ԿՈՏՈՐԱԾԻՆ
ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ
«Ա.
Ջարդի
թալանի
հրդեհի
մասնավոր
ծրագիր
պատրաստողներ:
Բ.
Վարիչներ:
Գ.
Գործադրողներ:
Երրորդ
դասակարգին
պատկանողները
գրեթէ
ամբողջութեամբ
տգէտ,
մոլեռանդ
խուժանն
է
որ
Ատանայի
նահանգին
իսլամ
բնակչութեան,
շատ
պզտիկ
թուով
բացառութեամբ,
ամենքն
ալ
կը
կազմէ:
Այս
ողորմելի
դասակարգին
մոլեռանդութիւնը
շահագործած
են
առաջինները,
իսկ
երկրորդները
վարած։
ԱՏԱՆԱ.
—
Միւֆթին:
Նախկին
կուսակալ
Ճէվատ
պէյի
մասին
եղած
քննութիւններէն
սա
համոզումը
գոյացած
է
թէ
աւելի
իր
ապիկարութեամբ
եւ
տկարութեամբ
հլու
գործիք
մը
դառնալով
ուրիշներու,
ըստ
այնմ
գործակից
եղած
է
եղեռնին,
քան
իր
իսկ
հեղինակութիւնովը:
Զինուորական
հրամանատար
Ֆէրիք
Մուսթաֆա
Րէմզի
փաշա`
որ
Մարաշի
ջարդը
կազմակերպողն
է,
աղէտը
սկսած
պահուն
«Զինուորներս
չեն
բաւեր»
ըսելով
առաջին
առթիւ
հանդիսատես
եղած
է
կոտորածին,
իսկ
երբ
Հայերը
ինքնապաշտպանութեան
սկսած
են,
զինուորներուն
«զարկէք»ի
հրամանը
տուած
է:
(աստիճանը
Ֆէրիքի
բարձրացած
է
Մարաշի
ջարդէն
ետքը):
—
Պաղտատի
զատէ
Ապտիւլ
Գատիր
[1]
—
Զատկէն
չորս
օր
առաջ
Ատանայէն
6
ժամ
հեռու,
Քարան-Շահ
ըսուած
ագարակը
երթալով
կը
հրամայէ
իր
չիֆթճի
պաշիին
որ,
իր
քաղաք
դառնալէն
ետք,
ագարակը
գտնուող
7
Հայերէն
չորս
այրերը
սպաննելով
գետը
նետեն,
իսկ
կիներն
ալ
իսլամացնեն:
Պաղտատի-զատէ
նոյն
օրն
իսկ
կը
մեկնի,
հեռանալէն
քիչ
յետոյ
հրամանը
կը
կատարուի,
4
այրերը
կը
սպաննուին,
իսկ
երկու
կիները
իսլամացնելով
վար
կը
դրուին:
Այս
կիները
ամիս
մը
զիրենք
առեւանգողներուն
ձեռքը
մնալէ
ետք
բերել
տրուած
են:
—
«Իթիտալ»
լրագրի
խմբագիր`
Իհսան
Ֆիքրի
[2]
—
Այս
մարդուկին
աղէտէն
առաջ
կատարած
դերը
եղած
է
խմբագրատան
մէջ
իր
համախոհներով
պատրաստել
ջարդին
սեւ
ծրագիրը,
միթինկներ
գումարել,
գրգռիչ
բանախօսութիւններ
եւ
հրատարակութիւններ
ընել:
Ապրիլ
1ի
Առաջին
ջարդին`
գլուխը
ճերմակ
փաթթոց,
հրացանը
ձեռքը
իր
տանը
պատուհանէն
խուժանը
քաջալերած
եւ
մղած
է
ըսելով
«Հայտէ
պագալըմ,
գարտաշլարըմ,
սիզի
կէօրէյիմ,
էրքէք
պրագմայըն,
եալընըզ
կիւզել
գարըլարը
էսիրէյին»:
Ապրիլ
3էն
մինչեւ
12,
առաջին
ջարդը
դադրելէն
մինչեւ
երկրորդին
սկսելուն
անցած`
9
օրուան
ժամանակամիջոցին
հազիւ
քաղաքը
հանդարտած,
Իհսան
Ֆիքրի`
իսլամ
խուժանը
վերստին
գրգռած
եւ
մեծապէս
տեղ
տրուած
է
երկրորդ
դէպքին
իր
գրգռիչ
հրատարակութիւններովը:
Պաղտատի-զատէ
Ապտիւլ
Րահման`
Ապտիւլ
Գատէրի
տղան:
Տապպաղ
Զատէ
Հաճի
Ալի
եւ
տղան
Ռաղիպ:
Միւտէրրիս
Մուսա
Քեազիմ:
Կէրկէրլի
Ալի,
Պօսնալը
Սալիհ
(Ասոնք
ոչ
միայն
կազմակերպող,
այլ
վարիչ
ալ
եղած
են):
Գնչուներու
ցեղապետ
Ապտիւլ
Քէրիմ,
կազմակերպող,
վարող
եւ
գործադրող:
ժանտարմա
Ալայ
Գօմանտանին,
որ
այժմ
պաշտօնանկ
է:
Իսմաիլ
Սաֆա
(վիլայէթ
մայէթ
մէմուրը):
Զօր-Ալի,
Փօլիս
Ճապպար
(թէ
կազմակերպող
եւ
թէ
գործադրող):
Գասըմ
Զատէ
Եուսուֆ:
Խալիլ
Իպրահիմ
Հօճա:
Տէլի
Մէհմէտ
օղլու
Հիւսէին:
Սատթճը
Մուհիտտին
(կազմակերպող
եւ
ջարդող):
Եաղ
ճամիի
Խաթիպ
Հօճան:
Ճէպէլի
Պէրէքէթ
ժանտարմա
թապուր
աղասը`
հազարապետ
Մէհմէտ
էֆ[էնտի]:
Վերաքննիչ
ատենի
անդամ
միւտէրրիս
Խալիլ
Իպրահիմ:
Վերաքննիչ
ատենի
նախորդ
անդամ
Ճէլալ
պէյ:
Պէլէտիէի
անդամ
Աթաուլլահ
էֆ[էնտի]:
Սալճըլարէն
պագալ
Համտուն
Չավուշ
Սալճըլար
Գըպրըսլը
Սիւլէյման:
Գասապ
Հիւսէին
տէլի
Մէհմէտ
օղլու:
Սապըգ
պէքճի
պաշը
Գարա
Մէհմէտ
եւ
պէրպէր
Մէհմէտ:
Գարա
Թուրան:
Զապթիէ
Արապ
Սաիտ:
Համզա
զատէ
Սաիտ:
Ֆէթա
ուլլահ,
Մահքէմէի
շէրիէ
մուգայիտի
Հասան:
Թահսիլտար
Հաճի
Մուսթաֆա:
Տէֆթէրը
խագանի
միւտիրի
Պաթումի
զատէ
Օսման:
[3]
Պայրագտար
զատէ
Պէքիր:
Վանլը
զատէ
Ահմէտ
եւ
տղան
Րըֆգի:
Պէլէտիէի
րէիս
վէլիքի
համալի
Մէհմէտ:
Մէճլիսի
իտարէ
պաշ
քեաթիպի
Րիզա:
Իսթինաֆ
ճէզա
րէյիսի
Շաքիր:
Պէլէտիէ
գալֆասը
հաճի
Հիւսէին
(հրձիգներուն
պետ
եւ
առաջնորդ):
Փամպուգճի
Միսթիլլի
(Մուսթաֆա)
թալանը
կազմակերպող
եւ
վարող,
որ
կողոպտուած
գոյքերուն,
մանաւանդ
շուկայէն
թալանուածներուն
մեծ
մասը
պէլէտիէի
կառքերով
իր
առաջնորդութեամբ
փոխադրել
տուած
է
իր
տունը
եւ
անկէ
բաժնած
է,
միեւնոյն
ատեն
թէ
ջարդող
եւ
թէ
ջարդել
տուող
մ՚ալ
եղած
է:
Հազարապետ
Սէլիմ
էֆ[էնտի]
նախկին
անդամ
Ատանայի
զինուրական
սպայակոյտին:
Ժանտարմայի
Հարիւրապետ
Ահմէտ
աղա:
Արզուհալճի
Վէհպի:
Էպէնին
օղլու
Ալի:
Հեռագրատան
պաշտօնեաներէն
Նուրի:
Խալիլ
Իպրահիմ
Հօճա:
Գարա
Մէհմէտ:
Գարա
Հիւսէին
օղլու
Մուսթաֆա
ու
տղան
Մէհմէտ:
Ասոնք
եւ
դեռ
ուրիշներ
եղած
են
Ատանայի
աղէտին
գլխաւոր
կազմակերպիչները
եւ
վարիչները:
Ատանայի
բաժինը
փակելէ
առաջ,
զինւորական
հրամանատար
Մուսթաֆա
Րէմզի
փաշայի
մասին`
աւելորդ
չենք
նկատեր
տալ
նաեւ
հետեւեալ
մանրամասնութիւնները,
որպէս
ապացոյցներ
իր
տխուր
դերին
կոտորածին
մէջ:
Առաջին
դէպքին
Րէմզի
փաշա
հրաման
տուած
է
զինուրներուն
այսպէս
ըսելով
«թալանճը
միւսլիմանլարա
գարշը
սիլահընըզը
հավայա
պօշատընըզ,
վէ
պիր
խրիսթիան
կէօրտիկինիզտէ
հէման
գաթլ
իտինիզ»:
Երկրորդ
դէպքին
հրամանն
է
«Էվլատլարըմ
ասքէրլէր,
իշթէ
սիզէ
25
նէֆէր,
եէրլի
միւսլիմանլարտան
գըլավուզ
վէրիյորում,
կէրիտէ
գալան
էվլէրէ
պիրէր
պիրէր
կիրէճէքսինիզ,
խրիսթիան
պուլուրսանըզ
էօլտիրիպ,
էշեայը
թալան
էթտիքտէն
սօնրա
կազ
իլէ
աթեշ
վէրինիզ»։
Այս
հրամանները
զինուորի
մը
կողմէ
յայտարարուած
է,
եւ
խօսեցնել
տրուած
է
Հիւպատոսական
թարգմաններէն
մէկուն
ներկայութեան,
քանի
մի
հոգիներու
կողմէ,
որոնք
թուրք
ձեւանալով
այս
խոստովանութիւնը
առած
են
յիշեալ
զինուորին
բերնէն:
ՏԱՐՍՈՆ .
—
Տարսոնի
մէջ
աղէտին
գլխաւոր
կազմակերպող
եւ
վարիչները
եղած
են
Իթթիհատ
Թէրագգը
գօմիթէի
նախագահ
Շէվքէթ,
Արապներու
գլիւպին
նախագահ
Համիտ,
Կեսարացի
Եաղճի
Ազիզ
եւ
պէլէտիէի
բժիշկը
Ալի
Րէֆիք:
ՀԱՄԻՏԻԷ .
—
Համիտիէի
կազմակերպիչներէն
Գայմագամը,
Գատըն
եւ
Միւֆթին
եւ
մէճլիսի
իտարէի
անդամ
Ֆարսի
եւ
Հինտի:
Սարը
Մէհմէտ`
«Նիյազի
եւ
Էնվէր
պէյերը
կանչեցէք
որ
զձեզ
մեր
ձեռքէն
ազատեն»
ըսելով
սպաննութիւններ
ըրած
է:
Այս
մարդն
է
որ`
ի
լրումն
ամէն
շահատակութեանց,
իր
զոհերէն
միոյն՝
տակաւին
ողջ
եղած
միջոցին
բերնին
մէջ
բնական
պէտքը
կատարելով,
կղկղանքով
լեցուցեր
է
եւ
յետոյ
սպաներ
է:
Սպաննուածն
է
Գարա-Սիսլի
անունով
հայ
մը:
ՕՍՄԱՆԻԷ.
—
Օսմանիէի
մէջ
եղած
են`,
Միւլազիմ
Քէմալ,
Միւլազիմ
Քեամիլ,
Հաճի
Հիւսէին
էֆէնտի,
Հօճազատէ
Ապտուլլահ,
որ
Համիտիէի
մէջ
Բողոքական
քարոզիչները
սպաննել
տուած
է,
Զապթիէ
Սէլիմ,
որ
Հայոց
վարժարանի
ուսուցիչ
Ղազարոս
Քէօրէմինեան
[4]
էֆէնտին
եւ
շատեր
ինքը
սպաննած
է,
Ֆէթթահ
զատէ
Ահմէտ,
Արապաճը
Նուրի,
Մէհմէտ
Ալի
պէյլի,
Պէլէտիյէի
չավուշ
քէլէշ
Մէմօ,
Ինճէ
Արապ,
Չալըգ
Սիւլէյման,
Տէրէնտէլի
Հաճի
Ալի,
Ապտիւլրահման
տէտէ
էֆենտի
եւ
ուրիշներ։
Կիլիկիոյ
նահատակներէն
ՍԱՀԱԿ
ԷՖ[ԷՆՏԻ]
ՍԱՀԱԿԵԱՆ.
նախապէս
ուսուցիչ
եւ
վերջը
պաշտօնեայ
Ռէմիի
վարչութեան
Պաղչէի
(1885-1909)։
ԳԱՅԸՐԼԸ
ՔԷՕՅ.
—
Այս
տեղւոյն
եւ
շրջականերուն
ջարդին
կազմակերպիչն
է
40
տարեկան
Սինէմա
անունով
թրքուհի
մը,
քոյր`
Ապտալ
Քէրիմ
աղայի,
իրեն
համախոհ
ունենալով
իր
հետեւեալ
տղաքները,
Սիւլէյման,
Եագուպ
եւ
Հիւսէյին:
Թիւթիւնճի
Եուսուֆ
Հաճի
Էօմէր,
Արապ
Խալիտ
օղլու,
Իսմայիլ
եւ
գըզըլպաշ
Մէհմէտ:
Այս
կինն
է
որ
ուրիշ
գիւղացիներ
ալ
իր
գլուխը
հաւաքելով
Գայըրլըյի
եւ
շրջականերուն
ջարդը
կազմակերպած,
վարած
եւ
նոյնիսկ
անձամբ
իր
ձեռքովը
շատ
թուով
անձեր
սպաննած
է:
Սինէմէն
է
որ
իր
գլուխը
ժողուած
խուժանին
հետ
ամբողջ
այրերը
սպաննած
եւ
անոնց
կիները
իր
տունը
տարած
է,
իր
տղոցը
եւ
իր
հետ
գտնուողներուն
զանոնք
բռնաբարել
տալէ
եւ
անոնց
ունեցածն
ալ
կողոպտելէ
ետքը,
երիտասարդ
տղոց
եւ
հետը
գտնուղներուն
հետ
նիքեահ
կ’ընէ
հաւնածները,
իսկ
միւսները
գեղջկական
կառքերու
մէջ
զետեղելով`
իր
ձեռքովը
կը
տանի
գետեզերքը,
եւ
հոն
Ճիհան
գետը
խեղդամահ
կ’ընէ։
Ատանայի
առաջին
ջարդի
միջոցին
ինքնապաշտպանութեան
համար
ամենամեծ
քաջութիւն
ցոյց
տուած
եւ
ճակատամարտին
մէջ
դէմքէն
եւ
ձեռքէն
ծանրապէս
վիրաւորուած
Հաճընցի
Պ.
ՄԻՍԱՔ
ԹՈՒՐՍԱՐԳԻՍԵԱՆ։
ԿԷՄԻ-ՍԻՒՐԷՆ.
—
Այս
գիւղի
կոտորածին
մէջ
իրենց
շահատակութիւններով
նշանաւոր
եղած
են
Շէյխ
Մուսթաֆա,
Քիւրտ
Մէմօ,
Փօթլուգ
Ալի,
Քիւրտ
Հալիտ,
Չէօթլէտէն
Արապ
Ահմէտ:
ԱՊՏՕՂԼՈՒ.
—
Այս
գիւղի
մէջ
պատահած
դէպքին
գլխաւոր
կազմակերպիչներն
են
Քիպարըն
օղլու
Մէհմէտ
եւ
Իսմաիլ,
ասոնք
են
նաեւ
Միսիսը
զարնել
տուողները:
ՊԱՂՉԷ.
-
Հոս
ալ
Միւֆթին
է
իր
հետ
ունենալով
երեւելիները:
ԷՐԶԻՆ.
—
Հոս
ալ
գործօն
դեր
ունեցած
է
Միւթէասարըֆ
Ասաֆ,
որ
ջարդէն
առաջ
իսլամները
Քրիստոնէից
դէմ
գրգռելու
մէջ
կարեւոր
դեր
մը
խաղացած
է,
իսկ
աղէտի
միջոցին
հոս
ու
հոն
հեռագիրներ
տալով
միտքերը
չափազանց
գրգռած
է:
Փայասի
բերդին
եւ
Էրզինի
բանտարկեալները
ձգելով
զէնք
բաժնել
տալը,
պաշտպանութիւն
խնդրելու
համար
իրեն
դիմող
Հայերուն
վրայ
զինուոր
զրկելը,
եւայլն
հաստատուած
են:
Ասոնցմէ
զատ
աղէտը
պատահած
գիւղերու
հօճաներն
ու
մխտարները
առանց
բացառութեան
իրենց
ետեւը
ունենալով
քաղաքային
եւ
զինուորական
պաշտօնեաները,
կանխաւ
ծրագրած
են
աղէտին
ծրագիրը
եւ
միեւնոյն
ատեն
վարած
եւ
գործադրել
տուած
են:
Նաճարլը
եւ
Լափաճլըի
ջարդերը՝
առաջնորդած
է
Մարաշլը
Մուսթաֆա
Չավուշ,
որ
Պաղչէի
մէջ
Միւֆթիէն
ետքը
է՛ն
կարեւոր
տխուր
դերը
ունեցած
է:
«ԻԹԹԻՀԱՏ
ՎԷ
ԹԷՐԱԳԳԸ»
ԳՕՄԻԹԷՆ.
—
Ինչպէս
երեւցաւ
մինչեւ
ցարդ
գլխաւոր
վայրերու
մէջ,
այս
գօմիթէին
նախագահները
եւ
անդամները
գործօն
դեր
մը
առած
են
աղէտին
կազմակեպութեան
մէջ.
—
ինչպէս
Ատանա՝
Իհսան
Ֆիքրի
եւ
իր
ընկերը
Իսմաիլ
Սաֆան,
նոյնպէս
Տարսոնի
մէջ
քլիւպին
նախագահը,
անձամբ
զէնք
բաժանած
են
խուժանին,
Մէրսինի
մէջ
նոյն
գլիւպի
նախագահ
եւ
երկաթուղւոյ
վարչութեան
կառավարական
գօմիսէր
Օսման
պէյ
աղէտէն
առաջ
եւ
ետքը,
իսլամները
շարունակ
քրիստոնէից
դէմ
գրգռելու
գործին
մէջ
կարեւոր
դեր
մը
խաղացած
է,
եւ
նոյնիսկ
ուզած
է
որ
Մէրսինի
մէջ
ալ
ջարդ
ու
թալան
առաջ
բերէ,
սակայն
միւֆթիին,
միւթէսարըֆին,
պէլէտիէի
նախագահին
եւ
երեւելիներէն
Հաճի
Եաղուպ
էֆ[էնտի]ի
շնորհիւ
չէ
յաջողած:
Ասկէ
զատ
Մարտ
19ին,
այսինքն
դէպքէն
12օր
առաջ,
Ատանայի
իթթիհատ
վէ
թէրագգը
գօմիթէի
քլիւպը
Սէլանիկի
եւ
Պոլսոյ
իթթիհատի
կեդրոններուն
հետեւեալ
հեռագիրը
տուած
է.
—
«Էրմէնիլէր
քեամիլէն
միւսէլլահ,
գարիպէն
իսեան
իտէճէքլէր,
Ատանա
վէ
ճիվարը
շէհիտ
իսլամլարըն
նաշը
իլէ
տօլաճագ,
էմրինից»:
Ստացուած
պատասխանն
է.
«Էն
գըսսա
թարիգի
գուլլանըն»:
Այս
տեղեկութիւնը
արժանահաւատ
եւ
Ատանայի
իթթիհատին
մէջ
կարեւոր
դիրք
ունեցող
անձերէ
մեզի
տրուած
է:
ԲԱՐԵԳՈՐԾՆԵՐԸ
—
Այս
աղէտէն
փրկուած
Հայերը
կեանքերնին
կը
պարտին
հետեւեալներուն:
ԱՏԱՆԱ.
—
Մէրսինի
Անգլիական
Հիւպատոսը
եւ
կինը
Մըսթըր
եւ
Մատամ
Տաթի
Ուայլի:
Գօնսթանթին
Թրիփանի:
Ամերիկեան
Միսիօնար
Մըսթըր
Չէմպըրս,
Միս
Վալիս,
Միս
Վէպ:
Ժէզուիթներու
պետը
Փէր
Ժիւ,
եւ
Փէր
Ռիկալ,
իրենց
մէջ
ունենալով
ամբողջ
Միաբանութիւնը:
Պարոնայք
Ըշթոքէլ
եւ
Լիւքս,
գերմանացի
զործարանատէր:
Սէն
Ժօզէֆի
քոյրերէն
Մէր-Սիւփէրիէօռ
Մէլանի:
Րէժիի
տնօրեն
Միւսի
Ապուտ:
Երկրաչափ
Միւսի
Շարթիէ:
Եանգօ
Արթէմո,
Ռուսական
Հիւպատոսարանի
թարգման
եւ
ասոր
մայրը։
Գերմանական
հիւպատոսարանի
թարգման
Պարոն
Ոթիս
եւ
ուրիշներ:
ՏԱՐՍՈՆ.
—
Ամերիկեան
Գօլէժի
Տնօրէն
Տօքթ.
Քրիսթի
եւ
Տիկինը,
իրենց
աղջիկը
միսիս
Րաճըրս,
ինչպէս
նաեւ
իրենց
կարգին
Յիսուսեաններ
եւ
Մայրապետներ,
որոնց
միաբանութեան
պետերուն
անունները
յիշեցինք:
ՀԱՄԻՏԻԷ.
—
Միւսի-Շարլը
Սապաթիէ
եւ
որդին։
Այս
յիշատակութեանց
շարքը
չփակած,
մասնաւորապէս
կը
յիշատակենք
բնիկ
Ատանայի
30
տարեկան
Պաղչէի
րէժիի
հաշուակալ
Սահակ
էֆ[էնտի]
Տէր
Սահակեան
երիտասարդը:
Ապրիլ
1
Դշ.
օրը
Պաղչէէն
Համիտիէ
եկած
միջոցին
այս
երիտասարդը
կ’իմանայ
ջարդը
եւ
այգիներուն
մէջ
կը
տեսնէ
դիակներ:
Սահակ
ետ
կը
դառնայ
եւ
կ’երթայ
Հասան
պէգի
ու
հոն
կ’իմացնէ
վտանգը,
անկից
կը
փութայ
Մարաշ
եւ
ճամբան
հանդիպած
Հայ
գիւղերը
վերահաս
աղէտը
իմաց
տալով
կը
պատուիրէ
արթուն
մնալ,
այս
երիտասարդին
շնորհիւ
շատ
կեանքեր
կը
փրկուին
խուժանը
դեռ
չի
հասած:
Սահակ
վերջ
ի
վերջոյ
ինքն
ալ
կը
սպաննուի
խուժանէն։
Նոյնպէս
ասոնց
կարգին
կրնանք
դասել
Էրզինի
երկու
հօճաները,
մին
Հաճընլը
քէօսէ
հօճա,
միւսը
նախորդ
միւֆթիի
Մուսթաֆա
Էֆէնտի,
որոնք
միւթէսարըֆ
Ասաֆ
պէյի
հրաւէրով
Էրզինի
վրայ
քալող
խուժանը
դիմաւորած
են,
գուրանը
բաց
ձեռքերնին
եւ
համոզելով
յաջողած
են
զանոնք
ետ
դարձնել,
ասոնց
հետ
է
նաեւ
Մարաշլը
Տէրէնտէլիլի
օղլու
Մէհմէտ:
ՆԱՃԱՐԼԸի
մէջ
Խըռ
օղուլ
Ահմէտաղա՝
35
հոգիիր
մօտը
պահած,
սնուցած
եւ
ազատած
է։
ՀԱՄԻՏԻԷի
մէջ
Խրըմլը
զատէ
Մուսաթաֆա
էֆէնտի
բավական
թուով
քրիստոնեաներ
փրկած
ըլլալուն
համար
կեավուր
իմամի
յորջորջուած
է
իսլամներէ:
ԱՏԱՆԱՅԻ
մէջ
Հայ
եւ
օտար
քրիստոնեայ
հասարակութիւններ
վկայած
են
անպաշտօն
Ալայ
պէյի
Հիւսէյին-Տայիմ
պէյի
մասին,
որ
բաւական
անձեր
մահէ,
տուներ՝
հրդեհէ,
ինչքեր՝
կողոպուտէ
եւ
կիներ
առեւանգումէ
ազատած
եւ
պատսպարած
է:
(Զոհերու
ցանկը
տես
էջ
178)
[1]
Աղետէն
ետքը
բնական
մահով
մեռան:
[2]
Աղետէն
ետքը
բնական
մահով
մեռան:
[3]
Աղետեն
ետքը
բնական
մահով
մեռաւ:
[4]
Այս
երիտասարդը
մեռնէլէ
առաջ
պատին
վրայ
գրած
է
«կեանքս
հինգ
հոգիի
ծախեցի»:
(Ծ.
Յ.
Թ.
ի)