ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ

Պատերազմական ատեանները կը կազմուին զինուորական այեւայլ աստիճաններով սպաներէ։ Ատանայի պատերազմական ատեանն ալ կազմուած էր հետեւեալ զինուորականներէն զորս մի առ մի ներկայացնելու պէտք կը տեսնեմ։

1. Միրլիվա Քէնան փաշա Նախագահ—, ազնիւ ու վեհանձն բնաւորութեան տէր հազուագիւտ զինուորական մ՚է եւ սակայն Ատանայի մէջ փոփոխամիտ ու ընկերներուն խօսքին հետեւող մը եղած է, որուն յաջորդեց ի վերջոյ Իսմայիլ Ֆազըլ փաշա։




Աղէտէն ետքը Ատանայի մէջ կազմուած ոստիկաններու խումբը։

2. Էրքեանը Հարպ միրալայը Զիա պէյ (ջերմ իթթիհատական), ֆրանսերէն եւ գերմաներէն քաջ գիտցող եւ սահուն կերպով խօսող, լաւ դաստիարակուած, շատ կարող ու կրակ ու բոց զինուորական մ՚է, եւ սակայն դժբախտաբար իր թերութիւնը եղած է հակառակ իր ստացած բարձր կրթութեանը, թունդ կրօնամոլութիւնն ու ազգայնամոլութիւնը, որոնց ազդեցութեան տակ ուզած է միշտ անմեղ տեսնել իրենները եւ կատարեալ մեղաւոր Հայերը։ Առաջին ամիսներուն մէջ գրեթէ այս մարդը վարած է Պատերազմական ատեանը եւ յետոյ Պոլսէն ղրկուած քննիչ յանձնաժողովներուն՝ վերադարձին Բ. Դուռը կատարած դիմումներուն շնորհիւ պաշտօնանկ եղած է յիշեալը, որուն տեղ անցած է ուրիշ զինուորական մը։ Զիա պէյ լեզուագիտութեան շնորհիւ միշտ աշխատած է իր ուզած կերպովը համոզիլ հիւպատոսները, մարտանաւերու հրամանատարներն ու օտար թերթերու թղթակիցները։

3. Միրալայ Էօմէր Նապի պէյ, մեծամասնութեան ձայնին հետեւող մը եղած է։

4. Գաիմագամ Օսման Ալի պէյ, ուղղամիտ եւ արդարասէր զինուորական մ՚է եւ սակայն իր կամքը չէ կրցած քալեցնել։

5. Գօլ աղասը Լութֆի պէյ, փոփոխամիտ մէկն է։

6. Գօլ Աղասը Մուսթաֆա էֆ[էնտի] լաւ կամքի տէր եւ ուղղամիտ զինուորական մ՚է եւ սակայն կանոնաւոր կրթութենէ զուրկ ըլլալուն պէտք եղած կերպով չէ կրցած պաշտպանել իր համոզումը։

7. Եիւզպաշը Զիա պէյ, փոփոխամիտ մէկն է։

8. Եիւզպաշը Զիա Թէֆի պէյ, անկարող մէկն է։

Ահա այս ութը զինուորականները վարեցին Ատանայի պատերազմ[ական] ատեանը [1] ։

Ատանայի եւ շրջակայից պատերազմական ատեաններուն անդամակցելու համար քննիչ յանձնաժողովի առաջարկով, կեդրոն, կառավարութեան որոշումովն եւ այն ատեն երեք նահանգներու դատական քննիչն եղող Յարութիւն էֆ[էնտի] Մոստիչեանի ընտրութիւնովը պաշտօնի կոչուած են 3 Հայ եւ 3 թուրք դատական պաշտօնեաները, որոնք են։

1. Էտիրնէի նահանգին Գըրգ Քիլիսէի դատարանի անդամներէն Էտիրնէցի Սեպուհ էֆէնտի.

2. Սէլանիկի նահանգին Կէվկէլիի դատարանի անդամներէն Կեսարացի Եսայի էֆէնտի։

3. Մանասթըր նահանգին Փէրլէփէյի դատարանի անդամներէն Էզինէցի Պալեան Հովյ. Զէքի էֆէնտի։

4. Մանասթըրի վերաքննիչ ատենի ընդհ. դատախազութեան Ա. օգնական Ասաֆ պէյ.

5. Մանասթըրի նախնական դատարանի դատախազութեան օգնական Ֆաիգ Քէմալ պէյ, շատ ազնիւ եւ ուղղամիտ մէկն է.

6. Մանասթըրի դատարանի անդամներէն Իզմիրցի Մուրատ պէյ։



Աղէտէն ետքը Ատանայի մէջ կազմուած թաղային պահապաններու խումբը։

֍

Ատանայի եւ շրջականերուն աղէտին պատասխանատուները քննելու եւ ըստ այնմ դատապարտելու համար պատերազմական նախարարութեան կողմէ ղրկուած Պատերազմական Ատեանը Ատանա ժամանելով իջեւանեց Ատանայի «Իթթիհատ եւ Թէրագգը» կուսակցութեան պաշտօնատունը։ Այս միջոցին դեռ նախկին Քննիչ Յանձնախումբը գործի վրայ էր, բայց միշտ տատամսոտ։ Արդեօք Պատերազմական Ատեանը ի՞նչ տեսակ ընթացքի պիտի հետեւէր, այս էր իրենց միտքը չարչարողը։ Միեւնոյն ատեն Ատանայի խուժանապետներն ալ գործի վրայ էին, կ՚երթային կուգային, կը խորհրդակցէին եւ մենք բանտի ծակերէն կը տեսնէինք այս ամէնը եւ սակայն մենք քաջայոյս էինք թէ Պատերազմական Ատեանը սահմանադրասէր տարրերէ բաղկացեալ արդարաբաշխ ժողով մ՚է, որ չի շեղիր երբէք Արդարութեան շաւղէն։

Առաջին տպաւորութեամբ Պատերազմական Ատեանը շատ մեծ յոյսեր ներշնչեց մեզ բանտարկեալներուս։ Սահմանադրութեան գոյութիւնը՝ Պատերազմական Ատեանին Պոլսէն գալէն ետքը հասկցանք։ Տեղական կառավարութիւնը սահմանադրական հովեր մը սկսաւ առնել։ Պատերազմական Ատեանին հետ եղող Պոլսական ոստիկաններն գործի սկսան ամենայն կարգապահութեամբ։ Մեր բանտին շուրջի պահակ զինուորներուն թիւը քիչցաւ եւ սուինները պահ մը իրենց պատեաններուն մէջ մտան։ Առաջ բնաւ խօսք չի հասկցող Արապ զինուորներն այլեւս սկսան թուրքերէն խօսիլ մեզի հետ եւ կատարեալ քաղաքավարութեամբ վարուիլ։ Պատերազմական Ատեանէն խումբ մը բարեկիրթ սպաներ մեր բանտը այցելելով մխիթարեցին զմեզ, յուսադրելով որ մի քանի օրէն ամբողջապէս պիտի արձակուինք, ասոնց խոստումները անհուն երջանկութիւն պարգեւեցին մեզ։ Այսչափ բարեփոխումները մեծ հաւաստիք մ՚էին արդարութեան գործադրութեանը։

Պատերազմական Ատեանն սկսաւ գործի։ Նախ՝ կազմեց երկու քննիչ յանձնախումբեր, ամբողջապէս զինուորականներէ բաղկացեալ։ Ատանայի Պետական Իտատիյէ վարժարանին շէնքը տրամադրուեցաւ Պատերազմական ատեանին եւ հոն գումարուեցաւ բուն ատեանը։ Իսկ անբաժանելի Զիւլֆօն՝ այն վատ ու ստորին արարածը պահ մը Քննիչ Յանձնախումբերուն ընկերանալէ ետքը, յաջողեցաւ վերջապէս Պատերազմական Ատեանին գումարուած սենեակն ալ աթոռ մը գրաւել եւ շնթռկիլ հոն։

Ուրախութեամբ կը տեսնէինք որ Հայ բանտարկեալները կ՚արձակուէին եւ որոնց տեղ կը ձերբակալուէին բազմաթիւ թուրքեր։ Բանտին ծակէն կը տեսնէինք ոտքերնին շղթաներ անցուած յայտնի Թուրք ոճրագործներ, որոնք կը տարուէին Պատերազմական Ատեանին առջեւ։ Մեր մէջէն ալ սկսաւ կանչուիլ կարեւոր Հայ դէմքեր, որոնք վերադարձած ատեննին հիացումով կը խօսէին Պատերազմական Ատեանին մասին։

Ատանայի անզսպելի առիւծը, փաստաբան Կէօքտէրէլեան Կարապետ էֆէնտին բանտարկուած առանձնասենեակին մէջն իսկ կը վիճէր եւ կը դողացնէր Զիւլֆօեան խումբը, համոզել ջանալով Պատերազմական Ատեանի անդամները հայերուս անմեղութեանը մասին, որուն հարցաքննութեան ատեն հանած աղմուկին արձագանքը մինչեւ մեր սենեակը կը հասնէր։

Պատերազմական Ատեանին՝ Ատանա ժամանելէն ետքը, մի քանի օրուան համար հետեւած արդարադատ ընթացքէն օգտուեցայ նաեւ ես։ Առանց ո՛ եւ է որոշ ամբաստանութեան, իրարու վրայ լեցուած բազմաթիւ հայերս առաջին օրերուն մէջ Պատերազմական Ատեանի կողմէ գրեթէ մեծ մասով արձակուեցանք եւ ես ալ այս միջոցին կանչուեցայ հետեւեալ պատճառով։ Ատանայի երկրորդ ջարդին նախայարձակներէն մէկը եղած էր Թորւք երիտասարդ մը (Տես էջ 98). Երկրորդ ջարդին սկսած օրը՝ ջարդէն վեց ժամ առաջ այս Թուրքը՝ մեր մէջ գալով առանց պատճառի սկսաւ մեզ հայհոյել, Հայոց հետ առեւտուր ընող Թուրքերը նախատել ու առեւտուրը արգիլել, եւ դեռ մի քանի անհարկի ու լիրբ ընթացքներու մէջ գտնուիլ։ Այս Թուրքին ընթացքը տեսնելով կասկածած եւ իսկոյն լուր տուած էի մի քանի Հայ երեւելիներու, յայտնելով թէ մի գուցէ երկրորդ յարձակում մը կը պատրաստուի, եւ մի քանի ժամ ետքը գուշակութիւնս դժբախտաբար իրականացաւ։

Աղէտէն ետքը այս վատոգի Թուրքը՝ ոստիկան եղած էր եւ մեր բանտին մէջ կը պառկէր։ Այս հրէշը՝ առաջին անգամ տեսած ատենս, բանտակից ընկերներուս պատմած էի խնդիրը եւ մեր ընկերներէն մէկն ալ այս դէպքը ինձմէ լսածին պէս պատմած էր Պատերազմական Ատեանին առջեւ, վկայ ցոյց տալով զիս։

Բանտարկեալ ընկերներուս հետ նստած միջոցիս, յանկարծ անունս տուին դուրսէն։ Դուռը վազեցի եւ ի՜նչ տեսնեմ, ութը հատ սուինաւոր զինուորներ մէջերնին երեք թուրք բանտարկեալներ առած, զիս ալ կը կանչեն։ Անմիջապէս դուրս կը նետուիմ եւ կը կայնիմ երեք ոճրագործներուն քով, որոնք վերջը առաջին անգամ կախաղան ելան։

Ութը զինուորներով պաշարուած չորս մահապարտներս կ՚առաջնորդուինք Պատերազմական Ատեանին պաշտօնատեղին։ Հոն սենեակի մը չորս անկիւնները ոտքի վրայ կայնեցուցին մեզ եւ արգիլեցին իրարու հետ խօսելէ։ Պոլիսէն եկած ոստիկաններէն մէկը երբեմն մեր սենեակը գալով խստիւ կ՚արգիլէր մեր խօսակցիլը, մինչդեռ անիկա դուրս ելածին պէս տեղացի ոստիկաններն՝ թուրքերուն կարտօնէին իրարու հետ խօսելու եւ պատասխան պատրաստելու, խստիւ պատուիրելով որ ամէն բան ուրանան…։ Ոստիկանը ուրանա՜լ կը պատուիրէր ոճրագործին յանցանքը…։ Այս վիճակին մէջ ճիշդ երեք ժամ սպասելէ ետքը Թուրքերը կը կանչուին իրարու ետեւէ եւ վերջապէս զիս կը կանչեն։

Սրտի սոսկալի բաբախումներով ներս կը մտնեմ։ Պատերազմական Ատեանի կը  ներկայանամ, ատեան մը որ մահու վճիռ կուտայ…։ Պաղ քրտինք մը կը սկսի դուրս տալ մարմինս եւ տկար ու դողդոջուն քայլերով կը յառաջանամ, եւ ի՞նչ տեսնեմ միւսթանթըգ Զիւլֆօն, ա՜խ այն սատկելիք ճիւաղը հոն էր, մէկ կողմը սմքած նստած էր գարշելին։ Վախէս արիւնս գլուխս կը խուժէ եւ յանկարծամահ ըլլալու աստիճան կը սոսկամ. ան է այո՛, այն վատոգի Խարբերդցի Զիւլֆօն, որուն ձեռքէն հազիւ ազատած էի հարցաքննութեանս միջոցին։

Ցոյց տրուած աթոռի մը վրայ կը նստիմ եւ անուն, մականուն եւայլն սովորական եւ նախնական հարցումներէ ետքը, Նախագահը կ՚ըսէ։—

Տղա՛ս, քեզի բան մը պիտի հարցնենք շիտակը խօսէ։ Երկրորդ ջարդին օրը ո՞ւր էիր եւ ինչե՞ր տեսար։

Իսկոյն հասկցայ ոստիկանի խնդրին լսուած ըլլալը, եւ ինքզինքս ժողվելու սկսայ մանրամասնաբար պատմել երկրորդ ջարդի օրուան տեսածներս։

Երկրորդ ջարդին սկսած օրը այն ոստիկանը մեր թաղը գալով կարգ մը նախատինքներ ըրաւ մեր ազգին մասին եւ նոյնիսկ հայէ մը հաց գնող թուրքի մը թեւէն բռնելով առեւտուրէ արգիլեց, զրպարտելով թէ հայուն հացը թունաւոր է եւ բարձրաձայն պոռաց «դուն միւսլիւման չո՞ս, զգացում չունի՞ս, ինչպէ՞ս կեավըրէ մը հաց կ՚առնես, ասոնց ազգը անիծեալ է եւայլ» ըսելով։ Այն թուրքը խիստ գէշ լեզուով նախատինքներ ըրաւ մեր հասցէին, մեծ վախ պատճառելով մեզ, որովհետեւ այն մարդուն ընթացքէն հասկցանք թէ երկրորդ ջարդ մը պիտի ըլլայ։ Անիկա անպատճառ լուր ունէր երկրորդ ջարդէն։ Երբ բանտ մտայ տեսայ որ այն անձը ոստիկան եղած էր, այն ատեն ստիպուեցայ ընկերներուս ըսել որ «եթէ ասանկ ոճրագործ մը ոստիկան ըլլայ, վա՜յ է եկեր մեր գլխուն, ո՞ւրկէ գտած են այս մարդը եւ ոստիկան ըրած»։

Յանկարծ երիտասարդ սպայ մը խօսք առնելով.

Աֆէրի՜ն, հայրենակից, շատ լաւ խօսած ես ըսաւ, երանի թէ ամէն մարդ այդ զգացումը կրէ։

Այս գնահատումէն շուարած կը կասկածիմ թէ զիս կը ծաղրէ եւ սակայն ան լրջօրէն կը կրկնէ իր խօսածը։ Այս ընթացքէն քաջալերուած կը սկսիմ աղաղակել որ իմ վիճակիս խղճան եւ արձակեն եւ եթէ յանցանք մ՚ունիմ ժամ առաջ դատապարտեն։ Դուրս հանուելով դարձեալ բանտ կ՚առաջնորդուիմ եւ ժամ մը ետքը լուր կուգայ թէ երաշխաւորութեամբ կրնամ արձակուիլ։ Ամէն կորուստներս մոռնալով անհուն ուրախութեամբ դուրս կը նետուիմ սոսկալի տանջարանէն, առանց հաւատալու թէ իրաւամբ ազատ արձակուա՞ծ եմ։ Բանտէն կ՚երթամ ուղղակի Ազգ[ային] Առաջնորդարան, ուր կը գտնեմ Ազգ[ային] Պատրիարքարանի Պատուիրակութեան հետ նաեւ ինձ անծանօթ դէմք մը որ Տիար Սուրէն Պարթեւեանն է եղեր, որոնց կը ներկայացնեմ մեր բանտին խղճալի վիճակը, խնդրելով որ օր առաջ ճար մը խորհին եւ ազատեն մեր դժբաղդ եղբայրները այն անտանելի չարչարանքներէն։

Պատերազմական Ատեանը դժբաղդաբար վերջը փոխեց իր ընթացքը կարեւորութիւն տալով սուտ վկայութիւններու եւ ըստ այնմ տալով կարգ մը ցաւալի վճիռներ։ Մանաւանդ վեց հատ հայ մսավաճառներուն կախաղան բարձրանալը ամենամեծ յուսահատութեան մատնեց զմեզ, որովհետեւ անոնք բացարձակապէս անմեղ էին եւ անմեղօրէն կախուեցան։ Նոյնպէս միւս դատապարտեալ հայերուն վճիռները անարդարութեամբ տրուեցան, ասիկա կ՚ըսենք եւ կը կրկնենք ինչ որ ալ ըլլայ։ Իսկ թուրք ոճրագործներէն շատ քիչեր իրենց արժանի պատիժները տեսան, պատճառը թուրքերու մասին վկաներու պակասութիւնն էր, մինչդեռ անմեղ Հայու մը դատապարտութեանը համար տասնեակներով սուտ վկաներ կը ներկայանային Պատերազմական Ատեանին առջեւ։



[1]            Այս տեղեկութիւնները առնուած է, յիշեալ ատեանը մօտէն ճանչցող արդարադատ և անկողմնակալ պետական անձնաւորութենէ մը։