ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ—ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՌԱԳԻՐՆԵՐ

֍

Սիս 4 Ապրիլ 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Ամէն կողմ ընդհանուր ջարդ, թալան, եւ հրկիզում կը շարունակեն։ Այսօր կ՚սպասուի յարձակումը նաեւ Սիսի վրայ։ Ժողովուրդին սարսափը սոսկալի է, խնդրեցէք կառավարութենէն արագափոյթ տնօրինութիւն։ Ժողովուրդին կենաց ապահովութեան եւ հանդարտութեան վերահաստատումը կ՚աղերսենք»։

Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՍԱՀԱԿ

֍

Ատանա 4 Ապրիլ 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Ջարդն ու հրդեհը դադրեցան, աւերն ու վնասը շատ մեծ են։ Ստիպողաբար օգնութիւն։ Քաղաքէն դուրսի վիճակէն տեղեկութիւն չունինք»։

Առաջնորդական փոխանորդ ԱՐՍԷՆ ՔԱՀ.

֍

Ատանա 4 Ապրիլ 1909

Հայ-հռովմէականաց Պատիրարքութեան Կ. Պոլիս

«Երեք օր շարունակ քրիստոնեայ ժողովուրդը վայրագօրէն ջարդուեցաւ, կողոպտուեցաւ եւ հրկիզուեցաւ։ Անձի ահագին կորուստ կայ։ Եկեղեցուոյ շրջափակը խռնուած է ահաբեկ եւ սովալլուկ ժողովուրդը։ Դեռ կը շարունակեն ջարդն ու հրկիզումը։ Գիւղը գտնուող մեր ագարակն ալ բոլորովին փճացած է։ Ընդհանուր վիճակը յուսահատական։ Օգնութիւն։ Միեւնոյն դէպքեր Տարսոն, Սիս եւ այլուր»։

Հայ-Հռոմէականաց Առաջնորդ ԹԷՐԶԵԱՆ

֍

Հաճըն 6 Ապրիլ 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Ատանայի, Սիսի եւ Տարսոնի մէջ տեղի ունեցած խռովութիւններուն եւ յուզումներուն պատճառով քաղաքիս բնակիչները դուրս չեն ելլեր։ Հասկցուած է որ շրջակայ իսլամ գիւղացիներն՝ աւարառութեանց եւ ընդհանուր ջարդի համար քաղաքիս վրայ պիտի յարձակին։ Այս տեղի սովն՝ ա՛լ աւելի սաստկեցաւ, վտանգի մէջ ենք։ Կը խնդրենք որ անմիջական օգնութեան հասնիք»։

֍

Կ. Պոլիս 6 Ապրիլ 1909

Ատանայի Առաջնորդութեան

«Ատանայի նահանգին վշտալի պատահարներուն համար մեզ հետ միւս հասարակութեանց եւ Օսմ[անեան] Երեսփոխանաց կողմէ դիմում եղաւ վարչապետին, խոստացաւ անկարգութեանց առաջքն առնել, հանդարտութիւնը վերահաստատել եւ կարօտելով օգնել։ Ազգային շրջանակի մէջ ալ կարեւորն ի գործ կը դրուի։ Ներկայ վիճակն ընդարձակ տեղեկագրեցէք»։

Պատրիարքական Տեղապահ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՐՇԱՐՈՒՆԻ.

֍

Կ. Պոլիս 6 Ապրիլ 1909

Ատանայի նահանգին հայ Առաջնորդութեանց

Ցաւօք կիմացուի թէ Պաղչէ գաւառին մէջ ալ ջարդը կը շարունակէ դէպքին հանդարտացման համար աշխատեցէք կուսակալին եւ կառավարութեան պետերուն հետ։ Ազդուապէս կը յանձնարարուի վերջին ծայր ջանալ հանդարտութեան եւ վերջ տալ կոտորածին։ Այս ազատութեան շրջանին մէջ Սահմանադրականութեան եւ հայրենասիրութեան հակառակ եղելութեանց յառաջ գալուն պատճառներն անհասկնալի են։ Շէյխ-իւլ-իսլամ էֆ[էնտի]ին կողմէն ալ թուրք ժողովուրդին հարկ եղած յորդորները կատարուած են»։

Պատրիարքական Տեղապահ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՐՇԱՐՈՒՆԻ

֍

Ատանայի կրօնական պետերուն կողմէ տրուած հեռագիրներէն մէկը։

Ատանա 6 Ապրիլ 1909

Օսմանեան Երեսփոխանական Ժողովոյ նախագահ Մուսթաֆա Նուրի պէյ էֆ[էնտի]ի

«Ճինկիզխան եւ Թիմուրլէնկի օրերուն մէջ տեղի չունեցած անիրաւութեանց եւ հարստահարութեանց ենթարկուեցանք։ Անդորրութեան եւ հաւատարմութեան մէջ գտնուող ժողովուրդ մը՝ խղճի եւ արդարութեան հակառակ անբացատրելի վայրենութեանց ենթարկուեցաւ։ Թալան, հրդեհ եւ ջարդը՝ փճացումը ամբողջացուցին, անօթութիւն եւ հիւանդութիւնները մնացածը պիտի լրացնեն։ Ատանայի նահանգը ոչ—իսլամ ժողովուրդին համար աւերակոյտ գերեզման մը եղաւ։ Իսլամ ժողովուրդին ոչ իսլամներու վրայ՝ ասանկ առանց խղճալու յարձակիլը թոյլատրող եւ նոյնիսկ օգնող կառավարութեան մը կառավարութիւն անուանելու կը կասկածինք։ Ուստի առանց ժամանակ կորսնցնելու վիճակնիս քննելու վնասնիս վճարելու  եւ պատասխանատու պաշտօնեաները դատապարտելու համար մասնաւոր յանձնաժողովի մը զրկուիլը՝ մարդկութեան, Արդարութեան եւ ճշմարտութեան անունով կը խնդրենք»։

֍

Մէրսին 6 Ապրիլ 1910

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Ատանայի Առաջնորդարանին հեռագիրները վերջին աստիճան թշուառութիւն կը նկարագրեն։ Միջոցները անբաւական են, կը խնդրեմ որ հեռագիրով իրենց անօթութեան անմիջապէս օգնութեան հասնիք»։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Ք[Ա]Հ[Ա]Ն[Ա]Յ.

֍

Սիս 7 Ապրիլ 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Ամէն կողմ ջարդ ու հրդեհները կը շարունակուին»։

Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՍԱՀԱԿ

  ֍

Սիս7 Ապրիլ1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Նահանգին շատ տեղերը արեան եւ կրակի մէջ կորան։ Սիսի շուրջը չի մնացին ագարակի տուն (չիֆթլիք), արտ եւ գոյք։ Մեր քաղաքը պաշարուած էր. կառավարութեան եւ տեղացի իսլամ հայրենակիցներու ջանքով աւազակներն երէկ մասամբ ցրուեցան։ Մեր ժողովուրդը վախէն վանքին մէջ ապաստանած է։ Կայսերական կառավարութեան թախանձեցէք բաւական ոյժ փութացնել, վտանգի տակ ենք»։

Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՍԱՀԱԿ

֍

Հաճըն 8 Ապրիլ 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Ատանայի, Սիսի եւ Գարսի կողմերը առաջ եկած շփոթութիւնները՝ եւ չորս օր առաջ Էլպուսթանցի Հասան անունով անձի մը իսլամներու թաղին մէջ բարձր տանիքի մը վրայ ելնելով «ո՜վ իսլամներ, զինուեցէք, քրիստոնեաները ջարդելու օրը հասած է» պոռալը՝ եւ շուկային մէջ թուրքի մը կողմէ զէնք արձակուիլը, ժողովուրդը մեծ յուզումի մատնեց եւ որով չարագործներու քաղաք մտնելը եւ ո՛ եւ է յարձակում արգիլելու եւ անձնապաշտպանութեան համար ժողովուրդը զինուեցաւ ու դիրք բռնեց։ Երեք օր առաջ շրջակայ Թումլու գիւղի քրիստոնեաներուն վրայ յարձակումներ, թալաններ եւ ջարդեր տեղի ունեցան, եւ նոյն շրջակաները գտնուող Խասթախանէ գիւղը պաշարուեցաւ։ Նոյն օրը Սիսէն եկող մի քանի քրիստոնեաներ յարձակումներ կրեցին եւ ժողովուրդէն շատերուն ինչքերը թալանի տրուեցան, կին մը ծեծէ վիրաւորուեցաւ։ Հիմա քաղաքը ամէն կողմէ պաշարուած է եւ երէկուընէ ի վեր շրջակայ աւանները գտնուող երկու հազարի չափ այգիներու խրճիթները կրակի տրուեցան։ Այս առտու իսլամները յարձակեցան քաղաքիս վրայ եւ մարթինիներով 1-2 հոգի սպաննեցին։ Բազմաթիւ անձերու կորուստներ եւ վնասներ կան։ Քաղաքը պիտի փճանայ եթէ անմիջական օգնութիւն չի հասնի, արդէն իսկ անօթութենէ եւ հիւանդութենէ մեռնողներ եղան։ Հայրենիքի սիրոյն համար կը խնդրուի որ ալ աւելի մեծ վտանգներու եւ կորուստներու տեղի չտալու համար ո՛ւր որ պէտք է դիմէք եւ ընդ փոյթ տնօրինութիւններ պահանջէք»։

Հաճընի Առաջնորդ ՆԵՐՍԷՍ

֍

Կ. Պոլիս 9 Ապրիլ 1909

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ի ՍԻս

Ձեր հեռագիրները ստացանք։ Պատրիարքարանէն որոշուած պատուիրակութիւնը երէկ ճամբայ ելաւ։ Վարչապետը հրաման ըրաւ որ դէպքը զսպելու անկարող քաղաքային եւ զինուորական պաշտօնեաները անձնապէս պատասխանատու ճանչցուին։ Կը խնդրենք որ իրաց վիճակը մանրամասն կերպով եւ հեռագրով ծանօթացնէք մեզ։ Արկածելոց փութով օգելու համար պէտք եղած միջոցները ձեռք առնուած են»։

Պատրիարքական տեղապահ ՀՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՐՇԱՐՈՒՆԻ

֍

Լարնագա 9  Ապրիլ1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«5-600 հայեր Ատանայէն հոս ժամանեցին բոլորովին մերկ եւ անօթի, ուր ապաստանելնին չեն գիտեր։ Օգնեցէք»։

֍

Անտիոք12 Ապրիլ 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Հոս հայերը ջարդուեցան, հարիւրաւոր այրիներ եւ որբեր կան, կացութիւնը խիստ ծանր է, օտարազգիները կառավարութենէն կը պաշտպանուին։

Ամերիկեան միսիօնար ՔԷՆԷՏԻ

֍

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Մեր նահանգը, Անտիոքի, Գըրըգ խանի, Սուէյտիյէի, Պէյլանի եւ Իսկէնտէրունի մէջ 1500 կոտորուածներ կան։ Իրենց տուները կրակի տրուած, եւ ինչքերն ալ ամբողջովին կողոպտուած են։12, 000 է աւելի որբեր եւ այրիներ, բաց օդին մէջ, ծուէն ծուէն եղած սովալլուկ, հիւանդ եւ անխնամ մնացած են, թշուառ եւ գութի արժանի վիճակի մը մէջ են։ Այս կուտակուած աղէտեալներուն մեծ մասը կառավարութենէն օգնութիւն չ՚ստանար եւ ինչ որ կը հայթայթեն անոնց համար շատ ոչինչ է։ Բազմաթիւ հեռագիրներ եւ նամակներ ուղղած եմ. դժբախտաբար ոչ մէկ պատասխան ստացած եմ։ Հոս բացուած հանգանակութիւնը նոյն իսկ չի բաւեր այս խեղճերուն համար աղ գնելու. չեմ գիտեր թէ ո՞ւր դիմեմ, ո՞ր կողմը դառնամ, յանուն Աստուծոյ եւ մարդկութեան սիրոյն, կ՚աղաչեմ որ մեզի անմիջական օգնութիւններ ղրկել տաք։ Անհամբեր կը սպասենք որ կառավարութիւնը արդիւնաւոր միջոցներ ձեռք առնէ սպասուած եւ ուզուած օգնութիւնը մեզի հասցնել տալու համար։ Կառավարութենէն հաւասարապէս կը խնդրենք թախանձանօք, որ մեր Առաջնորդութեան ետ դարձնել տայ բոլոր մեր կիներն ու աղջիկները զորս դէպքերուն միջոցին բռնի ուժով իսլամացուցած եւ բռնի կերպով խլած են իրենց ամուսիններէն եւ ծնողքներէն»։

Հայոց Առաջնորդ ՇԱՀԷ ՎԱՐԴ.  

֍

Տէօրթ-եօլ 12 Ապրիլ 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Ջուրը կտրեցին, ծարաւութենէն պիտի մեռնինք»։

Առաջնորդական փոխանորդ ՍԱՀԱԿ ՔՀՆՅ.

֍

Գասապա 15 Ապրիլ 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Չորս օրէ ի վեր անկարգութիւններ տեղի ունեցան, ամէն բան հրկիզուեցաւ եւ շոգենաւը 2500 փախստականներ Պէյրութ տարաւ»։

֍

Լազգիյէ 14 Ապրիլ1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Մինչեւ այսօր հրկիզուածներուն թիւը 3000ի հասած է։ Շոգենաւները հետզհետէ բազմութիւնը լեռներէն հաւաքելով ուրիշ տեղեր կը փոխադրեն։ Վերջին աստիճան թշուառութեան մէջ ենք։ Ձեր անմիջական գթութեան եւ օգնութեան կ՚սպասենք»։

ՄՈՎՍԷՍ Վ[Ա]ՐԴ[ԱՊԵՏ]




ԱՏԱՆԱՅԻ ՔՐԻՍՏ[ՈՆԷԱԿԱՆ] ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԵՏԵՐԸ.

1. Պատր[իարքական] պատուիրակ Գեր. Յակոբ Աշոտ Եպիսկ[ոպոս], 2. Հայ-Հռովմ[էական] Առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Պօղոս Եպիս[կոպոս] Թէրզեան (հիմա պատրիարք), 3. Հայոց առաջն[որդական] փոխանորդ Տ. Արսէն ք[ա]հ[ա]ն[ա]յ, 4. Յունաց առաջն[որդական] փոխանորդ Պապա Ավրահամ, 5. Քաղտէացւոց Պատ[րիարաքական] Փոխ[անորդ] Գաս Ստէֆան Մաքսապու, 6. Ասորի եւ Յոյն կաթոլ[իկ] Պատր[իարաքական] փոխանորդ Էլխուրի Ֆիլիպպոս Շագգալ, 7. Հին ասորիներու Պատ[րիարաքական] Փոխանորդ Էլքաս Մանսուր, 8. Երուսաղէմի Ասորիներու Պատ[րիարաքական] Փոխանորդ Ապօնա Պուշարա, 9. Ամերիկեան Միսիօնար Տօքթ. Չէմպըրս, 10. Հայ-Բող[ոքական] Վեր[ապատուելի] Համբարձում Աշճեան, 11. Պատ[րիարքական] պատուիրակ փաստաբան Կարապետ էֆ[էնտի] Այըճեան։ Ասոնք աղէտէն ետքը մեծ ծառայութիւններ մատուցին անընդհատ բողոքելով կատարուած անարդարութեան մասին, որոնց թղթակցութիւններուն ամբողջական հաւաքածոն պիտի հրատարակուի Դ հատորին մէջ։



֍

Լազգիյէ 14 Ապրիլ1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Քէսապի շրջակաները թուրքերն ու թուրքմէնները 1500 տուն թալանի տուին եւ այրեցին։ Հազարի չափ ընտանիքներ վնասուեցան, որոնց կէսը առաջնորդարանս ապաստանած է։ Երեք օր է անօթի եւ մերկ վիճակի մէջ են, թէեւ կառավարութիւնը օգնութեան հասած է, սակայն միայն ասիկա չի բաւեր. մարդասէրներու եւ պատրիարքարանի ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք, եւ կը խնդրենք որ կարեւոր նպաստ մը անմիջապէս փութացնէք, մանրամասնութիւնը նամակով կ՚ստանաք»։

ՄՈՎՍԷՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

֍

Ճէպէլը Լիպնան 14 Ապրիլ 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Կեավուր տաղի գիւղերէն Պաղչէ, Ճէպէլը-Պէրէքէթ խառնը, Լափաճլը, Քիշնէզ, Էնթիլլի, Քէլլէր կատարելապէս անհետացած են, բացի Հասան-ՊԷյլիէն որ երկու օր հետզհետէ շատցող անթիւ հրոսախումբերու դիմադրած է, չենք գիտեր թէ դեռ կը դիմադրէ, Կեավուրտաղի մէջ այլեւս հայ չի մնաց։

Պաղչէէն ազատած մը ԳՐԻԳՈՐ ԿԷՕՎՃԵԱՆ

֍

Ատանա 16 Ապրիլ 1909

Հայ-Բողոքականաց Ազգապետութեան, Պայպըլ-հաուզ Կ. Պոլիս

«Փրօֆ. Ս. Լեւոնեան որ Այնթապէս Հայ-Բողոքականաց Քրիստոնէական միութեան ժողովին իբր պատուիրակ կուգար, Օսմանիէի մէջ սպաննուեցաւ զինեալ խուժանէն։ Օսմանիէի մէջ15 հոգի բողոքականաց եկեղեցւոյն մէջ այրեցան, կ՚ենթադրուի թէ յարգելի երեցներ էին ատոնք, որ հոն հաւաքուած էին ժողովի համար»։

֍

Հաճըն16 Ապրիլ 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Միսիսի հազարապետին ժամանումովը յարձակումները ու հրացանաձգութիւնները դադրեցան»։

Հաճընի Առաջնորդ ՆԵՐՍԷՍ

֍

Հաճըն16 Ապրիլ 1909

Վեր. Մր. Փիթի Կ. Պոլիս

«Միսիսի վաշտին հոս ժամանումովը, քաղաքին մէջ կարգապահութիւննը հաստատուեցաւ։ Հիմայ ամենքս ալ հանգիստ ենք»։

ԼԷՄՊԸՐԹ




Ատանայի նախկին Առաջնորդ ԳԵՐ. ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ


֍

Ատանա 20 Ապրիլ 1909

Հայ-Հռովմէականաց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Սիսի Ատանայի եւ Հաճընի քոյրերը ողջ եւ առողջ են։ Անձկութեամբ կ՚սպասենք որ լուրջ եւ ստիպողական միջոցներ ձեռք առնուին խաղաղութեան վերահաստատման համար»։

Հայ-Հռովմէականաց առաջնորդ ԹԷՐԶԵԱՆ

֍

Կիպրոս, 18 Ապրիլ1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Երբ Սելանիկի զօրքը Ատանա հասաւ ջարդը վերսկսաւ, այս անգամ այրեցան մեր դպրոցները եկեղեցին եւ Ազգային կալուածները։ Չեն թողուր որ մնացած հայերը գաղթեն։ Առաջին կոտորածէն ետքը Մէրսին փախչողները յաջողեցան փախչիլ ի Կիպրոս։ Իրաց վախճանը անստոյգ է»։

Ի դիմաց Կիպրոսի Հայ Գաղթականաց Լ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ

֍

Հալէպ, 19 Ապրիլ 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Բոլոր այս պատահարներուն պատճառը Ատանայի կուսակալին եւ հրամանատարին անկարողութիւնն է, Լաթաքիոյ մէջ 5000 աղէտեալ կայ որ հաց կը խնդրեն, իրենց ինչքերը կ՚ուզեն եւ վերջին պատահարներու պատասխանատուներուն խիստ պատժուիլը կը պահանջեն»։

Հալէպի Առաջնորդ ՇԱՀԷ

֍

Իսկէնտէրուն 20 Ապրիլ1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Ճէպէլը Պէրէքէթի Միւթէսարըֆ Ասաֆ Պէյ, որ ծանօթ է իր բռնապետական արարքներովը, 30, 000 վայրենի խուժանի մը միանալով հրացան եւ փամփուշտ բաժնեց եւ ցրուեց մեր գիւղերուն եւ Այաս գիւղախումբին վրայ, որոնք յարձակելով ժողովուրդին մեծ մասը ջարդեցին, մեր գոյքերը, կենդանիները եւ ամէն ինչերը յափշտակելով թալանեցին, եւ մեր տուներն ու ագարակները այրեցին, հազիւ կրցանք ինքզինքնիս Տէօրթ-Եօլ նետել, Տէօրթ-Եօլն ալ իսկոյն պաշարուեցաւ եւ մեր կեանքը, ընտանեկան Սրբութիւնն ու պատիւը պահելու համար 13 օր պաշարումի տակ մնացինք առանց կաթիլ մը ջուր ունենալու։ Ժողովուրդին մէկ մասը մեռաւ ծարաւէ, եւ գիւղին վրայէն անձրեւի պէս տեղացող գնդակի ազդեցութենէն։ Վերջապէս շնորհիւ Սահմանադրութեան Բ. Զօրաբանակէն ղրկուած քաջարի Օսմանեան զինուորներու օգնութեամբը պաշարումը վերցուեցաւ, մեզի ջուր շնորհուեցաւ եւ քիչ մը շունչ առինք, Միւթէսարըֆը կը պնդէ որ մեր տեղերը վերադառնանք մինչդեռ մեր բանին գործին նայելու համար չենք կրնար դուրս ելլել, որովհետեւ դեռ կեանքերնիս կատարեալ երաշխաւորութեան տակ չէ՛։ Մինչեւ որ քննիչ Միւթէսարըֆին եւ խուժանապետներուն, հաւանական է որ յարձակումը կրկնուի եւ այս անգամ ամէնքնիս ալ կը սպաննուինք։ Աստուծոյ սիրոյն ըլլայ անդորրութիւնը վերահաստատելու եւ բարեկարգութիւնը պահպանելու համար ինչ որ պէտք է ըրէք։ Մեզմէ յափշտակուած ու թալանուած գոյքերուն փոխարժէքը հատուցանել տուէք։ Մինչեւ որ այս բարենորոգումները ըլլան՝ մեր օրապահիկը ղրկեցէք որ անօթութենէ չի մեռնինք։ Հացի կարօտ ենք, մեծ ու պզտիկ, կին ու տղայ, 12, 000 թշուառներ ենք եւ ձեր գթութեանը կը կարօտինք, որպէսզի անօթութենէ չի մեռնինք»։

ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

  ֍

Մարաշ, 20 Ապրիլ1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Մարաշի պատկանող եւ 500 բնակիչ ունեցող մեր Տէրէ-քէօյ գիւղին վրայ յարձակեցան, հազիւ ինքզինքնիս ազատեցինք, գոյքերնիս եւ արմտիքնիս բոլորովին թալանի տրուեցան։ Անօթութենէ պիտի մեռնինք, թախանձագին կը խնդրենք որ փութով նպաստ եւ ուտեստ հասցնէք մեզ»։

ՎԱՐԴԱՆ ՔՀՆՅ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

֍

Մարաշ16 Ապրիլ1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Կրակի տրուած 13 գիւղերէն (1000 տուն) հազիւ 400 հոգի կայ ազատած, որոնք Մարաշի մօտ Ֆէնտըճաքի մէջ  են։ Հասան Պէյլիի (400 տուն) բոլոր կիները եւ տղաքները ժողովուրդին կողմանէ բանտարկեալ մնացած են։ Թշուառութիւնը զարհուրելի է, կառավարութիւնը անհոգ կը գտնուի օգնելու համար. ընդհակառակն տեղական իշխանութիւնները խիստ հրավաններ կուտան որպէսզի ուշացած տուրքերը գանձուի. Ապացոյցներով հաստատեցինք որ քաղաքին 1000 հոգիներէն՝ որոնք դաշտը կը գտնուէին 300ը կոտորուած են։ Խաղաղութիւնը վերահաստատուած չէ։ Թուրք ժողովուրդը դէմ է իշխանութեան, այն պատճառաւ որ այս վերջինները ձերբակալել տուած են վերջին ջարդերու կազմակերպիչներէն 12 հոգի։ Ամէն օր ցոյցեր կ՚ընեն եւ իրենց ազատումը կը պահանջեն եթէ խառնակութիւնները վերսկսին, այս անգամ առաջուընէ շատ աւելի գէշ պիտի ըլլայ քանի որ իշխանութիւնները արգիլելու համար պէտք եղած ոյժը բնաւ չունին։ Կ՚ուզենք որ վերջին խառնակութեանց պատասխանատուները իրենց արժանի պատիժը կրեն։ Մենք անկեղծօրէն կրնանք ապացուցանել եւ ցուցնել Ձեզի կազմակերպիչները որոնք հետեւեալներն են Քէֆէրտիզ գիւղէն Խուրշիտ, Էլօղլու Էմիրզէ, Եէշիլ Տէրէյէն Հաճի Ֆաքնինի, Էօնսէյէն Հաճի Մէսթիլ։ Ասոնք են որ իրենց գիւղերուն թուրքերը գրգռած եւ զանոնք հայերուն վրայ ուղղած են։ Կը պահանջենք որ այդ մարդիկը անմիջապէս բանտարկուին եւ պատժուին»։

Առաջնորդական Տեղապահ

֍

Այնթապ 20 Ապրիլ 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Մեր ճշգրիտ տեղեկութեանց համաձայն աղէտէն աւերակ դարձած տեղերուն մէջ, թշուառութիւն եւ անապահովութիւն կը տիրէ, հայրենիքին բազմաթիւ զաւակները՝ որոնց տուները կրակի տրուած եւ հունձքերը ոչնչացած են, մերկ եւ սովահար կը դեգերին։ Ասկից զատ պատուաւոր կիներ եւ կոյսեր՝ կարգապահութիւնը եւ խաղաղութիւնը պահպանելու պաշտօն ունեցող անձերու քով բանտարկուած եւ բռնի կրօնափոխ եղած են։ Երկիրը աւերակ կը դառնայ, հայրենիքի սիրոյն համար կ՚ուզենք որ վերջ տրուի այս անբնական եւ ամենուն վնասակար վիճակին»։

Առաջն[որդական] փոխանորդ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ք[Ա]Հ[Ա]Ն[Ա]Յ

֍

Հալէպ 21 Ապրիլ 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Տէօրթ-Եօլի մէջ անդորութիւնը վերահաստատուած ըլլալով, կուսակալութենէն պատուիրուեցաւ որպէսզի յորդոր ուղղուի ժողովուրդին որ հրազէնները կառավարութեան յանձնէ։ Տէօրթ-Եօլը իմ թեմէս դուրս է, այս նպատակին իրագործումին համար այս տեղէն թնդանօթ եւ զինուոր ղրկուելու ձեռնարկուեցաւ։ Կեդրոնական կառավարութեան դիմելով, անհրաժեշտը շուտով գործադրեցէք»։

Առաջնորդ Հայոց ՇԱՀԷ

  ֍

Հաճըն 22 Ապրիլ1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Արդէն սաստկութեամբ տիրապետող սղութեան եւ սովին վրայ աւելցաւ մահացու հիւանդութիւն մըն ալ։ Շարի եւ Րուլույի հրդէհներէն ու թալանէն ազատած բնակիչներն ու որբուհիները պատառ մը հացի համար արիւն արցունք կը թափեն։ Աղետալի եւ սրտայոյզ թշուառութիւնը բառնալու համար ազատարար ձեռքերու օգնութեան կը կարօտինք։15, 000 կարօտեալներու անունով փրկութիւն կը թախանձենք»։

Առաջնորդ Հայոց ՆԵՐՍԷՍ

֍

Մէրսին 22 Ապրիլ1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Ատանայի եւ Թարսուսի 20, 000 հրկիզեալներուն բաւականաչափ վրան շուտով ղրկուելու համար Կայս. կառավարութեան դիմեցէք։ Ձեր ղրկած 500 ոսկին եւ Մանչէսթըրէն ղրկուած 300 ոսկին դեռ չկրցանք գանձել։ Ասոնցմէ զատ դրամ ճերմակեղէն, անկողին, հագուստ ղրկեցէք փութով»։

ԱՍԼԱՆԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

֍

Հալէպ, 29 Ապրիլ 2909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Պահանջներ եւ պաշտօնական դիմումներ ըրած ենք որպէսզի երեք քննիչ յանձնաժողովներ ղրկուին եւ պատժուին այս խռովութեանց պատասխանատուները. ջարդողները, դրդիչները, աւարառուները եւ բոլոր այն կնամոլները որոնք մեր աղջիկներն ու կիները խլեցին մեզմէ, ինչպէս նաեւ անոնք որ մեր արջառները գողցան։

Այս յանձնաժողովները երեք տեղերու մէջ պէտք է գործեն1. ՊԷյլան—Իսքէնտէրուն 2. Անտիօք—Քէսապ 3. Մարաշ։ Թէպէտեւ այս յանձնաժողովները ղրկուեցան եւ սակայն անոնք միայն միւսլիմաններէ բաղկացած են. կառավարիչը ո՛ եւ է կերպով հայերու մասնակցութիւնը չուզեր ընդունիլ»։

Հալէպի Առաջնորդ Շահէ

֍

Ֆէքէ, 7 Մայիս 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Մեր գիւղին յարձակման ենթարկուած ժամանակ, թշնամի գնդակներէ դուրսէն 14 եւ ներսէն 2 անձեր սպաննուեցան։ Գայմագամին ի գործ դրած ճիգերուն շնորհիւ ողջ առողջ ենք։150 տուներու բնակիչները թշուառութեան մատնուած են։ Օգնութիւն ղրկեցէք»։

Եէրէ պագանի մուխթար ԳՐԻԳՈՐ

֍

Ատանա 4 Յունիս 1912

Վեհափառ կայսեր, Մեծ Եպարքոսութեան, Ծերեկոյտի նախագահութեան, Երէսփ. ժողովոյ նախագահութեան, Դատական նախարարութեան եւ Պատրիարքարաններու։

 

«Ատանա եւ շրջականները գտնուող քրիստոնեաները պատիւ, անձ եւ ստացուածքի մասին մեծ վնասներու ենթարկուեցան։ Այլեւս անոնց այո կողմերը բնակիլը՝ եւ կեանքերնուն ապահովութիւնը՝ Պատերազմական Ատեանի Արդարութեան եւ գործունէութեան մնացած էր։ Բայց կը ցաւինք որ առաջին գործը յոյսերնիս ոչնչացուց եւ մեր տխրութեան պատճառ եղաւ։ Որովհետեւ փոխանակ ջարդ եւ կործանումի պատճառ եղողները գտնելով ընդհանուրին օրինակ ըլլալու համար պատժելու, պարզ ոճրագործներ կը փնտռուին, իսլամներէն դէպքէն անտեղեակ եւ միայն հրամաններու հպատակած տգէտ գիւղացիներ, եւ քրիստոնեաներէն կարգ մը թշնամիներու վկայութեամբ դատապարտուած եւ կամ անձնապաշտպանութեան համար աշխատած անմեղ քաղաքացիներ կախաղան կը հանուին։ Պատերազմական Ատեանը անպատճառ քրիստոնեաները պատասխանատու բռնելու քաղաքականութեան կը հետեւի։ Այս վիճակով մեր ցաւերը որո՞ւ լանք։ Մեր դժբախտ եւ խեղճ ժողովուրդը ինչո՞վ ապահովենք եւ մխիթարենք։ Աստուծոյ սիրոյն խղճացէք»։

Ատանայի Քրիստ[ոնէական] Կրօն[ական] Պետեր

֍

Գոզան (Սիս) 7 Մայիս 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Ճիւաղները անգթօրէն սպաննեցին մեր ամուսինները եւ պզտիկները, բռնաբարեցին մեր աղջիկները. մեր արջառը, տնական առարկաները եւ բոլոր մեր ինչքերը գողնալով ագարակներն ալ կիրակի տուին։ Դժբախտ եւ վիրաւոր ամայի տեղեր քաշուած մնացած էինք, կառավարութեան միջոցաւ մեր քաղաքը Սիս փոխադրուեցանք։ Քննիչ յանձնաժողով մը մեր ըսածները գրի առաւ եւ մարդասպաններէն մի քանիները ձերբակալուեցան։

Բայց Գոզանի դատաւորը որ յանձնաժողովին մաս կը կազմէ բռնապետ մըն է, եւ իր դատին ծառայելով ամէն միջոցով կ՚ուզէ յանցաւորները արձակել։ Անիկա նոյն իսկ բռնութիւն կը բանեցնէ կառավարութեան պաշտօնեաներուն եւ ոստիկանութեան վրայ, որոնք մեզի կ՚օգնեն եւ զմեզ կը պաշտպանեն, կ՚ըսէ թէ զմեզ՝ դատուելու համար Ատանա պիտի ղրկէ։ Աստուծոյ սիրոյն ըսէք, սովամահ եւ ծուէն եղած ենք, ինչպէ՞ս Ատանա պիտի երթանք։ Մեր հունձքերը պահպանելու համար միայն ու միայն մեր խողխողած սիրելիներուն դիակները կան։ Կը խնդրենք որ հոս անկողմնակալ քննիչ յանձնաժողով մը ղրկէք։ Տեղւոյն վրայ իսկ զմեզ դատելու համար»։

֍

Իսկէնտէրուն 10 Մայիս 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Հարիւրաւոր անմեղներ սպաննուեցան մեր բնակարաներն ու ագարակները այրուեցան եւ բոլոր մեր ինչքն ու ստացուածքը աւարի տրուեցան։ Մեր բարեկեցիկ դասակարգը աղքատներու աստիճանին իջաւ, հազարաւոր մերկ եւ անօթի մարդիք, որբ եւ այրիներ անպաշտպան մնացինք»։

֍

Ֆէքէ «Վահկա» 11 Մայիս 1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Աշիրէթէն 200 մարդիք, որոնք Ատանան կողոպտած են, հոս հասան հարուստ աւառներով բեռնաւորուած, շրջականերէն երկու գիւղերու վրայ յարձակած են եւ կը սպառնան բոլոր հայերը կոտորել եթէ իրենց չտրուի մեր ամենագեղեցիկ հայուհիներէն տասն երկու հատ»։

֍

Արաբկիր, 9 Մայիս1909

Հայոց Պատրիարքութեան Կ. Պոլիս

«Կը տեղեկանանք թէ հայ գիւղերու վրայ յարձակում մը պիտի գործուի, դիմեցինք կառավարիչին, բաւական թիւով զինուոր, քննիչներ եկան Ակնէն։ Բռնութիւնը կը շարունակուի գիւղերու միւտիրներու անհոգութեան պատճառով. միւտիր Հաճի ՄԷհմէտի հրամանով եւ Միատէր Եաշարի դրդրումով հայերը հրապարակով չարչարուեցան ու ծեծուեցան. հակառակ իրենց բռնութեան՝ Ակնայ ոստիկանապետը բռնութեամբ՝ ի նպաստ այս միւտիրին հայերէն ստորագրութիւն կը հաւաքէ։ Կը խնդրենք միջոց մը գտէք իրերու այս վիճակը դադրեցնելու համար»։

Առաջնորդ Գէորգ