զարնուեցաւ եւ պահանջուեցաւ որ փութով զօրք հասցուի։ Հազիւ հազ Ապրիլ 11-ի իրիկունը 850 հոգինոց երեք կանոնաւոր վաշտ ժամանեցին։ Յաջորդ օրը ընդհանուր ժողով գումարեցինք եւ ամէն կողմ պաշտօնեաներ ղրկելով գրաւուած ինչքերը խուզարկելու մասին խորհրդակցութիւն կատարած ատեն, ժողովուրդին յուզմունքով եւ աճապարանքով հոս հոն վազելէն հասկցանք թէ դարձեալ խռովութիւնը ծայր տուած է։ Իսկոյն զինուորական խումբեր կազմեցինք եւ հսկողութիւնը սաստկացուցինք։ Այս երկրորդ դէպքը ծագում առաւ նոյն օրը ժամը 10-ին միջոցները Հայոց կողմէ երկու զինուոր սպաննուելէն . ՜…)։ Գալէ գաբուսիի շրջակաները նստող իսլամ ժողովրդեան Հայու մը կողմէ եւ դարձեալ նոյն միջոցին կայարանի զինուորական պահականոցին վրայ դարձեալ Հայու մը կողմէ զէնք պարպուելուն հետեւանքով (բացարձակ սուտ եւ ծիծաղելիօրէն վրան բաց զրպարտութիւններ են)։ Միւս օրը անդորրութիւնը վերահաստատուեցաւ։ Հայերուն այրած տուներէն ոմանց մէջ սոսկալի պօմպաներ եւ տինամիթ պարունակող ուրիշ ահռելի գործիքներ պայթեցան (ասկէ աւելի խայտառակ զրպարտութիւն մը կարելի չէ երեւակայել, երանի թէ այդ տեսակ պայթուցիկներ ըլլային եւ ինքնապաշտպանութեան միջոցին գործածուէին), եւ կարգ մը տուներու մէջ ալ գտնուեցան Հայաստանի զինանշաններ, դրօշներ եւ մավզէրներով զինուած կարգ մը մարդոց պատկերներ, եւ տակաւին չի գործածուած պօմպա տինամիթ եւ գըրմա ու մաւզէր հրացաններ (խնդալիք սուտերու շարք մը)։ Հայկական գիւղի մը մէջ ալ գտնուեցաւ երկու թնդանօթ, վրան փայտով ծածկուած եւ երկաթեայ շրջանակներով ամրացած (ջուրի խողովակը թնդանօթի նմանցնելու համար մարդ կամ ապուշ ըլլալու է, եւ կամ նպատակ մը ունենալու է ինչ որ բացայայտօրէն կը տեսնուի Ճէվատին քով)։ Այս թնդանօթները շինուած էին ջուրի խողովակներէ եւ խռովութեան պահուն գործածուած էին։ Թնդանօթները յանձնուեցան զինուորական իշխանութեան։ Ճէպէլը Պէրէքէթի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն մանրամասնութիւնը Միւթէսարըֆին կողմէ ուղղակի Ներքին գործոց նախարարութեան հաղորդուած է։ Համիտիէ գաւառակին խռովութիւնն ալ Ապրիլի առաջին օրը տեղի ունեցաւ։ Նոյն օրը հոն գտնուող եւ դէպքին ականատես եղող րէժիի քննիչ Ֆրանսացի Մ. Բոնսի յայտարարութեան համեմատ, հետեւեալ պարագայէն ծագում առեր է դէպքը. Հայ քահանայ մը՝ կառավարական պաշտօնատան դիմացի սրճարանին առջեւ նստող Րէժիի դէտերուն պետ Ապան պէյի վրայ երեք անգամ զէնք պարպեր է եւ յիշեալն ալ փոխադարձաբար քահանային վրայ կրակ է ըրեր եւ երկուքն ալ իրենց առած վէրքերէն մեռեր են (այս ալ սուտ է եւ ճշմարտութիւնը հասկնալու համար դիմել էջ 189), ասոր վրայ խռովութիւնը սկսեր է։ Սիսի մէջ ալ գրգռութիւն տիրեր եւ շրջականերէն կարգ մը չէրքէզներ եւ չէչէններ գալով ուզեր են սպառնալիք ընել, բայց ոստիկան զօրքերը եւ րէտիֆները անոնցմէ քանի մը հատը սպաննելով ցրուեր են։ Այս կերպով Սիսի մէջ անկարգութիւն տեղի չէ տրուեր։ Այսու հանդերձ ի վերջոյ հոն ալ երկու վաշտ կանոնաւոր զօրք ղրկուեցաւ։ Հաճընի մէջ Հայերը իրենց տուները փակուելով փողոցները գնդակ արձակեր եւ երթեւեկը դադրեցուցեր են (այս ալ սուտ է, դիմել էջ 232)։ Ասկէ զատ, խռովութեան առաջքը առնելու համար ղրկուած Ֆէքէի վաշտը ներս չեն առներ։ Երբ իմացուեցաւ որ  Ազիզիէյէն եւ ուրիշ տեղերէ խումբ մը չէրքէզներ եւ աշիրէթներ հաւաքուելով Հաճընի սպառնացեր են, կեդրոնէն խրատիչ մարմին մը ղրկուեցաւ, զոր Հաճընցիները չընդունեցին, որով խրատիչները ստիպուեցան ետ դառնալ։ Սակայն այն միջոցին Միսիսի 400 հոգինոց վաշտը հազարապետին ջանքերով յաջողեցաւ Հաճըն մտնել եւ շրջակայ ժողովուրդը ցրուելով անդորրութիւնը վերահաստատել։ Թարսուսի մէջ ծագում առած խռովութեան պահուն հրձիգութիւն եղաւ եւ կարգ մը սպաննութիւններ գործուեցան, բայց կարելի եղաւ խռովութեան առաջքը առնել։ Մէրսինի մէջ ալ թէեւ մեծ յուզում տիրեց, բայց ձեռք առնուած միջոցներուն շնորհիւ դէպք չի պատահեցաւ։ Իչ-էլի մէջ ալ դէպք չի պատահեցաւ։



Կիլիկիոյ աղէտէն ետքը «Կարմիր Խաչ»ի բժշկական խումբին հետ Ատանա եկած եւ բազմաթիւ վիրաւորներ դարմանած Տօքթ. ԼԵՒՈՆ ԷՖ[ԷՆՏԻ] ԳԸԼԸՃԵԱՆ

«Խռովութեան սկզբնապատճառն էր իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդներէն ստորին դասակարգերը կազմող անձերուն միջեւ գոյութիւն ունեցած եւ բռնակալութեան երկար շրջանին արդիւնքը եղած տգիտութիւնը. եւ զանազան ցեղերու միջեւ համերաշխութեան պակասը։ Ասկէ զատ  սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, ամեն տեղ եղածին պէս, Ատանայի մէջ ալ տղաքներէն սկսեալ մինչեւ մեծերը մեծ փութով զէնք գնեցին եւ սկսան հոս ու հոն պարպել։ Ասոր առաջքը չի կրցանք առնել։ Լրագիրներուն հրատարակութիւնները եւ իբր թէ իսլամները հայոց եւ հայերը իսլամներուն վրայ յարձակելու մասին հազար տեսակ ձեւով ու եղանակով հրապարակ հանուած զրոյցները ատեն ատեն կը վրդովէին հանրութեան միտքը։ Մասնաւորապէս հայերու ստորին դասակարգը կազմող կարգ մը անձերու կողմէ հոս հոն իսլամներուն հաւատքին, օրէնքին քֆրելը եւ «Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք իսլամները այլ եւս կարեւորութիւն չունին ձեր սարըքները վիզերնուդ պիտի անցնենք եւ պիտի քաշկռտենք զձեզ ըսելը (զրպարտութեան այս աստիճանը կարելի չէ երեւակայել), յոռի տպաւորութիւն գործեցին իսլամ ժողովուրդին վրայ։ Իրաւ է որ մէկ կողմէ այս կարգի անձերը ձերբակալուելով դատական իշխանութեան յանձնուեցան եւ միւս կողմէ յորդորներ եղան որ այս կարգի զրոյցներու հաւատ չ՚ընծայուի եւ իսլամ ու քրիստոնեայ համերաշխութեամբ ապրին, բայց Պոլսոյ լրագիրներէն ոմանց եւ մասնաւորապէս Հայ թերթերու հրատարակութիւնները, մանաւանդ Իգտամ լրագրին Փետրուար 28 թիւ թերթին մէջ Արեւելքէն արտատպուած եւ Ընդհանուր Շարժում վերնագրով յօդուածը գրգռութիւն սերմանեցին իսլամներու եւ հայերու միջեւ։ Հերքումները ապարդիւն մնացին եւ այս յօդուածին վրայ Ներքին գործոց նախարարին ուշադրութիւնը հրաւիրուած էր։ Միւս կողմէ, Հայոց Առաջնորդ Մուշեղ եպիսկոպոսի թելադրութիւնները պատճառ եղան որ Հայերը գրգռուին Իսլամ  ժողովրդեան եւ կառավարութեան դէմ (կարդալ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոսի պատասխանը)։ Յունուար 16-ին եւ Փետրուար 3-ին ու 17-ին Ներքին գործոց նախարարութեան զեկուցուած էր որ անհրաժեշտ էր փոխել այս առաջնորդը, որ Հայերը կառավարութեան եւ անոր օրէնքներուն դէմ կը գրգռէր ու իր ժողովուրդին միտքը աստիճանաբար կը թունաւորէր։



Հաճընի ինքնապաշտպանութեան միջոցին նահատակուած ԱՆԱՆԻԿ ԱՂԱ ԴԱԳԷՍԵԱՆ

Նահանգին ընդարձակութեան հետ բաղդատելով, սակաւաթիւ եղող ոստիկան զօրքերու եւ ոստիկաններու թիւը աւելցնելու պէտքը զգացուելով, Ներքին գործոց նախարարութենէն Յունվար 18-ին խնդրած էի վերակազմութիւնը փութացնել։ Յունվար 31-ին խնդրուեցաւ ոստիկաններուն թիւը 150-ի բարձրացնել, որպէսզի, նահանգին անդորրութիւնը պահպանուի։ Փետրուար 28-ին դարձեալ խնդրուեցաւ որ կարգապահական միջոցներու  յաւելումը փութացուի, որովհետեւ՝ հակառակ պարագային կառավարութիւնը անկարող պիտի ըլլար իր  պարտականութիւնը կատարել։ Մարտ 2-ին դարձեալ կրկնուեցաւ այս խնդրանքը եւ յատարարուեցաւ նաեւ թէ քաղաքին մէջ գիշեր ցորեկ զէնք պարպելը սովորութիւն մը դարձած է ու թէեւ հեղինակները կը ձերբակալուին եւ դատական իշխանութեան կը յանձնուին, բայց տրուած պատիժը արդիւնք չ՚ունենար, ուստի խնդրուեցաւ որ խիստ եւ ազդու պատիժ մը որոշուի։ Դարձեալ Մարտ 11-ին խնդրուեցաւ ոստիկաններուն թիւը աւելցնել, որովհետեւ եղանակին բերմամբ սահմանակից նահանգներէն մաս առ մաս իբր 10-15000 գործաւորներ կուգան, որով գործերու վարչութիւնը կը դժուարանայ։ Նաեւ, ոստիկանական եւ պատերազմական նախարարութիւններու դիմում եղաւ, խնդրելով որ Տէօրթ-Եօլի զօրանոցէն հանուած 100 զօրքերը վերադարձուին։

Իրաց այս վիճակին մէջ, «Սէրպէսթի» լրագրին խմբագիրներէն Հասան Ֆէհմիի սպաննութեան առթիւ թէ՛ «Սէրպէսթի»ի եւ թէ նոյն անիծապարտ նպատակին ծառայող կարգ մը լրագիրներու կողմէ ազգին ներկայացուցիչներուն եւ պետական պաշտօնեաներուն հանդէպ գործածուած յարձակողական խիստ լեզուն  ժողովրդային ամէն դասակարգերուն վրայ խորին տպաւորութիւն գործեց եւ տէրութեան պաշտօնեաներուն ազդեցութիւնը կոտրեց (ինչո՞ւ սիրելի «Իթիտալ»իդ անունը չես յիշեր, ո՜վ խուժանապետդ Ճէվատ)։

Իրաւ է որ  խռովութեան սկզբնապատճառները ասոնք են, բայց հաւանական ալ է որ Պոլսոյ ապստամբական շարժումը պատրաստող լրագիրներու հրատարակութիւններն ալ ազդած ըլլան եւ կամ ուրիշ կերպով խռովութիւն սերմանած ըլլան։ Ամէն պարագայի մէջ ճշմարտութիւնը երեւան պիտի հանուի կատարուած քննութիւններով»։

Ատանայի նախորդ կուսակալ

ՃԷՎԱՏ



[1]            Փակագիծի մէջ ստորածուած դիտողութիւնները մեր կողմէ աւելցուած են. . Յ. Թ. -ի)