ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱԼԷՊԻ ՆԱՀԱՆԳ

Քէսապի եւ Անտիոքի ջարդերուն հեղինակները

Ճէսրը Շուուր Գայիմագամի փոխանորդ Նաիպ էֆ[էնտի], Օրտուէն միւտիր Հիւսնի էֆ[էնտի] եւ որդին։ Աղատէրէն Ճէլալ աղա, Արիֆ աղա զատէ, հաճի Սուսամ աղա, Սիրուր աղա, Քեազիմ աղա, Հալիմ էֆ[էնտի], Գօճա աղա, Արապ օղլու Իպրահիմ աղա, Պարագլուխներ եւ խուժանը առաջնորդողներն են։ Իսկ ջարդին մասնակցողներն են գիւղաքաղաքին (Օրտու) ամբողջ բնակչութիւնը (չափահաս արուները)։

Շէխ քօրցի Շէխ Քեամի, սոսկալի արարած մը (բանտարկուած), Ապտի Սէլիմ եւ Ապտ-իւլ Սիմաթ (կը փնտրուին իբր թէ), Պէզկէցի Հալիմ օղլու եւ Քէօսէ Ալի (բանտարկուած են), Մօլլա Սապիթ (ազատ է), Գըրպէյազ Խօճանըն օղլու Նօհ էֆ[էնտի] ջարդի ֆէթվան տուած է, Պիթլիս (Հարիմ) էն Շապան աղա (բանտարկ[ուած]), Պետրոսիէէն Քէսաս աղա (բանտարկուած), Պայիր Նէճիպ Սօֆթա (բանտարկուած), Օրտուէն Ժանտարմա (հեծեալ), Արնավուտ Ալի եւ Ժանտամա (հեծեալ) Մուսթաֆա (արձակ համարձակ)։

Այս վերջիններէն զատ Ճէսր Շուուր գազաին 5-6 ժամ հեռաւորութեան մէջ գտնուող գիւղերու ժողովուրդն գրեթէ ամբողջովին եւ Անտիոքի, Հարէմի, Հալէպի գազաներուն ու Անթաքիոի Պայիր Պուճագ գիւղախումբերու բնակչութեան մեծ մասը, իրենց գիւղապետներուն եւ աղաներուն առաջնորդութեամբ մասնակցած են ջարդի, թալանի եւ հրձիգութեան, մեծ դեր ունեցած են նաեւ Անտիոքի կոտորածին գլխաւոր մեղսակից րէտիֆները։

Աւելի ընդարձակ մանրամասնութիւններ պարունակող ցուցակ մը յանձնուած է Քէսապի ջարդին Կառավ[արական] քննիչ յանձնաժողովին։

Գըրգ-խանի հայոց վրայ զինեալ յարձակողներուն անունները

ԳԱՐԱՏՈՒՐՄՈՒՇԼՈՒԷՆ. Քիւրթիւնիւ որդին հաճի Շէրիֆ, Գօլ օղլու Մըստըգ, Գարա էմին, Պաղճը Հիւսէին, Էքպէրի որդին Մըստըգ, Հիւսէին հօճա, Թօգլուճու օղլու Մուհամմէտ եւ եղբայրները ընկերներով։

ԱՃԷՄԼԷՐԷՆ Աճէմ Մահմուտի որդին Պէթէստան, Ապիճլի Մըստըգ, Ուզուն Ալի, Արապ Ալիի եղբայրը Գուպպէ Մուհամմէտ, Կէօրէն Մուհամմէտ եւ Աճէմ Մուսայի որդին Պայազիտ ու ընկերները։

ՍՕՈՒԳԼՈՒԷՆ. Քէօչէք Պօսթան, Սատըգ օղլու Չավուշ, Քէրիմ օղլու Օսման, Աճէմ օղլու Օսման, Աղամօնուն օղլու Խալիլ, եղբայրը Մըստըգ, Քիւրտ Ալօ, Պայըրցիներ, Էօմէր Չավուշի որդին եւ այլն։

ԹԸՓ ՊՕՂԱԶԸԷՆ. Զարտաֆ օլու Հաճի եւ Եուսուֆ, Սուլթան օղլու Անտր, Սարը Մըստըգ, Գիր Ալի եւ փեսան՝ քիւրտ Ալի, Չամ օղլու, եղբայր Գասըմ, Իլիպկէլի Մուրատ, Հաքօնուն օղլու Հասան եւ Տուրան ու ընկերները։

ԳՈՒՐԹԼՈՒԷՆ. Քէօր օղլու Գօճա, եւ Չիրքին, Իմամ մըխտար Ճախըի որդին Մուհամմէտ (Սարը մազըյէէն), Քէլ Էօմէր, Պօղճա օղլու Օսման, Իսլիլի որդին։

ԳԸՃԸԷՆ. Հասան եւ ընկերները, Քիւրտ Համտի եւ ընկերները, Քիրմանլը օղլու Օսման, եւ Խալիլ չավուշ, եղբայրը Գըր Իպիչ եւ ընկերները։

ՏԷԼԻ ՊԷՔԻՐԼԻԷՆ. Քիւրտ Ալի, Գարատուլ օղլու Գըր Իպիչ, Արապ Մուսա օղլու քէօր Ահմէտ եւ եղբայրը Հասան, Եօնուզ, չօլագ Մուսթաֆա, Ապէճի Եուսուֆ չավուշ, եղբայրը Օսման, եւ Մուհամմէտ, Մահմուտուն օղլու Մամըգ, տէլի Օսման օղլու Ալի եւ երկու զաւակները, տէլի Ահմէտ, Տուրսուն, Համիտ Հասան, Սիւլիւկ օղլու Ալի, Շէյխ օղլու Սիւլէյման, Պալընըն օղլու Ահմէտ, Չայլը Մուհամմէտ, Խըտըր օղլու Մուճատտին, պէտէլ Էօմէր եւ որդին Սիւլէյման ու ընկերները։



Հասան-Պէյլի։

ՃԸԼՂԱՆԼԸԷՆ. Հասըրճը Ալի, Թէյնէք Մուհամմէտ, Քէլ Հասան, Լօփ օղլու Մուհամմէտ Ալի, Էլճի օղլու Իսմաիլ, եղբայրը Մուհամմէտ, Գարա Մուհամմէտ օղլու չիլ օղլան, եղբայրը Եանճը, չօլագ Մուսթաճա օղլու հաճի Խալիլ, Ճիւլհա օղլու Քէօչէկ, Քէրին Օսման օղլու Հիւսէին, Անթաքեալը օղլու Գարա Մուհամմէտ եւ ընկերները։

ԱԼԱՅ ՊԷՅԼԻԷՆ. Հաճի աղա, Քէլ Մըստըգ, Նաճար Մուհամմէտ, Զիյարէթի Շէյխ Խէնկէլ, Տուրմուշ օղլու Ահմէտ եւ ընկերները։

ԳԸՐԸԳ-ԽԱՆԷՆ. Թահսիլտար Ալի էֆէնտի, եղբայրը Խօտօր Րէշիտ, Չավուշլար եւ Զապթիէ Հիւսէին էֆէնտի, Անթաքեալը Նաճար Ֆըստըգ, եղբայրը Ապտօ եւ միւս երկու եղբայրները քէօր Մուհիտտին, տիւքեանճը Ճէմօ եւ Արապ Ալի, պայթար Մուհամմէտ, եւ եղբայրը Պօսթան, Խարբութլը Իպրահիմ, Չըպլագ օղլու Պայազիտ եւ որդին Մուհամմէտ, Տօգուզ զատէ հաճի Հիւսէին էֆ[էնտի], օղլու Իպրահիմ, խանութպան Պէքիր, տէլի Րէշիտ եւ որդին Հիւսէին, Շէյխ Մահմուտ օղլու Սալիհ եւ խանութպան Իպրահիմի ուսուցիչը Եագուպ Էֆէնտի։



Ատանայի կուսակալ Ճէմալ պէյի քանդել տուած Հասան-Պէյլիի նորաշէն եկեղեցիին աւերակները։

ԳԸՐԸԳ ԽԱՆԻ ԿՐԵՏԱՑԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐԸ. Գասապ Ալի, Իպրահիմ Գօգօլաքի, Նաճար Հիւսէին, եւ Րումելիի գաղթականներուն ամենը։

ԻՉ-ԱՏԱԷՆ. Չայլը օղլու Մուսա, եւ Հիւսէին, Չօլագ Ճիւմայի որդին Եուսուֆ աղա, Սուլթան օղլու Խըտըր, եւ Ալի եւ Մուսա, Պաստըղըն օղլու Աքիֆ, եղբայրը Պօսթան։

ՄԱՀՄՈՒՏԼՈՒԷՆ. Հասան աղա օղլու Մուսա եւ Էօմէր, Համզիք Քիւչիւք Մահմուտ, եւ բոլոր ժողովուրդը։

ԱԽՐԱԶԷՆ. Ախրազ օղլու Մուսթաֆա, հօրեղբօրորդին Պօսթան, որսորդ Հէյզէին եղբայրը քէլ Մուսա եւ ընկերները։

ԳԸՃԸՐԼԸ ԱՃԷՐ ԱՂԱԷՆ.   Պապա Քիւրտ, Մուրատ չավուշ, Շէյխ Մուհամմէտ աղա, եւ Աճէր աղա։

ԼԱԼԻՔ ՈՒՇԱՂԸԷՆ. Գուրանըն օղլու Տէրվիշ եւ Իպրահիմ, Լալիք պօսթան օղլու Չօպան եւ բոլոր ժողովուրդը։

ՀԱՄԱՄ ՂԱՐՊԻԷԷՆ. Տուրտու աղա, Եէնճէլի Օսման եւ Մուհամմէտ Ալի, տուրտու աղային որդի Մուլլա Հասան, Տէլի Հիւսէին էֆ[էնտի] Պէհէսնէլի Մուհամմէտ, Հաճի եւ ընկերները։

ԱՐՓԱԼԸԷՆ. Մէմիլի աղա եւ բոլոր ժողովուրդը։

ՉՕՇԼՈՒԷՆ. Գուր օղլու Բալօ, Քէօշկէր Ալի, Գապուջ օղլու Հայթաճէնլի, Սուլթան օղլու Մուսա, Աղճա օղլու Ալի պէյ, Շէյխլի աղայի որդին, քիչիւք Քէօսէ աղայի տղան Հիւսէին եւ Աճէր Սիւլէյման եւ ընկերները։

ՉԱՄՍԱՐԸԷՆ.   Միւտիր օղլու Սարը պէյ եւ ընկերները։

ԱՀՄԷՏ ՊԷՅԷՆ. Հայթա աղա, Քէլլօ, Գօճա Օղլան եւ ընկերները։

ԳԱՐԱ ՉԱՂԸԼԷՆ. Պէքմէզճինին օղլու Քիլլի, Տաղլը օղլու Ալի։

ԿԻՒՆՏԻՒԶԼԻԷՆ. Թօփուգ օղլու Էօմէր, Ապտիւլ Րահման օղլու Հայթա, Արապօղլու Էօմէր, Ապտիւրահման օղլու Օսման եւ ընկերները։

ՏԱՆԱ ԱՀՄԷՏԷՆ. Գըզըն օղլու Մուսթաֆա եւ եղբայրը Մուհամմէտ ու ընկերները։

ԵԱԼԱՆԳԱԶԷՆ. Շէյխ Էօմէր աղա, գրագիրը Պիրիմ էձ. 500 հոգիի հետ։

ՄՈՒՐԱՏ—ՓԱՇԱԷՆ. Շէյխ Սիւլէյման աղա եւ ընկերները։

ԳԸԶԸԼ ԳԱՅԱ ԱՀՄԷՏ ՊԷՅԷՆ. Իպօ եւ ընկերները։

ՆԷՖՍ ԳԸԶԸԼ ԳԱՅԱԷՆ. Պէկթաշ աղա եւ որդին Խալիլ տէրվիշ եւ ընկերները։

ԱԳ-ՓՈՒՆԱՐԷՆ. Մէմօ աղայի որդի Խալիլ եւ Հաճի եւ ընկերները։

ՊԱՅԹԱՐԼԸԷՆ. Շէյխ Հասան աղա եւ բոլոր ժողովուրդը։

ԹՈՒՐԱՆԷՆ. Հիշֆան զատէ Հիւսէին աղա եւ երկրագործները, Տուրտուի որդի, Հաճօի որդի Եուսուֆ, թէճիրլի օղլու Մուհամմէտ եւ ընկերները։

ՊԷՅԼԱՆԷՆ. Պայթար տուրմուշ։

ԱՆՏԻՈՔԷՆ. Չօլաք օղլու Պայազիտ, ընկերը Տուրմուշ, Մուսթաֆա փաշա, մարդը Մալման էֆէնտի։

ՉԱԳԱԼԼԸԷՆ. Եիկիտ Գարա քէհեայի եղբայրը Պօսթան, Համիք օղլու աղա, եղբայրը, Համօի զաւակները եւ բոլոր ժողովուրդը։

ԲԱՐԵԳՈՐԾՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԸ

Ատանայի Յիսուսեան Հայրերուն շռայլած բարիքները երբէք չենք կրնար մոռնալ։

Նաճարլըի մէջ. Քէօր Ահմէտ 32 Հաճընցի հայեր ազատած է։

Համիտիէի մէջ. Գործարանատեր Մատամ Սապաթիէ եւ տղան Մ. Շարլը 300 հայեր ազատած են։

Հալէպի Ֆրանսական Հիւպատոսը Մ. Ֆէրնանտ Ֆէրրիէ անմիջական օգնութեան փութաց  եւ աղէտէն 3 ամիս ետքը յուզումէն մեռաւ։

Տարսոնի մէջ. Տօքթ. Քրիսթի (Ամերիկեան Վարժ[արան]ի Տնօրէնը) եւ Տիկինը 5000 հայեր ազատեցին։

Գարաիսալուի գաիմագամը 140 հայեր ազատեց։

Ատանայի մէջ. Խալիլ աղա եւ զաւակները Օսման Մոսթաֆա, Ալի եւ Շիւքրի էֆ[էնտի]ները 45 հայեր ազատեցին։

Ֆէքէի գաիմագամ Նուրի պէյ ազատեց ամբղջ Ֆէքէն։

Թարսուսի մէջ. Էսատ աէա՝ ազատեց բաւական հայեր եւ Ապէտին զատէ Շէվգը էֆ[էնտի] 200 հայեր։

Պաղչէի մէջ. Փօյրազ օղլու քէօսէ Մէհմէտ էֆ[էնտի] 168 հայեր ազատեց։

Գարս-Փազարի մօտերը Նիւրփէտի մէջ հօճա Մահմուտ էֆ[էնտի] ազատեց 200 հայեր։

Հէքիմ խանի Միւտիւր Ղարիպ աղա զատէն 62 հայ ընտանիքներ ազատեց։

Էյրի պուճեգէն. Հօճա Մուսթաֆա էֆ[էնտի] իֆթիխարի նշանով։

Այնթապի գաիմագամ. Քէմալ պէյ ստոյգ ջարդի մը առաջքը առաւ։

Միս Ռօզ Լէմպէրթ. Ամբողջ Հաճընը ազատեց։

Թարսուսի մէջ. Քիրպիթլի զատէ Էսատ՝ 30 հայեր։

Ատանա. մուխթար Կիւվէն զատէ 23 հայեր։

Ատանա. Մէմօճան 50 հայեր։

Ատանայի Հաքիմը ազատեց արկրորդ ջարդին միջոցին կառավարութեան դուռը ապաստանած հազարաւոր հայերը։

Ատանայի Էսկի Համամ թաղի բնակիչներէն Գատէմ զատէ Հաճի Օսման էֆ[էնտի] ազատեց իր տունին մէջ 70-ի չափ հայեր, որոնց մէջ էր Սարգիս էֆ[էնտի] Տ. Թորոսեան։ Նոյնպէս երկրորդ ջարդին 100 հոգիի չափ ազատեց։ Պատուելի Սարգիս Տ. Թորոսեան եւս՝ Ս. Ստեփաննոս Եկեղեցիին մէջ աշխատեցաւ ազատելու բաւական թիւով հայեր։

Քէսապի կոտորածին առթիւ աղէտելոց հանդէպ իրենց մարդասէր վերաբերմունքով ծանօթ անձինք

Մուհամմէտ Ալի պէյ. Լաթաքիոյ կառավարիչը՝ իր փութացուցած պահեստի զինուորներուն ներկայութեամբ կը փրկէ, դէպի Լաթաքիոյ խուժող հազարաւոր փախստական հայերու կեանքերը, առանց այս միջամտութեան, ընդհանուր կոտորածը անխուսափելի էր։ Ցամաքի ճամբմվ Լաթաքիա դիմող հայերու ժամանումին լուրը առնելուն պէս կառք նստելով ընդառաջ կը փութայ։ Պարզուած սրտաճմլիկ տեսարանէն խորապէս զգացուած յարտօսր կը փղձկի եւ ուժասպառ մանուկներ գրկացը մէջ բարձրացուցած կը շոյէ ու կը գգուէ։ Ծայրայեղ հոգածութեամբ խնամք կը տանի ապաստանեալներուն տեղաւորման համար, ինչպէս նաեւ անոնց Լաթաքիոյ բնակած ժամանակամիջոցի ամբողջ տեւողութեան։ Վերպադարձի պարագաներուն՝ ինք անձամբ կը հսկէ եւ ինք անձամբ կ՚ուղեկցի անոնց մինչեւ Պասիթի նաւահանգիստը, իսկ վերջին ճամբորդութեան մինչեւ Քէսապ։ Մասնաւոր յիշատակութեան արժանի է բուռն լեզուով խմբագրած յանդիմանական հեռագիրները, զորս կ՚ուղղէ Հալէպի կուսակալ Րէշիտ պէյի, ինչպէս նաեւ ազդու միջոցները որ կը գործադրէ կողոպտուած ապրանքներու վերագրումին առթիւ, ամէն գնահատութենէ բարձր է նմանապէս Մուհամմէտ Ալի պէյի կատարած աշխատութիւնները, ռէաքսիօնի նպատակով կազմակերպուած սովորական ըմբոստացումի մը զսպումին առթիւ։

Հաճի Ահմէտ. Քէսապէն 3  ժամ հեռաւորութեամբ Լաթաքիոյ Ֆաքի Հասան գիւղէն, հազարաւոր փախստականներ կը պատսպարէ իր տան մէջ եւ կը պաշտպանի զանոնք ազնուաբար, եղբարցը հետ լեռները ինկած ու պահուըտած հայերը կը հաւաքէ եւ զանոնք անվտանգ կը տանի ու կը յանձնէ ազատարար շոգենաւներու։

Սուպհի պէյ. Երիտասարդ հարիւրապետը իր պետին՝ (վերոյիշեալ կառավարչին) վայել անձնուիրութեամբ, կը մասնակցի անոր տարած աշխատութեանց, կատարելով անթերի իրեն ինկած բաժինն ու պարտականութիւնը։

Սատըգ խօճա. (Օրտու) Ինչ որ հնար է, մարդկօրէն կը գործադրէ, Օրտուի մէջ համախմբուած խուժանը Քէսապի վրայ յարձակելու երկրաւեր նպատակէն ետ կեցնելու համար, եւ երբ կը տեսնէ վիժումը իր ձեռնարկին, կ՚ուղղէ անոնց հետեւեալ վարդապետական խօսքերը «էօլիւրսէնիզ քեաֆիր օլուրսընըզ, էօլտիրիրսէնիզ գաթիլ օլուրսընըզ, եաղմա էթսէնիզ խըրսըզ օլուրսընըզ»։

Լաթիֆ աղա. Օրտուի աղաներէն եւ միւտիւրի արդի փոխանորդը, ամէն ճիգ կը թափէ չարիքը արգիլելու, եւ իր ազգական աղաները համոզելու համար, բայց ճարահատ կը ստիպուի տեղի տալ եղած մահուան սպառնալիքներուն ներքեւ, այս աղան իբր պաշտօնական անձնուիրութիւն ալ շատ մարդասէր վերաբերում ունեցած է դէպի Քէսապի հայութիւնը։

Մասնաւոր յիշատակութեան արժանի են նմանապէս Լաթաքիոյ յոյն հասարակութիւնը, Ֆրանս[այի] եւ Իտալ[իայի] Հիւպատոսներն ու Ամերիկ[եան] հիւանդանոցի տնօրէն Տքր. Պիլֆ, որոնք ամէն կարելի օժանդակութիւնները չ՚են զլացած տառապեալ հայերուն։

ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԱՆԿԻՒՆՆԵՐ

Աղէտին միջոցին Կիլիկիոյ ամէն կողմերը պատահած ջարդերուն ու յարձակումներուն նկարագրութիւնները մի առ մի ներկայացնել անկարելի էր, մենք ամփոփեցինք միայն կարեւոր քաղաքներուն եւ գիւղաքաղաքներուն մէջ պատահած դէպքերը եւ մնացեալ գիւղերուն վնասները միայն յիշելով բաւականացանք։ Սակայն գիւղերուն մէջ ալ գտնուեցան այնպիսի տեղեր, որոնք մեծ քաջութեամբ եւ հերոսութեամբ՝ օրերով դիմադրեցին իրենցմէ հազարապատիկ աւելի թիւով եղող խուժաններու։ Ահա այս կարգէն է Հաճընի մօտակայ 120 տունուոր հայաբնակ Շարտէրէ գիւղը, որ տասն եւ երեք օր անընդհատ գիշեր ցորեկ, 6000է  աւելի Խուժանի մը վայրագ յարձակումներուն դիմադրեց եւ այս պատուաբեր ինքնապաշտպանութեան վարիչն էր Շար-տէրէի նոյն ատենուան ուսուցիչ Պ. Յակոբ Չայճեան։ Պատմական Շար-տէրէի բնակիչները արդէն բնականէն քաջ եւ արթուն հայորդիներ են եւ հակառակ իրենց փոքրաթիւութեան, սարսափ կ՚ազդեն շրջակայ թուրք, չէրքէզ եւ քիւրտ գիւղերուն։ Կիլիկիոյ զարհուրելի ջարդին մէջ, Շար-տէրէի պէս բազմաթիւ գիւղեր շատ սուղի ծախեցին իրենց կեանքերը, եւ շատերն ալ նոյնիսկ դիմադրութեամբ անվնաս ազատեցան։