ԱՆԹԱՔԻՈՅ
[1]
ՋԱՐԴԸ
Ականատես
մը
կը
պատմէ.
—
«1909
Ապրիլ
6ի
երկուշաբթի
օրը
Ատանայի
ջարդին
ստուգութիւնը
հաստատուելով
ահ
ու
սարսափի
մատնուեցանք։
Ամէն
մարդ
խանութները
գոցելով
տուն
ապաստանեցաւ։
Այս
միջոցին
տեղւոյս
գաիմագամը
պաշտօնեաներով
Ազգ[ային]
Առաջնորդարան
եկաւ
եւ
տեղացի
հայ
երեւելիները
ժողովելով,
վստահեցուց
որ
«բան
մը
չի
կայ,
ամէն
մարդ
խանութնին
թող
բանան
եւ
գործերնին
նային»։
Գաիմագամը
Առաջնորդարան
գտնուած
ատենը
դուրսը
խուժան
մը
պաշարեց
Առաջնորդարանը
եւ
Գաիմագամին
մեկնումէն
ետքը
յարձակեցաւ
Առաջնորդարանէն
ներս։
Հոն՝
Առաջնորդարանին
մէջ
սպաննեց
Կաթ[ողիկոսական]
փոխանորդ
Տ.
Արսէն
վարդ[ապետ]ը
Կտուց
անապատի
վանքի
միաբանութենէն
հիւր
եկած
Տ.
Դանիէլ
ծերունազարդ
վարդ[ապետ]ը,
Տ.
Արմենակ
քահանայ
Տօնաթոսեանը
եւ
հոն
հաւաքուած
Անթաքիոյ
հայ
երեւելիները,
որոնց
մէջ
էր
իտարէի
անդամ
Մարտիրոս
էֆ[էնտի]
Կիրակոսեան,
ասոնցմէ
ետքը
եկեղեցիին
անօթներն
ու
կարասիները
թալանեցին։
Խուժանը
մեր
նահատակ
կրօնականներուն
դիակները
քաշկռտելով
պտտցուց
փողոցներն
ու
շուկաները,
հրաւիրելով
բոլոր
ժողովուրդը
որ
ջարդին
մասնակցի,
բնաջինջ
ընելու
համար
տեղւոյն
քրիստոնեաները։
Իրիկուան
դէմ
ժամը
9ին
յարձակումը
տարածուեցաւ
եւ
մի
քանի
ժամուան
մէջ
բնաջինջ
եղաւ
ամբողջապէս
Անթաքիոյ
դժբախտ
հայութիւնը։
Ամբողջ
քրիստոնեաները
ջարդելէ
ետքը
քարուքանդ
ըրին
եւ
այրեցին
Հայոց
ու
Հայ
Բողոքականաց
եկեղեցիները։
Անթաքիոյ
մօտէն
անցնող
Ասիի
գետը
քրիստոնեաներու
դիակներով
լեցուեցաւ։
Անթաքիոյ
մէջ
գրեթէ
հայ
չի
մնաց
800
հայ
բնակիչներէ
միայն
20
հոգիի
չափ
ազատեցան,
ասոնք
ալ
վիրաւոր
եւ
հիւանդ։
Անթաքիոյ
ջարդին
կազմակերպիչներն
ու
հրամանատարները
էին,
ջարդէն
չորս
օր
առաջ
Պոլսէն
եկած
միւթէսարըֆը,
թուրք
երեւելիներէն
Հիւսնի
աղա,
Խալէֆ
աղա
զատէ
Վահիտ,
Պէրէքէթ
զատէ
Րիֆաթ
եւ
Րէշիտ։
Ասոնք
շրջակայ
գիւղացիները
ժողովեցին
եւ
զինելէ
ետքը
քրիստոնեայ
թաղերուն
վրայ
առաջնորդեցին»։
[2]
[1]
Անթաքիա՝
Հալէպի
նահանգին
հարաւային
կողմը
գտնուող
գաւառակ
մ՚է,
որուն
մէջ
Հայերը
800ի
չափ
էին։
(Ծ.
—
Յ.
Թ.
)
[2]
«Ճերիտէի
Շարգիյէ»
Ն.
7216