ՆԱՀԱՆԳԷՆ
ԼՈՒՐԵՐ.
ԽԱՌՆԱՇՓՈԹՈՒԹԵԱՆ
ԵՐԵՒՈՒՅԹՆԵՐ
«Վերջին
օրերուն
մէջ
ամբողջ
քաղաքը
պատող
վտանգաւոր
ամպը
անձրեւ
ալ
բերաւ»։
«Մեր
քաղաքը
որ
հինգ
տասը
օր
առաջ
շէն,
հոյակապ
ու
երջանկութեան
բոյն
մը
էր՝
սեւ
բաղդի
մը
երեւումովը
այսօր
աւերակի
մը
վերածուեցաւ»։
«Շատ
մարդիկներ
կորսուեցան,
շատ
գերդաստաններ
կործանեցան,
քաղաքը
այժմ
սգարան
մըն
էր»։
«Բնաւ
մտածած
չէինք
որ,
ամբողջ
Փոքր
Ասիան
կործանող
հայկական
խռովութիւններէն
ազատ
մնացած
Ատանան՝
այս
տեսակ
երջանիկ
ժամանակի
մը
մէջ
այսքան
սոսկալի
խժդժութիւններու
զոհ
պիտի
ըլլար
ու
սոսկալի
խռովութեան
մը
կրակովը
խռովելով
պիտի
այրէր»։
«Մենք,
խեղճ
թուրքերս՝
երբ
մեր
գործերով
կը
պարապէինք,
սահմանադրական
կառավարութեան
ապագայ
երջանկութենէն
օգտուելու
համար,
կարելի
եղածին
չափ
հայերուն
հետ
սիրով
ապրելու
կ՚աշխատէինք։
Հայերը
սոսկալի
խռովութեան
մը
կազմակերպութիւնովը
երկրին
գլխուն
փորձանք
մը
բերելու
կ՚աշխատին
եղեր»։
«Այս
բանը
ժամանակը
մեզ
հասկցուց
շատ
դառնօրէն»։
«Երբ
իրականութեան
թափանցող
մեր
թուրք
եղբայրները,
հայերուն
մեզի
հանդէպ
աղէկ
զգացում
չի
սնուցանելնին,
շատ
մօտիկ
ապագայի
մը
մէջ
խռովութեան
մը
կրակովը
երկիրը
կործանելու
նպատակ
ունենալնին
մեզ
ըսէին,
մենք՝
«այդպէս
բան
չիկայ,
չի
կրնար
ըլլալ»
կը
պատասխանէինք,
եւ
մէջտեղը
ցրտութիւն
մը
առաջ
չի
բերելու
համար
կարելի
եղածին
չափ
զգուշանալ
կը
ջանայինք
եւ
այդ
տեսակ
զրոյցներուն
հեղինակներն
ալ
նողկանքով
եւ
անէծքով
կը
յիշէինք»։
«Վերջին
կէս
դարուան
մէջ
մէկիկ
մէկիկ
մեզմէ
զատուող
Պուլկարներուն,
Սերպերուն,
Գարատաղցիներուն,
Յոյներուն
խռովութիւններէն՝
համարձակութիւն
առնող
հայերը՝
Օսմ[անեան]
երկիրներուն
մէջ
իրենց
բնակած
վայրերուն
աշխարհագրական
դիրքն
ու
ենթարկուած
վիճակը
այս
տեսակ
խռովութեան
մը
յարմար
չ՚ըլլալը
հինգ
տասն
անգամ
դառն
փորձերով
հասկնալէ
ետքը,
պէտք
եղած
պարագային
Եւրոպացիներուն
միջամտութիւնը
հրաւիրուելիք
տեղ
մը
—
Հայոց
կրօնական
աթոռին
ամենէն
մեծերէն,
Կիլիկիոյ
մասին
մէջ
—
հաւաքուիլ
որոշելով,
հայկական
վերջին
դէպքերէն
ասդին՝
խո՛ւմբ
խո՛ւմբ
Ատանա
դիմած
եւ
այս
կողմերուն
մէջ
սոսկալի
բազմութիւն
մը
կազմած
էին»։
«Մարաշէն,
Հաճընէն,
Խարբերդէն,
Տիգրանակերտէն
եւ
Անատօլուի
հայաբնակ
գաւառներէն
այնքան
հայ
թափած
էր
որ,
նախապէս
մէկ
ընտանիքի
բնակութեան
յատուկ
տան
մը
մէջ՝
5-10
հայ
ընտանիքներու
տեղաւորուիլը
կատարեալ
զարմանքով
կը
տեսնէինք»։
«Մենք
իրենց
վերաբերումներէն
ու
վարմունքներէն
հասկնալով
հանդերձ
որ
հայերը
այս
շրջականերուն
մէջ
մեծամասնութիւն
կազմելով
խռովութիւն
մը
պիտի
հանեն
եւ
ինքնավարութիւն
պիտի
պահանջեն,
բայց
նորէն
կարելի
եղածին
չափ
համաձայնութեամբ՝
սխալ
գաղափարները
ցրուելու
կ՚աշխատէինք.
որովհետեւ
այնպէս
կը
կարծէինք
որ
հայերուն
ներկայ
վիճակը
այդ
տեսակ
գործի
մը
ձեռնարկելու
թոյլատու
չի
պիտի
ըլլար։
Հայերը
թէեւ
սահմանադրական
վարչութենէն
գոհ
կ՚երեւէին,
բայց
իրապէս
տէրութեան
ստանալիք
կարգ
ու
կանոնէն՝
ապագային
համար
իրենց
բան
մը
չի
կրնար
ապահովելու
վախովը
կը
տառապէին»։
«Մէկ
կողմէն
Աւստրիոյ
եւ
Պուլկարիոյ
ձեռնարկութեանց
յաջողիլը՝
Սերպիոյ
եւ
Գարատաղի
պահանջները՝
Յունական
եւ
Կրէտական
կղզիի
խնդրին
արթննալը՝
Արեւելքի
հետ
յարաբերութիւն
ունեցող
բոլոր
տէրութեանց,
ամէն
ազգի
յոյսերուն
եւ
փափաքներուն
ապահովմանը
համար
ըրած
շարժումը՝
իսկ
միւս
կողմէ
տէրութեան
ներքին
անլուծելի
խռովութիւններուն
մէջ
վարչութեան
շփոթ
վիճակ
մը
ստանալը՝
հայերուն
մէջ՝
սա
խառնակ
եւ
սոսկալի
ժամանակին
իրենց
համար
տեղ
մը
ապահովելու,
Եւրոպայի
միջամտութիւնը
հրաւիրելու
փափաքը
արթնցուց»։
«Կիլիկիոյ
հողամասին
կեդրոնն
եղող
Ատանյի
մէջ
բաղդի
փորձով
մը
ինչ
որ
ալ
ըլլայ
խռովութեան
մը
կրակը
բռնկցնելու
համարձակեցան։
Թէեւ
քաղաքական
վերջաւորութիւնը
չենք
գիտեր,
պարզուող
ցաւագին
վիճակին
նայելով՝
թէ
իրենց,
թէ՛
թուրքերուն
եւ
թէ՛
քաղաքին
կործանումին
պատճառը
ըլլալնին
կասկած
չի
վերցներ։
ԻՀՍԱՆ
ՖԻՔՐԻ
[1]
[1]
Իհսան
Ֆիքրի
Ատանայի
Թուրքերուն
ամենէն
զարգացեալ
եւ
ազատամիտն
ըլլալով
բռնապետութեան
շրջանին
Րումէլիէն
Ատանա
աքսորուած
էր։
Սահմանադրութեան
հրատարակուած
ատենը
մեծ
գործունէութիւն
ցոյց
տուաւ
եւ
որով
կարգ
մը
յետադէմ
թուրքերու
կողմէ
նախատուեցաւ
եւ
միշտ
հայերու
հանդէպ
բարեկամութիւն
ցոյց
կուտար։
Սակայն
հայկական
որոշ
ջարդի
մը,
հայկական
ապստամբութեան
գոյն
տալը՝
զարմացուց
զմեզ։
Ջարդէն
ետքը
Պատերազմ[ական]
Ատեանին
կողմէ
բանտարկուած
ատենը
հեռագիր
մը
քաշեց
Բ.
Դուռը,
առաջարկելով
որ
զինքը
արձակեն ,
ապա
թէ
ոչ
ամէն
գաղտնիք
պիտի
պարզէ։
Վերջը
Գոնիա
աքսորուելու
դաապարտուեցաւ
եւ
Եգիպտոս
փախաւ,
հոն
կարեւոր
յայտնութիւններ
ընելէ
ետքը
Պոլիս
եկաւ
եւ
մի
քանի
օր
ճոխ
կեանք
մը
վայելելով
Գոնիա
անցաւ
եւ
հոն
ամիսի
մը
չափ
մնալով՝
դարձեալ
Պոիս
եկաւ
եւ
աքսորավայրը
Պէյրութի
փոխել
տուաւ։
Պէյրութ
երթալով
կոկորդի
հիւծախտի
մը
ենթարկուեցաւ
եւ
ջարդէն
ճիշդ
տարի
մը
ետքը
խեղդուելով
մեռաւ
Պէյրութի
հիւանդանոցին
մէջ։
Բայց
իր
գրչի
եւ
գաղափարի
ընկերներն
եղող՝
«Իթիտալ»ի
միւս
խմբագիրները
կ՚ապրին
այսօր
կարեւոր
պաշտօններու
գլուխ
անցած…։
(Ծ.
Թ.
)