ԱՂԷՏԷՆ
ԱՌԱՋ
ԱՏԱՆԱՅԻ
ՄԷՋ
ԵՒ
ՇՐՋԱԿԱՆԵՐԸ
ՏԵՂԻ
ՈՒՆԵՑԱԾ
ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ
ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ։
Կիլիկիոյ
աղէտին
կեդրոնն
է
Ատանա
քաղաքաը,
ուր
կազմակերպուեցաւ
ան
եւ
տարածուեցաւ
շրջակաները։
Ատանայի
ջարդը
սկսաւ
1909
Ապրիլ
1ին
մինչդեռ
1908
Յուլիս
10էն
մինչեւ
ջարդին
օրը
Ատանայի
մէջ
եւ
շրջակաները
տեղի
ունեցան
կարգ
մը
կարեւոր
ցոյցեր
ու
ոճրագործութիւններ,
որոնց
կարեւորութիւն
չի
տրուեցաւ
Ատանայի
տեղական
կառավարութեան
կողմէ,
եւ
այս
կերպով
է
որ
քաջալերուեցան
ու
ասպարէզ
գտան
ջարդարարները։
Ջարդէն
առաջ
Ատանայի
մէջ
եւ
շրջակաները
տեղի
ունեցած
բազմաթիւ
դէպքերէն
կարեւորներն
են
հետեւեալները։
1.
—
Օսմ[անեան]
Սահմանադրութեան
հրատարակուելէն
ետքը՝
Հայոց
ուրախութիւնն
ու
խրախճանութիւնը
տեսնող
Թուրք
տարրին
մոլեռանդ
մասը՝
սկսաւ
ջարդի
տարրաձայնութիւններ
հանել
մէջտեղը։
Ամէն
օր
նորանոր
լուրեր
կը
լսուէր։
«Րամազանի
Պայրամին
օրը
ջարդը
պիտի
սկսի»
ըսուեցաւ
եւ
մենք
այն
օրերուն
մէջ
սարսափի
ենթարկուած
մէկ
քանի
գիշերներ
անքուն
անցուցնինք։
Թէեւ
Պայրամը
անվտանգ
անցաւ,
սակայն
տեղական
կառավարութիւնը՝
պարտաւոր
էր
գտնել
այս
լուրերուն
աղբիւրը
եւ
ըստ
այնմ
պատժել
անոնց
հեղինակները։
Դժբախտաբար
չկրցաւ
կամ
չուզեց
գտնել
զանոնք.
որով
անոնք
քաջալերուեցան
եւ
մեծ
թափով
շարունակեցին
իրենց
ընթացքը,
մինչեւ
որ
հասան
իրենց
նպատակին։
2.
—
Պոլսոյ
յետադիմամական
կազմակերպութեան
լուրը
Ատանա
հասածին
պէս,
հոն
ալ
սկսան
շարժիլ
եւ
օր
մ՚ալ
շուկան
ելաւ
ահագին
բազմութիւն
մը,
որուն
առջեւէն
քալող
մունետիկ
մը
կը
պոռար
«մեր
շէրիաթին
կէտ
առ
կէտ
գործադրութիւնը
կը
պահանջենք,
կիները
պէտք
չէ
շուկան
ելլեն
եւ
առեւտուր
ընեն,
մեր
այս
պահանջումին
հակառակ
շարժող
կիները
պիտի
բզքտենք
եւայլն»։
Այս
մոլեռանդական
շարժումէն
սարսափահար՝
ստիպուեցանք
քնացող
կառավարութեան
ուշադրութիւնը
հրաւիրել
եւ
Ճէվատ
պէյի
պէս
թուլամորթ
եւ
Համիտաբարոյ
Կուսակալ
մը՝
հազիւ
մունետիկն
ու
մէկ
երկու
թափառաշրջիկներ
բանտարկել
տուաւ։
Երկու
ժամ
ետքը
անոնք
ալ
ազատուեցան
ամբոխավարներուն
պահանջումովը։
3.
—
Առտու
մ՚ալ՝
խոշոր
գիրերով
լայնածաւալ
ահագին
յայտարարագիր
մը
փակցուած
գտնուեցաւ
Ատանայի
ամենէն
բանուկ
հրապարակը
բարձրացող
ժամացոյցի
աշտարակին
վրայ,
ուր
գրուած
էր
թէ
«Հնդկաստանի,
Եգիպտոսի
եւ
ուրիշ
ամէն
կողմերու
վեց
հարիւր
միլիոն
իսլամները
միացած
Անգլիական
կառավարութեան
դիմած
են,
պահանջելով
որ
Իսլամական
շէրիաթը
պահպանուի,
հակառակ
պարագային
իրենց
արեան
վերջին
կաթիլը
թափելու
պատրաստ
են
շէրիաթին
պաշտպանութեանը
համար»
[1]
։
Այս
յայտարարութիւնը
սխալ
ըմբռնումով՝
մեծ
գրգռութիւն
պատճառեց
եւ
ատելութիւն
սերմանեց
Ատանայի
մոլեռանդ
դասակարգին
մէջ
եւ
կարգ
մը
մոլեռանդներ
հազարաւոր
օրինակներ
ընդօրինակելով
իրենց
մէջ
տարածեցին
եւ
բերնէ
բերան
խօսեցան
օրերով,
որով
ավենքն
ալ
սկսան
ոյժ
տալ
շէրիաթի
պաշտպանութեան
գաղափարին
եւ
սոսկալի
հակառակութիւն
ցուցնել
ոչ-իսլամներու,
մանաւանդ
Հայոց
նկատմամբ,
որոնք՝
իրենց
կարծիքովը
Սահմանադրութեան
պահպանումովը
«շէրիաթ»ը
վերցնել
կուզէին…։
Այս
յուզումնալից
եւ
գրգռիչ
ծանուցումը
փակցնողը
յայտնի
էր,
սակայն
հակառակ
եղած
բողոքներու՝
Կուսակալը
կարեւորութիւն
չի
տուաւ
եւ
այսպիսով
ա՛լ
աւելի
քաջալերուեցան
ջարդի
կազմակերպիչները։
Այն
խոշոր
գիրերով
եւ
լայնածաւալ
ծանուցագիրը
շաբաթներով
մնաց
փակցուած
տեղը,
եւ
իսլամ
մը
չմնաց
որ
չկարդար
զայն։
4.
—
Կիլիկեան
ջարդի
կազմակերպիչները՝
թուրքերու
մոլեռանդութիւնը
գրգռելու
նպատակով
գիշեր,
մ՚ալ
աղտ
քսեցին
Ուլու
ճամի
(մեծ
մզկիթ)ի
դուռը,
այն
նենգ
դիտաւորութիւնով
թէ՝
այնպիսի
ստորին
ու
վատ
արարք
մը՝
պիտի
վերագրուի
քրիստոնեաներուն
եւ
որով
անմիջապէս
ջարդ
մը
սկսի։
Այս
խնդիրն
ալ
բաւական
մեծ
վախ
պատճառեց
Ատանայի
քրիստոնեաներուն։
Երկրորդ
գիշերը
մասնաւոր
պահակներու
միջոցաւ
ձերբակալուեցան
այն
վատերը,
որոնք
երկու
սօֆթաներ
էին
եւ
երկրորդ
գիշերն
ալ
կը
կրկնէին
միեւնոյն
խայտառակութիւնը։
Տեղական
կառավարութիւնը
առանց
պատժելու
արձակեց
այդ
ստորնութեան
դերակատարները,
եւ
որոնք
աւելի
վատ
յանդգնութիւններ
ընելու
քաջալերութիւնն
ունեցան։
5.
—
Գիշեր
մ՚ալ
յանկարծ
վլվլուկ
մը
կը
հանեն
Թուրք
թաղերու
մէջ,
տունէ
տուն
պոռալով
որ՝
«Այս
գիշեր
քրիստոնեաները
մեր
զօրանոցը
պիտի
պաշարեն
ու
գրաւեն,
արթուն
եւ
պատրաստ
կեցե՛ք»
եւ
թուրքերը
սոսկալի
իրարանցումով
մը
իրարու
տուն
կը
վազեն
ու
ծակէ
ծակ
կը
մտնեն։
Կառավարութիւնը
կ՚ստիպուի
պատրաստ
ոյժը
կեդրոնացնել
զօրանոցին
շուրջը
եւ
ամբողջ
իսլամները
մինչեւ
առտու
չի
քնանալով
մեր
յարձակմանը
կսպասեն…։
Մինչդեռ
ասդին
մենք
մեր
թաղերուն
մէջ
անցուդարձէն
անտեղեակ
կը
քնանայինք
մեր
անկողիններուն
մէջ
եւ
հետեւեալ
առտուն
«Իթիտալ»ի
մէջ
ապշութեամբ
կարդացինք
մեր
թուրք
հայրենակիցներուն
անցուցած
անտեղի
վախն
ու
ենթարկուած
իրարանցումը։
Տեղական
կառավարութիւնը
կրկին
չի
հաճեցաւ
քննութիւն
մը
կատարել,
գտնելու
համար
այս
սուտին
բղխած
աղտոտ
աղբիւրը
եւ
ըստ
այնմ
պատժել։
6.
—
Օր
մըն
ալ
նոր
սուտ
մը
տարածեցին
ըսելով
թէ
«Հաճընի
Հայերը
ապստամբած՝
Ատանայի
վրայ
կը
քալեն…»։
Թուրքերը
սկսան
իրար
անցնիլ
եւ
քիչ
վերջը
հասկցուեցաւ
թէ
բացարձակ
սուտ
մ՚էր
որ
նորէն
նախկին
աղտոտ
աղբիւրէն
բղխած
էր։
Կառավարութիւնը
նորէն
չուզեց
գտնել
այս
սուտին
հեղինակն
եւս,
ինչ
որ
շատ
դիւրին
էր։
Վերջապէս
Կիլիկեան
աղէտին
կազմակերպիչները
դեռ
շատ
մը
սուտ
զրոյցներ
մէջտեղ
նետելէ
ետքը՝
հասկցան
թէ
սուտերով
կամ
զրպարտութիւններով
արդիւնք
մը
ձեռք
չի
բերուիր
իրենց
ծրագրին
յաջողութեանը
համար.
ուստի
սկսան
յարձակումներու
եւ
ոճրագործութիւններու
շարքի
մը։
Նախ
բազմաթիւ
ոճիրներ
գործուեցան
Ատանայի
շրջակաները,
հետզհետէ
մօտենալով
Ատանայի
կեդրոնը,
որոնցմէ
կարեւորներն
են
հետեւեալները։
7.
—
Օսմանիէյէն
Հաճըն
գացող
երեք
Հաճընցի
Հայ
ջորեպաններ
յօշոտուեցան
Սիսի
շրջակաները
Աշճալը-Ուշաղը
կոչուած
գիւղախմբին
մօտիկը.
եւ
երբ
ոճրագործները
ձերբակալուելով
հարցաքննուեցան,
բացէ
ի
բաց
յայտարարեցին
թէ՝
Քրիստոնեաները
ջարդելու
գաղտնի
կազմակերպութիւն
մը
կայ
եւ
թէ
իրենք
ալ
անոր
հրամանը
գործադրած
են։
Ոճրագործները
յայտարարած
էին
նաեւ
թէ
Սահմանադրութիւնը
մեր
Շէրիաթին
հակառակ
է,
եւ
քանի
որ
անոր
ալ
պաշտպանը
ամենէն
աւելի
Հայերն
են,
պիտի
շարունակեն
ջարդել
ուրիշներն
ալ,
եթէ
բանտէն
արձակուին։
Այս
վայրագ
ոճրագործները
Ատանա
բերուելով
մահուան
դատապարտուեցան
եւ
վերջն
ալ
հիւանդութեան
պատրուակով
հիւանդանոց
փոխադրուեցան,
ուրկէ
փախչելով
գացին
իրենց
գիւղերը
եւ
հազիւ
աղէտէն
տարի
մը
ետքը
կրկին
ձերբակալուելով
կախուեցան
Սիսի
մէջ։
8.
—
Գարսփազարի
շրջակաները
անյայտացան
Հաճընցի
Գրիգոր
Տատըրեան
եւ
Եփրեմ
Պուրճագեան
անունով
երկու
հայեր,
որոնց
միայն
ոսկորները
գտնուեցան
ամիս
մը
ետքը,
ամայի
տեղ
մը։
9.
—
Միեւնոյն
գաւառէն
մէկ
քանի
հայեր
լեռը
տարուելով
երբ
պիտի
սպաննուէին,
ճամբորդներու
հանդիպումով
փրկուեցան
եւ
կառավարութիւնը
չի
հաճեցաւ
ձերբակալել
կամ
փնտռել
այս
երկու
դեպքերուն
հեղինակները։
10.
—
Տէօրթ-Եօլի
շրջակաները
բնակող
վրանաբնակ
Պուխարլը
գիւղացիները՝
իրենց
դրացի
Քրիստոնեաներուն
վրայ
յարձակելով
շատ
մը
Հայեր
վիրաւորած
եւ
կեանքերնուն
սպառնացած
էին։
Այս
եղելութիւնը
Ատանա
իմացուելով
Առաջնորդարանին
բողոքին
վրայ
քննիչներ
ղրկուեցան
եւ
երբ
պաշտօնական
հարցաքննութեան
ձեռնարկուած
էր,
հետեւեալ
գաղտնիքները
խոստովանած
էին,
«Ատանայի
մէջ
Քրիստոնեաները
ջարդելու
գաղտնի
կազմակերպութիւն
մը
կայ
եւ
մեզի
ալ
հաղորդուած
է
այս
որոշումը
եւ
ահա
այս
նպատակող
է
որ
մենք
այս
կողմերը
կ՚սպասենք,
գոնէ
այս
կողմերը
թալլելու
եւ
ջարդելու
յոյսով։
11.
—
Սիսէն
Ատանա
եկող
Քրիստոնեայ
ջորեպանները
յարձակում
կրեցին
կարգ
մը
իսլամ
շրջիկ
ապտալներու
կողմէ,
որոնց
մեծամասնութիւնը
վիրաւորուած՝
հազիւ
ինքզինքնին
Ատանա
նետեցին։
Պաշտօնական
դիմումներու
վրայ,
թէեւ
ապտալները
ձերբակալուեցան
սակայն
ժամ
մը
ետքը
ազատ
արձակուեցան
տեղական
կառավարութեան
կողմէ։
Յարձակումները
հետզհետէ
Ատանայի
կեդրոնը
մօտեցան։
12.
—
Համիտիյէյի
եզերքը
սպաննուած
եւ
յօշոտուած
գտնուեցաւ
Տարսոնի
Ամերիկեան
գօլէճի
ուսանողներէն
Անթաքիացի
Առաքել
Պէրպէրեան
անունով
18
տարեկան
գեղադէմ
երիտասարդ
մը։
Յիշեալին
մարմինը
հինգ
տեղէ
ատրճանակի
կապարով
եւ
երկու
տեղէ
դաշոյնով
վիրաւորուած
էր։
Հակառակ
եղած
բուռն
բողոքներու
եւ
երիտասարդ
թուրք
սպայի
մը
մասին
եղած
կասկածին,
հարեւանցի
քննութիւնով
մը
գոցուեցաւ
այս
ոճիրն
ալ։
Վերջապէս
Ատանայի
կեդրոնը
սկսան
նորանոր
ոճիրներ
գործել
արձակ
համարձակ։
13.
—
Թարսուս
գափուսու
թաղին
մէջ
Հայ
պատանի
մը՝
գիշերանց
Մալաթիացի
թուրքի
մը
կողմէ
մզկիթին
դիմացի
խանութը
չարաչարօրէն
բռնի
լլկուեցաւ։
14.
—
Կարգ
մը
թուրք
սրիկաներ
քրիստոնեայ
աղջիկներ
հետապնդել
սկսան
եւ
նոյնիսկ
Հայ
օրիորդ
մը
քաջութիւն
ունեցաւ
իր
վրայ
յարձակող
թուրք
մը
զմելիով
վիրաւորելու։
15.
—
Ատանայի
հանրածանօթ
չարագործներէ
բաղկացեալ
աւազակախումբ
մը
սկսաւ
բացէ
ի
բաց
յարձակում
գործել
Քրիստոնեաներու
վրայ։
Այս
աւազակախումբը
գիշերները
կը
չարագործէր
քաղաքին
մէջ
եւ
ցորեկները
քաղաքին
շրջակաները։
Աւազակներու
այս
խումբը՝
բազմաթիւ
յարձակումներ
գործեց,
զէնքեր
գրաւեց,
դրամ
կողոպտեց,
շատեր
վիրաւորեց
եւ
պատուաւոր
հայեր
նախատեց,
նոյնիսկ
շուկային
մէջ
ապտակահարելով
Հնչակեան
կուսակցութեան
վարչական
ժողովի
անդամներէն
մէկը։
16.
—
Նոյն
կազմակերպութեան
պարագլուխներէն
մին՝
իր
արբանեակներով
քաղաքին
եզերքը
դարանած՝
յարձակումներ
կ՚ընէր
այգի
գացող
Քրիստոնեայ
մշակներուն
եւ
այգետէրներուն
վրայ.
կողոպտելով,
ծեծելով
եւ
ծանրապէս
վիրաւորելով
զանոնք,
որոնք
կարգին
կողոպտուեցաւ
եւ
վիրաւորուեցաւ
նաեւ
Ազգ[ային]
Առաջնորդարանի
խոհարարը,
այգի
գացած
միջոցին։
Ատանայի
ջարդէն
մի
քանի
օր
առաջ
Համիտիէյի
մօտերը
սպաննուած՝
Տարսոնցի
Ամերիկ[եան]
գօլէճի
աշակերտներէն
Անթաքիացի
գեղադէմ
Առաքել
Պէրպէրեանի
դիակը,
որ
Համիտիյէցի
Հայերէ
շրջապատուած
է,
եւ
որոնք
եւս՝
վերջէն
Համիտիէյի
ջարդին
մէջ
ամբողջապէս
ջարդուեցան
17.
—
Միեւնոյն
աւազակախումբը
յարձակեցաւ
քաղաքին
եզերքը
գտնուող
Տօքթ.
Պութրոս
Լէպէքիի
բամպակի
գործարանը,
որուն
աշխատաւորներէն
շատեր
վիրաւորուեցան
եւ
ստիպուեցան
մի
քանի
օր
գործարանը
գոցել։
Գործարանատէր
Լիբանանցի
Քրիստոնեան՝
կառավարութեան
բողոքեց,
սակայն
կառավարութիւնը
կարեւորութիւն
չի
տուաւ
եւ
յարձակողները
հազիւ
մէկ
օր
բանտարկելէ
ետքը
արձակեց։
18.
—
Այս
տողերը
գրողն
ալ
ենթակայ
եղաւ
յարձակումի
մը՝
հետեւեալ
պարագաներու
տակ։
Աղէտէն
մի
քանի
օո
առաջ՝
կէս
գիշերին
յաճախորդի
մը
դիմումին
վրայ
ստիպուեցայ
տունիս
մօտը
գտնուող
դեղարանս
երթալ,
հազիւ
թէ
շուկայ
ելած
էի,
յանկարծ՝
Կեսարացի
Թուրքի
տարազով
մէկը՝
ձեռքը
խոշոր
դաշոյն
մը՝
վրայ
խոյացաւ,
«Սէնի
էօլտիրէճէյիմ
կեավո՜ւր»
պոռալով։
Բարեբաղդաբար
վայրկեանական
ջղաձգային
շարժումով
մը
դանակին
հարուածէն
ազատեցայ
եւ
«պահապան»
պոռացի։
Պահապանը
չեկած՝
արդէն
ոճրագործը
փախաւ
եւ
պահապանը
իմ
բողոքիս
դէմ
պաղարիւնութեամբ
պատասխանեց
որէ
իր
պաշտօնէն
դուրս
է
ոճրագործ
ձերբակալելը…։
Հետեւեալ
օրը
ոստիկանութեան
դիմեցի,
սակայն
չի
հաճեցան՝
նոյնիսկ
քննութիւն
կը
կատարել։
Այս
եւ
ասոնց
պէս
բազմաթիւ
դեպքեր
տեղի
ունեցան
Ատանայի
մէջ,
սակայն
հակառակ
եղած
պաշտօնական
եւ
անպաշտօնական
բողոքներու,
կառավարութիւնը
չի
հաճեցաւ
տեղէն
շարժիլ
եւ
գոյութեան
նշան
մը
ցոյց
տալ։
Ամենէն
վերջը
տեղի
ունեցաւ
ջարդին
բուն
պատճառ
ցոյց
տրուող
ատաղձագործ
Յովհաննէսի
խնդիրը,
հետեւեալ
պարագաներուն
տակ։
19.
—
Ատանայի
քաղաքին
եզերքը՝
հայ
գերեզմանատան
մօտիկը
գտնուող
Թօսպաղը
Գալէսի
կամ
պաշտօնական
անունով
Շապանիյէ
կոչուած
աղքատիկ
թաղը
բնակող՝
Բալուցի
ատաղձագործ
Կարապետի
քսանամեայ
եւ
նոր
ամուսնացած
որդին
Յովհաննէսը՝
ջարդէն
տասն
օր
առաջ
իրիկուն
մը
գործէն
վերադարձին
հանդիպած
էր
քրիստոնէհալած
աւազակախումբին
պետերէն
Իսֆէնտիարի
եւ
իր
մի
քանի
արբանեակներուն,
որոնք
որս
մը
գտածի
պէս
իսկոյն
Հայ
տղան
պաշարելով
կը
սկսին
նեղել,
եւ
կարգ
մը
ստորին
առաջարկներ
ընել
իր
անձին
եւ
կնոջը
մասին։
Բնականաբար
պատուատէր
հայ
տղան
բուռն
կերպով
կը
մերժէ
անոնց
առաջարկները։
Հարկ
կա՞յ
ըսելու
թէ,
թուրք
սրիկաներուն
նպատակը՝
անասնական
կիրք
յագեցնելով
մէկտեղ
իրենց
մոլեռանդութեան
գոհացում
տալ
էր։
Հայ
երիտասարդին
ընդդիմութեանը
վրայ
սրիկաները
կը
սկսին
ծեծել
եւ
ծանրապէս
վիրաւորել
զայն։
Հետեւեալ
առտուն
հայ
տղան
վիրաւորեալ
ու
արիւնալուայ
վիճակով
դիմեց
կուսակալին,
բողոքելով
իր
անձին
վրայ
եղած
յարձակման
դէմ
եւ
պահանջելով
որ
ոճրագործ
Իսֆէնտիար
եւ
ընկերները
ձերբակալուին
ու
պատժուին,
աւելցնելով
նաեւ
թէ,
եթէ
ատոնք
չի
ձերբակալուին
իր
պատիւն
ու
կեանքը
վտանգի
տակ
է։
Կուսակալը՝
փոխանակ
հայ
տղուն
իրաւացի
եւ
օրինական
բողոքը
նկատի
առնելու,
անիրաւաբար
դուրս
վռնտած
էր
զայն,
լսել
չուզելով
անոր
արդարացի
բողոքները։
Ասոր
վրայ
վիրաւոր
երիտասարդը
դիմեց
ընդհանուր
դատախազութեան,
անկէ
ալ
մերժուելէ
ետքը՝
ստիպուեցաւ
իր
կեանքը
իր
ձեռքով
պաշտպանելու
միջոցին
դիմել։
Անձնապաշտպանութեան
համար
հինգ
հարուածեան
փոքրիկ
ատրճանակ
մը
գնած
էր
նոյն
օրը,
նոյնիսկ
գոտիին
փոխարժէքով։
Միւս
կողմէ
թուրք
աւազակն
Իսֆէնտիար
եւ
ընկերները
լսելով
որ
հայ
տղուն
բողոքին
կարեւորութիւն
չէ
տրուած,
քաջալերուեցան
եւ
որոց
երկրորդ
եւ
աւելի
ուժգին
յարձակում
մը
գործելու
պատրաստուեցան
անշուշտ։
20.
—
Աւագ
Երկուշաբթի
օրուան
իրիկունը
միեւնոյն
թուրքերը
Յովհաննէսի
ճամբան
սպասելով
կը
յարձակին
վրայ։
Խեղճ
հայ
տղան
ի
զուր
կ՚աղաչէ,
կը
պաղատի
որ
խղճան
իրեն
պէս
պատուաւոր
եւ
թշուառ
տղու
մը,
եւ
անվնաս
թող
տան
որ
իր
տունը
երթայ։
Սակայն
դժբաղդ
հայորդիին
վրայ
յարձակող
անգութները՝
փոխանակ
խղճալու,
իրենց
դաշոյններն
ու
զէնքները
կը
մերկացնեն,
ստուգապէս
սպաննելու
նպատակով
եւ
տղան
վիրաւոր
վիճակով
բաւական
ատեն
պայքարելէ
ետքը
տեսնելով
որ
այլեւս
անմիջական
մահուան
մը
առջեւ
կը
գտնուի,
անձնապաշտպանութեան
նուիրական
պարտականութիւնը
կը
զգայ
իր
մէջ
եւ
անշուշտ
իր
կեանքը
փրկելու
յոյսով,
նոր
առած
հինգհարուածեանը
կը
հանէ
եւ
կը
պարպէ
զինքը
սպաննելու
ձեռնարկողներուն
վրայ,
որոնց
պետը
Իսֆէնտիար
վայրկենապէս
կ՚անշնչանայ,
եւ
տեսնելով
որ
միւս
երկուքն
ալ
զինքը
հալածելով
անտարակոյս
պիտի
սպաննեն,
երկրորդը
ծանրապէս
եւ
երրորդը
թեթեւապէս
կը
վիրաւորէ,
իսկ
ինքը՝
ինքնապաշտպան
հայ
տղան՝
կը
փախչի
կ՚երթայ
եւ
որուն
հետքը
մինչեւ
այսօր
չէ
գտնուած։
Այս
դէպքը
մեծ
սարսափով
լսեցինք
հետեւեալ
օրը։
Արդէն
ջարդի
համար
առիթ
փնտռողները
անմիջապէս
մէջտեղ
ելան
եւ
հազարաւորներէ
բաղկացեալ
ստուար
բազմութեամբ
մը
վերցուցին
անծանօթ
սրիկայի
մը
դիակը
եւ
թուրք
թաղերու
մէջ
պտտցնելէ
ետքը,
գերեզմանատուն
տարած
եւ
հոն
յուզիչ
ու
գրգռիչ
դամբանակններ
խօսելով
գրգռութիւնը
ծայր
աստիճանին
հասցուցած
են։
Թաղումէն
ետքը՝
յուղարկաւորները
դիմեցին
ուղղակի
Թօսպաղը
Գալէսի
եւ
պաշարելով
ինքնապաշտպան
հայ
տղուն
տունը,
խստիւ
պահանջեցին
որ
անմիջապէս
իրենց
յանձնեն
հայ
երիտասարդը,
անշուշտ
վայրկեանապէս
բզքտելու
մտադրութեամբ։
Սակայն
հայ
տղան
փախած
էր
եւ
նոյնիսկ
իր
ծնողքն
ու
կինը
չէին
գիտէր
թէ
ո՞ւր
կը
գտնուէր։
Յարձակող
թուրքերը
կատարեալ
համարձակութեամբ
խուժեցին
յիշեալ
տունէն
ներս,
ծնողքն
ու
կինը
ծեծեցին
եւ
ամէն
բան
տակն
ու
վրայ
ըրին։
Հայ
տղուն
ծնողքը
ու
կինը
արիւնլուայ
վիճակով
դրացիներու
հետ
վազեցին
գացին
կառավարութեան
դուռը
պաշտպանութիւն
խնդրելու,
եւ
սակայն
անխիղճ
ու
անգութ
եւ
անկարողութեան
մարմնացում
կուսակալ
Ճէվատ
պէյը՝
փոխանակ
անմիջապէս
օգնութեան
փութալու,
իր
սենեակէն
դուրս
վռնտեց
բողոքող
հայերը
եւ
խստիւ
հրամայեց
որ
ոճրագործ
տղան
գտնելով
յանձնեն
կառավարութեան,
սպառնալով
որ
«հակառակ
պարագային
շատ
գէշ
կ՚ըլլայ,
վերջը
կը
զղջաք…»։
Այս
խորհրդաւոր
պատախանին
վրայ
հայոց
Առաջնորդական
փոխանորդ
քահանան՝
կուսակալին
քով
երթալով
խնդրեց
որ
ինքնապաշտպան
հայ
տղուն
ընտանիքը
չի
նեղեն,
եւ
թէ
կառավարութիւնը
կարող
է
մարդասպան
մը
ձերբակալելու։
Կուսակալ
Ճէվատ
պէյ
խորհրդաւոր
քմծիծաղով
մը
սովորական
Իտարէի
մասլահաթի
դրութեամբ
ճամբու
դրաւ
Առաջնորդական
Փոխանորդը,
խոստանալով
որ
յարձակումը
չի
կրկնուիր։
Չորրորդ
օրը
մեռաւ
երկրորդ
վիրաւորը,
եւ
որով
այլեւս
յուզումն
ու
գրգռութիւնը
ծայր
աստիճանին
հասաւ։
Երկրորդին
դագաղն՝
առաջինէն
աւելի
փառաւոր
վերցուեցաւ
եւ
լսեցինք
որ
թուրք
գերեզմանատան
մէջ
հրահրիչ
դամբանականներով
բացէ
ի
բաց
ջարդի
կոչեր
եղած
էին։
Յուղարկաւորները
ու
ահագին
բազմութիւնը
թափօրով
ուղղակի
Թօսպաղը
Գալէսի
թաղը
երթալով
կրկին
խստիւ
պահանջեցին
որ
մարդասպան
տղան
յանձնեն,
սպառնալով
որ
հակառակ
պարագային
տակն
ու
վրայ
պիտի
ընեն
ամբողջ
թաղը։
Բնականաբար
թշուառ
թաղեցիները
ահ
ու
սարսափի
մատնուած՝
մեծ
ու
պզտիկ
իրենց
բնակարանները
ձգելով
փախան
եկան
քաղաքին
կեդրոնը,
գոնէ
իրենց
կեանքը
ազատելու
յոյսով։
Ամբողջ
քաղաքը
ծայրայեղօրէն
յուզումի
մատնուած
էր։
Այն
սեւ
զատիկը
Քրիստոնեաներուս
համար
սոսկումի
եւ
երկիւղի
տօն
մը
եղաւ։
Շատ
քիչեր
իրարու
շնորհաւորութեան
գացին,
այն
ալ
ոչ
թէ
շնորհաւորութեան
այլ
օրուան
վիճակէն
տեղեկութիւն
մը
քաղելու
համար։
Անխիղճ
կուսակալը՝
փոխանակ
յարձակող
խուժանը
պատժելու
եւ
բուն
մարդասպանը
ձերբակալելու,
Զատիկին
երրորդ
օրը
Առաջնորդարանի
գործակատարը
կանչեց
եւ
փողոցային
խուժանին
հետ
պահանջեց
որ
մարդասպանը
յանձնուի
կառավարութեան,
կարծելով
թէ
Առաջնորդարանը
լուր
ունէր
մարդասպանին
գտնուած
տեղին
մասին,
մինչդեռ
իսկապէս
ոչ
ոք
գիտէր
թէ
ուր
մնաց
այն
տղան,
մանաւանդ
որ
Առաջնորդարան
մը
ո՞ր
իրաւունքով
կամ
միջոցով
պիտի
կրնար
հետապնդել
մադասպան
մը։
Առաջնորդարանի
գործակատարը
պատասխանեց
թէ
մարդասպանի
մը
ձերբակալութեան
պաշտօնը
կառավարութեան
կը
վերաբերի։
Եւ
սակայն
կուսակալը
բորբոքած
ու
կատղած՝
միեւնոյն
յանկերգը
կրկնեց
ու
սպառնացաւ,
եւ
գործակատարը
ահ
ու
սարսափի
մատնուած՝
դողդողալով
Առաջնորդարան
վերադարձաւ
յայտնելով
թէ
«կուսակալին
բերանը
լաւ
չի
գտայ,
սոսկալի
վտանգի
մը
առջեւ
կը
գտնուինք»։
Կուսակալը՝
ջարդէն
քանի
մը
օր
առաջ,
իտարէի
անդամ
եւ
իրեն
մտերիմ
բարեկամ
Եուսուֆ
Թանպիի
(Արապ
Կաթոլիկ)
գաղտնապէս
ըսած
էր
թէ՝
շատ
դուրս
չելլէ
եւ
հրապարակի
վրայ
շատ
չերեւի։
Այս
գաղտնապէս
ըսուած
խօսքը
մենք
ամենքնիս
իմացանք
անմիջապէս
եւ
որով
մեր
սարսափը
ա՛լ
աւելի
շատցաւ
եւ
բազմապատկուեցաւ։
Զատկի
երկրորդ
օրուան՝
այսինքն
մարտ
30ի,
իրիկուան
դէմ
սկսած
էին
գրեթէ
ջարդի
նախաքայլերը։
Վայրկեանէ
վայրկեան
նորանոր
յարձակումներ
ու
ոճրագործութիւններ
տեղի
կունենային
քաղաքին
ամէն
կողմերը։
Իսկ
տեղական
կառավարութիւնը՝
պարզապէս
հանդիսատես
կ՚ըլլար
այս
ամենուն,
առանց
ամենափոքր
շարժում
մը
փորձելու,
արգիլելու
համար
գալիք
աղէտը։
Քրիստոնեաներուն,
մանաւանդ
Հայոց
վրայ
եղած
այս
մոլեգին
եւ
վայրագ
յարձակմանց
հանդիսատես
կուսակալ
Ճէվատ
պէյը՝
փոխանակ
հաւաքուած
խուժանը
ցրուելու,
հեռագիրներ
կը
տեղացնէր
Պոլիս,
տեղեկացնելով
Ատանայի
սպառնացող
ահռելի
աղէտը։
Որոնց
ի
պատասխան
Ներքին
Գործող
Նախարարութեան
խորհրդական
Ատիլ
պէյի
ղրկած
«օտարահպատակները
պաշտպանեցէք»ի
նշանաւոր
հեռագիրն
ալ
մեծ
բաժին
ունեցաւ
այն
անմոռանալի
աղէտին
մէջ։
Կ.
Պոլսոյ
Մարտ
31ի
յետադիմական
շարժումն
ալ
մեծ
դեր
խաղաց,
սրելով
ախորժակները
եւ
աղէտին
ա՛լ
աւելի
ծաւալման
նպաստեց։
Եւ
սակայն
ամբողջ
աշխարհ
զարմացաւ
թէ
Սահմանադրական
երկրի
մը
մէջ
առանց
պատճառի
կամ
տեղի
տալու
—
զոր
կառավարութիւնն
ալ
հաստատեց
պաշտօնապէս
—
ինչո՞ւ
կոտորած
եղաւ։
Ասոր
բուն
պատասխանը
ժամանակին
կը
թողունք,
որ՝
օր
մը
անշուշտ
պիտի
պարզէ
ամէն
գաղտնիք։
[1]
Այս
գրգռիչ
լուրը
առնուած
էր
Իզմիրի
«Ահէնկ»
թերթէն։