ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԱՂԷՏԻՆ
ԱՌԹԻՒ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ
ԳԻՐՔԵՐԸ
Քսաներորդ
դարու
քաղաքակրթութեան
պատմութիւնը
արատաւորած
եւ
Հայութեան
սրտին
մէջ
անդարմանելի
վէրք
մը
բացած
Կիլիկիոյ
զարհուրելի
աղէտը՝
դարերու
մէջ
պատահած
սովորական
աղէտներէն
չէր,
եւ
այս
պատճառով
ոչ
միայն
քաղաքական
աշխարհն
այլ
նոյնիսկ
վայրենի
ցեղերն
իսկ
սոսկացին,
եւ
պժգացին
անոր
վայրենի
հեղինակներուն
հանդէպ։
Որով
այսպիսի
կարեւորագոյն
աղէտի
մը
շուրջը
կ՚արժէր
որ
բազմաթիւ
երկեր
հրատարակուէին,
նոյնիսկ
պաշտօնական
մարմիններու
կողմէ,
զգուշացնելու
նպատակով
մարդկութիւնը
այս
տեսակ
ահաւոր
եւ
աններելի
սխալներէ։
Կիլիկիոյ
աղէտին
մասին
հրատարակուեցան
մի
քանի
տասնեակ
գիրքեր,
տետրակներ
եւ
թռուցիկներ,
որոնց
ամբողջութիւնը
զիրար
կը
լրացնեն,
բովանդակելով
նորանոր
յայտնութիւններ
ու
դրուագներ
ահռելի
աղէտէն։
Մինչեւ
հիմա
հրատարակուածներէն
մեր
տեսածներն
են
հետեւեալները.
—
1.
Ատանայի
ջարդն
եւ
պատասխանատուները
—
Տ.
Մուշեղ
եպիսկոպոս
2.
Les
vêpres
Ciliciennes
—
Տ.
Մուշեղ
եպսկ.
3.
Կիլիկեան
Արհաւիքը
—
Տիար
Սուրէն
Պարթեւեան
4.
Կարմիր
լուրեր
բարեկամէս
—
Տիար
Ատոմ
Եարճանեան
5.
The
massacres
of
Cilicia
—
X.
6.
Ատանայի
կեանքը
—
Յակոբ
Թէրզեան
7.
Ատանա
վագա՛ասը
վէ
մէսուլլարը
[1]
—
Տիար
Կ.
Չալեան
8.
Ամիս
մը
ի
Կիլիկիա
—
Տիկին
Արշակուհի
Թէոդիկ
9.
Les
Turcs
ont
passé
là
…
—
…
Georges
Brézol
10.
Աւերակներուն
մէջ
—
Տիկին
Զապէլ
Եսայեան
11.
Hadjen
and
the
Armenian
massacres
—
Miss
Rose
Lambert
12.
Au
pays
des
massacres
—Jean
d’Annezey
13.
Կաթիլ
մը
ջուր
այրած
սրտերու
—
Տ.
Ներսէս
Եպիսկ.
Դանիէլեան
14.
Հայ
լեռը
—
Գրիգոր
Գուտուլեան
Իսկ
ասոնցմէ
զատ
գիրքերու,
թերթերու
եւ
գրական
հանդէսներու
մէջ
հրատարակուեցան
բազմաթիւ
յօտուածներ
ու
բանաստեղծութիւններ,
որոնք
եթէ
միացնել
հարկ
ըլլայ
տասնեակ
ստուար
հատորներ
կը
կազմեն։
[1]
Վերակազմեան
Հնչակեան
կուսակցութեան
կողմէ
հրատարակուած։