ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ. Պոլսոյ Հայոց Ազգ[ային] Երեսփ[ոխանական] Ժողովին կողմէ Առ Վեհ. Կայսեր, Մեծ-Եպարքոսին, Օսմ[անեան] Երեսփ[ոխանական] ժողովին եւ Ազատութեան Բանակին մատուցուած

24 Ապրիլ 910 թուակիր Յիշատակագիրը

Ա. Նկատելով որ բռնապետութեան դաւադիր գործիք եւ ոճիրներու գործակիցները, եւ Ատանայի ու Հալէպի նահանգներուն մէջ տեղի ունեցած կոտորածներուն, հրդեհներուն եւ թալաններուն հեղինակներն ու խուժանը՝ ողջ մնացող երկսեռ Հայերը, մանաւանդ կիներն ու աղջիկները կը մահմետականացնեն եւ առեւանգութիւններով զանոնք իբրեւ իրենց «նիքեահ»լըները կը տանին, ամենախիստ պատասխանատուութիւններով ու հրամաններով անմիջապէս դադրեցնել տալ Մահմետականացումները եւ վերադարձնել տալով յանձնել տեղական ազգային մարմիններու թէ Մահմետականացածները, եւ թէ նոյն իսկ այն կիներն ու աղջիկներն, որոնք բռնութեամբ «նիքեահ» եղած են։

Բ. Նկատելով որ կոտորածներու սարքումին գլխաւոր հեղինակ ու պատասխանատու Ատանայի եւ Հալէպի նահանգներու պաշտօնէութիւնն՝ ըստ բռնապետական շրջանի քաղաքականութեան եւ սովորութեան, կոտորածներու հրդեհի եւ աւարի աղէտներու ծագման պատասխանատուութիւնը հայ ժողովուրդի վրայ ձգելու կը հետամտի եւ այս մտքով ալ պաշտօնական գործողութիւններու եւ ձերբակալութիւններու սկսած է, խստիւ արգիլել տեղական պաշտօնէութեանց եւ տեղական տարերէ կազմուած Զինուորական Ատեանին այդ կարգի կարգադրութիւններն ու ձերբակալութիւնները. եւ մինչեւ հիմա ձերբակալուածներն արձակել տալէ զատ, այդ մարմինին կատարած այդ կարգի բոլոր քննութիւնները չեղեալ համարել։

Գ. Նկատելով որ թէեւ աւարի եւ թալանի վերադարձուելուն համար պէտք եղած հրամանները տրուած են, սակայն այդ աւարներու եւ թալանի կատարման թոյլատու կամ գործակից տեղական պաշտօնէութիւններուն եւ անոնց մեղսակից տարրերէ  բաղկացած մարմիններուն միջոցաւ հաւաքուելիք աւարն ու թալանն իրենց իսկական տէրերուն կամ անոնց ժառանգորդներուն յանձնելու ատեն բազմաթիւ եւ բազմատեսակ զեղծումներ կրնան առաջ գալ, ուստի արկածեալ վայրերուն մէջ խառն ազգերէ եւ վստահելի անձնաւորութիւններէ բաղկացած առանձինն խառն մարմիններ կազմել եւ աւարն ու թալանն այդ մարմիններուն յանձնել տալով, անոնց միջոցաւ միայն աւարի տէրերուն կամ ժառանգորդներուն բաժնել եւ ստացուած ու բաժնուած թալանի մասին անուններով եւ մանրամասնութիւններով մանրամասն հաշուետուութիւնը հրատարակել պարբերաբար։

Դ. Նոյնպէս նկատելով որ կառավարական ոսկիին արկածեալներուն բաշխումը, երբ տեղական կառավարական 30, 000 տարրերու միջոցաւ կատարուի, կրնան կողմնակալութիւններ եւ զեղծումներ պատահիլ, արկածեալ վայրերուն մէջ կազմել տալ անխտիր ամէն կրօնի եւ ազգի ամենավստահելի անձնաւորութիւններէ բաղկացած յատուկ խառն միութիւններ ու այս խառն միջազգային մարմիններուն միջոցաւ կատարել նպաստի բաշխումն եւ հոկողութիւնը, ու անոր գործողութեանց համարատուութիւնն հրատարակել պարբերաբար։

Ե. Նկատելով որ ո՛րքան ալ խստիւ հրամայուած լինի աւարին վերադարձումը, աւարառուները կրնան պահել, ծախել եւ կամ տեղէ տեղ, քաղաքէ քաղաք փախցնելով չի յանձնել, եւ որպէս զի թէ՛ պահողներն  եւ թէ ծախու առնողները՝ ուր որ ալ գտնուին, պատասխանատուութիւն զգան եւ պատրաստուած լինին յանձնելու, կարճ ժամանակամիջոց մը նշանակել ինքնայօժար կերպով աւարը բերել յանձնելու համար, եւ յայտարարել որ նշանակուած ժամանակամիջոցն անցընելէ անմիջապէս ետք, որու մօտ որ աւար գտնուիլը լսուի յայտնուի եւ գտնուի, իբրեւ ուղղակի աւարառու նկատուելով՝ օրէնքի ամենախիստ պատժին պիտի ենթարկուին։

Զ. Նկատելով որ բռնապետութեան սարքած դաւերով Կայսրութեան հայաբնակ բոլոր գաւառներուն մէջ դրութիւնը սպառնալից է եւ ամէն կողմէ հասած լուրերը Ատանայի ու Հալէպի նահանգներուն մէջ կատարուած աղէտներու նման վտանգի հաւանականութիւններ ցոյց կուտան, նկատելով որ ինչպէս Կ. Պոլսի մէջ  նոյնպէս նահանգներուն մէջ բռնապետութեան գործիք տարրերով կազմուած ոստիկանութեան կամ ուրիշ պաշտօնէութեան միջոցով երկրի ապահովութեան անվթար պահուելուն անհնար ըլլալը ապացուցուեցաւ. նկատելով որ Եւրոպ[ական] Տաճկաստանի Ազատարար բանակը հնարաւորութիւն չունի, կայսրութեան բոլոր նահանգները բաժնուելով հսկել ու պաշտպանել տեղական անդորրութիւնն ու Սահմանադրական կարգերը, նկատելով որ կրթուած եւ սահմանադրասէր սպաներու հրամանատարութեան տակ գտնուող զինուած եւ վստահելի ոյժերը՝ միայն կրնան ապահովել խաղաղութիւնն ու Սահմանադրական կարգերը։ Երկիրն ընդհանուր եւ ամենօրեայ սպառնալից աղէտներէն ազատ պահելու համար թէ՛ կեդրոնին եւ թէ բոլոր նահանգներուն մէջ զինուորական իշխանութեան վստահած սպաներու հրամանատարութեան տակ կազմել տեղական զուտ Սահմանադրասէր խառն տարրերէ բաղկացած քաղաքապահ խումբեր»։